Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դ26 Ապրիլ էջ 26-31
  • Շարունակէ զօրացնել կողակիցիդ հետ բարեկամութիւնդ

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Շարունակէ զօրացնել կողակիցիդ հետ բարեկամութիւնդ
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումն ասիրական) 2026
  • Ենթավերնագիրներ
  • Նոյնանման նիւթեր
  • ԻՆՉՊԷ՞Ս ԶԱՏԵԼ ԼԱՒԱԳՈՅՆ ԿՈՂԱԿԻՑԸ
  • ԻՐԱՐՈՒ ՀԵՏ ԺԱՄԱՆԱԿ ԱՆՑՈՒՑԷՔ
  • ԻՐԱՐՈՒ ՄՕՏԻԿ ՄՆԱՑԷՔ ԵՐԲ ԴԺՈՒԱՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ԾԱԳԻՆ
  • Ինչպէ՞ս կրնաս կողակից մը գտնել
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումն ասիրական) 2024
  • Ամուսնութիւն՝ սիրալիր Աստուծմէ պարգեւ մը
    «Անձերնիդ Աստուծոյ սիրոյն մէջ պահեցէք»
  • Ուրախ ամուսնութեան համար՝ Աստուծոյ դիմէ
    Ընտանիքդ կրնա՛յ ուրախ ըլլալ
  • Ամուսնութիւնդ յաջող դարձուր
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2016
Տես աւելին
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումն ասիրական) 2026
դ26 Ապրիլ էջ 26-31

ՅՈՒՆԻՍ 29–ՅՈՒԼԻՍ 5, 2026

ԵՐԳ 36 «Զայն որ Աստուած միաւորեց»

Շարունակէ զօրացնել կողակիցիդ հետ բարեկամութիւնդ

«Եղբօրմէն աւելի մտերիմ բարեկամ կայ» (ԱՌ. 18։24)։

ՆԻՒԹ

Ամուսին մը ու կին մը ուրախ ամուսնութիւն մը ունենալու համար պէտք է իրարու մտերիմ բարեկամներ ըլլան եւ Եհովան սիրեն։

1. Լաւ բարեկամները ինչո՞ւ Եհովային կողմէ նուէր են։

ԼԱՒ բարեկամները Եհովային կողմէ նուէր են (Յակ. 1։17)։ Անոնք Եհովան կը սիրեն եւ մեզ ալ կը սիրեն։ Անոնք մեզի հետ կ’ուրախանան, մեր տրամադրութիւնը կը բարձրացնեն երբ նեղուած ըլլանք եւ պէտք եղած տեղը անկեղծօրէն կը խրատեն մեզ։ Անոնք հաւատարիմ են եւ մենք անոնց կը վստահինք։ Ասանկ բարեկամներ իրապէս «կ’ուրախացնեն» մեր սիրտը (Առ. 27։9)։

2. Ամուսին մը ու կին մը ինչո՞ւ պէտք է շարունակեն իրենց բարեկամութիւնը զօրացնել (Մատթէոս 19։6)։

2 Կարեւոր է որ ամուսին մը ու կին մը իրարու ամէնէն մտերիմ բարեկամները ըլլան։ Անոնք չեն կրնար թեթեւի առնել իրենց բարեկամութիւնը։ Ասոր համար, անոնք պէտք է ջանք թափեն որ իրենց բարեկամութիւնը զօրանայ, թէ ոչ կրնան սկսիլ մինակ ու տխուր զգալ եւ նոյնիսկ իրարմէ ջղայնանալ։ Բայց եթէ անոնք շարունակեն իրենց բարեկամութեան հոգ տանիլ, կրնան կեանքի մէջ ամէնէն զօրաւոր բարեկամութիւնը վայելել (կարդա՛ Մատթէոս 19։6)։ Այս յօդուածին մէջ պիտի տեսնենք, որ զոյգերը ինչպէ՛ս կրնան շարունակել իրենց բարեկամութիւնը զօրացնել։ Բայց նախ նկատի պիտի առնենք, որ ամուրիները ինչպէ՛ս կրնան զատել կողակից մը, որ իրենց կեանքին լաւագոյն բարեկամը պիտի դառնայ։

ԻՆՉՊԷ՞Ս ԶԱՏԵԼ ԼԱՒԱԳՈՅՆ ԿՈՂԱԿԻՑԸ

3-4. Ի՞նչը մէկու մը կ’օգնէ որ լաւ կողակից մը գտնէ (Առակաց 18։22)։

3 Կեանքի մէջ մեծ որոշումներ առնելէ առաջ, պէտք է մտածենք ատոնց թէ՛ լաւ եւ թէ՛ գէշ արդիւնքներուն մասին։ Մեծ որոշումները կրնան երկա՜ր ժամանակ ազդել մեր կեանքին։ Ասոր համար, մեծ որոշումներ առնելէ առաջ կարեւոր է որ ատոնց մասին լաւ մտածենք։

4 Լաւ կողակից մը զատելը ամենամեծ որոշումներէն մէկն է, քանի որ կը զատենք բարեկամ մը, որուն հետ մեր ամբողջ կեանքը պիտի անցընենք։ Որովհետեւ Եհովա՛ն ըրած է ամուսնութեան կարգադրութիւնը, մենք կ’ուզենք ի՛ր ուղղութեան դիմել երբ կողակից կը զատենք։ Ան կ’ուզէ որ տղամարդ մը գտնէ լաւ կին մը, եւ կին մը գտնէ լաւ ամուսին մը։ Եհովան միշտ գիտէ թէ ի՛նչն է լաւագոյնը մեզի համար (կարդա՛ Առակաց 18։22. Եսա. 48։17, 18)։ Աստուծոյ Խօսքին մէջ գտնուող սկզբունքները քրիստոնեայի մը կրնան օգնել, որ յարմար կողակից մը զատէ։

5. Ինչո՞ւ կարեւոր է որ մկրտուած մէկը զատես իբր կողակից։

5 Երբ մկրտուինք, Աստուծոյ բարեկամները կը դառնանք (Սաղ. 25։14)։ Ուրեմն, եթէ ամուսնանալու միտք ունիս, պէտք է Եհովային բարեկամներէն մէկը զատես իբր կողակից (Ա. Կոր. 7։39)։ Ասանկ ընելովդ ցոյց կու տաս որ Եհովային սկզբունքները կը յարգես, եւ պիտի կարենաս կողակիցդ տեսնել իբր Եհովայէն օրհնութիւն մը (Առ. 19։14)։ Նաեւ հեռու պիտի մնաս անհաւատ մէկու մը հետ «անհաւասար լծակից» ըլլալու խնդիրներէն (Բ. Կոր. 6։14, ՆԱ)։ Եթէ յարմար Վկայ մը չկայ որուն հետ կ’ուզես ամուսնանալ, իմաստութիւն չէ որ Վկայ չեղող մէկը զատես իբր կողակիցդ։ Նաեւ խոհեմութիւն չէ որ մտածես, թէ եթէ Վկայ չեղող մէկու մը հետ խօսիս, թերեւս իրեն օգնես որ ճշմարտութեան ծանօթանայ։

6-7. Ի՞նչ հարցումներ պէտք է դուն քեզի հարցնես, մինչ մէկու մը հետ կը խօսիս։

6 Անշուշտ, ասիկա ըսել չէ որ ո՛եւէ մկրտուած մէկը կրնայ յարմար կողակից ըլլալ։ Ասոր համար, զգացումներով մի՛ տարուիր եւ դուն քեզի այս հարցումները հարցուր. ‘Ան ինչպէ՞ս կը վարուի իր ընտանիքին հետ։ Ազնուութեամբ ու յարգանքով կը վարուի՞։ Իր ընկերները ո՞վ են։ Երբ ինք մէկու մը հետ անհամաձայնութիւն ունենայ՝ ի՞նչ կ’ընէ։ Իր կարծիքին վրայ կը պնդէ՞, թէ ոչ ճկունութեամբ կ’ընդունի դիմացինին կարծիքը, եթէ սկզբունք կտրել չկայ հարցին մէջ։ Դրամը որքա՞ն կարեւոր է իրեն համար’։

7 Նաեւ դուն քեզի հարցուր. ‘Անձը, որուն հետ կը խօսիմ, ցո՞յց կու տայ թէ Եհովային հանդէպ խոր սէր ունի։ Կը ջանա՞յ «նոր անձնաւորութիւնը» հագնիլ։ Ան պիտի կարենա՞յ ինծի օգնել, որ շարունակեմ լաւագոյն կերպով Եհովային ծառայել։ Նոյն հոգեւոր նպատակները ունի՞նք։ Պիտի կարենա՞նք ապագային ոչ միայն լաւ բարեկամներ ըլլալ, այլեւ՝ ամենամտերիմ բարեկամներ’ (Կող. 3։9, 10, ՆԱ)։ Եթէ քոյր մըն ես, այն եղբայրը որուն հետ կը խօսիս պիտի կարենա՞յ լաւ բարեկամ ու լաւ ընտանիքի գլուխ մը ըլլալ (Ա. Կոր. 11։3)։ Եթէ եղբայր մըն ես, այն քոյրը որուն հետ կը խօսիս պատրա՞ստ է ընդունելու քու դերդ իբր ընտանիքի գլուխ՝ չնայած որ անկատար ես ու սխալներ պիտի ընես։ Ժամանակ կ’առնէ որ այս հարցումներուն պատասխանները ունենաս։ Ասոր համար, ժամանակդ առ որպէսզի լա՛ւ մը ծանօթանաս դիմացինիդ։

8-9. Ի՞նչ բան կրնայ օգնել մէկու մը, որ ամուսնութեան նկատմամբ իմաստուն որոշում մը առնէ (տե՛ս նաեւ նկարը)։

8 Իմաստուն որոշում մը առնելու համար կարեւոր է որ գիտնաս, թէ այն անձը որուն հետ կը խօսիս ճիշդ ինչպիսի՛ մէկն է։ Ասոր համար, տես թէ ուրիշներու կարծիքը ի՛նչ է անոր յատկութիւններուն մասին։ Ան ինչպիսի՞ անուն մը ձգած է։ Ճանցուա՞ծ է որպէս խոնարհ, ազնիւ, ճկուն մէկը, եւ այլն։ Օրինակ, Ֆրանսական Կուիանայէն եղող Սէռա անունով քոյր մը ամուսնացած է Տէնիէլ անունով եղբօր մը հետ։ Ան կ’ըսէ. «Ես Տէնիէլին մասին հարցուցի՝ իր հետ ապրող եղբօրը, իր ժողովքէն երէցի մը, իր ընկերներուն եւ իր ժողովքի կարգ մը քոյրերուն»։ Ասկէ զատ, կրնաս հարցնել այն անձին որուն հետ կը խօսիս, եթէ կա՞յ բան մը որ իր մասին պէտք է գիտնաս, օրինակ՝ իրեն հետ անցեալին պատահած բանի մը կամ իր ունեցած մէկ սովորութեան մասին։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ կարգ մը բաներ կամ սովորութիւններ կրնան լուրջ ամուսնական խնդիրներ պատճառել ապագային։

9 Թերեւս լուրջ կասկածներ ունիս եթէ դիմացինը քեզի յարմար ամուսին կամ կին մը կրնայ ըլլալ կամ ոչ։ Կամ թերեւս կարգ մը հասուն եղբայրներ ու քոյրեր քեզի խօսին այն գէշ յատկութիւններուն մասին, որ իրե՛նք նկատած են անձին մէջ։ Եթէ այս է պարագան, ասոնք բոլորը լուրջի առնելով պիտի կարենաս որոշել թէ արդեօք իմաստութիւն պիտի ըլլա՞յ դիմացինին հետ ամուսնանալa։ Հիմա, մեր ուշադրութիւնը դարձնենք ամուսնացած զոյգերուն։

Իրար սերտող զոյգ մը հաճելի խօսակցութիւն մը կ’ունենայ հաւաքոյթի մը ատեն։

Երբ հակառակ սեռէն մէկու մը հետ կը ժամադրուիս, փորձէ գիտնալ թէ ան ճիշդ ինչպիսի՛ մէկն է (տե՛ս պարբերութիւն 8-9)


ԻՐԱՐՈՒ ՀԵՏ ԺԱՄԱՆԱԿ ԱՆՑՈՒՑԷՔ

10. Ինչո՞ւ լաւ է որ զոյգ մը իրարու ժամանակ յատկացնեն։

10 Զոյգ մը իրենց բարեկամութիւնն ու ամուսնութիւնը զօրաւոր կը պահեն, երբ իրարու ժամանակ կը յատկացնեն որքա՛ն ալ զբաղած ըլլան։ Ասիկա իրենց առիթ կու տայ, որ այդ օրը պատահած բաներուն մասին խօսին, իրենց մտածումներն ու զգացումները իրարու յայտնեն, իրարու հանդէպ սէր ցոյց տան եւ միասին հաճելի ժամանակ անցընեն։

11. Ի՞նչ բան կրնայ վնաս հասցնել ամուսնացած զոյգի մը բարեկամութեան։

11 Ամուսնացած զոյգ մը, որոնք իրարու շատ մօտիկ բարեկամներ են, կը նախընտրեն իրարու հետ ըլլալ, քան թէ՝ իրարմէ հեռու։ Անշուշտ, թերեւս ատեններ ժամանակաւորապէս իրարմէ հեռու ըլլան, բայց եթէ այդ ժամանակը երկարի, ատիկա կրնայ վտանգաւոր ըլլալ։ Օրինակ, ոմանք օտար երկրի մը մէջ կ’աշխատին եւ ասանկով երկար ժամանակ հեռու կը մնան իրենց ընտանիքէն։ Ճիշդ է որ ասիկա նիւթական գետնի վրայ կրնայ օգուտներ ունենալ, բայց երկար ժամանակ իրարմէ հեռու ըլլալը նաեւ կրնայ շատ մը խնդիրներ ստեղծել ամուսնութեան մէջ։

12-13. ա) Կարգ մը զոյգեր ի՞նչ ըրած են իրենց կողակիցին հետ ժամանակ անցընելու համար (տե՛ս նաեւ նկարը)։ բ) Կողակիցիդ հետ յարաբերութիւնդ որքա՞ն կարեւոր պէտք է ըլլայ քեզի համար (տե՛ս «Կողակիցդ ի՞նչ տեղ պէտք է գրաւէ կեանքիդ մէջ» տուփը)։

12 Նկատի առ թէ կարգ մը ամուսնացած զոյգեր ի՛նչ ըրած են, վստահ ըլլալու համար որ իրարու հետ կանոնաւորաբար ժամանակ կ’անցընեն։ Լիա անունով քոյր մը, որ կը բնակի Կուամի մէջ, կ’ըսէ. «Ես ու ամուսինս կը սիրենք իրարու հետ տարբեր–տարբեր բաներ ընել։ Քիչ կը պատահի որ մեզմէ մէկը առանձին ընկերային հաւաքոյթի մը երթայ»։ Միացեալ Նահանգներէն՝ Ռոքսըն անունով քոյր մը կ’ըսէ. «Քանի որ շատ զբաղած յայտագիր մը ունինք, սկսանք առաջուընէ որոշել թէ ե՛րբ երկուքս միասին ժամանակ պիտի անցընենք, ճիշդ ինչպէս որ կ’ընենք ուրիշ կարեւոր առիթներու համար»։ Ֆրանսայէն՝ Տամիան անունով եղբայր մը կ’ըսէ. «Մենք սովորութիւն դարձուցինք որ իրար նախասիրած բաներով հետաքրքրուինք եւ ատոնք սիրենք» (Մատ. 7։12)։ Իսկ Միացեալ Նահանգներէն՝ Քէյթի անունով քոյր մը, կ’ըսէ. «Երբեմն մեր հեռաձայնները մէկ կողմ կը դնենք, որպէսզի ատոնք մեզ չխանգարեն»։

13 Ամէնէն կարեւորը այն է, որ ամուսնացած զոյգ մը հոգեւոր բաներ ընեն իրարու հետ։ Ֆրանսայէն՝ Միրիամ անունով քոյր մը կ’ըսէ. «Մեր օրը կը սկսինք Սուրբ Գիրքը զատ–զատ կարդալով եւ ետքը միասին խօսելով մեր կարդացածին մասին, թէ ի՛նչ սիրեցինք եւ ի՛նչ բաներ կրնանք գործադրել մեր կեանքին մէջ։ Այդ վայրկեանները շատ հաճելի են ինծի համար։ Ասկէ զատ, կը սիրեմ երբ միասին կ’աղօթենք, քանի որ կը տեսնեմ որ ամուսինս որքա՜ն կը սիրէ Եհովան»։ Նախապէս յիշուած Քէյթին կ’ըսէ. «Մեզի համար ամէնէն հաճելի ժամանակը ծառայութեան մէջ է։ Երբ կը տեսնենք որ ամէն մէկս ինչպէ՛ս կը խօսի Եհովային մասին, իրարու աւելի կը մօտենանք։ Եւ իրարմէ շատ բաներ կը սորվինք ծառայութեան մէջ» (Առ. 27։17)։

Նախկին նկարին մէջի զոյգը հիմա ամուսնացած են եւ իրարու հետ աղուոր ժամանակ կ’անցընեն բնութեան մէջ։

Ձեր ամուսնութիւնը զօրացուցէք՝ իբր բարեկամներ միշտ իրարու հետ ժամանակ անցընելով (տե՛ս պարբերութիւն 12-13)


Կողակիցդ ի՞նչ տեղ պէտք է գրաւէ կեանքիդ մէջ

Մեր կեանքին մէջ շատեր կարեւոր տեղ կը գրաւեն։ Մեր կողակիցը ի՞նչ տեղ կը գրաւէ (Փլպ. 1։10)։

  1. 1. Եհովան։ Եհովան մեր կեանքին մէջ առաջին տեղը կը գրաւէ (Մատ. 6։33. Մար. 12։30)։ Բնաւ պիտի չընենք բան մը որ Եհովան կը նեղացնէ, պարզապէս մեր կողակիցը հաճեցնելու համար (Գործք 5։29. բաղդատէ՛ Ծննդոց 2։16, 17. 3։6–ին հետ)։

  2. 2. Մեր կողակիցը։ Մենք ու մեր կողակիցը «մէկ մարմին» ենք։ Մեր կողակիցին լաւ հոգ կը տանինք, ինչպէս որ մենք մեզի կ’ընենք (Ծն. 2։24. Եփ. 5։28, 29, 33)։

  3. 3. Ուրիշները եւ ուրիշ պատասխանատուութիւններ։ Մենք կ’ուզենք հոգ տանիլ՝ մեր ծնողքին, ազգականներուն, հոգեւոր եղբայրներուն ու քոյրերուն, ինչպէս նաեւ մեր աստուածպետական պատասխանատուութիւններուն։ Բայց Եհովայէն զատ, ո՛չ ոք կամ ո՛չ մէկ բան մեզի համար պէտք է կարեւոր ըլլայ, քան՝ մեր կողակիցը։ Պէտք է վստահ ըլլանք որ մեր կողակիցը ուրախ է եւ թէ անոր լաւ հոգ կը տանինք (Ա. Տիմ. 5։8)։

ԻՐԱՐՈՒ ՄՕՏԻԿ ՄՆԱՑԷՔ ԵՐԲ ԴԺՈՒԱՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ԾԱԳԻՆ

14-15. Զոյգ մը ինչո՞ւ պէտք է իր ձեռքէն ամէն եկածը ընէ, որպէսզի դժուարութիւնները յաղթահարէ. օրինակով մը բացատրէ։

14 Անկատար ըլլալով, ամուսնացած զոյգերը դժուարութիւններ պիտի ունենան իրենց ամուսնութեան մէջ։ Սուրբ Գիրքը յստակօրէն կ’ըսէ, որ ամուսնացած զոյգերը «մարմնի նեղութիւն պիտի ունենան» (Ա. Կոր. 7։28)։ Այս խօսքը կ’ակնարկէ այն դժուարութիւններուն, որ սովորաբար ամուսնացած զոյգերը կ’ունենան։ Երբ այս տեսակի դժուարութիւններ ծագին, զոյգերը ինչո՞ւ պէտք է ատոնք յաղթահարեն եւ իրարու մօտիկ մնան։

15 Նկատի առ այս օրինակը։ Եթէ անուանի շէնք մը կամ արժէքաւոր գծագրութիւն մը վնասուի, անոր տէրերը շատ հաւանաբար որոշեն ատիկա նորոգել։ Անոնք կրնայ ըլլալ շատ դրամ ծախսեն եւ շատ ժամանակ յատկացնեն ատիկա նորոգելու համար, նոյնիսկ եթէ ատիկա տարիներ առնէ։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ այդ շէնքը կամ գծագրութիւնը իրենց համար շա՛տ արժէքաւոր է։ Նոյնպէս, ամէն մէ՛կ ամուսնութիւն արժէքաւոր է։ Իրականութեան մէջ, նոյնիսկ ամէնէն ուրախ զոյգերուն միջեւ խնդիրներ կը ծագին, բայց ինչպէս որ վնասուած շէնք մը կամ գծագրութիւն մը ընդհանրապէս կրնայ նորոգուիլ, զոյգեր ալ կրնա՛ն իրենց վնասուած ամուսնութիւնը «նորոգել»։ Ճիշդ է որ նորոգութիւնը ժամանակ կ’առնէ եւ մեծ ջանք կը պահանջէ, բայց Եհովան պիտի ուրախանայ տեսնելով թէ զոյգեր ծանր կ’աշխատին որ իրենց ամուսնութիւնը զօրացնեն եւ իրարու հետ մնան (Մաղ. 2։16)։ Այսպիսով, անոնք սէր ու յարգանք ցոյց կու տան ո՛չ միայն իրարու հանդէպ, այլեւ ամուսնութեան ծագում տուողին՝ Եհովային հանդէպ։

16. Ըստ Ա. Կորնթացիս 13։4-8ա–ին, ի՞նչը կրնայ օգնել լուրջ խնդիրներ ունեցող զոյգերու (տե՛ս նաեւ նկարը եւ «Ի՞նչ բան կրնայ զօրացնել կողակիցիդ հետ բարեկամութիւնդ» տուփը)։

16 Եթէ ամուսնութեանդ մէջ խնդիրներ ունենաս, շուտով մի՛ ձգեր կողակիցդ (Ա. Կոր. 7։10, 11)։ Հապա՝ դուն քեզի հարցուր. ‘Ուրիշ ի՞նչ կրնամ ընել որ մեր բարեկամութիւնը զօրացնեմ’։ Տես թէ Սուրբ Գիրքը ի՛նչ կ’ըսէ սէր ցոյց տալու մասին, եւ դուն քեզի հարցուր թէ Ա. Կորնթացիս 13։4-8ա–ին մէջ յիշուած յատկութիւններէն որո՞նց վրայ պէտք է աշխատիս (կարդա՛)։ Փոխանակ մտածելու որ ինչպէ՛ս կրնաս կողակիցէդ ազատիլ, տես թէ ինչպէ՛ս դուն եւ ինքը կրնաք իրար նորէն սիրել։ Կեդրոնացիր այն բաներուն վրայ, որոնց վրայ դուն պէտք է աշխատիս որ նորէն ուրախ ըլլաք։ Եհովայէն խնդրէ որ քեզ ուղղէ։ Տես թէ ո՛ր հրատարակութիւններն ու վիտէօները կրնան քեզի օգնել, եւ օգնութիւն ուզէ երէցներէ եւ հասուն քրիստոնեաներէ։ Երբ Եհովային օգնութիւնը ընդունիս, քու ամուսնութիւնդ ‘դիւրաւ պիտի չկտրուի’, քանի որ Եհովան է «երեքպատիկ դերձան»ին երրորդ եւ ամէնէն զօրաւոր կապը (Ժող. 4։12)։

Նոյն զոյգը իրենց տան մէջ նստած իրենց զգացումներուն մասին կը խօսին։ Կինը լալով կ’արտայայտուի, մինչ ամուսինը իր ձեռքը կնոջ ուսին վրայ դրած հանդարտօրէն մտիկ կ’ընէ անոր։ Իրենց առջեւի սեղանին վրայ կան բաց Սուրբ Գիրք մը եւ «Ընտանիքդ կրնա՛յ ուրախ ըլլալ» գրքոյկը։

Իրարու հետ մնացէք երբ ձեր ամուսնութեան մէջ դժուարութիւններ ծագին (տե՛ս պարբերութիւն 16)


Ի՞նչ բան կրնայ զօրացնել կողակիցիդ հետ բարեկամութիւնդ

Եհովային կազմակերպութիւնը հրատարակութիւններ ու վիտէօներ պատրաստած է, ամուսնացածներուն օգնելու համար որ իրար հետ իրենց բարեկամութիւնը զօրացնեն կամ նոյնիսկ ատիկա «նորոգեն»՝ եթէ վնասուած է։ Այս թելադրութիւններէն մէկը փորձա՞ծ ես։

  • Ընտանիքդ կրնա՛յ ուրախ ըլլալ գրքոյկը։

  • Ինչպէ՛ս ունենալ ուրախ ամուսնութիւն վիտէօներու շարքը։

  • «Օգնութիւն ընտանիքներուն» յօդուածաշարքը (արաբ.)։

  • «Ամուսնութիւն եւ ընտանիք» բաժինը՝ jw.org կայքին վրայ։

17. Ամուսնանալ փափաքողները եւ ամուսնացածները ինչպէ՞ս կրնան ուրախ ըլլալ։

17 Եհովան կ’ուզէ որ իր բոլոր ծառաները ուրախ ըլլան, մէջը ըլլալով անոնք, որոնք կը մտածեն ամուսնանալ կամ արդէն ամուսնացած են։ Ուրեմն, եթէ ամուրի ես եւ կը փափաքիս ամուսնանալ, կեանքի ընկերդ ուշադրութեամբ ընտրէ։ Եւ եթէ ամուսնացած ես, շարունակէ կողակիցիդ հետ բարեկամութիւնդ զօրացնել։ Ջանք թափէ ամուսնութեանդ մէջ ծագած խնդիրները Եհովային օգնութեամբ լուծելու։ Եթէ ասոնք ընես, սիրելի ընկերակիցիդ հետ ‘կեանքը պիտի վայելես’ (Ժող. 9։9)։

Ի՞ՆՉ ԿԸ ՊԱՏԱՍԽԱՆԵՍ

  • Ամուրիները ինչպէ՞ս կրնան զատել կողակից մը, որ իրենց կեանքի ամենամօտիկ ընկերը պիտի ըլլայ։

  • Ի՞նչ բան կրնայ զոյգի մը օգնել որ զօրացնեն իրենց բարեկամութիւնը։

  • Ի՞նչ բան կրնայ զոյգի մը օգնել որ իրարու հետ մնան դժուարութիւններու ատեն։

ԵՐԳ 87 Հիմա մէկ մարմին ենք

a Եթէ կ’ուզես տեսնել իրար ճանչնալու համար աւելի առաջարկներ՝ տե՛ս «Ժամադրուիլը ինչպէ՞ս կ’օգնէ որ իմաստուն որոշում մը առնես» յօդուածը, Դիտարան–ի մայիս 2024 թիւին մէջ, «Իրար լաւ ճանչցէք» ենթագլուխին տակ։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2026)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2026 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել