Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • աք26 էջ 36-51
  • Մարտ

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Մարտ
  • Աստուածաշունչը քննենք ամէն օր. 2026
  • Ենթավերնագիրներ
  • Կիրակի, մարտ 1
  • Երկուշաբթի, մարտ 2
  • Երեքշաբթի, մարտ 3
  • Չորեքշաբթի, մարտ 4
  • Հինգշաբթի, մարտ 5
  • Ուրբաթ, մարտ 6
  • Շաբաթ, մարտ 7
  • Կիրակի, մարտ 8
  • Երկուշաբթի, մարտ 9
  • Երեքշաբթի, մարտ 10
  • Չորեքշաբթի, մարտ 11
  • Հինգշաբթի, մարտ 12
  • Ուրբաթ, մարտ 13
  • Շաբաթ, մարտ 14
  • Կիրակի, մարտ 15
  • Երկուշաբթի, մարտ 16
  • Երեքշաբթի, մարտ 17
  • Չորեքշաբթի, մարտ 18
  • Հինգշաբթի, մարտ 19
  • Ուրբաթ, մարտ 20
  • Շաբաթ, մարտ 21
  • Կիրակի, մարտ 22
  • Երկուշաբթի, մարտ 23
  • Երեքշաբթի, մարտ 24
  • Չորեքշաբթի, մարտ 25
  • Հինգշաբթի, մարտ 26
  • Ուրբաթ, մարտ 27
  • Շաբաթ, մարտ 28
  • Կիրակի, մարտ 29
  • Երկուշաբթի, մարտ 30
  • Երեքշաբթի, մարտ 31
Աստուածաշունչը քննենք ամէն օր. 2026
աք26 էջ 36-51

Մարտ

Կիրակի, մարտ 1

Ան որ մեղքի մեռած է, մեղքէ արդարացած է (Հռով. 6։7)։

Սուրբ Գիրքին մէջ կան պատմութիւններ արդար մարդոց մասին, որոնք յետագային մեղաւոր դարձան։ Նկատի առնենք Սողոմոն թագաւորին օրինակը։ Ան Եհովան կը ճանչնար ու գիտէր զինք ինչպէ՛ս պէտք էր պաշտէր, եւ Եհովան զինք շատ օրհնեց։ Բայց յետագային՝ Սողոմոն սկսաւ չաստուածներ պաշտել։ Եհովան իրմէ շատ բարկացաւ եւ իսրայէլ ժողովուրդը հարիւրաւոր տարիներ Սողոմոնին մեղքերուն հետեւանքները կրեց։ Սուրբ Գիրքը կ’ըսէ որ երբ Սողոմոն մահացաւ, «իր հայրերուն հետ քնացաւ», մէջը ըլլալով՝ հաւատարիմ Դաւիթ թագաւորը (Գ. Թագ. 11։5-9, 43. Դ. Թագ. 23։13)։ Բայց արդեօք իր թաղուած կերպը կը վստահեցնէ՞ որ ան յարութիւն պիտի առնէ։ Աստուածաշունչը բան մը չ’ըսեր։ Յարութիւնը մեր սիրալիր Աստուծոյն կողմէ նուէր մըն է, եւ ան զայն կու տայ, որու որ կ’ուզէ առիթը տալ, որ իրեն յաւիտեան ծառայէ (Յոբ 14։13, 14. Յովհ. 6։44)։ Լաւ, Սողոմոն այս նուէրը պիտի ստանա՞յ։ Եհովա՛ն գիտէ պատասխանը, մենք չե՛նք գիտեր։ Բայց մենք գիտե՛նք որ Եհովան ճիշդ բանը պիտի ընէ։ դ24.05 4 ¶9

Երկուշաբթի, մարտ 2

Ես քու խորանիդ մէջ պիտի բնակիմ յաւիտեան (Սաղ. 61։4)։

Երբ Եհովային կը նուիրուինք, իր վրանին մէջ իր հիւրերը կը դառնանք։ Մենք հոն առատ հոգեւոր սնունդ կը վայելենք եւ Եհովային միւս հիւրերուն հետ լաւ բարեկամներ կը դառնանք։ Բոլոր երկիրներէն մարդիկ կրնան Եհովային վրանին մէջ իր հիւրերը դառնալ, այնքան ատեն որ իրեն հաւատարմօրէն կը ծառայեն (Յայտ. 21։3)։ Լաւ, ի՞նչ կրնանք ըսել այն հաւատարիմ ծառաներուն մասին, որոնք մահացած են։ Կրնա՞նք ըսել որ անոնք տակաւին հիւրեր են Եհովայի վրանին մէջ։ Այո՛։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ անոնք տակաւին ողջ են Եհովային յիշողութեան մէջ։ Յիսուս ասիկա բացատրեց, երբ ըսաւ. «Մեռելներուն յարութիւն առնելը Մովսէս ալ իմացուց մորենիին պատմութեանը մէջ, երբ կը կոչէ. ‘Տէրը՝ Աբրահամին Աստուածը ու Իսահակին Աստուածը եւ Յակոբին Աստուածը’։ Աստուած մեռելներուն Աստուածը չէ, հապա կենդանիներուն, վասն զի ամէնքը անոր կենդանի են» (Ղուկ. 20։37, 38)։ դ24.06 3 ¶6-7

Երեքշաբթի, մարտ 3

Տէրը զօրութիւնս ու ասպարս է (Սաղ. 28։7)։

Սադովկ Քեբրոն գնաց զինուած եւ պատերազմելու պատրաստ (Ա. Մն. 12։38)։ Ան պատրաստ էր Դաւիթին հետ պատերազմի երթալու եւ իսրայէլը իր թշնամիներուն դէմ պաշտպանելու։ Սադովկ, պատերազմելու մէջ իր փորձառութեան պակասը լեցուց իր քաջութեամբ։ Սադովկ քահանան ինչպէ՞ս սորվեցաւ ա՛յսքան քաջ ըլլալ։ Անոր շուրջ կային շատ մը տղամարդիկ, որոնք զօրաւոր եւ քաջ էին։ Անկասկած որ ան անոնցմէ ազդուեցաւ։ Օրինակ, առնենք Դաւիթը։ Քանի որ ան շատ քաջ առաջնորդ եւ պատերազմող մըն էր, ամբողջ իսրայէլ ազգը սրտանց իրեն թիկունք կանգնեցաւ (Ա. Մն. 11։1, 2)։ Դաւիթ միշտ Եհովայէն օգնութիւն կը խնդրէր, որ իր թշնամիներուն դէմ կռուէր (Սաղ. 138։3)։ Սադովկը քաջութիւն սորվեցաւ իրեն հետ եղող ուրիշ տղամարդոցմէ ալ։ Օրինակ՝ Յովիադան ու իր տղան Բանիան եւ այն 22 իշխանները, որոնք Դաւիթին թիկունք կանգնեցան (Ա. Մն. 11։22-25. 12։26-28)։ դ24.07 3 ¶5-6

Չորեքշաբթի, մարտ 4

Աստուծոյ քաղցրութիւնը քեզ դէպի ապաշխարութիւն կ’առաջնորդէ (Հռով. 2։4)։

Տարսոնցի Սօղոս քրիստոնեաները վայրագօրէն հալածած էր։ Քրիստոնեաներէն շատեր կարծեցին, որ ան երբեք պիտի չզղջար։ Բայց Յիսուս գիտէր որ Սօղոս կրնար փոխուիլ եւ զղջալ։ Ան ու իր Հայրը լաւ յատկութիւններ տեսան Սօղոսին մէջ։ Յիսուս ըսաւ. «Անիկա ինծի ընտիր աման մըն է» (Գործք 9։15)։ Յիսուս նոյնիսկ հրաշք մը ըրաւ որպէսզի Սօղոսին օգնէ որ զղջայ (Գործք 7։58–8։3. 9։1-9, 17-20)։ Քրիստոնեայ դառնալէն ետք, Սօղոսը՝ որ ետքը ճանչցուեցաւ իբր Պօղոս առաքեալ, շատ անգամներ ըսաւ թէ ինք որքա՜ն կը գնահատէր, որ Եհովան ու Յիսուս իրեն հետ ազնուութեամբ եւ ողորմութեամբ վարուած են (Ա. Տիմ. 1։12-15)։ Երբ Պօղոս լսեց որ Կորնթոսի ժողովքը թոյլ տուած է որ սեռային անբարոյութիւն գործած անձ մը ժողովքին մէջ մնայ, անոնց ի՞նչ ըսաւ որ ընեն։ Իր ըսածներէն կրնանք սորվիլ, թէ Եհովան ինչպէ՛ս սէր ցոյց կու տայ, երբ իր սիրելի ծառաները կը կրթէ եւ անոնց կ’ողորմի՝ երբ անոնք զղջան։ դ24.08 13 ¶15-16

Հինգշաբթի, մարտ 5

Ասոր համար Աստուծոյ Որդին յայտնուեցաւ, որ Սատանային գործերը քանդէ (Ա. Յովհ. 3։8)։

Դարերու ընթացքին, Եհովան կամաց–կամաց յստակացուց թէ մեղաւոր մարդիկ ինչպէ՛ս կրնային իրեն մօտենալ։ Ադամին ու Եւային երկրորդ զաւակը՝ Աբէլը, առաջին մարդ արարածն էր, որ Եդեմի մէջ պատահած ըմբոստութենէն ետք Եհովային հաւատաց։ Եւ որովհետեւ ան կը սիրէր Եհովան եւ կ’ուզէր զինք հաճեցնել եւ անոր մօտենալ, Եհովային անասուններ զոհեց։ Աբէլ, հովիւ ըլլալով, իր գառնուկներէն առաւ, զանոնք մորթեց եւ Եհովային զոհեց։ Եհովան ի՞նչ ըրաւ։ Ան «Աբէլին ու անոր ընծային [հաւանութեամբ] նայեցաւ» (Ծն. 4։4)։ Եհովան հաւնեցաւ նաեւ ուրի՛շ մարդոց զոհերը, մարդիկ՝ որոնք զինք կը սիրէին եւ իրեն կը վստահէին, օրինակ՝ Նոյ (Ծն. 8։20, 21)։ Այս տեսակի զոհեր ընդունելով, Եհովան ցոյց տուաւ որ մեղաւոր մարդիկ կրնային իր հաճութիւնը ունենալ եւ իրեն մօտենալ։ դ24.08 3 ¶5-6

Ուրբաթ, մարտ 6

Քիչ մնաց, որ իմ ոտքերս ծռէին ու մազ մնաց, որ իմ քայլերս սայթաքէին (Սաղ. 73։2)։

Երբ անարդարութեան զոհը երթանք, շատ խոր ցաւ կը զգանք (Ժող. 7։7)։ Աստուծոյ հաւատարիմ ծառաներէն՝ Յոբը եւ Ամբակումն ալ նոյնը զգացին (Յոբ 6։2, 3. Ամբ. 1։1-3)։ Թէեւ այսպէս զգալը բնական է, բայց պէտք է զգոյշ ըլլանք որ երբ անարդարութեան զոհը երթանք՝ յիմարութեամբ չվարուինք եւ խնդիրը աւելի չմեծցնենք։ Երբ այնպէս երեւի որ անարդարութեամբ վարուողները չեն պատժուիր, թերեւս սկսինք հարցնել թէ ճիշդը ընելը օգուտ մը ունի՞։ Նկատի առ Եհովայի մէկ ծառան, որ տեսաւ թէ չարերը ինչպէ՛ս անարդարութեամբ կը վարուին բարիներուն հետ եւ տակաւին կեանքը կը վայելեն։ Ան ըսաւ. «Ահա ասոնք են ամբարիշտները, միշտ յաջողութիւն ունին» (Սաղ. 73։12)։ Իր տեսած անարդարութիւնը զինք ա՛յնքան նեղացուց, որ քիչ մնաց որ մտածէր թէ Եհովային ծառայելը արժէք մը չունէր։ Ան ըսաւ. «Երբ խորհեցայ ասիկա իմանալու մասին, դժուար թուեցաւ իմ աչքերուս» (Սաղ. 73։14, 16)։ դ24.11 3 ¶5-7

Շաբաթ, մարտ 7

Տէրոջը տուէ՛ք, ո՛վ ժողովուրդներու տոհմեր, Տէրոջը տուէք փառք ու զօրութիւն (Սաղ. 96։7)։

Եհովային փառք կը բերենք, քանի որ զինք շատ կը յարգենք։ Շատ մը պատճառներ ունինք որ զինք յարգենք։ Եհովան Ամենակարող է եւ անսահման զօրութիւն ունի (Սաղ. 96։4-7)։ Ան շատ իմաստուն է եւ ասիկա յայտնի է իր ստեղծած բաներուն մէջ։ Ան մեզի տուած է մեր կեանքը եւ ամէն ինչ որ պէտք ունինք ողջ մնալու համար (Յայտ. 4։11)։ Ան «հաւատարիմ» է (Յայտ. 15։4, ՆԱ)։ Ան ամէն բանի մէջ կը յաջողի եւ միշտ իր խոստումներուն տէրը կ’ելլէ (Յես. 23։14)։ Ասոր համար, Երեմիա մարգարէն Եհովային մասին ըսաւ. «Ազգերու բոլոր իմաստուններուն մէջ եւ անոնց բոլոր թագաւորութիւններուն մէջ քեզի նման մէ՛կը չկայ» (Եր. 10։6, 7)։ Ուրեմն, շատ պատճառներ ունինք, որ մեր երկնաւոր Հայրը յարգենք։ Բայց Եհովան ոչ միայն մեր յարգանքին արժանի է, հապա նաեւ մեր սիրոյն։ Եւ ամէնէն կարեւորը, մենք Եհովային փառք կը բերենք, քանի որ զինք շատ կը սիրենք։ դ25.01 3 ¶5-6

Կիրակի, մարտ 8

Չարը ձեր մէջէն վերցուցէք (Ա. Կոր. 5։13)։

Աստուծոյ հակառակորդները կը փորձեն Եհովայի կազմակերպութեան լաւ կէտերը գէշ ցուցնել։ Օրինակ, մենք Սուրբ Գիրքէն սորված ենք, որ Եհովան կ’ակնկալէ որ զինք պաշտողները ֆիզիքապէս, բարոյապէս եւ հոգեւորապէս մաքուր ըլլան։ Ան կը պահանջէ որ ոեւէ մէկը, որ կը շարունակէ անմաքուր բաներ ընել եւ չ’ուզեր փոխուիլ, ժողովքին մէջէն վերցուի (Ա. Կոր. 5։11, 12. 6։9, 10)։ Եւ քանի՛ որ մենք այս պատուէրին կը հնազանդինք, մեր հակառակորդները կ’ըսեն, որ մենք մարդիկը չենք սիրեր եւ մեզմէ տարբեր եղողները չենք ընդունիր։ Պէտք է գիտնանք թէ ո՛վ է կազմակերպութեան վրայ յարձակողը։ Սատանան է սուտ պատմութիւններ հանողը։ Անիկա «ստախօս է եւ անոր հայրը» (Յովհ. 8։44. Ծն. 3։1-5)։ Ասոր համար չենք զարմանար, որ Սատանան մեր թշնամիները կը գործածէ, որ սուտ պատմութիւններ հանէ Եհովայի կազմակերպութեան մասին։ դ24.04 10-11 ¶13-14

Երկուշաբթի, մարտ 9

Պիտի ըլլայ (Եզեկ. 33։33)։

Նոյնիսկ մեծ նեղութիւնը սկսելէն ետք, կարելիութիւնը կայ որ ոմանք, որոնք «Մեծ Բաբելոն»ի կործանումը պիտի տեսնեն, յիշեն որ Եհովայի վկաները երկար տարիներէ ի վեր կ’ըսէին որ այս բանը պիտի պատահի։ Կրնա՞յ ըլլալ որ ոմանք պատահած դէպքերը տեսնելով, սկսին Եհովային հաւատալ (Յայտ. 17։5)։ Եթէ ասիկա պատահի, պիտի նմանի այն դէպքին որ Եգիպտոսի մէջ պատահեցաւ Մովսէսի օրերուն։ Յիշէ որ, երբ իսրայէլացիները Եգիպտոսը ձգեցին, «անոնց հետ խառն բազմութիւն ալ ելաւ»։ Թերեւս այդ բազմութենէն ոմանք սկսան Եհովային հաւատալ, երբ տեսան թէ ինչ որ Մովսէս ըսաւ Տասը պատուհասներուն մասին, իրապէս ալ եղաւ (Ել. 12։38)։ Եթէ Մեծ Բաբելոնի կործանումէն ետք այսպիսի բան մը պատահի, մենք պիտի զգա՞նք որ ասիկա արդար չէ, քանի որ մարդիկ վերջը գալէն ճի՛շդ առաջ մեզի միացան։ Անշո՛ւշտ ոչ։ Մենք կ’ուզենք մեր երկնաւոր Հօր նմանիլ։ Ան «ողորմած ու բարերար, երկայնամիտ եւ առատ՝ ողորմութիւնով ու ճշմարտութիւնով» է (Ել. 34։6)։ դ24.05 11 ¶12-13

Երեքշաբթի, մարտ 10

Ամո՛ւր բռնէ այն ողջամիտ խօսքերուն օրինակը (Բ. Տիմ. 1։13)։

Ի՞նչ կրնայ պատահիլ, եթէ «ողջամիտ խօսքերուն օրինակ»էն շեղինք։ Նկատի առ օրինակ մը։ Առաջին դարուն, կարգ մը քրիստոնեաներ սուտ լուր մը կը տարածէին, ըսելով թէ Եհովային օրը եկած է։ Թերեւս նամակ մը կար, որ կը վերագրէին Պօղոս առաքեալին, որուն մէջ իբր թէ այսպիսի բան մը ըսուած էր։ Առանց իրողութիւններէն վստահ ըլլալու, Թեսաղոնիկէի կարգ մը քրիստոնեաները հաւատացին այս սուտ լուրին եւ նոյնիսկ սկսան ատիկա տարածել։ Եթէ միայն մտաբերէին, որ երբ Պօղոս իրենց քովն էր՝ ի՛նչ կը սորվեցնէր, անոնք պիտի չխաբուէին (Բ. Թես. 2։1-5)։ Պօղոս իր եղբայրները խրատեց, որ իրենց ամէն լսածին չհաւատան։ Եւ որպէսզի անոնց օգնէ որ ապագային նոյն բանը չընեն, Պօղոս թեսաղոնիկեցիներուն գրած իր երկրորդ նամակը եզրափակեց այս խօսքերով. «Ես՝ Պօղոս, ի՛մ ձեռքովս կը գրեմ այս բարեւը, որ ամէն նամակի մէջ իմ նշանս է. ես ա՛յսպէս կը գրեմ» (Բ. Թես. 3։17, ԱԾ)։ դ24.07 12 ¶13-14

Չորեքշաբթի, մարտ 11

Պէտք է ձեզի համբերութիւն (Եբ. 10։36)։

Եբրայեցի քրիստոնեաները պէտք էր որ հաւատքի փորձերու տոկային, քանի որ մօտ ատենէն Հրէաստանի մէջ վիճակները պիտի փոխուէին։ Թէեւ անոնցմէ ոմանք անցեալին խիստ հալածանք կրած էին, բայց ուրիշներ բնա՛ւ հալածանք չէին համտեսած։ Պօղոս առաքեալ ըսաւ որ թէեւ անոնք անցեալին հաւատքի փորձերու տոկացած էին, բայց տակաւին Յիսուսին չափ չէին չարչարուած։ Անոնք ‘իրենց արիւնը թափելու չափ’, այսինքն՝ մեռնելու չափ՝ չէին հալածուած (Եբ. 12։4, ՆԹ)։ Եւ քանի որ քրիստոնէութիւնը կը տարածուէր, հրեայ հակառակորդները երթալէն աւելի մոլեռանդ եւ վայրագ կը դառնային։ Քանի մը տարի առաջ, աւելի քան 40 հրեաներ «ինքզինքնին անէծքի տակ դրին՝ ըսելով որ [պիտի] չուտեն ու չխմեն մինչեւ որ Պօղոսը սպաննեն» (Գործք 22։22. 23։12-14)։ Ուրեմն, թէեւ այդ քրիստոնեաները պիտի ատուէին եւ հալածուէին, բայց անոնք տակաւին Եհովան պաշտելու համար պէտք էր մէկտեղ հաւաքուէին, բարի լուրը քարոզէին եւ իրենց հաւատքը զօրաւոր պահէին։ դ24.09 12 ¶15

Հինգշաբթի, մարտ 12

[Յիսուս] ըսաւ իր մօրը. «Ո՛վ կին, ահա քու որդիդ» (Յովհ. 19։26)։

Յովհաննէսը Յիսուս Քրիստոսին սրտին մօտիկ առաքեալ մըն էր (Մատ. 10։2, 3)։ Ան Յիսուսին հետ քարոզեց, անոր հրաշքները տեսաւ եւ անոր հետ մնաց դժուարութիւններու ատեն։ Ան դիտեց ինչպէ՛ս Յիսուս կը սպաննուի եւ զինք տեսաւ յարութիւն առնելէ ետք։ Ան նաեւ տեսաւ որ առաջին դարուն ինչպէ՛ս քրիստոնեաներու պզտիկ խումբը մեծցաւ եւ բարի լուրը «երկնքի տակ եղած բոլոր ստեղծուածներուն քարոզուեցաւ» (Կող. 1։23)։ Երբ Յովհաննէս տարիքով շատ մեծ էր, առանձնաշնորհումը ունեցաւ Յայտնութիւն գիրքը գրելու (Յայտ. 1։1)։ Ան նաեւ գրեց Աւետարաններէն մէկը եւ երեք նամակներ։ Ան իր երրորդ նամակը գրեց հաւատարիմ Գայիոսին, որ Յովհաննէսին աչքին հոգեւոր սիրելի զաւակի մը պէս էր (Գ. Յովհ. 1)։ Այս հաւատարիմ տարեց մարդուն գրածները քաջալերած են Յիսուսին բոլոր հետեւորդները մինչեւ մեր օրերը։ դ24.11 12 ¶15-16

Ուրբաթ, մարտ 13

Այրեր. . . յարգե[ցէք] կիները (Ա. Պետ. 3։7)։

Իր կինը սիրող ամուսինը արժէք կու տայ իրեն եւ իր լաւութիւնը կը փնտռէ։ Ան կը սեպէ որ իր կինը նուէր մըն է Եհովայէն (Առ. 18։22. 31։10)։ Ասոր համար, ան իր կնոջ հետ քնքշութեամբ եւ յարգանքով կը վարուի, նոյնիսկ սեռային յարաբերութեան ատեն։ Ան սեռային յարաբերութեան ատեն իր կինը չի ստիպեր ընելու բան մը, որ կինը կը նեղացնէ, անարժէք կը զգացնէ կամ անոր խիղճին հակառակ է։ Ամուսինն ալ պէտք է ջանք թափէ, որ իր խիղճն ալ Եհովային առջեւ մաքուր ըլլայ այս մարզին մէջ (Գործք 24։16)։ Ամուսիննե՛ր, կրնաք վստահ ըլլալ թէ Եհովան կը տեսնէ եւ կ’արժեւորէ ձեր ջանքերը, որ ձեր կինը սիրէք ու յարգէք, թէ՛ խօսքով եւ թէ՛ գործով։ Ասոր համար, միշտ ջանք թափեցէք որ չընէք բան մը որ իրեն վնաս կը հասցնէ։ Ասկէ զատ, ձեր կնոջ հետ քնքշութեամբ վարուեցէք, իր լաւութիւնը փնտռեցէք եւ գուրգուրանք ցոյց տուէք իրեն։ Այսպիսով, անոր զգացնել կու տաք որ զինք կը սիրէք ու կ’արժեւորէք։ Երբ ձեր կինը սիրէք ու յարգէք, պաշտպանած կ’ըլլաք Եհովային հետ ձեր բարեկամութիւնը, որ ամէնէն կարեւոր փոխյարաբերութիւնն է (Սաղ. 25։14)։ դ25.01 13 ¶17-18

Շաբաթ, մարտ 14

Ան իր անձը մեզի համար տուաւ, որպէս զի մեզ. . . ազատէ ու մաքրէ, իրեն սեփական ժողովուրդ ընէ՝ բարի գործերու նախանձախնդիր (Տիտ. 2։14)։

Եհովային ծառաները նախանձախնդիր են ծառայութեան մէջ, եւ ասիկա տարբերութիւններէն մէկն է՝ իսկական ու կեղծ քրիստոնեաներուն միջեւ (Տիտ. 2։14)։ Բայց ատեններ թերեւս զգաս այս ծանր աշխատող երէցին պէս, որ խանդավառ չես քարոզելու։ Ան ըսաւ. «Ատեններ կը զգամ որ չեմ ուզեր քարոզել»։ Ի՞նչը կրնայ մեզի օգնել որ քարոզչութեան հանդէպ մեր նախանձախնդրութիւնը պահենք կամ նոյնիսկ աւելցնենք։ Յիսուսի օրինակէն կրնանք սորվիլ, թէ ինչպէ՛ս կրնանք քարոզչութեան մէջ նախանձախնդիր ըլլալ։ Երբ երկրի վրայ կը քարոզէր, Յիսուս բնաւ իր նախանձախնդրութիւնը չկորսնցուց։ Ընդհակառակը, մինչ ժամանակը կ’անցնէր, ան ա՛լ աւելի քարոզեց։ Առակի մը մէջ, Յիսուս իր գործը բաղդատեց այգեպանի մը գործին, որ երեք տարի ջանաց թզենիի մը հոգ տանիլ՝ որ ատիկա պտուղ տայ, բայց չտուաւ։ Նոյնպէս, Յիսուս շուրջ երեք տարի հրեաներուն քարոզեց, բայց անոնց մեծամասնութիւնը իր աշակերտները չեղան։ Բայց ինչպէս որ այգեպանը իր յոյսը չկտրեց, Յիսուս շարունակեց քարոզել եւ նոյնիսկ ա՛լ աւելի ջանքեր թափեց, որ հրեաները բարի լուրը ընդունին (Ղուկ. 13։6-9)։ Կրնանք նախանձախնդիր մնալ, եթէ իր սորվեցուցածները եւ ըրածները ընենք։ դ25.03 14-15 ¶1-4

Կիրակի, մարտ 15

Խելացի անձը գիտութեամբ կը վարուի (Առ. 13։16, ՆԱ)։

Ի՞նչ կրնաս ընել եթէ զգաս, որ որոշ անձ մը քեզի յարմար կողակից մը կրնայ ըլլալ։ Արդեօք պէ՞տք է որ անմիջապէս իրեն գիտցնես, որ իրմով հետաքրքրուած ես։ Սուրբ Գիրքը կ’ըսէ. «Խելացի անձը գիտութեամբ կը վարուի» (ՆԱ)։ Ուրեմն իմաստութեամբ վարուէ եւ ժամանակ մը անձը հեռուէն դիտէ, առաջ որ զգացումներդ իրեն յայտնես։ Ինչպէ՞ս կրնաս առանց զգացնելու դիմացինը դիտել։ Ժողովքային հանդիպումներուն կամ ընկերային հաւաքոյթներուն, թերեւս նկատես այս անհատին հոգեւորութիւնը, անձնաւորութիւնը եւ վարքը ինչպէ՛ս են։ Որո՞նք են իր ընկերները, ինչի՞ մասին կը խօսի (Ղուկ. 6։45)։ Իր նպատակները եւ քու նպատակներդ նմա՞ն են։ Կրնաս խօսիլ իր ժողովքի երէցներուն, կամ զինք ճանչցող ուրիշ հասուն քրիստոնեաներու (Առ. 20։18)։ Կրնաս անոր համբաւին եւ յատկութիւններուն մասին հարցնել (Հթ. 2։11)։ Մինչ զինք մօտէն կը դիտես, ջանքդ ըրէ որ իրեն նեղութիւն չտաս։ Իր զգացումները յարգէ եւ մի՛ փորձեր իր բոլոր անձնական բաները գիտնալ։ դ24.05 22 ¶7-8

Երկուշաբթի, մարտ 16

Իմ մեղքս քեզի յայտնեցի (Սաղ. 32։5)։

Երէցները Յիսուսին պէս կը վարուին եւ շուտով չեն եզրակացներ որ յանցագործը պիտի չզղջայ։ Ճիշդ է որ ոմանք յանձնախումբին հետ իրենց առաջին հանդիպումին ընթացքին թերեւս զղջան, բայց ուրիշներ աւելի ժամանակի պէտք կ’ունենան։ Ասոր համար, հաւանաբար երէցները կարգադրութիւն ընեն որ մէկէ աւելի անգամներ հանդիպում ունենան մեղաւորին հետ։ Թերեւս ան առաջին հանդիպումէն ետք սկսի լրջօրէն մտածել խօսուածներուն մասին, եւ անկէ ետք Եհովայէն խոնարհօրէն ներողութիւն խնդրէ իր մեղքին համար (Սաղ. 38։18)։ Այսպիսով, ան յաջորդ հանդիպումին թերեւս տարբեր հոգի ցոյց տայ, քան ինչ որ ցոյց տուած էր առաջին հանդիպումին ընթացքին։ Յանցագործին օգնելու համար որ զղջայ, երէցները կարեկցութիւն եւ ազնուութիւն ցոյց կու տան։ Անոնք կ’աղօթեն որ Եհովան իրենց ջանքերը օրհնէ, յուսալով որ իրենց մոլորած եղբայրը իր սխալին անդրադառնայ եւ զղջայ (Բ. Տիմ. 2։25, 26)։ դ24.08 22-23 ¶12-13

Երեքշաբթի, մարտ 17

Մեռնողին մեռնիլը չեմ ուզեր, կ’ըսէ Տէր Եհովան, ուստի դարձէ՛ք ու ապրեցէ՛ք (Եզեկ. 18։32)։

Եհովան չ’ուզեր որ մէկը կորսուի։ Ան կ’ուզէ որ մեղաւորները իրեն հետ հաշտուին (Բ. Կոր. 5։20)։ Այդ պատճառաւ, ամբողջ պատմութեան ընթացքին, Եհովան իրմէ հեռացած ծառաները կրկին անգամ քաջալերած է, որ զղջան եւ իրեն վերադառնան։ Ժողովքի երէցները Եհովային հետ միասին աշխատելով, լուրջ մեղք գործողներուն կ’օգնեն որ զղջան (Հռով. 2։4. Ա. Կոր. 3։9)։ Երեւակայէ երկնքի մէջի ուրախութիւնը, երբ մեղաւորները զղջան։ Մեր երկնաւոր Հայրը՝ Եհովան, այդ ուրախութիւնը կը վայելէ ամէն անգամ որ իր կորսուած ոչխարներէն մէկը ժողովքին վերադառնայ։ Եհովայի հանդէպ մեր սէրը կը շարունակէ աճիլ, մինչ իր ողորմութեան եւ շնորհքին վրայ կը խոկանք (Ղուկ. 1։78)։ դ24.08 31 ¶16-17

Չորեքշաբթի, մարտ 18

Յիսուս գիտնալով թէ պիտի գան զինք յափշտակեն, որպէս զի զինք թագաւոր ընեն, նորէն մինակը լեռը գնաց (Յովհ. 6։15)։

Եթէ Յիսուս ձգէր որ ժողովուրդը զինք թագաւոր ընեն, քաղաքականութեան մասնակցած պիտի ըլլար, այսինքն՝ հրեաներուն կողմը բռնած պիտի ըլլար, որոնք այդ ատեն հռոմէական իշխանութեան տակ էին։ Յիսուս «մինակը լեռը գնաց»։ Հակառակ մարդոց ճնշումին, ան քաղաքականութեան չխառնուեցաւ։ Ասիկա մեզի համար շատ կարեւոր դաս մըն է։ Անշուշտ, ուրիշներ մեզմէ պիտի չուզեն որ հրաշքով հացը շատցնենք կամ հիւանդները բուժենք, ոչ ալ պիտի փորձեն մեզ թագաւոր կամ կառավարիչ ընել։ Բայց թերեւս փորձեն մեզ համոզել, որ ընտրութիւններուն մասնակցինք կամ թիկունք կանգնինք մէկու մը, որ կը կարծուի թէ կրնայ ներկայ վիճակները բարելաւել։ Յիսուսին օրինակը յստակ է։ Ան մերժեց քաղաքականութեան խառնուիլ, նոյնիսկ ըսելով. «Իմ թագաւորութիւնս այս աշխարհէն չէ» (Յովհ. 17։14. 18։36)։ Մենք պէտք է որ Յիսուսին պէս մտածենք եւ իր օրինակին հետեւինք։ Իրեն պէս, այդ Թագաւորութեան կռնակ կը կենանք, ատոր մասին կը վկայենք եւ ատոր համար կ’աղօթենք (Մատ. 6։10)։ դ24.12 4 ¶5-6

Հինգշաբթի, մարտ 19

Ան որ իմ պատուէրներս կը բռնէ ու կը պահէ զանոնք, անիկա է զիս սիրողը եւ ան որ զիս կը սիրէ՝ իմ Հօրմէս պիտի սիրուի ու ես զանիկա պիտի սիրեմ եւ ինքզինքս անոր պիտի յայտնեմ (Յովհ. 14։21)։

Մինչ կը սերտես, տես թէ ինչպէ՛ս կրնաս սորվածներդ գործադրել։ Օրինակ, Եհովային արդարութիւնը ընդօրինակէ՝ մարդոց միջեւ զատողութիւն չդնելով։ Իր Հօր եւ մարդոց հանդէպ Յիսուսին սէրը ընդօրինակէ՝ պատրաստ ըլլալով որ Եհովային անունին համար չարչարուիս եւ եղբայրներուդ ու քոյրերուդ օգնելու համար զոհողութիւններ ընես։ Նաեւ Յիսուսը ընդօրինակէ՝ ուրիշներուն քարոզելով, որպէսզի անոնք ալ առիթը ունենան Եհովային ըրածներուն մասին սորվելու եւ փրկանքին հաւատալու։ Որքա՛ն աւելի հասկնանք եւ գնահատենք փրկանքը, այնքա՛ն աւելի պիտի սիրենք Եհովան եւ իր Որդին, եւ իրենք ալ իրենց կարգին աւելի պիտի սիրեն մեզ (Յակ. 4։8)։ Ուրեմն, Սուրբ Գիրքը եւ մեր հրատարակութիւնները գործածենք, որ փրկանքին մասին աւելի սորվինք։ դ25.01 25 ¶16-17

Ուրբաթ, մարտ 20

Բոլոր մեղքերս կռնակիդ ետեւը նետեցիր (Եսա. 38։17)։

Այսօրուան համարը հետեւեալ կերպով ալ կրնայ թարգմանուիլ. «Դուն իմ մեղքերս այնպէս մը մէջտեղէն վերցուցիր, որ կարծես թէ զանոնք բնա՛ւ չեմ գործած»։ Սուրբ Գիրքը այս կէտը կը յստակացնէ ուրիշ օրինակով մըն ալ, որ գրուած է Միքիա 7։18, 19–ին մէջ։ Հոն Եհովային մասին կ’ըսուի, որ մեր մեղքերը ծովուն խորերը կը նետէ։ Հին օրերուն, եթէ բան մը ծովուն խորերը իյնար, անկարելի էր որ ետ գտնուէր։ Այս օրինակներով սորվեցանք, որ երբ Եհովան մեզի ներէ՝ մեր մեղքերուն բեռը մեր վրայէն կը վերցնէ։ Դաւիթ ասիկա յստակացուց, երբ ըսաւ. «Երանի՜ անոնց. . . որոնց անօրէնութիւնները ներուեցան եւ որոնց մեղքերը ծածկուեցան» (Հռով. 4։7)։ Ասիկա՛ է իսկական ներողամտութիւնը։ դ25.02 9 ¶7-8

Շաբաթ, մարտ 21

Իմ ստեղծագործութիւնովս յաւիտեանս յաւիտենից ուրախացէ՛ք եւ ցնծացէ՛ք (Եսա. 65։18)։

Այսօր երկրի վրայ այլաբանական դրախտ մը կայ, որ լեցուն է մարդոցմով, որոնք բարի բաներ ընելով զբաղած են եւ իսկական խաղաղութիւն կը վայելեն։ Անոնք որոնք արդէն այս դրախտին մէջ են, որոշած են ատկէ դուրս չելլել։ Անոնք նոյնիսկ կ’ուզեն որ կարելի եղածին չափ շատ մարդիկ իրենց միանան այս դրախտին մէջ։ Այս դրախտը հոգեւոր դրախտն է։ Հիանալիօրէն, Եհովան այս այլաբանական դրախտը ստեղծած է, ուր իր ժողովուրդը խաղաղութեամբ եւ միութեամբ կ’ապրին, հակառակ անոր որ անոնք կ’ապրին Սատանային չար եւ վտանգաւոր աշխարհին մէջ, ուր մարդիկ իրար կ’ատեն (Ա. Յովհ. 5։19. Յայտ. 12։12)։ Մեր սիրալիր Աստուածը կը տեսնէ, որ այս աշխարհը որքա՜ն վնաս կը հասցնէ մարդոց, բայց Ան իր ծառաներուն ապահով կը զգացնէ, որպէսզի անոնք շարունակեն իրեն ուրախութեամբ ծառայել։ Իր Խօսքը այս հոգեւոր դրախտը կը նկարագրէ որպէս «ապաստանարան» եւ «ջրարբի պարտէզ» (Եսա. 4։6. 58։11)։ Այս դժուար վերջին օրերուն ընթացքին, Եհովային օրհնութեամբ, այս դրախտին մէջ ապրողները ուրախ եւ ապահով կը զգան (Եսա. 54։14. Բ. Տիմ. 3։1)։ դ24.04 20 ¶1-2

Կիրակի, մարտ 22

Ձեր խնդրանքը Աստուծոյ յայտնի ըլլայ (Փլպ. 4։6)։

Եթէ կը փափաքիս ամուսնանալ, անկասկած աղօթած ես որ յարմար կողակից մը գտնես։ Անշուշտ, Եհովան չի խոստանար, որ իր բոլոր ծառաները կողակից մը պիտի գտնեն։ Բայց ան հետաքրքրուած է քու պէտքերովդ ու զգացումներովդ եւ քեզի կրնայ օգնել, մինչ կը փորձես յարմար կողակից մը գտնել։ Ուրեմն, շարունակէ իրեն արտայայտել քու փափաքներդ եւ զգացումներդ (Սաղ. 62։8)։ Աղօթքով իրմէ համբերութիւն ու իմաստութիւն խնդրէ (Յակ. 1։5)։ Նոյնիսկ եթէ անմիջապէս յարմար կողակից մը չգտնես, Եհովան խոստացած է, որ պիտի շարունակէ քու ֆիզիքական եւ զգացական պէտքերուդ հոգ տանիլ (Սաղ. 55։22)։ Զգուշացում մը. թող խելքդ–միտքդ կողակից մը գտնելու վրայ չըլլայ (Փլպ. 1։10)։ Իրական ուրախութիւնը ամուսնացած կամ ամուրի ըլլալէն կախեալ չէ, հապա՝ Եհովային հետ քու յարաբերութենէդ (Մատ. 5։3)։ Եւ մինչ տակաւին ամուրի ես, թերեւս աւելի ազատ ըլլաս ծառայութիւնդ աւելցնելու (Ա. Կոր. 7։32, 33)։ Ժամանակդ լաւագոյն կերպով գործածէ։ դ24.05 21 ¶4. 22 ¶6

Երկուշաբթի, մարտ 23

Միայն ձեր անձերուն շահը մի՛ փնտռէք, հապա ամէն մէկը իր ընկերինն ալ (Փլպ. 2։4)։

Ժամադրուելու ժամանակաշրջանը որքա՞ն երկար պէտք է տեւէ։ Արագ որոշումները շատ անգամ գէշ արդիւնքներ կ’ունենան (Առ. 21։5)։ Ձեր ժամադրուելու ժամանակաշրջանը բաւարար պէտք է ըլլայ, որպէսզի իրար լաւ ճանչնաք։ Բայց ատիկա պէտք եղածէն աւելի պէտք չէ երկարի։ Աստուածաշունչը նաեւ կ’ըսէ. «Ուշացած յոյսը սիրտը կը հիւանդացնէ» (Առ. 13։12)։ Ուրիշներ ի՞նչ կրնան ընել, մինչ զոյգ մը կը ժամադրուի։ Կրնանք զանոնք հրաւիրել, որ մեզի հետ ճաշեն, ընտանեկան պաշտամունք ընեն կամ ժամանակ անցընեն (Հռով. 12։13)։ Թերեւս անոնց կրնաս օգնել՝ որպէս երրորդ անձ անոնց ընկերակցելով ըլլա՛յ ինքնաշարժին մէջ կամ ուրիշ որեւէ տեղ, կամ ալ՝ քու տունդ բանալով անոնց, որպէսզի հոն իրարու հետ տեսնուին (Գաղ. 6։10)։ Եթէ զոյգ մը քեզմէ խնդրէ որ իրենց ընկերակցիս որպէս երրորդ անձը, կրնաս ասիկա առիթ սեպել որ բարեկամներուդ օգնես։ Ուշադիր եղիր որ զանոնք բոլորովին առանձին չձգես, բայց միեւնոյն ատեն անոնց առիթ եւ ժամանակ տուր, որ առանձին խօսին։ դ24.05 30 ¶13-14

Երեքշաբթի, մարտ 24

Ես անոր ժամանակ տուի. . . ապաշխարելու (Յայտ. 2։21)։

Երէցները կը փորձեն գիտնալ թէ ի՛նչ պարագաներ առաջնորդեցին որ անհատ մը մեղք մը գործէ։ Օրինակ, կրնա՞յ ըլլալ որ ան կամաց–կամաց տկարացաւ, քանի որ անձնական ուսումնասիրութիւն միշտ չէր ըներ կամ ծառայութեան միշտ չէր ելլեր։ Կրնա՞յ ըլլալ որ ան առաջուան չափ չէր աղօթեր կամ անոր աղօթքները խորունկ չէին։ Կրնա՞յ ըլլալ որ սխալ ցանկութիւններուն դէմ չէր դներ։ Արդեօք սխա՞լ անձերու հետ կ’ընկերակցէր կամ սխա՞լ ժամանցներ ընտրած էր։ Իր այս որոշումները ինչպէ՞ս ազդած էին իր մտածելակերպին եւ ցանկութիւններուն։ Ան կ’անդրադառնա՞յ որ վերջերս իր առած որոշումներն ու քայլերը ինչպէ՛ս ազդած են իր Հօր՝ Եհովային։ Երէցները կրնան անոր հարցումներ հարցնել, որ մտածէ թէ ի՛նչ բաներ պատճառ եղան որ երթալով տկարանայ եւ մեղք գործէ։ Բայց երէցները ազնուութեամբ կը վարուին անոր հետ եւ չեն փորձեր գիտնալ անձնական տեղեկութիւններ, որոնց մասին պէտք չունին գիտնալու (Առ. 20։5)։ Ասկէ զատ, անոնք կրնան օրինակներով անոր օգնել, որ մտածէ թէ իր ըրածները ինչո՛ւ սխալ էին։ Թերեւս ան առաջին հանդիպումին սկսի գէշ զգալ իր որոշումներուն նկատմամբ եւ նոյնիսկ թերեւս ալ զղջայ։ դ24.08 22 ¶9-11

Չորեքշաբթի, մարտ 25

Պէտք է ինծի որ ուրիշ քաղաքներու ալ Աստուծոյ թագաւորութիւնը քարոզեմ, քանզի այս բանին համար ղրկուած եմ (Ղուկ. 4։44)։

Յիսուս նախանձախնդրութեամբ քարոզեց «Աստուծոյ թագաւորութեան» բարի լուրը, որովհետեւ գիտէր որ Աստուած ասիկա կ’ուզէր իրմէ։ Քարոզելը ամէնէն կարեւոր գործն էր Յիսուսին համար։ Նոյնիսկ իր քարոզչութեան վերջին ամիսներուն, ան «քաղաքները ու գիւղերը» կը ճամբորդէր, որպէսզի ուրիշներուն սորվեցնէ (Ղուկ. 13։22)։ Ան նաեւ աւելի աշակերտներ մարզեց, որ բարի լուրը քարոզեն իրեն պէս (Ղուկ. 10։1)։ Մեր օրերուն ալ, բարի լուրը քարոզելը ամէնէն կարեւոր գործն է, որ Եհովան եւ Յիսուսը կ’ուզեն որ ընենք։ Միւս բոլոր հոգեւոր նշանակումները ուղղակի կապ ունին քարոզչութեան հետ (Մատ. 24։14. 28։19, 20)։ Եթէ Եհովային աչքով դիտենք մարդիկը, աւելի նախանձախնդրութեամբ կը քարոզենք։ Ան կ’ուզէ որ կարելի եղածին չափ շատ մարդիկ բարի լուրը ընդունին (Ա. Տիմ. 2։3, 4)։ Ասոր համար, ան մեզ կը մարզէ որ աւելի լաւ կերպով սորվեցնենք բարի լուրը, քանի որ ատիկա կեանք կը փրկէ։ Նոյնիսկ եթէ մարդիկ հիմա մեզի մտիկ չընեն, անոնք թերեւս մտիկ ընելու առիթը ունենան մեծ նեղութիւնը վերջանալէ առաջ։ դ25.03 15-16 ¶5-7

Հինգշաբթի, մարտ 26

Ով որ բարեւ տայ, անոր չար գործերուն հաղորդակից կ’ըլլայ (Բ. Յովհ. 11)։

Ամէն մէկ քրիստոնեայ Աստուածաշունչով մարզուած իր խիղճը պէտք է գործածէ, որոշելու համար թէ ինչպէ՛ս պիտի վարուի ժողովքէն հեռացուած մէկու մը հետ։ Ոմանք թերեւս հանգիստ զգան իրեն բարեւ մը տալու կամ իրեն բարի գալուստ մաղթելու երբ ժողովի գայ։ Բայց անոր հետ երկար խօսակցութիւններ չենք ունենար, ո՛չ ալ՝ հետը կ’ընկերակցինք։ Ոմանք թերեւս հարց տան. ‘Աստուածաշունչը չ’ըսե՞ր թէ քրիստոնեայ մը, որ այսպիսի մէկու մը կը բարեւէ, անոր չար գործերուն մասնակից կ’ըլլայ’ (Բ. Յովհ. 9-11)։ Այս համարին շուրջի համարները ցոյց կու տան, թէ այս ուղղութիւնը կ’ակնարկէ հաւատուրացներու եւ անոնց, որոնք կը փորձեն ուրիշները քաջալերել որ ընեն ինչ որ Աստուածաշունչը կ’ըսէ սխալ է (Յայտ. 2։20)։ Ուրեմն, եթէ մէկը հաւատուրացութիւն կամ ուրիշ սխալ բաներ կը քաջալերէ, երէցները անոր հետ հանդիպում ունենալու կարգադրութիւն պիտի չընեն։ Անշուշտ, տակաւին յոյս կայ որ ան իր սխալին անդրադառնայ, բայց մինչեւ որ այդ օրը գայ, մենք ո՛չ անոր բարեւ պիտի տանք, ո՛չ ալ զինք ժողովի պիտի հրաւիրենք։ դ24.08 30-31 ¶14-15

Ուրբաթ, մարտ 27

Սրտերնին թմրած էր (Մար. 6։52)։

Յիսուս ժողովուրդ մը կերակրելէ ետք, առաքեալները նաւով Կափառնայում ղրկեց, իսկ ինքը առանձին լեռը ելաւ։ Այսպիսով առիթ չտուաւ որ մարդիկ զինք թագաւոր ընեն (Յովհ. 6։16-20)։ Մինչ առաքեալները նաւուն մէջն էին, փոթորիկ մը ելաւ, իր հետը բերելով զօրաւոր հով ու ալիքներ։ Ետքը, Յիսուս ծովուն վրայ քալելով իրենց քովը եկաւ, եւ Պետրոսը քաջալերեց որ ինքն ալ ջուրին վրայ քալէ (Մատ. 14։22-31)։ Հազիւ որ Յիսուս նաւը ելաւ՝ հովը դադրեցաւ։ Աշակերտները հիացած՝ ըսին. «Իրաւցնէ Աստուծոյ Որդին ես դուն» (Մատ. 14։33)։ Հետաքրքրական է, որ աշակերտները այս խօսքը ըսին՝ Յիսուս ծովուն վրայ քալելէն ետք, եւ ո՛չ թէ հացով հրաշք ընելէն ետք։ Նկատէ թէ Մարկոս ինչ կ’ըսէ նոյն դէպքին մասին. «[Առաքեալները] մտքերնուն մէջ չափէ դուրս ապշած էին ու կը զարմանային, վասն զի հացին վրայ եղած հրաշքը չիմացան» (Մար. 6։50-52)։ Աշակերտները հացին վրայ եղած հրաշքէն վերջ չէին հասկցած, որ Եհովան Յիսուսին զօրութիւն տուած է շա՜տ աւելի մեծ հրաշքներ ընելու։ դ24.12 5 ¶7

Շաբաթ, մարտ 28

Աստուած կ’ուզէ որ բոլոր մարդիկ փրկուին ու ճշմարտութիւնը ճանչնան (Ա. Տիմ. 2։4)։

Ցոյց կու տանք որ մեզի հանդէպ Եհովային սէրը կը գնահատենք, երբ ամէն բան կ’ընենք որ Յիշատակատօնի շրջանին մեր գնահատութիւնը ցուցնենք։ Յիշատակատօնին ներկայ ըլլալէ զատ՝ կրնանք ուրիշներ ալ հրաւիրել։ Հրաւիրած անձերուդ բացատրէ, թէ Յիշատակատօնին ի՛նչ տեղի պիտի ունենայ։ Կրնաս jw.org կայքին վրայ անոնց ցուցնել Յիսուս ինչո՞ւ մեռաւ եւ Յիշէ Յիսուսի մահը վիտէօները։ Երէցները պէտք է ամէն ջանք ընեն, որ անգործունեաները հրաւիրեն։ Երեւակայէ որ թէ՛ երկինքին մէջ եւ թէ երկրի վրայ որքա՜ն ուրախութիւն կ’ըլլայ, երբ Եհովային կորսուած ոչխարներէն ոմանք իրեն վերադառնան (Ղուկ. 15։4-7)։ Յիշատակատօնին ջանք թափենք, որ ո՛չ միայն իրարու բարեւ տանք, հապա նաեւ՝ նորեկներուն եւ անոնց, որոնք շատոնց ներկայ չեն եղած։ Մենք կ’ուզենք որ անոնք հանգիստ զգան (Հռով. 12։13)։ դ25.01 29 ¶15

Կիրակի, մարտ 29

Աստուած. . . մեզ սիրեց ու իր Որդին ղրկեց մեր մեղքերուն քաւութիւն ըլլալու (Ա. Յովհ. 4։10)։

Փրկանքը ո՛չ միայն մեզի կ’օգնէ, որ հասկնանք թէ Եհովան արդար է, հապա նաեւ՝ թէ ան որքա՜ն խոր սէր ունի մեզի հանդէպ (Յովհ. 3։16. Ա. Յովհ. 4։9, 10)։ Եհովան ո՛չ միայն կ’ուզէ որ յաւիտեան ապրինք, հապա նաեւ՝ որ իր ընտանիքին մէկ մասը ըլլանք։ Նկատի առ որ երբ Ադամ մեղք գործեց, Եհովան զինք Իր ընտանիքէն դուրս վռնտեց։ Ասոր համար, բոլորս երբ ծնանք՝ Եհովային ընտանիքին մաս չկազմեցինք։ Բայց քանի որ փրկանքը վճարուեցաւ, Եհովան մեր մեղքերը կը ներէ եւ առիթ կու տայ, որ ամէն անձ որ իրեն կը հաւատայ ու կը հնազանդի, օր մը իր ընտանիքին մաս կազմէ։ Նոյնիսկ հիմա կրնանք մօտիկ փոխյարաբերութիւն ունենալ թէ՛ Եհովային եւ թէ եղբայրներուն ու քոյրերուն հետ։ Եհովան իրապէ՛ս մեզ կը սիրէ (Հռով. 5։10, 11)։ դ25.01 21 ¶6

Յիշատակատօնին համար՝ Աստուածաշունչի ընթերցանութիւն. (Ցերեկուան ընթացքին՝ նիսան 9–ի դէպքերը) Յովհաննէս 12։12-19. Մարկոս 11։1-11

Երկուշաբթի, մարտ 30

Այս բանին մէջ Աստուծոյ սէրը մեր վրայ յայտնի եղաւ (Ա. Յովհ. 4։9)։

Վստահաբար կը համաձայնիս, որ փրկանքը շատ արժէքաւոր նուէր մըն է (Բ. Կոր. 9։15)։ Դուն կրնաս Եհովային մօտիկ բարեկամը ըլլալ, քանի որ Յիսուս մեզի համար մեռաւ։ Նաեւ կրնաս յաւիտեան ապրելու առիթը ունենալ։ Շատ պատճառներ ունինք որ մեր գնահատութիւնը ցուցնենք Եհովային, որ փրկանքը տուաւ քանի որ մեզ շատ կը սիրէ (Հռով. 5։8)։ Եւ որպէսզի շարունակենք փրկանքը գնահատել եւ բնա՛ւ թեթեւի չառնենք, Յիսուս մեզմէ խնդրեց որ իր մահուան Յիշատակատօնին ներկայ ըլլանք (Ղուկ. 22։19, 20)։ Այս տարի, Յիշատակատօնը պիտի տօնենք հինգշաբթի, 2 ապրիլ 2026–ին։ Վստահաբար բոլորս կը ծրագրենք ատոր ներկայ ըլլալ։ Լաւ կ’ըլլայ որ ամէն մէկս Յիշատակատօնի շրջանին ժամանակ տրամադրենք, որ խոկանք թէ Եհովան եւ Յիսուսը ի՛նչ ըրած են մեզի համար։ դ25.01 20 ¶1-2

Յիշատակատօնին համար՝ Աստուածաշունչի ընթերցանութիւն. (Ցերեկուան ընթացքին՝ նիսան 9–ի դէպքերը) Յովհաննէս 12։20-50

Երեքշաբթի, մարտ 31

Իմ խրատս առէ՛ք եւ ոչ թէ արծաթ։ Ու ընտիր ոսկիէն աւելի գիտութիւնը սիրեցէ՛ք (Առ. 8։10)։

Որքա՛ն աւելի խոկաս թէ Եհովան եւ Յիսուսը ի՛նչ ըրած են մեզի համար, այնքա՛ն աւելի բաներ կը սորվիս իրենց սիրոյն մասին։ Օրինակ, այս տարի՝ Յիշատակատօնի շրջանին կրնաս կարդալ Աւետարան մը կամ աւելի։ Մի՛ փորձեր մէկ անգամէն շատ գլուխներ կարդալ։ Հապա՝ կամաց կարդայ եւ տես թէ ուրիշ ի՛նչ պատճառներ ունինք, որ Եհովան եւ Յիսուսը սիրենք։ Եթէ երկար տարիներէ ի վեր ճշմարտութեան մէջ ես, թերեւս կը մտածես որ արդեօք կարելի՞ է, որ նոր բաներ սորվիս արդէն մեր լաւ գիտցած նիւթերուն մասին, օրինակ՝ Աստուծոյ արդարութիւնը, իր սէրը եւ փրկանքը։ Իրականութիւնը այն է, որ միշտ սորվելիք նոր բաներ ունինք այսպիսի նիւթերու մասին։ Ուրեմն, կարդա՛ եւ սերտէ մեր հրատարակութիւններուն մէջի լեցուն տեղեկութիւնները։ դ25.01 24-25 ¶13-15

Յիշատակատօնին համար՝ Աստուածաշունչի ընթերցանութիւն. (Ցերեկուան ընթացքին՝ նիսան 9–ի դէպքերը) Ղուկաս 21։1-36

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2026)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2026 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել