Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դ26 Ապրիլ էջ 14-19
  • Շարունակէ ճիշդ անկիւնէն դիտել դժուարութիւններդ

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Շարունակէ ճիշդ անկիւնէն դիտել դժուարութիւններդ
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումն ասիրական) 2026
  • Ենթավերնագիրներ
  • Նոյնանման նիւթեր
  • ՄԵՐ ԽՆԴԻՐՆԵՐԸ ՃԻՇԴ ԱՆԿԻՒՆԷՆ ԴԻՏԵՆՔ
  • ՀԱՐՑԵՐԸ ՍԽԱԼ ԱՆԿԻՒՆԷ ԴԻՏԵԼԸ ԿՐՆԱՅ ՄԵԶԻ ՎՆԱՍԵԼ
  • ԻՆՉՊԷ՞Ս ԿՐՆԱՆՔ ՃԻՇԴ ԱՆԿԻՒՆԷՆ ԴԻՏԵԼ ԴԺՈՒԱՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ
  • Յիշէ որ Եհովան «ապրող Աստուածն է»
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումն ասիրական) 2024
  • Եհովան մեզի ինչպէ՞ս կ’օգնէ որ տոկանք
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումն ասիրական) 2025
  • Խոնարհաբար ընդունէ բաներ որ չես գիտեր
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումն ասիրական) 2025
  • Կեանքի նեղութիւնները Աստուծմէ պատի՞ժ են
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2009
Տես աւելին
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումն ասիրական) 2026
դ26 Ապրիլ էջ 14-19

ՅՈՒՆԻՍ 15-21, 2026

ԵՐԳ 32 Հաստատո՛ւն եւ անշա՛րժ կեցէք

Շարունակէ ճիշդ անկիւնէն դիտել դժուարութիւններդ

«Նեղութիւն ու վիշտ զիս գտան, բայց քու պատուիրանքներդ իմ ուրախութիւնս են» (ՍԱՂ. 119։143)։

ՆԻՒԹ

Եթէ մեր դժուարութիւնները Եհովային անկիւնէն դիտենք, պիտի կարենանք թէ՛ հաւատարիմ մնալ եւ թէ՛ ուրախ ըլլալ։

1-2. Ի՞նչ պէտք է ընենք, որպէսզի մեր դժուարութիւններուն հետ գլուխ ելլենք (տե՛ս նաեւ նկարը)։

ԿԱ՞Յ բան մը որ քեզ շատ կը մտահոգէ կամ կը նեղացնէ։ Արդեօք մէկը անարդարութեա՞մբ վարուած է հետդ։ Ընտանիքդ քեզի կը հակառակի՞։ Կը հալածուի՞ս հաւատքիդ պատճառով։ Հիւա՞նդ ես։ Կը ծերանա՞ս։ Գլխուդ փորձա՞նք մը եկած է, կամ քեզի սիրելի եղող մէ՞կը մահացած է։ Թերեւս կեանքդ «ցաւ»երով լեցուն է, ինչպէս որ Եհովային շատ մը ուրիշ արժէքաւոր ծառաներուն պարագան է (Սաղ. 90։10)։

2 Մեր նեղութիւններուն հետ գլուխ ելլելու համար, պէտք է ատոնք ճիշդ անկիւնէն դիտենք։ Օրինակով մը բացատրենք։ Կեանքի մէջ մեր ունեցած խնդիրները կը նմանին վտանգներու, որոնց կրնանք հանդիպիլ երբ ինքնաշարժ կը քշենք։ Երբ քշելու ատեն վտանգ մը տեսնենք, թերեւս որոշենք աջ կամ ձախ երթալ, կամ դանդաղիլ կամ ալ կենալ։ Բայց ճիշդ որոշումը առնելու համար պէտք է որ վտանգը յստակօրէն տեսնենք։ Եւ ատիկա տեսնելու համար պէտք է մեր ինքնաշարժին ապակիները մաքուր ըլլան. անոնց վրայ ո՛չ ձիւն, ո՛չ ալ ցեխ ըլլայ։ Նոյնպէս, մեր դժուարութիւններուն հետ գլուխ ելլելու համար, պէտք է որ Եհովայի՛ն անկիւնէն դիտենք ատոնք։ Այս յօդուածին մէջ նկատի պիտի առնենք, որ 1) ինչպէ՛ս մեր խնդիրները ճիշդ անկիւնէն դիտենք, 2) ինչպէ՛ս մեր պարագան սխալ անկիւնէն դիտելը կրնայ մեզի վնաս հասցնել, եւ 3) ի՛նչ կարգ մը քայլեր կրնանք առնել, որ շարունակենք ճիշդ անկիւնէն դիտել մեր դժուարութիւնները։

Մարդ մը աղտոտ ապակիներով ինքնաշարժ մը կը քշէ եւ մէկէն անակնկալի կու գայ տեսնելով որ ճամբան գոց է։

Պէտք է ճիշդ անկիւնէն դիտենք մեր նեղութիւնները, որպէսզի կարենանք ատոնց հետ գլուխ ելլել (տե՛ս պարբերութիւն 2)


ՄԵՐ ԽՆԴԻՐՆԵՐԸ ՃԻՇԴ ԱՆԿԻՒՆԷՆ ԴԻՏԵՆՔ

3. Այս չար աշխարհին մէջ ո՞ր իրականութիւնը պէտք է ընդունինք։

3 Ամէ՛ն մէկս խնդիրներ պիտի ունենանք այս չար աշխարհին մէջ։ Այնքան ատեն որ անկատար ենք եւ Սատանան կ’իշխէ այս աշխարհին վրայ, պիտի ունենանք խնդիրներ։ Եւ որքա՛ն աւելի մօտենանք այս աշխարհին վերջին, այնքա՛ն աւելի պիտի շատնան խնդիրները, ըլլա՛ն ատոնք մարդոց ըրած չար բաներուն, բնական աղէտներու կամ մարդոց ձեռքով եղած աղէտներուն պատճառով (Մատ. 24։8. Բ. Տիմ. 3։13)։ Եթէ Եհովան հի՛մա լուծէր ամէն մէկ խնդիր, այնպէս մը պիտի երեւէր որ ինք Սատանային կ’օգնէ աշխարհին վրայ իշխելու։ Ուրեմն, այս աշխարհին մէջ անպայմա՛ն խնդիրներ պիտի ունենանք (Ժող. 9։12)։

4. Մենք ինչո՞ւ ուրիշներէն աւելի նեղութիւններ ունինք։

4 Մենք ուրիշներէն աւելի նեղութիւններ ունինք, քանի որ Յիսուսին կը հետեւինք։ Յիսուս շատ անգամներ իր աշակերտներուն ըսաւ, որ իրենց հաւատքին պատճառաւ պիտի հալածուին (Մատ. 24։9. Յովհ. 16։2)։ Ասիկա գիտնալը մեզի ալ կ’օգնէ որ մեր հաւատքին մէջ հաստատ մնանք երբ հալածուինք (Ա. Թես. 3։3, 4)։ Երբ հալածանքի տակ հաւատարիմ մնանք, կրնանք վստահ ըլլալ թէ ճիշդ բանը կ’ընենք եւ թէ տակաւին յաւիտենական կեանքի տանող ճամբուն մէջն ենք։ Ասկէ զատ, հաւատարիմ մնալով ցոյց կու տանք, որ ընտրած ենք Եհովան պաշտել քանի որ ի՛նքն է լաւագոյն իշխանը, եւ ցոյց կու տանք որ Սատանան ստախօս է։ Իր խօսած սուտերէն մէկը այն է, թէ մարդիկ Եհովան կը պաշտեն անձնասէր պատճառներով։ Ասոր համար, Սատանան Եհովային ծառաներուն վրայ բուռն կերպով կը յարձակի, փաստելու համար որ անոնք չեն կրնար Եհովային հաւատարիմ մնալ նեղութիւններու մէջ (Յոբ 1։9-11)։ Երբ Եհովային հանդէպ սէրէ մղուած տոկանք, ասիկա զինք շատ կ’ուրախացնէ (Առ. 27։11)։

5. Ի՞նչ կը սորվինք Ժողովող 7։13, 14–էն (տե՛ս նաեւ նկարները)։

5 Գէշ բաներ կը պատահին մեզի քանի որ Եհովան թոյլ կու տայ։ Մենք գիտենք որ Եհովան բնա՛ւ գէշ բան մը չ’ըներ, ոչ ալ գէշ բաներով կը փորձէ մեզ (Յակ. 1։13)։ Լաւ, Սողոմոն ինչո՞ւ ըսաւ որ «գէշ օրը» «Աստուծոյ գործ»ն է (կարդա՛ Ժողովող 7։13, 14)։ Ան ըսել չուզեց թէ Եհովան գէշ բաներ կը պատճառէ, հապա թէ Եհովան թոյլ կու տայ որ ատոնք պատահին։ Լաւ, ի՞նչ կը սորվինք Սողոմոնին խրատէն։ Առաջին, այս աշխարհին մէջ թէ՛ լաւ օրեր պիտի ունենանք, թէ՛ ալ գէշ օրեր։ Երբ լաւ օր մը ունենանք, Եհովային շնորհակալութիւն յայտնենք եւ հաշուենք որ ատիկա Իր կողմէ նուէր մըն է։ Երկրորդ, ‘մարդ իրմէ ետքը բան մը չի գտներ [«մարդը չի կրնար վստահ ըլլալ, որ իրեն հետ ի՛նչ պիտի պատահի ապագային», ՆԱ]’։ Ան չի գիտեր որ լա՛ւ բաներ պիտի պատահին թէ ոչ՝ գէշ։ Ուրեմն, գէշ բաներ կը պատահին թէ՛ բարիներուն թէ՛ ալ չարերուն։

Շարք մը նկարներ. Մարդու մը պարտէզը ատեններ լաւ հունձք կու տայ, ատեններ ալ՝ գէշ. 1. Ան ուրախութեամբ կը հնձէ լաւ լոլիկներ։ 2. Ուրիշ օր մը, ան տխուր–⁠տխուր կը նայի աւրուած լոլիկներուն։

Պէտք է ակնկալենք որ թէ՛ գէշ օրեր եւ թէ՛ լաւ օրեր պիտի ունենանք Սատանային աշխարհին մէջ (տե՛ս պարբերութիւն 5)


6. Եհովան թերեւս ինչո՞ւ թոյլ տայ որ նեղութիւններ ունենանք (Եբրայեցիս 12։7, 11)։

6 Եթէ մեր նեղութիւնները ճիշդ անկիւնէն դիտենք, կը տեսնենք որ Եհովան մեզի կը սորվեցնէ մեր անձին չվստահիլ, հապա՝ իրեն։ Եհովան միշտ կը տեսնէ մեր նեղութիւնները, կը նեղուի երբ չարչարուինք եւ մեզի կ’օգնէ։ Նոյնիսկ եթէ ան թոյլատրէ որ «մահուան շուքի ձորին մէջ» իջնենք, ան կը շարունակէ մեզ առաջնորդել ու վստահեցնել թէ մեզ կը սիրէ, եւ մեզի պէտք եղած զօրութիւնը կու տայ որ տոկանք (Սաղ. 23։4)։ Նեղութիւնները նաեւ կ’օգնեն որ մեր տկարութիւնները գիտնանք, եւ Աստուծոյ օգնութեամբ բարելաւենք ատոնք (կարդա՛ Եբրայեցիս 12։7, 11)։ Օրինակ, Յոբ պէտք էր աշխատէր իր խոնարհութեան վրայ։ Թէեւ Եհովան չէր որ Յոբին գլխուն փորձանքներ բերաւ, բայց Ան ատոնք թոյլ տուաւ, որպէսզի արժէքաւոր դասեր սորվեցնէ Յոբին (Յոբ 42։1-6)։ Մեր գլխուն ի՛նչ նեղութիւններ ալ գան, գիտենք որ Եհովան ի՛նչ որ թոյլատրէ, ատիկա մեզի մնայուն վնաս պիտի չհասցնէ։ Երբ մեր նեղութիւններուն հաւատարմօրէն տոկանք, ամբողջովին յաղթական դուրս կու գանք (Հռով. 8։35-39)։

7. Ինչո՞ւ կրնաս ուրախ ըլլալ նոյնիսկ երբ հաւատքիդ պատճառաւ կը հալածուիս։

7 Մենք կրնանք ուրախ ըլլալ նոյնիսկ երբ կը հալածուինք։ Եթէ հաւատքիդ պատճառաւ կը հալածուիս, մի՛ կարծեր թէ Եհովային օրհնութիւնը կորսնցուցիր։ Ընդհակառակը, հալածուիլդ ցոյց կու տայ թէ Եհովան քեզմով ուրախ է (Մատ. 5։10-12)։ Երբ հալածուիլդ ճիշդ անկիւնէն դիտես, կրնաս արժանապատուութիւնդ պահել եւ ուրախ զգալ որ կը հալածուիս քրիստոնեայ ըլլալուդ համար, ճիշդ ինչպէս որ առաքեալներուն հետ պատահեցաւ (Գործք 5։40-42)։ Ասկէ զատ, այս կեցուածքդ թերեւս Վկայ չեղողներու օգնէ որ ճշմարտութիւնը գիտնան ու «փառաւորեն Աստուած» (Ա. Պետ. 2։12)։ Պահ մը մտածէ. Եհովան Յովսէփին օգնեց ու օրհնեց նոյնիսկ երբ տակաւին բանտարկուած էր, եւ ոչ թէ միայն երբ ազատ արձակուեցաւ։ Ուրեմն, Եհովան քեզի ալ պիտի օգնէ ու օրհնէ նոյնիսկ մինչ կը հալածուիս (Ծն. 39։3, 23)։

8. Մեր դժուարութիւններուն տոկալու համար ուրիշ ի՞նչ պատճառ ունինք։

8 Մեր նեղութիւնները վերջ պիտի գտնեն։ Յոբին փորձառութիւնը մեզի կը յիշեցնէ, թէ մեր նեղութիւնները վերջ պիտի ունենան։ «Տէրը Յոբի վերջին տարիները առաջիններէն աւելի օրհնեց» (Յոբ 42։12, ԱԾ)։ Եհովան կը խոստանայ մեր ալ ‘վերջին տարիները առաջիններէն աւելի օրհնել’։ Մեր վայելելիք օրհնութիւնները յաւիտեան պիտի տեւեն, մինչ խնդիրներով լեցուն մեր հիմակուան կեանքը կարճ պիտի տեւէ ատոր հետ բաղդատմամբ։ Ասիկա մեզի ի՜նչ զօրաւոր պատճառ կու տայ որ մինչեւ վերջ տոկանք (Մատ. 24։13)։

ՀԱՐՑԵՐԸ ՍԽԱԼ ԱՆԿԻՒՆԷ ԴԻՏԵԼԸ ԿՐՆԱՅ ՄԵԶԻ ՎՆԱՍԵԼ

9. Մեր խնդիրները սխալ անկիւնէ դիտելը ինչպէ՞ս կրնայ մեզի վնասել։

9 Ի՛նչ դժուարութիւններու առջեւ ալ ըլլանք, պէտք է որ ճիշդ անկիւնէն դիտենք ատոնք, որպէսզի մենք մեր գլխուն աւելի՛ խնդիրներ չբերենք։ Օրինակ, թերեւս զգանք որ Եհովա՛ն է որ մեր նեղութիւնները կը պատճառէ։ Ատեն մը Յոբն ալ նոյնը զգաց եւ այս սխալ մտածելակերպը ձգեց, որ Յոբ ‘Աստուծմէ աւելի ինքզինք արդարացնէ’ (Յոբ 32։2)։ Նոեմին ալ նման բան մը ըրաւ. ան Աստուած մեղադրեց իր բոլոր նեղութիւններուն համար (Հթ. 1։13, 20, 21)։ Եթէ Յոբն ու Նոեմին շարունակէին սխալ անկիւնէն դիտել իրենց նեղութիւնները, հաւանական է որ վնաս հասցնէին Եհովային հետ իրենց փոխյարաբերութեան (Առ. 19։3)։ Բայց Եհովան օգնեց որ ճիշդ անկիւնէն դիտեն իրենց նեղութիւնները եւ զիրենք օրհնեց իրենց հաւատարմութեան համար։

10. Երբ նեղութիւններու մէջ ըլլանք, թերեւս մեր մտքէն ի՞նչ անցնի։

10 Նոյնիսկ եթէ վստահ ենք որ Եհովան չէ մեր խնդիրներուն պատճառը, թերեւս մեր մտքէն անցընենք որ արդեօք Եհովան գիտէ՞ թէ ինչերէ՜ կ’անցնինք։ Այսպիսի մտածելակերպ մը կրնայ մեզ յուսահատեցնել ու տկարացնել (Առ. 24։10)։ Դաւիթն ու Ամբակումն ալ նեղութիւններէ անցան եւ ատեններ անոնց ալ մտքէն անցաւ, թէ արդեօք Եհովան իրենց աղօթքները կը լսէ՞ (Սաղ. 10։1. Ամբ. 1։2)։ Բայց անոնք աղօթելէ չդադրեցան։ Եհովան անոնց աղօթքները լսեց եւ շարունակեց անոնց օգնել։ Ան քե՛զի ալ նոյնը պիտի ընէ (Սաղ. 10։17)։

11. Եթէ նեղութիւնները ճիշդ անկիւնէն չդիտենք, ի՞նչ կրնայ պատահիլ մեզի հետ։

11 Երբ նեղութիւնները սխալ անկիւնէն դիտենք, թերեւս անակնկալի գանք թէ ինչո՛ւ մեզի հետ գէշ բաներ կը պատահին (Ա. Պետ. 4։12)։ Յիսուսին աշակերտները չըմբռնեցին, թէ Յիսուսին վրայ բուռն հալածանք պիտի գար (Ղուկ. 18։33, 34)։ Թէեւ Յիսուս յստակօրէն ըսած էր թէ ինք պիտի հալածուէր, բայց Պետրոսը ասիկա լուրջի չառաւ։ Յիսուս գիտէր որ եթէ Պետրոսին պէս մտածէր, ասիկա կրնայ արգելք ըլլալ որ Եհովային կամքը ընէ, եւ այս պատճառաւ ալ ան Պետրոսը յանդիմանեց (Մար. 8։31-33)։ Նոյնիսկ Յիսուսին մահէն ետք իր աշակերտները շուտով չհասկցան թէ Յիսուս ինչո՛ւ սպաննուեցաւ։ Բայց քանի որ Յիսուս զիրենք կը սիրէր, ան շարունակեց անոնց օգնել։ Իր յարութենէն ետք, Յիսուս անոնց հետ խօսեցաւ եւ Սուրբ Գրութիւնները բացատրելով անոնց օգնեց որ ճիշդ անկիւնէն դիտեն հալածանքը (Ղուկ. 24։25-27, 32, 44-48)։ Անոնք Յիսուսին սորվեցուցած բաներուն վրայ խոկալով պիտի կարենային պատրաստ ըլլալ իրենց վրայ գալիք հալածանքին։ Մենք ալ կրնանք խոկալ հալածանքին մասին Սուրբ Գիրքին ըսածներուն վրայ, որպէսզի պատրաստ ըլլանք նեղութիւններու։

12. Թերեւս ի՞նչ զգանք, երբ մեր պարագաները սխալ անկիւնէ դիտենք։

12 Եթէ մեր պարագաները սխալ անկիւնէ դիտենք, թերեւս զգանք որ ատոնք իրականութենէն աւելի՛ գէշ են։ Յիսուս այգիին բանուորներուն առակը պատմելով ցոյց տուաւ, որ ասիկա ինչպէ՛ս կրնայ պատահիլ։ Առակին մէջ կարգ մը աշխատաւորներ նեղացան, քանի որ զգացին թէ իրենց տրուած օրավարձէն աւելին կ’արժէին։ Բայց այգիին տէրը անոնցմէ մէկուն ըսաւ. «Ընկե՛ր, ես քեզ չեմ զրկեր» (Մատ. 20։10-13)։ Պատահածը անարդարութիւն չէր, հապա՝ այդ աշխատաւորներուն ակնկալութիւններն էին որ ճիշդ չէին։ Ներկայիս, կարգ մը Վկաներ նոյնանման պարագաներէ անցած են։ Օրինակ, ոմանք զգացած են որ անարդարութիւն է որ իրենց ուզած մէկ առանձնաշնորհումը չունենան։ Լաւ, ի՞նչ գործնական քայլեր կրնանք առնել, որ ճիշդ անկիւնէն դիտենք հարցերը։

ԻՆՉՊԷ՞Ս ԿՐՆԱՆՔ ՃԻՇԴ ԱՆԿԻՒՆԷՆ ԴԻՏԵԼ ԴԺՈՒԱՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

13. Թերեւս ի՞նչ պատահի երբ նեղութիւններու մէջ ըլլանք։

13 Թերեւս գիտես թէ Սուրբ Գիրքը ի՛նչ կ’ըսէ դժուարութիւններու մասին։ Թերեւս նոյնիսկ ուրիշներու ալ ցոյց տուած ես ատիկա, որպէսզի օգնես որ տոկան։ Բայց երբ դո՛ւն նեղութիւններու մէջ ըլլաս, թերեւս դժուար ըլլայ որ շարունակես ճիշդ անկիւնէն դիտել դժուարութիւններդ։ Օրինակ, կրնայ ըլլալ զգաս որ Եհովան քեզ կը պատժէ կամ թէ աղօթքներդ մտիկ չ’ըներ։ Լաւ, ի՞նչ քայլեր կրնան քեզի օգնել, որ շարունակես ճի՛շդ անկիւնէն դիտել դժուարութիւններդ։

14. Ինչի՞ մասին կրնաս աղօթել երբ նեղութիւններ ունենաս (Փիլիպպեցիս 4։13)։

14 Եհովայէն օգնութիւն խնդրէ։ Եհովային ըսէ թէ նեղութիւններդ ի՛նչ են եւ թէ ի՛նչ կը զգաս։ Եթէ կ’ուզես որ Եհովան մասնայատուկ բան մը ընէ քեզի համար, ատիկա ուղղակի յիշէ աղօթքիդ մէջ։ Իրմէ սուրբ հոգին խնդրէ, որպէսզի ուժն ու իմաստութիւնը ունենաս տոկալու։ Բայց միտքդ պահէ որ Եհովան թերեւս քու չակնկալած կերպովդ պատասխանէ աղօթքներուդ (Եփ. 3։20)։ Ան նաեւ կրնայ հրեշտակները կամ հաւատակիցներդ գործածել որ քեզի օգնէ (Սաղ. 34։7)։ Ասոր համար, ընդունէ Եհովային տուած օգնութիւնը, ի՛նչ կերպով ալ ըլլայ ատիկա։ Եհովան սուրբ հոգին կու տայ որքա՛ն որ պէտք ունիս՝ որեւէ դժուարութեան հետ գլուխ ելլելու համար (կարդա՛ Փիլիպպեցիս 4։13)։

15. Ի՞նչը կրնայ քեզի օգնել որ դժուարութիւններու տոկաս (տե՛ս նաեւ նկարը)։

15 Հոգեւոր ռութինդ պահէ։ Ձեռքէդ եկածը ըրէ որ հոգեւոր ռութինդ պահես, նոյնիսկ երբ դժուար ըլլայ առաջուան չափ ատոր հետեւիլը։ ‘Նեղութեան ու վիշտի’ ատեն պէտք է միտքդ ա՛լ աւելի լեցնես Աստուծոյ գաղափարներով (Սաղ. 119։143)։ Շարունակէ կանոնաւոր կերպով Սուրբ Գիրքը կարդալ, ուսումնասիրել եւ խոկալ ատոր վրայ։ Կարողութեանդ ներած չափով ծառայութեան մասնակցիր, ժողովներուն ներկայ եղիր ու պատասխանէ։ Հաւատակիցներուդ հետ կապի մէջ մնա՛։ Դուն քեզ մի՛ ‘զատեր’ ժողովքէն, նոյնիսկ երբ զգաս որ այդպէս կ’ուզես ընել (Առ. 18։1, ստորանիշ)։

Եղբայր մը հիւանդանոցը անկողինին վրայ նստած ինթըրնէթով կը հետեւի «Դիտարան»ի ուսումնասիրութեան։ Ան իր առջեւը բացած է «Դիտարան»ը եւ Սուրբ Գիրքը։

Ձեռքէդ եկածը ըրէ որ շարունակես քու հոգեւոր ռութինդ պահել (տե՛ս պարբերութիւն 15)


16. Թերեւս ի՞նչ կասկածներ ունենաս, եւ ինչպէ՞ս կրնաս ատոնց հետ գլուխ ելլել (Բ. Կորնթացիս 10։4, 5)։

16 Մէջդ կասկած մի՛ ձգեր։ Երբ դժուարութիւն մը ունենաս, թերեւս սկսիս կասկածներ ունենալ քու անձիդ կամ Եհովային հանդէպ։ Լաւ, ի՞նչը կրնայ օգնել որ մտածումներդ շտկես (կարդա՛ Բ. Կորնթացիս 10։4, 5)։ Սուրբ Գիրքին եւ կազմակերպութեան հրատարակութիւններուն մէջի «Աստուծոյ գիտութիւնը»։ Օրինակ, կը կասկածի՞ս որ Եհովան այլեւս քեզմէ գոհ չէ։ Սերտէ Պօղոսին մասին։ Ան իր ծառայութեան ընթացքին շատ մեծ դժուարութիւններ ունեցաւ, բայց ատոնք զինք ա՛լ աւելի համոզեցին որ Եհովան ու Յիսուսը գոհ են իրմէ (Բ. Կոր. 11։23-27)։ Կը կասկածի՞ս որ Եհովան իրապէս ներած է սխալներդ։ Եթէ այո՛, համարներու ցանկ մը պատրաստէ, որոնք ցոյց կու տան թէ Եհովան կը ներէ մեր մեղքերը (Եսա. 43։25)։ Ետքը, այդ համարները կարդա՛ եւ ատոնց վրայ խոկա՛ (Սաղ. 119։97)։ Փորձանք մը պատահա՞ծ է քեզի կամ մօտիկներէդ մէկուն, որուն պատճառով կը կասկածիս թէ Եհովան կը պաշտպանէ իր հաւատարիմ ծառաները։ Պրպտում ըրէ թէ Եհովան ինչո՛ւ թոյլ կու տայ որ չարչարուինք, եւ մեզ ինչպէ՛ս հոգեւորապէս կը պաշտպանէ՝ մեզի հետ ի՛նչ ալ պատահի (Սաղ. 91։9-12)։ Ասկէ զատ, կարդա՛ հաւատակիցներու մասին, որոնք փորձանքներէ անցան բայց իրենց ուրախութիւնը չկորսնցուցինa։

17. Ի՞նչ պէտք է ընենք երբ դժուարութիւն մը ունենանք։

17 Հիմա ‘աղէկ օ՞ր’ կը վայելես եւ լուրջ խնդիրներ չունի՞ս։ Եհովային փառք տուր եւ ամէն առիթ օգտագործէ, որ իր ըրած լաւութիւններուն մասին մտածես (Ժող. 7։14)։ Բայց երբ դժուարութիւն մը ունենաս, ճիշդ անկիւնէ դիտէ զայն եւ շարունակէ լման վստահիլ Եհովային։ Ինքն ալ իր կարգին ‘ազատութեան միջոց մը պիտի տայ, որպէս զի կարող ըլլաս համբերել’ (Ա. Կոր. 10։13)։ Իսկ երբ մեր հաւատակիցները նեղութիւններէ անցնին, ինչպէ՞ս կրնանք անոնց օգնել։ Պատասխանը պիտի առնենք յաջորդ յօդուածին մէջ։

Ի՞ՆՉ ԿԸ ՊԱՏԱՍԽԱՆԵՍ

  • Ի՞նչը մեզի կ’օգնէ որ ճիշդ անկիւնէ դիտենք մեր դժուարութիւնները։

  • Հարցերը սխալ անկիւնէ դիտելը ինչպէ՞ս կը վնասէ մեզի։

  • Ի՞նչ կրնանք ընել երբ դժուարութիւններ ունենանք։

ԵՐԳ 133 Աստուա՛ծ փնտռեցէք, որպէսզի փրկուիք

a Օրինակ, jw.org կայքին վրայ գտնուող «Ուրախ ընտանիք մը կը ցնցուի՝ բայց ետ ոտքի կ’ելլէ» (արաբ.) կենսագրութիւնը կը պատմէ, թէ ի՛նչը օգնեց եղբայր Տէյվիտ Մազային եւ իր ընտանիքին երբ իրենց տղան մահացաւ։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2026)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2026 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել