Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • աք26 էջ 51-66
  • Ապրիլ

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Ապրիլ
  • Աստուածաշունչը քննենք ամէն օր. 2026
  • Ենթավերնագիրներ
  • Չորեքշաբթի, ապրիլ 1
  • ՅԻՇԱՏԱԿԱՏՕՆԻՆ ԹՈՒԱԿԱՆԸ
    Արեւամուտէն ետք
    Հինգշաբթի, ապրիլ 2
  • Ուրբաթ, ապրիլ 3
  • Շաբաթ, ապրիլ 4
  • Կիրակի, ապրիլ 5
  • Երկուշաբթի, ապրիլ 6
  • Երեքշաբթի, ապրիլ 7
  • Չորեքշաբթի, ապրիլ 8
  • Հինգշաբթի, ապրիլ 9
  • Ուրբաթ, ապրիլ 10
  • Շաբաթ, ապրիլ 11
  • Կիրակի, ապրիլ 12
  • Երկուշաբթի, ապրիլ 13
  • Երեքշաբթի, ապրիլ 14
  • Չորեքշաբթի, ապրիլ 15
  • Հինգշաբթի, ապրիլ 16
  • Ուրբաթ, ապրիլ 17
  • Շաբաթ, ապրիլ 18
  • Կիրակի, ապրիլ 19
  • Երկուշաբթի, ապրիլ 20
  • Երեքշաբթի, ապրիլ 21
  • Չորեքշաբթի, ապրիլ 22
  • Հինգշաբթի, ապրիլ 23
  • Ուրբաթ, ապրիլ 24
  • Շաբաթ, ապրիլ 25
  • Կիրակի, ապրիլ 26
  • Երկուշաբթի, ապրիլ 27
  • Երեքշաբթի, ապրիլ 28
  • Չորեքշաբթի, ապրիլ 29
  • Հինգշաբթի, ապրիլ 30
Աստուածաշունչը քննենք ամէն օր. 2026
աք26 էջ 51-66

Ապրիլ

Չորեքշաբթի, ապրիլ 1

Զիս ղրկողին կամքը այս է, որ այն ամէնը որ կը տեսնեն Որդին եւ կը հաւատան անոր, յաւիտենական կեանք ունենան (Յովհ. 6։40)։

Մենք պէտք է փրկանքին հաւատանք որպէսզի Յիսուսին մարմինէն եւ արիւնէն օգտուինք (Եփ. 1։7)։ Ամէն տարի՝ Տէրունական ընթրիքին, «ուրիշ ոչխարներ»ը հացին եւ գինիին չեն մասնակցիր եւ պէտք չէ մասնակցին (Յովհ. 10։16)։ Բայց անոնք Յիսուս Քրիստոսին մարմինէն եւ արիւնէն կ’օգտուին։ Ինչպէ՞ս։ Հաւատալով անոր զոհին եւ ատոր բերած օգուտներուն (Յովհ. 6։54)։ Միւս կողմէ, անոնք որոնք պէտք է մասնակցին, ցոյց կու տան որ նոր ուխտին մաս կը կազմեն եւ Թագաւորութեան մէջ իշխելու յոյսը ունին։ Ուրեմն, ըլլա՛նք օծեալներէն կամ ուրիշ ոչխարներէն, բոլորս պէտք է փրկանքին հաւատանք, որպէսզի յաւիտենական կեանք ունենանք։ դ24.12 13 ¶14, 16

Յիշատակատօնին համար՝ Աստուածաշունչի ընթերցանութիւն. (Ցերեկուան ընթացքին՝ նիսան 12–ի դէպքերը) Մատթէոս 26։1-5, 14-16. Ղուկաս 22։1-6

ՅԻՇԱՏԱԿԱՏՕՆԻՆ ԹՈՒԱԿԱՆԸ
Արեւամուտէն ետք
Հինգշաբթի, ապրիլ 2

Մի՛ վախնար, պզտիկ հօտ, վասն զի ձեր Հայրը հաճեցաւ, որ թագաւորութիւնը ձեզի տայ (Ղուկ. 12։32)։

Տէրունական ընթրիքին ատեն, Յիսուս անխմոր հաց տուաւ իր առաքեալներուն, եւ անոնց ըսաւ որ ատիկա իր մարմինը կը ներկայացնէր։ Ետքը, ան գինի տուաւ անոնց եւ ըսաւ որ ատիկա ‘նոր ուխտի արիւնը’ կը ներկայացնէ (Մար. 14։22-25. Ղուկ. 22։20. Ա. Կոր. 11։24)։ Նոր ուխտը Եհովային եւ հոգեւոր «Իսրայէլի տան» միջեւ է, որոնք Յիսուսին հետ պիտի իշխեն Աստուծոյ Թագաւորութեան մէջ (Եբ. 8։6, 10. 9։15)։ Ինչ որ Յիսուս ըսաւ Տէրունական ընթրիքին ատեն կը կիրարկուի «պզտիկ հօտ»ին։ Այդ խումբին առաջին անդամները Յիսուսին հաւատարիմ առաքեալներն էին, որոնք ֆիզիքապէս Յիսուսին հետ էին սենեակին մէջ։ Այդ պզտիկ խումբն էր որ երկինքին մէջ տեղ պիտի ունենար Յիսուսին քով։ դ24.12 11 ¶9-10

Յիշատակատօնին համար՝ Աստուածաշունչի ընթերցանութիւն. (Ցերեկուան ընթացքին՝ նիսան 13–ի դէպքերը) Մատթէոս 26։17-19. Մարկոս 14։12-16. Ղուկաս 22։7-13 (Ցերեկուան ընթացքին՝ նիսան 14–ի դէպքերը) Յովհաննէս 13։1-5. 14։1-3

Ուրբաթ, ապրիլ 3

Աստուած այնպէս սիրեց աշխարհը, մինչեւ իր միածին Որդին տուաւ, որպէս զի ամէն ո՛վ որ անոր հաւատայ՝ չկորսուի, հապա յաւիտենական կեանք ունենայ (Յովհ. 3։16)։

Յիսուս մատնուեցաւ, ձերբակալուեցաւ, նախատուեցաւ, զրպարտուեցաւ, դատապարտուեցաւ եւ նոյնիսկ չարչարուեցաւ։ Ի վերջոյ, զինուորները զինք ցիցի մը վրայ գամեցին որպէսզի մեռնի։ Մինչ ան հաւատարմօրէն տոկաց այդ բոլոր ցաւերուն, կար Մէկը որ իրմէ աւելի ցաւեցաւ։ Եհովա Աստուա՛ծ։ Ան թէ՛ զօրութիւնը եւ թէ՛ կարողութիւնը ունէր որ իր Որդիին չարչարանքին վերջ տար, բայց չըրաւ։ Ինչո՞ւ։ Սէրը զինք մղեց։ Յիսուսին զոհը մեծագոյն փաստն է, թէ Եհովան որքա՛ն կը սիրէ քեզ։ Ան իր լաւագոյնը՝ իր սիրելի Որդին՝ զոհեց եւ շատ նեղութիւններու տոկաց, որ քեզ մեղքէն ու մահէն ազատէ (Ա. Յովհ. 4։9, 10)։ Ան կ’ուզէ ամէն մէկուս օգնել, որ մեղքին դէմ պայքարինք եւ յաղթե՛նք։ դ24.08 6 ¶13-14

Յիշատակատօնին համար՝ Աստուածաշունչի ընթերցանութիւն. (Ցերեկուան ընթացքին՝ նիսան 14–ի դէպքերը) Յովհաննէս 19։1-42

Շաբաթ, ապրիլ 4

Քրիստոս. . . ձեզի համար չարչարուեցաւ (Ա. Պետ. 2։21)։

Եթէ կենանք ու մտածենք որ փրկանքը որքա՜ն սուղի նայեցաւ Եհովային, աւելի լաւ կը հասկնանք թէ ան որքա՜ն կը սիրէ մեզ։ Սատանան կ’ըսէ որ Աստուծոյ բոլոր ծառաները իրեն հաւատարիմ չեն մնար, եթէ դժուարութեան առջեւ ըլլան։ Ասոր համար, Եհովան ձգեց որ Յիսուս իր մեռնելէն առաջ չարչարուի, որպէսզի փաստէ թէ Սատանային ըսածը ճիշդ չէ (Յոբ 2։1-5)։ Եհովան իր աչքերովը տեսաւ, որ կրօնական հակառակորդները ինչպէ՛ս Յիսուսին վրայ խնդացին, զինուորները ինչպէ՛ս զինք մտրակեցին ու ցիցի վրայ գամեցին։ Եհովան տեսաւ ինչպէ՛ս իր սիրելի որդին չարչարուելով մեռաւ (Մատ. 27։28-31, 39)։ Եհովան զօրութիւնը ունէր որ անմիջապէս կեցնէր ասիկա (Մատ. 27։42, 43)։ Բայց եթէ ընէր, փրկանքը պիտի չվճարուէր եւ մեր առջեւը յոյս մը պիտի չունենայինք։ Ասոր համար է որ Եհովան արտօնեց որ իր Որդին չարչարուի իր մահէն առաջ։ դ25.01 22 ¶7

Յիշատակատօնին համար՝ Աստուածաշունչի ընթերցանութիւն. (Ցերեկուան ընթացքին՝ նիսան 15–ի դէպքերը) Մատթէոս 27։62-66 (Ցերեկուան ընթացքին՝ նիսան 16–ի դէպքերը) Յովհաննէս 20։1

Կիրակի, ապրիլ 5

Քառասուն օրուան մէջ անոնց երեւ[ցաւ] (Գործք 1։3)։

Ք.Ե. 33–ի նիսան 16–ն է։ Յիսուսին աշակերտները շատ նեղուած են եւ վախի մէջ են։ Երկու աշակերտներ Երուսաղէմէն ելլելով Էմմաւուս գիւղը կ’ուղղուին։ Օտար մարդ մը իրենց կը մօտենայ եւ կը սկսի իրենց հետ քալել։ Աշակերտները անոր կը պատմեն, թէ Յիսուսին ի՛նչ գէշ բաներ պատահեցան։ Ետքը, մարդը կը սկսի անոնց ըսել բաներ, որ կեանքերնին մէջ պիտի չմոռնան։ Ան «սկսելով Մովսէսէն ու բոլոր մարգարէներէն» կը բացատրէ, թէ ինչո՛ւ Մեսիան պէտք էր չարչարուէր ու մեռնէր։ Երբ երեքը Էմմաւուս կը հասնին, երկու աշակերտները կ’անդրադառնան որ այս օտար մարդը՝ յարութիւն առած Յիսուսն է (Ղուկ. 24։13-35)։ Երկինք վերադառնալէ առաջ, Յիսուս 40 օր երկրի վրայ էր եւ այդ միջոցին քանի մը անգամ իր աշակերտներուն երեւցաւ։ Ան իր յուսահատ աշակերտները քաջալերեց եւ անոնք ուրախացան եւ ինքնավստահութիւն ու քաջութիւն ունեցան Թագաւորութեան բարի լուրը քարոզելու եւ սորվեցնելու։ դ24.10 12 ¶1-3

Յիշատակատօնին համար՝ Աստուածաշունչի ընթերցանութիւն. (Ցերեկուան ընթացքին՝ նիսան 16–ի դէպքերը) Յովհաննէս 20։2-18

Երկուշաբթի, ապրիլ 6

Անձերնիդ շինեցէք ձեր ամենասուրբ հաւատքին վրայ (Յդ. 20)։

Ժամանակի ընթացքին, պզտիկ մը ինքնաբերաբար ֆիզիքապէս կը մեծնայ, բայց մէկը առանց ջանք թափելու չի կրնար հոգեւորապէս հասուննալ։ Օրինակ, Կորնթոսի եղբայրներն ու քոյրերը ընդունեցին բարի լուրը, մկրտուեցան, սուրբ հոգին ստացան եւ շատ մը բաներ սորվեցան Պօղոս առաքեալէն (Գործք 18։8-11)։ Բայց իրենց մկրտութենէն քանի մը տարի ետք, շատեր տակաւին հասուն չէին դարձած (Ա. Կոր. 3։2)։ Հասուն ըլլալու համար նախ պէտք է ուզենք հասուն ըլլալ։ Անոնք, որոնք ‘անփորձ ըլլալը կը սիրեն’ եւ չեն ուզեր փոխուիլ, պիտի չյառաջդիմեն (Առ. 1։22, ՆԱ)։ Չենք ուզեր նմանիլ անոնց, որոնք ֆիզիքապէս կը մեծնան, բայց կը շարունակեն իրենց ծնողքէն ակնկալել, որ իրենց տեղ որոշումներ առնեն։ Ընդհակառակը, մենք կ’ուզենք մեր հոգեւոր յառաջդիմութեան պատասխանատուութիւնը անձամբ շալկել։ Եթէ դեռ ջանք կ’ընես որ հասուն դառնաս, Եհովայէն խնդրէ որ քեզի ‘թէ՛ կամենալը ու թէ ընելը’ տայ, որ ասոր մէջ յաջողիս (Փլպ. 2։13)։ դ24.04 4 ¶9-10

Երեքշաբթի, ապրիլ 7

Տէրը. . . չ’ուզեր որ մէ՛կը կորսուի (Բ. Պետ. 3։9)։

Եհովան մեզի իր զգացումները կը յայտնէ մարդիկը դատելու նկատմամբ (Եզեկ. 33։11)։ Ան մէկը յաւիտեան չի բնաջնջեր, բացի եթէ շատ լաւ պատճառ մը ունի։ Ան շատ ողորմած է եւ երբ որ կարելի է՝ ողորմութեամբ կը վարուի։ Ի՞նչ գիտենք անոնց մասին, որոնք յարութիւն պիտի չառնեն։ Սուրբ Գիրքը միայն քանի մը օրինակներ կու տայ, թէ որո՛նք յարութիւն պիտի չառնեն։ Յիսուս յայտնեց որ Իսկարիովտացի Յուդան յարութիւն պիտի չառնէ (Մար. 14։21. տե՛ս նաեւ Յովհ. 17։12)։ Յուդան, գիտնալո՛վ եւ ուզելո՛վ Եհովա Աստուծոյ եւ անոր Որդիին դէմ աշխատեցաւ (տե՛ս Մար. 3։29 եւ դ07 8/1 11-12)։ Ասկէ զատ, Յիսուս ըսաւ որ իրեն հակառակող կրօնական առաջնորդներէն ոմանք յարութիւն պիտի չառնեն իրենց մեռնելէն ետք (Մատ. 23։33)։ Իսկ Պօղոս առաքեալ զգուշացում տուաւ, որ չզղջացող հաւատուրացները յարութիւն պիտի չառնեն (Եբ. 6։4-8. 10։29)։ դ24.05 4 ¶10-11

Չորեքշաբթի, ապրիլ 8

Տէրը կը պահէ անոնք՝ որոնք իրեն հաւատարիմ են (Սաղ. 31։23, ՆԹ)։

Եթէ Եհովային մօտիկ մնանք, Սատանան պիտի չկարենայ մեզի մնայուն կերպով վնաս հասցնել (Ա. Յովհ. 3։8)։ Իսկ նոր աշխարհին մէջ, Եհովան պիտի շարունակէ իր հաւատարիմ բարեկամները պաշտպանել, ո՛չ միայն հոգեւոր վտանգներէն, հապա նաեւ՝ մահէն (Յայտ. 21։4)։ Մեզի համար մեծ պատիւ է Եհովային վրանին մէջ իր հիւրերը ըլլալ, այսինքն՝ իրեն հետ մտերիմ բարեկամութիւն վայելել, որ կրնայ յաւիտեան տեւել (Եզեկ. 37։27)։ Իսկ ի՞նչ պէտք է ընենք, եթէ կ’ուզենք իր հիւրերը մնալ։ Եթէ մէկու մը տունը հրաւիրուիս, պիտի ուզես իր ուզածին պէս վարուիլ։ Վստահաբար, մենք ալ կ’ուզենք գիտնալ թէ Եհովան ինչպէ՛ս կ’ուզէ, որ իր հիւրերը վարուին։ Եհովային հանդէպ մեր սէրը մեզ կը մղէ, որ ամէն բան ընենք որ ‘զինք հաճեցնենք’ (Կող. 1։10)։ Պէտք է միշտ իրեն հանդէպ խոր յարգանք ունենանք եւ չմոռնանք թէ ինքը ո՛վ է։ Այս տեսակի խոր յարգանք մեզի պիտի օգնէ, որ չընենք բան մը որ զինք պիտի նեղացնէ։ Մենք կը փափաքինք «խոնարհութիւնով» մեր Աստուծոյն հետ քալել (Միք. 6։8)։ դ24.06 4 ¶8-9

Հինգշաբթի, ապրիլ 9

Յանցաւորներու համար միջնորդութիւն ըրաւ (Եսա. 53։12)։

Եհովան Աբրահամէն խնդրեց, որ իր տղան՝ Իսահակը՝ իրեն զոհէ։ Վստահաբար ասիկա շատ դժուար ըլլալու էր Աբրահամին համար։ Հակառակ ասոր, ան Եհովային հնազանդեցաւ։ Բայց Եհովան վերջին վայրկեանին միջամտեց։ Աբրահամին օրինակը ցոյց տուաւ, որ Եհովան ապագային պատրաստ պիտի ըլլար իր սիրելի Որդին մեզի համար զոհելու։ Եհովան ա՛յս աստիճան կը սիրէ մարդիկը (Ծն. 22։1-18)։ Դարեր ետք, երբ Եհովան Օրէնքը տուաւ իսրայէլ ազգին, անոնց պատուիրեց որ անասուններ զոհեն, որպէսզի իրենց մեղքերը ներուին (Ղեւ. 4։27-29. 17։11)։ Այս զոհերը ցոյց տուին որ Եհովան աւելի լաւ բան մը պիտի զոհէր՝ մարդկութիւնը մեղքէն ամբողջովին ազատելու համար։ Աստուած իր մարգարէներուն ըսաւ որ խոստացուած սերունդին մասին գրեն, որ Աստուծոյ յատուկ մէկ Որդին պիտի ըլլար, բացատրելու համար թէ անիկա պիտի չարչարուէր եւ սպաննուէր, մարդիկը մեղքէն ու մահէն ազատելու համար, մէջը ըլլալով՝ դո՛ւն (Եսա. 53։1-12)։ դ24.08 4 ¶7-8

Ուրբաթ, ապրիլ 10

Ո՜րչափ կը սիրեմ քու օրէնքդ։ Ա՛յն է ամէն օր իմ մտածութիւնս (Սաղ. 119։97)։

Երբ Աստուածաշունչը կը կարդաս, կերպեր փնտռէ որ կարդացածդ գործադրես։ Մինչ Աստուածաշունչէն հատուած մը կը կարդաս, դուն քեզի հարցուր. «Ինչպէ՞ս կրնամ այս տեղեկութիւնը գործադրել հիմա կամ մօտ ապագային»։ Օրինակ մը տանք։ Ենթադրենք որ Աստուածաշունչի ընթերցանութեան ատեն հասար Ա. Թեսաղոնիկեցիս 5։17, 18։ Այս երկու համարները կարդալէ ետք, կրնաս կենալ եւ մտածել, թէ որքա՛ն յաճախ եւ որքա՛ն սրտանց կ’աղօթես։ Նաեւ կրնաս մտածել, թէ ի՛նչ բաներու մասին պէտք է շնորհակալ ըլլաս։ Թերեւս որոշես որ մասնայատուկ երեք բաներու համար Եհովայէն շնորհակալ պիտի ըլլաս։ Եթէ միայն քանի մը վայրկեան տրամադրես, որպէսզի ասանկ կեդրոնացած կերպով մտածես, որոշ չափով մը Աստուծոյ Խօսքը լսող եւ կատարող մը եղած կ’ըլլաս։ Երեւակայէ, որքա՜ն պիտի օգտուիս եթէ այս կերպը ամէն օր գործածես, մինչ Աստուածաշունչի ուրիշ հատուածներ կը կարդաս։ Այո՛, Աստուծոյ Խօսքը աւելի լաւ կատարող մը պիտի ըլլաս։ դ24.09 4-5 ¶9-10

Շաբաթ, ապրիլ 11

Նայեցէք որ չկորսնցնէ՛ք ինչ որ ծանր աշխատանքով շահեցաք, այլ՝ ձեր վարձատրութիւնը լման ստանաք (Բ. Յովհ. 8, ՆԹ)։

Եհովան մեզ յատուկ կարողութեամբ մը ստեղծած է։ Ճիշդ է որ մենք կ’ուրախանանք երբ մէկէ մը բան մը կը ստանանք, բայց ա՛լ աւելի կ’ուրախանանք երբ մե՛նք բան մը կու տանք ուրիշներուն։ Շատ լաւ կը զգանք, երբ մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն կ’օգնենք։ Եւ կ’ուրախանանք երբ անոնք իրենց գնահատանքը կ’արտայայտեն։ Բայց նոյնիսկ եթէ չարտայայտեն, մենք տակաւին կրնանք ուրախ ըլլալ, քանի որ ճիշդ բանը ըրինք։ Բնաւ մի՛ մոռնար որ ի՛նչ որ ալ տաս, «Տէրը քեզի անկէ աւելին կրնայ տալ» (Բ. Մն. 25։9)։ Եհովան քեզ աւելիով պիտի վարձատրէ, եւ ասկէ աւելի ուրախութիւն չի կրնար ըլլալ։ Ուրեմն, վճռենք շարունակել մեր երկնաւոր Հօր պէս առատաձեռն ըլլալ։ դ24.09 31 ¶20-21

Կիրակի, ապրիլ 12

Իմ բոլոր սրտովս քեզ պիտի գովեմ, ո՛վ Տէր, իմ Աստուածս, ու յաւիտեան պիտի փառաւորեմ քու անունդ (Սաղ. 86։12)։

Եհովան մեզի կ’ողորմի եւ մեր վրայ կը գթայ (Սաղ. 103։13. Եսա. 49։15)։ Մեզի հետ կը զգայ։ Երբ ցաւինք, մեզի հետ կը ցաւի (Զաք. 2։8)։ Ան կ’օգնէ որ իրեն մօտենանք եւ իր բարեկամը ըլլանք (Սաղ. 25։14. Գործք 17։27)։ Խոնարհ է։ Ան ‘կը խոնարհի, որ աղքատը փոշիէն վեր վերցնէ ու տնանկը աղբանոցէն բարձրացնէ’ (Սաղ. 113։6, 7)։ Ասոր համար, ամէնքս կ’ուզենք մեր հզօր Աստուածը փառաւորել։ Եհովային փառք կը բերենք, քանի որ կ’ուզենք որ ուրիշներ զինք գիտնան։ Շատեր Եհովային մասին ճշմարտութիւնը չեն գիտեր։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ Սատանան Եհովային մասին շատ գէշ սուտեր խօսելով մարդոց միտքը կուրցուցած է (Բ. Կոր. 4։4)։ Ան մարդիկը համոզած է որ Եհովան ոխակալ է, մեզմով հետաքրքրուած չէ եւ պատճառ կ’ըլլայ որ մարդիկ չարչարուին։ Բայց մենք իրականութիւնը գիտենք եւ առիթը ունինք որ ուրիշներուն օգնենք հասկնալու, թէ Եհովան որքա՜ն հիանալի Աստուած մըն է (Եսա. 43։10)։ դ25.01 3 ¶6-7

Երկուշաբթի, ապրիլ 13

Սատանա[ն]. . . բոլոր աշխարհ մոլորեցուց (Յայտ. 12։9)։

Առաջին դարուն, թէեւ Աստուծոյ Որդին՝ Յիսուսը՝ կատարեալ մարդ էր եւ շատ աղուոր հրաշքներ գործեց, Սատանան կարգ մը մարդիկ գործածեց, որ իրեն մասին շատ սուտեր տարածեն։ Օրինակ, կրօնական առաջնորդները մարդոց ըսին, որ դեւեր հանելու Յիսուսի ուժը իրեն տրուած էր «դեւերուն մեծ իշխան»ին կողմէ (Մար. 3։22)։ Երբ Յիսուս կը դատուէր, կրօնական առաջնորդները ամբաստանեցին, որ ան Աստուծոյ դէմ հայհոյած էր եւ ժողովուրդը դրդեցին, որ պահանջեն որ Յիսուս մահուամբ պատժուի (Մատ. 27։20)։ Ետքը, երբ Քրիստոսի հետեւորդները սկսան բարի լուրը քարոզել, հակառակորդները մարդիկը դրդեցին, որ այդ քրիստոնեաները հալածեն (Գործք 14։2, 19)։ Դիտարան–ի 1 դեկտեմբեր 1998 թիւը, Գործք 14։2–ին մասին կ’ըսէ. «Անձնապէս պատգամը մերժելով չբաւականանալով, Հրեայ հակառակորդները Քրիստոնեաները մրոտելու արշաւի մը սկսան, ջանալով Հեթանոս բնակչութիւնը անոնց դէմ նախապաշարել»։ Սատանան մինչեւ այսօր տակաւին ‘բոլոր աշխարհը կը մոլորեցնէ’։ դ24.04 11 ¶15. 13 ¶16

Երեքշաբթի, ապրիլ 14

Միթէ բոլոր երկրի Դատաւորը արդարութիւն պիտի չընէ՞ (Ծն. 18։25)։

Եհովան անհատի մը երբ մեռնելուն հիման վրայ չէ որ կ’որոշէ, թէ անոր առիթ պիտի տա՞յ որ յաւիտեան ապրի կամ՝ ոչ։ Եհովան կատարեալ Դատաւորն է. ան միշտ արդար որոշումներ կ’առնէ (Սաղ. 33։4, 5)։ Մենք կրնանք վստահ ըլլալ որ «բոլոր երկրի Դատաւորը» ճիշդ բանը պիտի ընէ։ Տրամաբանական է որ ըսենք, թէ Եհովան անհատին ո՛ւր ապրելուն հիման վրայ չէ որ կ’որոշէ, թէ անոր առիթ պիտի տա՞յ որ յաւիտեան ապրի կամ ոչ։ Չի կրնար ըլլալ որ Եհովան միլիոնաւոր մարդիկ դատէ որպէս այծեր, պարզապէս քանի որ կ’ապրին տեղ մը, ուր բնաւ առիթ չեն ունեցած Թագաւորութեան բարի լուրը լսելու (Մատ. 25։46)։ Բոլոր երկրի արդար Դատաւորը մեզմէ շա՜տ աւելի հետաքրքրուած է այսպիսի անհատներով։ Մենք չենք գիտեր թէ Եհովան հարցերը ճիշդ ինչպէ՛ս պիտի ուղղէ մեծ նեղութեան ընթացքին։ Թերեւս այդ մարդոցմէ ոմանք առիթը պիտի ունենան Եհովային մասին սորվելու, անոր հաւատալու եւ իր կողմը դիրք բռնելու, երբ ան իր անունը սրբացնէ բոլոր ազգերուն առջեւ (Եզեկ. 38։16)։ դ24.05 12 ¶14-15

Չորեքշաբթի, ապրիլ 15

Մէկզմէկ սիր[եցէք] (Յովհ. 15։12)։

Եհովային ծառաները կը սիրեն իրարու օգնել (Բ. Կոր. 8։4)։ Բայց ատեններ, ասիկա ընելու համար քաջութեան պէտք կ’ունենան։ Օրինակ, երբ պատերազմ սկսի, երէցները կ’անդրադառնան որ եղբայրներն ու քոյրերը քաջալերութեան պէտք ունին, եւ թերեւս ալ՝ հոգեւոր կամ ֆիզիքական օգնութեան։ Եւ քանի՛ որ երէցները կը սիրեն ոչխարները, իրենց կեանքը վտանգի տակ կը դնեն, որ անոնց պէտքերը ապահովեն։ Այսպիսի պարագաներուն կարեւոր է որ մենք միացած մնանք եւ տեղական մասնաճիւղէն եկած ուղղութիւններուն հետեւինք (Եբ. 13։17)։ Երէցները պէտք է միշտ աչքէ անցընեն այն ուղղութիւնները, թէ ինչպէ՛ս պատրաստուած ըլլան աղէտներուն համար եւ թէ ի՛նչ պէտք է ընեն երբ աղէտ մը հարուածէ (Ա. Կոր. 14։33, 40)։ Քաջ եղի՛ր, բայց նոյն ատեն՝ զգոյշ (Առ. 22։3)։ Լաւ դատողութիւն գործածէ եւ պէտք չեղած տեղը վտանգաւոր բաներ մի՛ ըներ։ Եհովային վստահէ՛։ Ան կրնայ քեզի օգնել, որ եղբայրներուդ օգնես ապահով կերպով։ դ24.07 4 ¶8. 5 ¶11

Հինգշաբթի, ապրիլ 16

Իմ նեղութեանս մէջ Տէրոջը կանչեցի. . . ու իմ աղաղակս անոր առջեւ՝ անոր ականջը հասաւ (Սաղ. 18։6)։

Դաւիթ թագաւոր կը ճանչնար Եհովան եւ կը վստահէր իրեն։ Երբ Սաւուղ թագաւոր եւ ուրիշներ փորձեցին Դաւիթը սպաննել, ան Եհովայէն օգնութիւն խնդրեց։ Երբ Աստուած իր աղօթքին պատասխանեց եւ զինք ազատեց, Դաւիթ ըսաւ. «Տէրը կ’ապրի՛» (Սաղ. 18։46, ԱԾ)։ Դաւիթ այս խօսքով ըսել չէր ուզեր, որ Եհովան պարզապէս գոյութիւն ունի։ Աստուածաշունչը բացատրող գիրք մը կ’ըսէ, որ Դաւիթ այս խօսքով ըսել կ’ուզէր թէ իրեն համար Եհովան «ապրող Աստուած մըն է, որ միշտ գործի կ’անցնի իր ժողովուրդին օգնելու համար»։ Այո, Դաւիթ փորձառութեամբ գիտէր, թէ Եհովան ապրող Աստուած է, գիտէ թէ ինք ինչերէ կ’անցնի, եւ միշտ պատրաստ է իրեն օգնելու։ Ասիկա Դաւիթը քաջալերեց, որ շարունակէ Եհովային ծառայել եւ զինք փառաբանել (Սաղ. 18։28, 29, 49)։ Երբ համոզուինք թէ Եհովան ապրող Աստուածն է, ասիկա մեզի տարբեր կերպերով կ’օգնէ։ Ատիկա կրնայ մեզի օգնել որ նախանձախնդրութեամբ իրեն ծառայենք, զօրութիւնը կու տայ որ նեղութիւններու տոկանք, եւ մեզ կը մղէ որ շարունակենք ծառայութեան մէջ շատ ջանք թափել։ Ասոնցմէ զատ, ատիկա մեզի կ’օգնէ, որ Եհովային մօտիկ մնանք։ դ24.06 20-21 ¶3-4

Ուրբաթ, ապրիլ 17

Չըլլայ թէ մէկը ձեզ խաբէ կերպով մը (Բ. Թես. 2։3)։

Ի՞նչ կրնանք սորվիլ թեսաղոնիկեցիներուն ըսած Պօղոս առաքեալին խօսքերէն։ Երբ լսենք բան մը, որ Սուրբ Գիրքէն մեր սորվածներուն հետ համաձայն չէ, կամ երբ լսենք շատ զարմանալի լուր մը, պէտք է իմաստութիւն գործածենք։ Անգամ մը, նախկին Խորհրդային Միութեան մէջ, մեր թշնամիները նամակ մը տարածեցին, որ այնպէս մը կ’երեւէր որ մեր կեդրոնատեղիէն էր։ Նամակը կարգ մը եղբայրներ կը քաջալերէր, որ անջատ կազմակերպութիւն մը հիմնեն։ Նամակը իրական կ’երեւէր։ Բայց հաւատարիմ եղբայրները չխաբուեցան։ Անոնք անդրադարձան, որ նամակին ըսածները համաձայն չէին իրենց սորվածներուն հետ։ Այսօր ալ, ճշմարտութեան թշնամիները ատեններ հիմակուան թեքնոլոճին կը գործածեն, որպէսզի մեզ շուարեցնեն եւ բաժնեն։ Փոխանակ ‘շուտ մը խախտելու մեր մտքէն’, կրնանք մենք մեզ պաշտպանել։ Ինչպէ՞ս։ Մեր լսածները կամ կարդացածները բաղդատելով մեր սորված ճշմարտութիւններուն հետ (Բ. Թես. 2։2. Ա. Յովհ. 4։1)։ դ24.07 12 ¶14-15

Շաբաթ, ապրիլ 18

Եթէ մէկը մեղք գործելու ըլլայ, Հօրը քով բարեխօս ունինք (Ա. Յովհ. 2։1)։

Ամէնէն կարեւոր որոշումը որ մէկը կրնայ առնել, այն է՝ որ Եհովային նուիրուի եւ Իր ընտանիքին մէկ անդամը ըլլայ։ Եհովան կ’ուզէ որ ամէն մարդ այս քայլը առնէ։ Ինչո՞ւ։ Ան կ’ուզէ որ անոնք իր բարեկամները ըլլան եւ յաւիտեան ապրին (Բ. Օր. 30։19, 20. Գաղ. 6։7, 8)։ Բայց Եհովան չի ստիպեր որ մէկը իրեն ծառայէ։ Ան ամէն մէկուս թոյլ կու տայ որ որոշէ թէ ի՛նչ կ’ուզէ ընել։ Երէցները ի՞նչ պէտք է ընեն, եթէ մկրտուած քրիստոնեայ մը լուրջ մեղք մը գործէ։ Եթէ ան չզղջայ, պէտք է ժողովքէն վերցուի կամ հեռացուի (Ա. Կոր. 5։13)։ Բայց նոյնիսկ այս պարագային, Եհովան շատ կը փափաքի որ այդ անձը զղջայ եւ իրեն վերադառնայ։ Եւ ճիշդ ասոր համար է որ ան փրկանքը կարգադրեց։ Ան կ’ուզէ զղջացած մեղաւորներուն ներել։ Եհովան շատ սիրալիր Աստուած մըն է եւ լուրջ մեղք գործողները կը քաջալերէ որ զղջան (Զաք. 1։3. Հռով. 2։4. Յակ. 4։8)։ դ24.08 14 ¶1-2

Կիրակի, ապրիլ 19

Եթէ քու սիրտդ իմաստուն ըլլայ, իմ սիրտս կ’ուրախանայ (Առ. 23։15)։

Այն ժամանակ երբ Յովհաննէս իր երրորդ նամակը գրեց, կարգ մը անձեր սուտեր կը տարածէին եւ ժողովքին մէջ անհամաձայնութիւններ կը պատճառէին։ Բայց ուրիշներ ‘ճշմարտութեամբ կը քալէին’։ Անոնք Եհովային կը հնազանդէին եւ ‘անոր պատուիրանքներուն համեմատ կը քալէին’ (Բ. Յովհ. 4, 6)։ Այդ հաւատարիմ քրիստոնեաները ոչ միայն Յովհաննէսին սիրտը կ’ուրախացնէին, հապա նաեւ՝ Եհովային սիրտը (Առ. 27։11)։ Ի՞նչ դաս կը սորվինք։ Եթէ Եհովային հնազանդինք՝ ուրախ պիտի ըլլանք (Ա. Յովհ. 5։3)։ Օրինակ, մենք կ’ուրախանանք, քանի որ Եհովան կ’ուրախացնենք։ Ան կ’ուրախանայ, երբ տեսնէ որ այս աշխարհին փորձութիւնները կը մերժենք եւ իր ըսածներուն կը հնազանդինք։ Հրեշտակներն ալ կ’ուրախանան (Ղուկ. 15։10)։ Նաեւ կ’ուրախանանք, երբ տեսնենք որ մեր եղբայրներն ու քոյրերը հաւատարիմ կը մնան (Բ. Թես. 1։4)։ Այսպիսով, երբ Սատանային աշխարհը կործանուի, նաեւ պիտի ուրախանանք որ Եհովային հաւատարիմ մնացինք։ դ24.11 12 ¶17-18

Երկուշաբթի, ապրիլ 20

Չըլլայ որ մէկը միայն իր անձին օգուտը փնտռէ, հապա իր ընկերինն ալ (Ա. Կոր. 10։24)։

Որքա՞ն երկար պէտք է սպասես առաջ որ դիմացինին ըսես, որ իրմով հետաքրքրուած ես։ Եթէ շատ շուտով հետը խօսիս, թերեւս այն տպաւորութիւնը տաս, որ դուն շատ արագ որոշում առնող ես (Առ. 29։20)։ Իսկ եթէ շատ ժամանակդ առնես, թերեւս այդ տպաւորութիւնը տաս, որ որոշում առնելու դժուարութիւնը ունիս, մանաւանդ եթէ դիմացինը զգացած է, որ իրմով հետաքրքրուած ես (Ժող. 11։4)։ Միտքդ ունեցիր, որ դիմացինին հետ խօսելէ առաջ, պէտք չունիս համոզուած ըլլալու, որ անոր հետ պիտի ամուսնանաս։ Բայց միւս կողմէ, պէտք է համոզուած ըլլաս, որ դուն ամուսնութեան պատրա՛ստ ես եւ թէ դիմացինը թերեւս յարմար կողակից մըն է։ Լաւ ի՞նչ պիտի ընես եթէ զգաս, որ դիմացինը քեզմով հետաքրքրուած է։ Եթէ դուն իրմով հետաքրքրուած չես, փորձէ ասիկա յստակ դարձնել քու վերաբերմունքովդ։ Շատ գէշ բան մըն է որ դիմացինին զգացնես, որ իրմով հետաքրքրուած ես, եթէ իրականութիւնը ատիկա չէ (Եփ. 4։25)։ դ24.05 22-23 ¶9-10

Երեքշաբթի, ապրիլ 21

Նորէն պիտի գամ եւ ձեզ քովս առնեմ (Յովհ. 14։3)։

Միայն անոնք որոնք իրապէս օծեալ ու հաւատարիմ են, Յիսուսի կողմէ ‘պիտի առնուին’ երկնային Թագաւորութեան մէջ ըլլալու համար։ Այն օծեալները, որոնք հոգեւորապէս արթուն չեն մնար, ‘պիտի չժողվուին Յիսուսին ընտրեալներուն’ հետ (Մատ. 24։31)։ Ոչ միայն օծեալները, հապա նոյնիսկ երկրային յոյս ունեցողները, պէտք է լուրջի առնեն Յիսուսին այս զգուշացումը։ Անոնք պէտք է արթուն եւ հաւատարիմ մնան։ Մենք Եհովան այնքա՛ն լաւ ճանչցանք, որ իր դատաստաններուն կը վստահինք։ Մենք չենք մտահոգուիր եթէ Եհովան որոշած է, որ այս վերջին տարիներուն կարգ մը հաւատարիմներ օծէ։ Կը յիշենք թէ Յիսուս ինչ ըսաւ այգիին առակին մէջ, 11–րդ ժամուն գործի սկսող բանուորներուն մասին (Մատ. 20։1-16)։ Անոնք որոնք օրուան վերջաւորութեան կանչուեցան այգիին մէջ աշխատելու համար, վարձատրուեցան նո՛յնքան, ո՛րքան վարձատրուեցան անոնք որոնք աւելի կանուխ սկսան աշխատիլ։ Նոյնպէս, օծեալները ե՛րբ ալ ընտրուին, անոնք երկնային վարձատրութիւնը պիտի ստանան, եթէ հաւատարիմ մնան։ դ24.09 24 ¶15-17

Չորեքշաբթի, ապրիլ 22

Քրիստոս. . . ձեզի համար չարչարուեցաւ ու ձեզի օրինակ թողուց՝ որպէս զի իր շաւիղներուն հետեւիք (Ա. Պետ. 2։21)։

Անարդարութեան ինչպէ՛ս տոկալու մէջ Յիսուս կատարեալ օրինակ մըն էր։ Շատեր իր հետը անարդարութեամբ վարուեցան, մէջը ըլլալով՝ իր ընտանիքը։ Իր ազգականները ըսին որ ան խենթ է, կրօնական առաջնորդները ըսին որ դեւերուն հետ գործ ունի, իսկ հռոմայեցի զինուորները զինք ծաղրեցին, չարչարեցին եւ վերջաւորութեան սպաննեցին (Մար. 3։21, 22. 14։55. 15։16-20, 35-37)։ Բայց եւ այնպէս, Յիսուս այդ բոլոր անարդարութիւններուն տոկաց եւ երբեք չփոխադարձեց։ Իր օրինակէն ի՞նչ կը սորվինք (Ա. Պետ. 2։21-23)։ Յիսուս կատարեալ օրինակ մը ձգեց մեզի, թէ ինչպէ՛ս վարուինք երբ ուրիշներ մեզի հետ անարդարութեամբ վարուին։ Ան գիտէր թէ ե՛րբ պէտք է լուռ կենայ եւ ե՛րբ պէտք է խօսի (Մատ. 26։62-64)։ Երբեմն, երբ ուրիշներ իր մասին սուտեր կ’ըսէին, ան կ’որոշէր բան մը չըսել (Մատ. 11։19)։ Իսկ երբ կ’որոշէր խօսիլ, զինք հալածողները չէր նախատեր, ոչ ալ կ’ըսէր որ անոնց վնաս պիտի հասցնէր։ դ24.11 4-5 ¶9-10

Հինգշաբթի, ապրիլ 23

Քրիստոս Յիսուս աշխարհ եկաւ մեղաւորները փրկելու (Ա. Տիմ. 1։15)։

Երեւակայէ որ սիրած անձիդ կու տաս յատուկ նուէր մը, որ թէ՛ անուշիկ է եւ թէ գործնական է։ Որքա՞ն յուսախաբ կ’ըլլաս, եթէ ան նուէրը բռնէ մէկ կողմ դնէ եւ զայն մոռնայ։ Բայց որքա՜ն կ’ուրախանաս, երբ ան նուէրը գործածէ եւ քեզի շնորհակալութիւն յայտնէ ատոր համար։ Կէտը ի՞նչ է։ Եհովան իր Որդին տուաւ որ մեզի համար մեռնի։ Ուրեմն, Եհովան շա՜տ կ’ուրախանայ, երբ կը ցուցնենք թէ կը գնահատենք այս արժէքաւոր նուէրը եւ իր սէրը, որ զինք մղեց փրկանքը տալու (Յովհ. 3։16. Հռով. 5։7-9)։ Բայց թերեւս ժամանակի ընթացքին սկսինք թեթեւի առնել փրկանքը։ Ասիկա կը նմանի նուէրը մէկ կողմ դնելուն, ուր ո՛չ կը տեսնենք զայն, ո՛չ ալ ատոր մասին կը մտածենք։ Որպէսզի ասիկա մեզի հետ չպատահի, պէտք է միշտ մենք մեզի յիշեցնենք, թէ Եհովան եւ Յիսուսը ի՛նչ ըրած են մեզի համար։ դ25.01 26 ¶1-2

Ուրբաթ, ապրիլ 24

Ատոնց վրայ խորհէ ու ատոնցմով պարապէ, որպէս զի քու յառաջդիմութիւնդ ամենուն յայտնի ըլլայ (Ա. Տիմ. 4։15)։

Եղբայր մը պէտք չէ նորահաւատ ըլլայ, որ երէց ըլլալու որակեալ ըլլայ։ Թէեւ երկար տարիներէ ի վեր մկրտուած ըլլալու պէտք չունիս, բայց ժամանակ կ’ուզես որ հասուն քրիստոնեայ մը դառնաս։ Երէց նշանակուելէ առաջ, պէտք է ցոյց տաս որ Յիսուսին պէս խոնարհ ես եւ պատրաստ ես համբերութեամբ սպասելու, մինչեւ որ Եհովան քեզի աւելի նշանակումներ տայ ժողովքին մէջ (Մատ. 20։23. Փլպ. 2։5-8)։ Կրնաս ցոյց տալ թէ հաւատարիմ ես, եթէ Եհովան չձգես, իր ուզածին պէս ապրիս, եւ իր կազմակերպութեան ուղղութիւններուն հետեւիս։ Սուրբ Գրութիւնները յստակօրէն կ’ըսեն, թէ տեսուչները պէտք է սորվեցնելու յարմար ըլլան։ Ասիկա կը նշանակէ՞ թէ պէտք է վարպետ դասախօս մը ըլլաս։ Ո՛չ։ Ամէն երէց չէ որ վարպետ դասախօս է, բայց երբ կը քարոզէ եւ հովուական այցելութիւններ կ’ընէ, ան պէտք է կարող ըլլայ Սուրբ Գիրքը լաւ կերպով գործածել՝ եղբայրներուն ու քոյրերուն սորվեցնելու եւ քաջալերելու համար։ դ24.11 23-24 ¶14-15

Շաբաթ, ապրիլ 25

Քու պատուիրանքներդ ոսկիէն ու ազնիւ ոսկիէն աւելի սիրեցի (Սաղ. 119։127)։

Եթէ դժուարութիւն ունենաս կարդացածդ հասկնալու, պրպտում ըրէ։ Ետքը, օրուան ընթացքին խոկա՛ սերտածիդ վրայ եւ թէ ի՛նչ սորվեցար Եհովային, Յիսուսին եւ քեզի հանդէպ իրենց սիրոյն մասին (Սաղ. 119։97)։ Մի՛ յուսահատիր եթէ նոր կամ հետաքրքրական տեղեկութիւն մը չգտնես ամէն անգամ որ կարդաս կամ պրպտում ընես։ Երեւակայէ որ դուն հանքի մը մէջ ոսկի կը փնտռես։ Ընդհանրապէս, շատ ժամեր եւ օրեր կ’առնէ, որ մէկը կտոր մը ոսկի գտնէ։ Բայց ան կը շարունակէ փնտռել, քանի որ ոսկիին ամէն մէկ պզտիկ կտորը շատ արժէքաւոր է։ Ա՛լ ուր մնաց Սուրբ Գիրքէն մեր սորված նոր ճշմարտութիւնները. ատոնք ոսկիէն շա՜տ աւելի արժէքաւոր են (Առ. 8։10)։ Ուրեմն, համբերութիւն ունեցի՛ր եւ շարունակէ՛ Սուրբ Գիրքը կարդալ ու նոր տեղեկութիւններ փնտռել (Սաղ. 1։2)։ դ25.01 24-25 ¶14-15

Կիրակի, ապրիլ 26

Ինչպէս Քրիստոս ձեզի ներեց, նոյնպէս ալ՝ դո՛ւք (Կող. 3։13)։

Եհովան կ’ակնկալէ որ պատրաստ ըլլանք ներելու մեզ վիրաւորողներուն (Սաղ. 86։5. Ղուկ. 17։4. Եփ. 4։32)։ Թերեւս շատ վիրաւորուած զգանք, երբ մէկը մեզի բան մը ըսէ կամ ընէ, մանաւանդ եթէ ան մեր մօտիկ բարեկամը կամ ընտանիքի անդամն է (Սաղ. 55։12-14)։ Երբեմն, կրնանք այնպէս մը զգալ թէ դիմացինը մեր սրտին դանակ մտցուց (Առ. 12։18)։ Երբ ասիկա պատահի, թերեւս փորձենք անտեսել մեր վիրաւորուած զգացումները։ Բայց այսպիսով պիտի նմանինք մէկու մը, որ դանակով հարուած մը կը ստանայ եւ ետքը դանակը վէրքին մէջ կը ձգէ։ Նոյնպէս, չենք կրնար ակնկալել որ մեր վիրաւորուած զգացումները բուժուին, եթէ պարզապէս անտեսենք ատոնք։ Երբ մէկը մեզ վիրաւորէ, թերեւս առաջին բանը որ կ’ընենք բարկանալն է։ Սուրբ Գիրքը կ’ըսէ որ ատեններ թերեւս բարկանանք, բայց նաեւ մեզ կը զգուշացնէ թէ պէտք չէ ձգենք որ այս զգացումը մեր վրայ իշխէ (Սաղ. 4։4. Եփ. 4։26)։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ բարկանալը լաւ արդիւնք չի բերեր (Յակ. 1։20)։ Յիշէ որ բարկանալը ձեռքդ չէ, բայց բարկացած մնա՛լը ձեռքդ է։ դ25.02 15 ¶4-6

Երկուշաբթի, ապրիլ 27

Իմաստութիւնը զինք ստացողները կ’ապրեցնէ (Ժող. 7։12)։

Յիսուս առակով մը յստակացուց, որ անմտութիւն է դրամ հաւաքելը՝ առանց Աստուծոյ աչքին հարստանալու (Ղուկ. 12։16-21)։ Մէկը չի գիտեր թէ վաղը ի՛նչ պիտի ըլլայ (Առ. 23։4, 5. Յակ. 4։13-15)։ Յիսուս նաեւ ըսաւ որ ան որ կ’ուզէ իր հետեւորդը ըլլալ, պէտք է պատրաստ ըլլայ իր բոլոր ունեցածներէն ‘ետ կենալու’ (Ղուկ. 14։33)։ Առաջին դարուն, Հրէաստանի մէջ ապրող քրիստոնեաները ամենայն սիրով ըրին ասիկա (Եբ. 10։34)։ Մեր օրերուն ալ, շատ մը եղբայրներ կորսնցուցին նիւթական բաներ կամ իրենց գործը, քանի որ կողմ չբռնեցին քաղաքական հարցերու մէջ (Յայտ. 13։16, 17)։ Ի՞նչը իրենց օգնեց։ Անոնք լման վստահեցան Եհովային այս խոստումին. «Բնաւ քեզ պիտի չթողում ու բնաւ քեզ երեսէ պիտի չձգեմ»(Եբ. 13։5)։ Մենք մեր լաւագոյնը կ’ընենք, որ ծրագրենք թէ ապագային մեր պէտքերը ինչպէ՛ս պիտի ապահովենք, բայց նոյն ատեն լման համոզուած ենք, որ Եհովան մեզի պիտի օգնէ եթէ անակնկալ բաներ պատահին մեզի հետ։ դ25.03 29 ¶13-14

Երեքշաբթի, ապրիլ 28

Քրիստոսին վրայով նախնական սորվելիքները ձգելով՝ կատարեալին գանք, առանց նորէն հիմ ձգելով (Եբ. 6։1)։

Եհովան չ’ակնկալեր որ առանց մէկու մը օգնութեան հասուն դառնանք։ Ան մեզի ժողովքի հովիւները եւ ուսուցիչները տուած է, որ մեզի օգնեն հոգեւորապէս հասուն ըլլալու եւ «Քրիստոսի լման հասակին չափը ունենալու» (Եփ. 4։11-13)։ Ան նաեւ մեզի տուած է սուրբ հոգին, որպէսզի օգնէ «Քրիստոսին միտքը» ունենալու (Ա. Կոր. 2։14-16)։ Ասկէ զատ, Աստուած մեզի տուած է չորս Աւետարանները, որպէսզի ցոյց տայ թէ Յիսուս ինչպէ՛ս կը մտածէր, կը խօսէր ու կը վարուէր, երբ երկրի վրայ էր։ Յիսուսին մտածելակերպը եւ գործերը ընդօրինակելով կրնա՛ս հասուն քրիստոնեայ դառնալ։ Բայց որպէսզի հասուն դառնանք, պէտք է «Քրիստոսին վրայով նախնական սորվելիքներ»էն աւելին գիտնանք։ Ասոնք այն բաներն են, որոնք սկիզբը սորվեցանք, երբ ճշմարտութեան եկանք։ դ24.04 4-5 ¶11-12

Չորեքշաբթի, ապրիլ 29

Խոհեմութիւնը քեզ պիտի պահէ ու հանճարը [«խորատեսութիւնը», ՆԱ] քեզ պիտի պաշտպանէ (Առ. 2։11)։

Ամէն օր պէտք է որոշումներ առնենք։ Կարգ մը որոշումներ աւելի դիւրին կ’ըլլան, օրինակ՝ ի՞նչ նախաճաշ ընել կամ ո՞ր ժամուն պառկիլ։ Իսկ ուրիշ որոշումներ աւելի դժուար կ’ըլլան։ Ատոնք թերեւս կապ ունենան մեր առողջութեան, մեր ուրախութեան, մեր ընտանիքին կամ մեր հոգեւոր կեանքին հետ։ Մենք կ’ուզենք որ մեր որոշումները լաւ արդիւնքներ ունենան մեզի եւ մեր ընտանիքին համար։ Եւ ամէնէն կարեւորը, կ’ուզենք որ ատոնք Եհովան ուրախացնեն (Հռով. 12։1, 2)։ Լաւ որոշում մը առնելու կարեւոր քայլ մըն է՝ իրողութիւնները գիտնալ։ Ասիկա ինչո՞ւ կարեւոր է։ Երեւակայէ որ հիւանդ մը բժիշկին կ’երթայ, քանի որ առողջապահական լուրջ հարց մը ունի։ Հիւանդը ինչպէ՛ս բուժելու նկատմամբ բժիշկը որոշում մը կ’առնէ՞, եթէ դեռ հիւանդը չէ քննած կամ հարցումներ չէ հարցուցած անոր։ Անշուշտ ո՛չ։ Դուն ալ աւելի լաւ որոշումներ կ’առնես, եթէ նախ գիտնաս այն իրողութիւնները, որոնք քու պարագայիդ կը կիրարկուին։ դ25.01 14 ¶1-3

Հինգշաբթի, ապրիլ 30

Տէրը. . . քու մեղքդ ներեց, պիտի չմեռնիս (Բ. Թագ. 12։13)։

Եհովան շատ ողորմած է եւ «չ’ուզեր որ մէ՛կը կորսուի» (Բ. Պետ. 3։9)։ Ան ինչպէ՞ս ողորմութիւն ցոյց տուած է կարգ մը անձերու հանդէպ, որոնք լուրջ մեղքեր գործեցին։ Օրինակ, Դաւիթ թագաւորը շատ մը լուրջ մեղքեր գործեց, մէջը ըլլալով՝ շնութիւն եւ մարդասպանութիւն։ Բայց ան զղջաց եւ Եհովան իրեն հանդէպ ողորմութիւն ցոյց տալով ներեց իրեն (Բ. Թագ. 12։1-12)։ Մանասէ թագաւորը իր կեանքին մեծ մասը անցուց գէշ բաներ ընելով։ Բայց Եհովան ողորմութիւն ցոյց տալով ներեց իրեն, քանի որ ան զղջաց (Բ. Մն. 33։9-16)։ Այս օրինակները մեզի կը յիշեցնեն, որ Եհովան ողորմութիւն ցոյց կու տայ, երբ տեսնէ թէ պատճառ մը ունի ասիկա ընելու։ Ան այսպիսի անձերու յարութիւն պիտի տայ, քանի որ անոնք ընդունեցին, թէ լուրջ մեղքեր գործած են, եւ զղջացին։ դ24.05 4 ¶12

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2026)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2026 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել