Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դ26 Ապրիլ էջ 20-25
  • ‘Ամէն մխիթարութեան Աստուծոյ’ պէս վարուէ

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • ‘Ամէն մխիթարութեան Աստուծոյ’ պէս վարուէ
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումն ասիրական) 2026
  • Ենթավերնագիրներ
  • Նոյնանման նիւթեր
  • ՍՈՒՐԲ ԳԻՐՔԻՆ ՀԱՄԱՁԱՅՆ Ի՞ՆՉ ԸՍԵԼ Է ՄԽԻԹԱՐԵԼ
  • ԻՆՉՊԷ՞Ս ԿՐՆԱՆՔ ՈՒՐԻՇՆԵՐԸ ՄԽԻԹԱՐԵԼ
  • ԵՐԲ ԴՈ՛ՒՆ ՄԽԻԹԱՐՈՒԹԵԱՆ ՊԷՏՔ ՈՒՆԵՆԱՍ
  • Բեթէլին մէջ ծառայողները մխիթարելու համար կարգադրութիւն մը
    Քրիստոնեային կեանքն ու ծառայութիւնը. ժողովի տետր (2023)
  • Մենք բնա՛ւ մինակ չենք
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումն ասիրական) 2025
  • «Բոլոր սգաւորները մխիթարել»
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2011
  • Չարաշահութեան զոհ գացողները մխիթարել
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2019
Տես աւելին
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումն ասիրական) 2026
դ26 Ապրիլ էջ 20-25

ՅՈՒՆԻՍ 22-28, 2026

ԵՐԳ 121 Զիրար քաջալերենք

‘Ամէն մխիթարութեան Աստուծոյ’ պէս վարուէ

‘Մխիթարէ զանոնք. . . այն մխիթարութիւնովը որով մենք Աստուծմէ կը մխիթարուինք’ (Բ. ԿՈՐ. 1։4)։

ՆԻՒԹ

Եհովայէն եւ իր ծառաներէն կը սորվինք ինչպէ՛ս ուրիշները մխիթարել։

1. Ինչո՞ւ պէտք է մխիթարենք ուրիշները։

ԲՈԼՈՐՍ ալ ‘տրտմած ենք զանազան փորձութիւններով’, եւ ասոր համար՝ բոլորս ալ ատեն–ատեն պէտք ունինք մխիթարութեան ու քաջալերութեան (Ա. Պետ. 1։6)։ Ճիշդ ինչպէս որ մենք կը գնահատենք երբ ուրիշներ մեզ մխիթարեն, մենք ալ պէտք է պատրաստ ըլլանք ուրիշները մխիթարելու երբ անոնք նեղութիւններ ունենան (Մատ. 7։12)։ «Ամէն մխիթարութեան Աստուածը»՝ Եհովան մեզի կը սորվեցնէ, թէ ինչպէ՛ս կրնանք «մխիթարել զանոնք՝ որ ամէն տեսակ նեղութիւններու մէջ են»։ Եւ երբ ‘մէկզմէկ մխիթարենք’, Եհովան ընդօրինակած կ’ըլլանք (Բ. Կոր. 1։3, 4. Ա. Թես. 4։17)։ Մենք մեր եղբայրներն ու քոյրերը կը մխիթարենք ոչ թէ քանի որ ստիպուած ենք, հապա քանի որ զիրենք կը սիրենք։ Այս յօդուածին մէջ պիտի տեսնենք, թէ 1) Սուրբ Գիրքին համաձայն ի՛նչ ըսել է մխիթարել, 2) ինչպէ՛ս կրնանք ուրիշները մխիթարել եւ 3) ի՛նչ կրնանք ընել երբ մե՛նք մխիթարութեան պէտք ունենանք։

ՍՈՒՐԲ ԳԻՐՔԻՆ ՀԱՄԱՁԱՅՆ Ի՞ՆՉ ԸՍԵԼ Է ՄԽԻԹԱՐԵԼ

2. Սուրբ Գիրքին մէջ, «մխիթարել» թարգմանուած բառը ի՞նչ իմաստներ կրնայ ունենալ։

2 Սուրբ Գիրքին մէջ «մխիթարել» թարգմանուած յունարէն բառը տարբեր–տարբեր իմաստներ ունի, եւ կախեալ է նիւթէն։ Անիկա կրնայ նշանակել «յորդորել», «քաջալերել» կամ «սիրտ տալ» (Հռով. 12։8. տե՛ս «յորդորել» արտայայտութեան սերտելու նոթը, անգլ.)։ Յունարէնով այս բառը բառացիօրէն կը նշանակէ՝ «մէկը կանչել որ ուրիշ մէկու մը կողքին կայնի եւ անոր օգնէ»։ Այսինքն կարծես թէ մէկը իր ընկերին օգնութեան կը վազէ, որպէսզի անոր ձեռք տայ իր նեղութեան մէջ։ Մէկը տարբեր–տարբեր կերպերով կրնայ օգնել իր ընկերին, բայց արդիւնքը միշտ նոյնը կ’ըլլայ, այսինքն՝ նեղութիւն քաշողը միշտ ոյժ կ’առնէ եւ կը զօրանայ։

3. Բառնաբաս ինչո՞ւ լաւ օրինակ մըն է ուրիշները մխիթարելու մէջ (տե՛ս նաեւ նկարը)։

3 Սուրբ Գիրքէն օրինակ մը նկատի առնենք։ Յովսէսը ուրիշները մխիթարելու ու քաջալերելու կարողութիւնը ունէր, եւ ան այնքա՛ն լաւ էր ատիկա ընելու մէջ որ առաքեալները զինք կոչեցին Բառնաբաս, որ կը նշանակէ «Մխիթարութեան որդի» (Գործք 4։36)։ Այս անունը իրեն այնքա՛ն կը վայելէր, որ Սուրբ Գիրքին մէջ Յովսէս անունը անգամ մը եւս չգործածուեցաւ։ Սուրբ Գիրքը կ’ըսէ, թէ Բառնաբաս շատ անգամ իր եղբայրներուն ու քոյրերուն օգնութեան կը վազէր։ Օրինակ, երբ նոր քրիստոնեայ դարձած Սաւուղը Երուսաղէմ հասաւ, ան ուզեց ծանօթանալ միւս քրիստոնեաներուն։ Բայց անոնք իրմէ վախցան, քանի որ ան իբր հալածիչ ճանչցուած էր։ Հակառակ ասոր, Բառնաբաս չվախցաւ Սաւուղէն, հապա անոր հետ ազնուօրէն վարուեցաւ եւ օգնեց որ առաքեալներուն ծանօթանայ (Գործք 9։26-28)։

Բառնաբասը Սօղոսը կը բերէ, որ միւս առաքեալներուն ծանօթանայ անոնցմէ մէկուն տան մէջ։ Առաքեալները շուարած նայուածքներով Սօղոսին կը նային, մինչ իրենց կը մօտենայ։

Բառնաբաս իր անուան համաձայն ապրեցաւ (տե՛ս պարբերութիւն 3)


ԻՆՉՊԷ՞Ս ԿՐՆԱՆՔ ՈՒՐԻՇՆԵՐԸ ՄԽԻԹԱՐԵԼ

4. Ուրիշները մխիթարելու լաւագոյն կերպերէն մէկը ի՞նչ է (Հռովմայեցիս 1։11, 12)։

4 Անձամբ այցելէ անոնց, եթէ կարելիութիւնը կայ։ Եհովան իր ծառաները կը գործածէ որ ուրիշները մխիթարէ։ Օրինակ, երբ Եղիա մարգարէն անտրամադիր էր, Եհովան հրեշտակ մը գործածեց որ զինք քաջալերէ (Գ. Թագ. 19։4-7)։ Պօղոս առաքեալն ալ գիտէր որ եղբայրներուն անձամբ այցելելը շատ պիտի քաջալերէր զիրենք (կարդա՛ Հռովմայեցիս 1։11, 12)։ Երբ մէկու մը այցելես զինք մխիթարելու համար, երկու բառ խօսելով մի՛ ձգեր եւ մի՛ երթար, հապա՝ բաւարար ժամանակ տրամադրէ, որ առիթ ունենաս զինք մխիթարելու (Ա. Կոր. 16։7)։ Եւ եթէ չես կրնար անձամբ մէկու մը քով երթալ, տակաւին կրնաս զինք մխիթարել՝ անոր հեռաձայնելով, նամակ գրելով, քարտ մը կամ մէսըճ մը ղրկելով։ Բնաւ թեթեւի մի՛ առներ ասոնց ազդեցութիւնը։ Լաւ, Եհովային առիթ պիտի տա՞ս որ քեզ գործածէ ուրիշները մխիթարելու համար։

5. Ի՞նչ տեսակ դժուարութիւններ կ’ակնկալենք ունենալ։

5 Մինչ այս վերջին օրերը երթալէն աւելի կը դժուարանան, մեր եղբայրներն ու քոյրերը անձամբ տեսնելն ու մխիթարելն ալ կրնայ աւելի դժուարանալ։ Երբ Պօղոս բանտարկուած էր Հռոմի մէջ, Եփեսոսէն եղող Ոնեսիփորոսը զինք փնտռեց, թէեւ ասանկ ընելովը կրնար ինքն ալ բանտարկուէր կամ նոյնիսկ սպաննուէր (Բ. Տիմ. 1։16-18)։ Այսօր ալ, Ռուսիոյ մէջ գտնուող Վկաները Ոնեսիփորոսին նոյն այս հոգին ցոյց տուած են իրենց եղբայրներուն ու քոյրերուն հանդէպ, որ կը հալածուին իրենց հաւատքին համար։ Երբ Վկաները դատի կանչուին, եղբայրներն ու քոյրերը դատարան կ’երթան որ զանոնք քաջալերեն, նոյնիսկ եթէ ասիկա ընելը կրնայ իրենց ազատութիւնը վտանգի տակ դնել։ Ի՞նչ կրնաս ընել որ դուն ալ նոյնանման պարագաներուն քաջալերես եղբայրներդ ու քոյրերդ։ Սերտէ թէ Աստուծոյ ծառաները, անցեալին ու ներկայիս, ինչպէ՛ս իրար քաջալերած են եւ ուրախ մնացած են նոյնիսկ հալածանքի տակ։

6. Ինչպէ՞ս կրնանք Եհովային պէս վարուիլ, երբ մէկը կը մխիթարենք (տե՛ս նաեւ նկարը)։

6 Անոնց մտիկ ըրէ։ Երբ Եղիա մարգարէն զգաց որ իր կեանքը վտանգի տակ է, իր զգացումներն ու մտահոգութիւնները պատմեց Եհովային։ Մեր սիրալիր Հայրը իրեն մտիկ ըրաւ, հակառակ որ արդէն գիտէր որ անոր նեղութիւնները ի՛նչ են։ Եհովան շարունակեց անոր մտիկ ընել, նոյնիսկ երբ ան իր ըսածները կը կրկնէր (Գ. Թագ. 19։9, 10, 14)։ Եհովան Ամբակում մարգարէին ալ առիթ տուաւ, որ իր մտահոգութիւններն ու կասկածները արտայայտէ, եւ Եհովան չբարկացաւ անոր խօսած կերպէն (Ամբ. 1։2, 3)։ Եհովան այսօր ալ ուշի–ուշով մտիկ կ’ընէ մեր աղօթքները, թէեւ արդէն գիտէ թէ ինչի պէտք ունինք։ Երբ մենք ալ ուշի–ուշով եւ յարգանքով մտիկ ընենք մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն, Եհովային պէս վարուած կ’ըլլանք։ Ուրեմն, ‘արագ եղիր լսելու մէջ’, դիմացինին խօսքը մի՛ կտրեր եւ անոր ըսածներէն մի՛ առնուիր, նոյնիսկ եթէ զգաս որ ան աւելորդ–պակաս կը խօսի կամ նոյն բաները կը կրկնէ (Յակ. 1։19. Ժող. 7։9)։

Գիշերուան ուշ ժամերուն, քոյր մը համբերութեամբ մտիկ կ’ընէ շատ նեղուած քրոջ մը։

Եհովային պէս վարուէ՝ եղբայրներուն ու քոյրերուն ուշի–ուշով մտիկ ընելով մինչ անոնք կը խօսին (տե՛ս պարբերութիւն 6)


7. Ինչպէ՞ս կրնանք գիտնալ թէ նեղութենէ անցնողը ինչի պէտք ունի։

7 Փորձէ գիտնալ թէ անձը ինչի պէտք ունի։ Մենք սրտեր չենք կրնար կարդալ, ինչպէս որ Եհովան կրնայ։ Ասոր համար, միակ կերպը որ գիտնանք թէ անձը ինչի պէտք ունի այն է՝ որ ուշի–ուշով անոր մտիկ ընենք։ Դուն քեզմէ մի՛ ենթադրեր որ գիտես թէ անձը ինչի պէտք ունի, պարզապէս քանի որ գիտես թէ դո՛ւն ինչի պէտք պիտի ունենայիր եթէ իր տեղը ըլլայիր։ Ամէն մէկս միւսէն տարբեր է։ Ուրեմն, ժամանակ տրամադրէ որ ուշի–ուշով մտիկ ընես անձին, ազնիւ եղիր եւ հարցումներ հարցուր որոնք կ’օգնեն որ գիտնաս թէ անձը ինչի պէտք ունի (Առ. 20։5)։

8. Յիսուս ինչպէ՞ս մխիթարեց Մարթան ու Մարիամը (տե՛ս նաեւ նկարները)։

8 Նկատի առ որ Յիսուս ինչպէ՛ս մխիթարեց Մարթան ու Մարիամը, երբ իրենց եղբայրը՝ Ղազարոսը մեռաւ։ Երկուքն ալ նոյն ցաւը կ’ապրէին, բայց Յիսուս նոյն կերպով չմխիթարեց երկուքը։ Յիսուս յարութեան մասին խօսեցաւ Մարթային եւ իրեն օգնեց որ յարութեան նկատմամբ իր հաւատքը զօրացնէ։ Բայց երբ Մարիամը լալով իր քովը եկաւ, այնպէս կ’երեւի թէ Յիսուս յարութեան նիւթը չբերաւ անոր, հապա՝ անոր հետ լացաւ եւ հարցուց որ ո՛ւր դրուած էր Ղազարոսը (Յովհ. 11։20-35)։ Ի՞նչ կը սորվինք ասկէ։ Երբ մէկը կը մխիթարենք, նախ պէտք է գիտնանք թէ ի՛նչ բան կրնայ զինք մխիթարել, փոխանակ բոլորը նո՛յն կերպով մխիթարելու։

Շարք մը նկարներ. երէց մը կ’այցելէ երկու տարբեր եղբայրներու, որոնք իրենց կիները կորսնցուցած են. 1. Երէցը իր ձեռքը եղբօր ուսին վրայ կը դնէ, մինչ ան կու լայ։ 2. Երէցը համար մը կը կարդայ տարիքոտ եղբօր, մինչ անոնք միասին նկարներ կը դիտեն։

Երբ ուրիշները կը մխիթարես, փորձէ գիտնալ թէ անոնք ճի՛շդ ինչի պէտք ունին (տե՛ս պարբերութիւն 8)a


9. Ինչպէ՞ս կրնանք Սուրբ Գիրքը գործածել որ ուրիշները մխիթարենք (Հռովմայեցիս 15։4, 5)։

9 Սուրբ Գիրքը գործածէ։ Երբ Սուրբ Գիրքէն համարներ կարդաս ուրիշի մը, կրնաս իրեն օգնել որ ինքն ալ յոյս ունենայ (կարդա՛ Հռովմայեցիս 15։4, 5)։ Եւ այս յոյսը ա՛լ աւելի պիտի մխիթարէ ու քաջալերէ դիմացինը (Եսա. 40։31)։ Լաւ, ինչպէ՞ս կրնաս գտնել համարներ որոնցմով կրնաս ուրիշը մխիթարել։ Ոմանք ցանկ մը կը պահեն, որուն մէջ կան այն համարները որ կրնան գործածել երբ պէտքը ըլլայ, օրինակ՝ այն համարները որոնք կը գտնուին Քրիստոնեային կեանքին օգտակար եղող համարներ գիրքին՝ «Մխիթարութիւն» նիւթին մէջ (արաբ.)։ Եհովայէն ուզէ որ քեզի օգնէ գիտնալու ինչպէ՛ս կրնաս իր Խօսքը լաւագոյն կերպով գործածել ուրիշները մխիթարելու համար։ Եւ Իր սուրբ հոգին կրնայ քեզի օգնել որ համարներ միտքդ բերես (Յովհ. 14։26)։

10. Ինչո՞ւ պէտք է ազնուութեամբ խօսինք, երբ կը փորձենք դիմացինը քաջալերել։

10 Ազնուութեամբ խօսէ։ Ինչպէս որ տեսանք, «մխիթարել» թարգմանուած յունարէն բառը կրնայ նաեւ նշանակել «յորդորել»։ Ասիկա ըսել է որ ատեններ երբ մէկը կը մխիթարես՝ պէտքը կ’ըլլայ որ զինք յորդորես, այսինքն՝ մղես, որ իր մտածելակերպը փոխէ։ Եթէ այս է պարագան, խօսելէ առաջ լաւ մտածէ, որպէսզի խօսքերովդ չվիրաւորես դիմացինը, հապա՝ օգնես իրեն (Առ. 12։18)։ Եհովան ամէնէն լաւ օրինակն է ասոր մէջ։ Երբ Եղիան կարծեց թէ ինք միակն էր որ տակաւին Եհովային կը ծառայէ եւ թէ իր ամէն ըրածը պարապի է, Եհովան ազնուութեամբ շտկեց իր մտածելակերպը, առանց իր սխալը իր երեսին զարնելու (Գ. Թագ. 19։15-18)։ Դուն ալ կրնաս դիմացինին օգնել, երբ ազնիւ խօսքեր ըսես եւ խօսելէ առաջ լաւ մտածես։ Երբ ժողովներուն մէջ բաժին կամ պատասխան պիտի տաս, միշտ ազնիւ ու դրական բաներ ըսէ, մինչ կը փորձես քաջալերել եւ ոյժ տալ եղբայրներուդ ու քոյրերուդ։

11. Նեղութիւն քաշողները շատ անգամ ինչի՞ պէտք կ’ունենան (Ա. Յովհաննէս 3։18)։

11 Գործնական կերպերով օգնէ։ Ատեններ պէտք կ’ըլլայ որ ոչ միայն խօսքերով մխիթարենք մէկը, այլեւ՝ գործերով (կարդա՛ Ա. Յովհաննէս 3։18)։ Բառնաբասը ասոր մէջ լաւ օրինակ է մեզի։ Ան կտոր մը հող ծախեց ու ատոր դրամը առաքեալներուն տուաւ, որպէսզի անոնք օգնեն աղքատ եղբայրներուն ու քոյրերուն (Գործք 4։36, 37)։ Ներկայիս ալ շատ մը եղբայրներ ու քոյրեր գործնական կերպերով կ’օգնեն պէտք ունեցողներուն։ Օրինակ, Լեհաստանէն եղող Կապրիէլան շատ նեղուեցաւ եւ մտահոգուեցաւ, երբ հեղեղի մը պատճառով իր տունը շատ վնասուեցաւ։ Ան կը պատմէ. «Շատ վախցայ եւ մտահոգուեցայ։ Հետս ապրող ծնողքս ալ մտահոգուեցաւ։ Չէի գիտեր որ ինչպէ՛ս գլուխ պիտի ելլեմ այդքան նորոգութեան հետ։ Բայց շուրջի ժողովքներէն եղբայրներ եկան եւ մէկ օրուան մէջ բաւական նորոգութիւն ըրին։ Այս փորձառութենէն ետք ա՛լ աւելի համոզուեցայ, որ Եհովան իր ծառաները կ’ուղղէ, որ մխիթարեն նեղութիւն քաշողները»։

12. Հաւատարմօրէն դժուարութիւններու տոկալովդ ինչպէ՞ս կրնաս օգնել եղբայրներուդ ու քոյրերուդ։

12 Դժուարութիւններուդ տոկա՛։ Պօղոս թեսաղոնիկեցիներուն ըսաւ որ ինքը մխիթարուեցաւ ու ետ ոյժ հաւաքեց, երբ լսեց թէ անոնք հաւատարմօրէն կը տոկան դժուարութիւններու։ Ան քաջալերուեցաւ երբ գիտցաւ թէ իրենց օգնելու համար իր թափած ջանքերը պարապի չէին գացած (Ա. Թես. 3։5-8)։ Պօղոս գիտէր որ եթէ նեղութիւններու մէջ հաւատարիմ մնար, ինքն ալ պիտի կարենար մխիթարել եղբայրներն ու քոյրերը որ հաւատարիմ մնան (Կող. 2։1, 2)։ Նոյնպէս, երբ մեր եղբայրներն ու քոյրերը տեսնեն թէ Եհովան ինչպէ՛ս մեզի կ’օգնէ որ դժուարութիւններու յաջողութեամբ տոկանք, անոնք շատ պիտի քաջալերուին։

13. Ուրիշ ի՞նչ պէտք է ընենք եթէ կ’ուզենք ուրիշները մխիթարել։

13 Համբերող եղիր։ Երբ ջանանք շատ նեղուած եղբայր մը կամ քոյր մը մխիթարել, թերեւս ան շուտով չմխիթարուի։ Սուրբ Գիրքը մեզի կ’ըսէ՝ «մէկզմէկ մխիթարեցէ՛ք»։ Բնագրին մէջ հոս գործածուած «մխիթարեցէ՛ք» բառը ցոյց կու տայ շարունակական բան մը (Ա. Թես. 5։11)։ Ուրեմն պէտք է համբերութեամբ շարունակենք քաջալերել անոնք, որոնք շատ նեղուած են (Ա. Թես. 5։14)։ Անշուշտ ատեններ մենք ալ պէտք կ’ունենանք որ ուրիշներ մեզ մխիթարեն։ Լաւ, ի՞նչ կրնանք ընել երբ ասիկա պատահի։

ԵՐԲ ԴՈ՛ՒՆ ՄԽԻԹԱՐՈՒԹԵԱՆ ՊԷՏՔ ՈՒՆԵՆԱՍ

14-15. Ի՞նչ պէտք է ընենք, երբ մտահոգ կամ նեղուած զգանք։

14 Եհովային աղօթէ։ Իրմէ խնդրէ որ քեզ մխիթարէ երբ մտահոգ կամ նեղուած զգաս (Սաղ. 94։19)։ Մասնայատուկ բաներու մասին աղօթէ եւ սիրտդ բաց Եհովային (Սաղ. 62։8)։ Ճիշդ է որ նոյնիսկ աղօթելէդ առաջ Եհովան գիտէ թէ ճիշդ ի՛նչ կը զգաս, բայց երբ ամենախոր մտածումներդ արտայայտես իրեն, քու հաւատքդ ցոյց կու տաս։ Եւ Եհովան հաւատքով եղած աղօթքներուն միշտ կը պատասխանէ, նոյնիսկ եթէ ատիկա մեր ակնկալած կերպով չըլլայ (Մար. 11։24)։ Փիլիպպեցիս 4։6, 7–ն կ’ըսէ. «Ամէն բանի մէջ աղօթքով ու աղաչանքով. . . ձեր խնդրանքը Աստուծոյ յայտնի ըլլայ։ Աստուծոյ խաղաղութիւնը, որ ամէն մտքէ վեր է, ձեր սրտերը ու մտքերը Յիսուս Քրիստոսով պիտի պահպանէ»։

15 Ուրիշներէն օգնութիւն ուզէ։ Զգացումներուդ մասին խօսէ հասուն բարեկամի մը կամ վստահելի երէցի մը հետ։ Եղբայրներդ ու քոյրերդ կրնան քեզի օգնել որ աւելի լաւ զգաս եւ քեզի տալ պէտք եղած օգնութիւնը։ Բայց, անոնք պիտի չգիտնան թէ ինչպէ՛ս կը զգաս կամ ի՛նչի պէտք ունիս եթէ դուն չըսես (Առ. 14։10)։ Անոնցմէ կրնաս խնդրել որ քեզի մտիկ ընեն, մինչ կը խօսիս զգացումներուդ մասին, կամ՝ քեզի ցոյց տան համար մը կամ յօդուած մը որ զիրենք մխիթարած է։

16. Ի՞նչ կրնայ պատահիլ երբ ուրիշներ փորձեն քեզ քաջալերել, բայց ի՞նչ պէտք է յիշես։

16 Համբերող եւ ներող եղիր։ Երբ եղբայրներդ ու քոյրերդ փորձեն քեզ մխիթարել, թերեւս սխալներ ընեն։ Օրինակ, թերեւս անոնք բան մը ըսեն կամ ընեն որ քեզի աւելի գէշ զգացնել տայ, եւ ոչ թէ՝ աւելի լաւ։ Եթէ ասիկա պատահի, անոնց հետ համբերութեամբ վարուէ (Ա. Կոր. 13։4, 7)։ Նաեւ յիշէ Յակոբոս 3։2–ի խօսքը. «Եթէ մէկը խօսքով յանցանք չընէ՝ անիկա կատարեալ մարդ է»։ Մի՛ մոռնար որ եղբայրներուդ ու քոյրերուդ նպատակը լաւ է եւ կ’ուզեն քեզի օգնել, եւ յիշէ որ «հոգին յօժար է, բայց մարմինը տկար» (Մատ. 26։41)։

17. Ինչի՞ մէջ պէտք է ջանք թափենք։

17 Այս վերջին օրերը երթալէն աւելի գէշ պիտի ըլլան եւ Աստուծոյ թշնամիները աւելի պիտի հալածեն մեզ։ Ուրեմն, երթալէն աւելի մխիթարութեան ու քաջալերութեան պէտք պիտի ունենանք։ Ասոր համար, միշտ ջանք թափենք որ իրար մխիթարենք։

Ի՞ՆՉ ԿԸ ՊԱՏԱՍԽԱՆԵՍ

  • Սուրբ Գիրքին համաձայն, ի՞նչ ըսել է «մխիթարել»։

  • Ինչպէ՞ս կրնանք ուրիշները մխիթարել։

  • Ի՞նչ կրնանք ընել երբ մե՛նք մխիթարութեան պէտք ունենանք։

ԵՐԳ 77 Ներողամիտ ըլլանք

a ՆԿԱՐ. Երէց մը մտիկ կ’ընէ եղբօր մը, որուն կնոջ մահուան շատ չէ անցած, եւ անոր հետ կը զգայ։ Ետքը, երէցը կ’այցելէ ուրիշ եղբօր մը, որուն կինը շատոնց մահացած է, եւ միասին կը խօսին իրենց յիշատակներուն մասին։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2026)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2026 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել