ՄԱՅԻՍ 11-17, 2026
ԵՐԳ 23 Եհովան մեր զօրութիւնն է
Տիեզերքի Գերիշխանին վստահէ
«Միայն դո՛ւն, որուն անունը Եհովա է, Բարձրեալ ես բոլոր երկրի վրայ» (ՍԱՂ. 83։18)։
ՆՒՒԹ
Պիտի սորվինք թէ ինչո՛ւ կրնանք ամբողջովին վստահ ըլլալ թէ Եհովան մեզի պիտի օգնէ, երբ նեղութիւններ ունենանք հիմա եւ ապագային։
1. Յոբին գլխուն ի՞նչ փորձանքներ եկան։
ԱՆՑԵԱԼԻՆ ապրած հաւատարիմ Յոբը մէկ անգամէն իր ամէն ինչը կորսնցուց. իր զաւակները, իր առողջութիւնը եւ իր ունեցած–չունեցածը։ Ասոնցմէ զատ, ան ուրիշներուն յարգանքն ալ կորսնցուց։ Իսկ իր «ընկերները» այնպիսի բաներ ըսին իրեն, որ ան փոխանակ մխիթարուելու, ա՛լ աւելի գէշ զգաց։ Նոյնիսկ իր սիրելի կինը, ծայր աստիճան նեղութեան մէջ ըլլալով, իրեն ըսաւ. «Աստուծոյ հայհոյէ ու մեռիր» (Յոբ 2։9. 15։4, 5. 19։1-3)։ Այս ցաւալի դէպքերը հաւանաբար պատճառ եղան որ Աստուծոյ հանդէպ Յոբին վստահութիւնը տկարանայ, ինչպէս նաեւ ան կասկած ունենայ թէ Եհովան Զինք սիրողներուն ու Իրեն ծառայողներուն պիտի օգնէ եւ պաշտպանէ։
2-3. Ի՞նչ բանի մասին թերեւս կասկածներ սկսինք ունենալ, եւ ի՞նչ պիտի սորվինք Յոբ գիրքէն։
2 Ատեններ, մենք ալ դժուար պարագաներու առջեւ կը գտնուինք, որոնք կրնան Աստուծոյ հանդէպ մեր վստահութիւնը շատ տկարացնել։ Մենք հիմա կ’ապրինք «չար ժամանակներ»ու մէջ (Բ. Տիմ. 3։1)։ Երբ ետեւ–ետեւի դժուարութիւններ ունենանք, թերեւս ամէն բան աչքերնուս առջեւ սեւնայ եւ զգանք որ այլեւս կարող չենք տոկալ։ Այս տեսակի փորձառութիւններ ձգած են որ ոմանք կասկածին, թէ Աստուած իսկապէս կ’ուզէ՛ իրենց օգնել եւ պաշտպանել։
3 Եթէ դուն ալ այսպէս կը զգաս, մի՛ յանձնուիր։ Ճիշդ ինչպէս որ Յոբ տեսաւ որ Եհովան կ’ազատէ Իրեն հաւատարիմ եղողները, մենք ալ կրնանք նոյն զօրաւոր վստահութիւնը ունենալ մեր երկնաւոր Հօր հանդէպ։ Ասոր համար, հիմա պիտի տեսնենք որ Յոբ գիրքը մեզի ինչպէ՛ս կը սորվեցնէ հետեւեալ երկու կէտերը։ Առաջին, միշտ կրնանք Եհովային վստահիլ, քանի որ ան տիեզերքին Գերիշխանն է։ Երկրորդ, մեր ամենակարող Աստուածը կրնայ աշխարհի դէպքերը այնպէս մը ղեկավարել, որ իր նպատակը անպայման կատարուի եւ իր ժողովուրդը պաշտպանուի հոգեւոր եւ ֆիզիքական մնայուն վնասներէ։
ՍԱՏԱՆԱՆ ԳՆԱՑ ԱՆՈՆՑ ՀԵՏ
4. Յոբ գրքին մէջ նշուած ժողովին ո՞վ ներկայ եղաւ։
4 Օրին մէկը, «Աստուծոյ որդիները» Եհովային առջեւ հաւաքուեցան երկինքի մէջ։ Սուրբ Գիրքը կ’ըսէ որ «Սատանան ալ գնաց անոնց հետ» (Յոբ 1։6)։ Ասիկա Աստուածաշունչին մէջ առաջին անգամն է, որ Աստուծոյ գլխաւոր թշնամին կը նկարագրուի իբրեւ «Սատանայ», այսինքն՝ «Հակառակորդ»։ Թէեւ Սատանան այլեւս Աստուծոյ հաւատարիմ որդին չէր, բայց Եհովան արտօնեց որ ան այդ ժողովին ներկայ ըլլայ։ Ան Եհովային, հաւատարիմ հրեշտակներուն եւ բոլոր հաւատարիմ մարդոց գլխաւոր թշնամին դարձած էր։ Մենք գիտենք որ Սատանան այլեւս Եհովային ընտանիքին մաս չէր կազմեր այդ օրուընէ ի վեր, որ Աստուած Ծննդոց 3։15–ի խօսքերը խօսեցաւ։ Ուրեմն, Սատանան չէր պատկաներ «կնոջ», այսինքն՝ Եհովայի հոգեղէն արարածներէ բաղկացած ընտանիքին, որմէ «սերունդ»ը պիտի գար։
5. Ի՞նչ բան կրնանք սորվիլ Սատանային խօսքերէն եւ Եհովային պատասխանէն։
5 Եհովան թոյլ տուաւ որ Սուրբ Գիրքին մէջ գրուի ինչ որ ըսուեցաւ երկինքին մէջ եղած այդ ժողովին ընթացքին։ Սատանային խօսքերը յստակօրէն ցոյց կու տան թէ ան անսիրտ է, եւ Եհովային ծառաներուն մասին սուտեր կը խօսի (Յոբ 1։9. բաղդատէ՛ Յայտնութիւն 12։10–ին հետ)։ Այս ժողովէն նաեւ կը սորվինք բան մը որ մեզ կը մխիթարէ, որ է՝ Եհովան իր անվերջ ուժը մի՛շտ ճիշդ եւ արդար կերպով կը գործածէ։ Նաեւ, կը սորվինք որ Ամենակարողն է որ սահմաններ կը դնէ թէ ուրիշներ ի՛նչ կրնան ընել։
ԵՀՈՎԱՆ Է ՈՐ ԱՄԷՆ ԲԱՆԻ ՍԱՀՄԱՆՆԵՐ ԿԸ ԴՆԷ
6. Եհովան ինչպէ՞ս ցուցուց, թէ ի՛նքն էր որ կը ղեկավարէր երկինքին մէջ եղած ժողովը (Յոբ 1։7, 8)։
6 Կարդա՛ Յոբ 1։7, 8։ Եհովա՛ն էր որ կը ղեկավարէր այդ ժողովը։ Ան Սատանային հարցուց. «Յոբ ծառայիս աղէկ ուշադրութիւն ըրի՞ր»։ Յստակ է որ Եհովան շատ լաւ գիտէր, թէ Սատանան իր աչքը դրած էր հաւատարիմ Յոբին վրայ, որ զինք չարչարէ։ Հիմա նկատի առնենք որ Եհովան ինչպէ՛ս իր ուժը գործածեց որ Յոբին օգնէ։
7. Յոբ 1։10, 11–ի համաձայն, Սատանան ի՞նչ ըսաւ Եհովային ծառայողներուն մասին։
7 Կարդա՛ Յոբ 1։10, 11։ Եհովան տիեզերքին ամենակարող Գերիշխանն է, եւ ան իր իշխանութիւնը եւ ուժը կը գործածէ ընելու համար ի՛նչ որ ինք յարմար կը տեսնէ (Եր. 32։17. Դան. 4։35)։ Հակառակ ասոր, Սատանան ամենայն վստահութեամբ ըսաւ որ Եհովան ճիշդ կերպով չէր գործածեր իր ուժը։ Իրականութեան մէջ, Սատանան ըսել կ’ուզէր թէ Աստուած մարդոց կաշառք կու տայ որ իրեն ծառայեն, օրինակ՝ Յոբին պարագային։ Սատանան նաեւ ըսել ուզեց որ Եհովային ծառայողները անձնասէր են եւ զինք կը պաշտեն միա՛յն քանի որ ան իրենց լաւ բաներ կու տայ։ Այս բոլորին ի տես, Եհովան ի՞նչ որոշեց ընել։
8-9. Եհովան ի՞նչ յստակ սահմաններ դրաւ Սատանային, եւ ինչո՞ւ (Յոբ 1։12) (տե՛ս նաեւ նկարը)։
8 Կարդա՛ Յոբ 1։12։ Եհովան Սատանային առիթ տուաւ որ իր ըսածը փաստէ, բայց միեւնոյն ատեն սահմաններ ալ դրաւ անոր, ըսելով. «Իրեն [Յոբին] վրայ ձեռք չերկնցնես»։ Եհովան բոլորին առջեւ սահմանեց թէ որքա՛ն առիթ պիտի տայ Սատանային որ իր միտքին մէջ եղածը ընէ Յոբին։ Սատանան զօրութիւնը չունէր այդ սահմանը անցնելու, եւ մինչեւ այսօր ալ չի կրնար այդ սահմանը անցնիլ։ Անոր համար, ան ստիպուած էր այդ սահմաններուն մէջ մնալ։ Իսկ Եհովան իր իշխանութիւնը եւ ուժը գործածեց, որ Յոբը պաշտպանէ եւ իր արդար ու սիրալիր ըլլալը փաստէ։
9 Սատանային առաջին փորձը չյաջողեցաւ եւ Յոբ իր երկնաւոր Հօրը հաւատարիմ մնաց (Յոբ 1։22)։ Բայց, Հակառակորդը չէր յանձնուած եւ կ’ուզէր շարունակել Յոբին հաւատարմութիւնը փորձի տակ դնել։
Եհովան Սատանային արգելք չեղաւ որ ուրիշներու առջեւ սուտեր ըսէ (տե՛ս պարբերութիւն 8-9)
10. Եհովան ինչո՞ւ արտօնեց որ Սատանան անգամ մը եւս Յոբը փորձէ (Յոբ 2։2-6)։
10 Կարդա՛ Յոբ 2։2-6։ Այս անգամին Սատանան ուզեց շա՛տ աւելի գէշ բան մը ընել, որպէսզի Յոբ Եհովային հաւատարիմ չգտնուի։ Սատանան ըսաւ որ Յոբը իր կեանքը ազատելու համար նոյնիսկ Աստուծոյ պիտի հայհոյէր։ Սատանային սխալ ըլլալը փաստելու համար, Եհովան արտօնեց որ Սատանան Յոբը հիւանդութեամբ զարնէ։ Բայց անգամ մը եւս, Եհովան Սատանային սահմաններ դրաւ, ըսելով. «Անոր կեանքը պահէ»։ Սատանան կարողութիւնը չունէր Յոբը մեռցնելու, քանի որ Եհովան իրեն թոյլ պիտի չտար։ Հոս, անգամ մը եւս կը տեսնենք որ Եհովան ինք Բարձրեալն է, քանի որ ինք այս փորձութեան սահմանները դրաւ, եւ Սատանան ատոնցմէ դուրս չէր կրնար ելլել։
ԵՀՈՎԱՆ ԿԸ ԿԵՑՆԷ ՅՈԲԻՆ ՉԱՐՉԱՐԱՆՔԸ
11. Եհովան ինչպէ՞ս օրհնեց Յոբը՝ անոր չարչարանքը կեցնելէ ետք (Յոբ 42։10-13)։
11 Կարդա՛ Յոբ 42։10-13։ Շատ յստակ դարձաւ որ Յոբ մի՛շտ հաւատարիմ պիտի մնար Եհովային։ Ասոր համար, Եհովան կեցուց Սատանան եւ վերջացուց Յոբին չարչարանքը։ Սատանան այս անգամ ալ կարողութիւնը չունէր Եհովային որոշումին հակառակ կենալու եւ արգելք ըլլալու որ Եհովան պաշտպանէ եւ օրհնէ Յոբը։
12. Օրինակ տուր թէ Եհովան ի՞նչ ըրած է իր այն ծառաներուն համար, որոնք հաւատացին որ Իր ուժովը պիտի ազատուին։
12 Եհովան իր ուժը գործածած է որպէսզի իր ծառաներէն շատերուն օգնէ այս վերջին օրերուն ընթացքին։ Օրինակ, 1945–ին նացի զինուորները 230 Եհովայի վկաներ բանտէն հանեցին եւ ստիպեցին որ երկար ու վտանգաւոր ճամբայ մը քալեն՝ դէպի ծով, որպէսզի հոն զանոնք սպաննեն։ Բայց բոլորն ալ ողջ մնացին եւ հետեւեալ խօսքերը գրեցին իրենց այս վախնալիք փորձառութեան մասին. «Փորձութեան երկարատեւ ու դժուար ժամանակաշրջան մը վերջ գտաւ, եւ մեզմէ անոնք որ վերապրեցան, որպէս թէ հնոցէ մը դուրս հանուելով, իրենց վրայ կրակին հոտն անգամ չկայ. . . Ընդհակառակը, անոնք Եհովայէ լման զօրութիւն ստացած են»։ Անոնք նաեւ զգացին որ Դանիէլին պէս իրենք ալ ազատուեցան առիւծներու գուբէն։ Այն օրուընէ ետք, անոնք որոշեցին որ յաւիտեան ծառայեն Եհովային, եւ ըսին թէ ասիկա մեծագոյն օրհնութիւնն է (բաղդատէ՛ Դանիէլ 3։27. 6։22–ին հետ)։
13. Երբ խնդիրներ ունենաս ի՞նչ բանէ կրնաս վստահ ըլլալ (տե՛ս նաեւ նկարները)։
13 Ատեններ մենք ալ կ’անցնինք դժուար պարագաներէ եւ կը զգանք որ կարծես թէ առիւծներուն գուբին մէջն ենք (Ա. Պետ. 5։8-10)։ Երբեմն չափէ դուրս յուսահատ կը զգանք, քանի որ մեր աչքին այնպէս մը կ’երեւի թէ մեր խնդիրները վերջ պիտի չունենան։ Ասանկ ատեններ, Յոբին հետ պատահածը մեր միտքը բերելը կրնայ մեզի օգնել։ Կրնանք բոլորովին վստահ ըլլալ որ Եհովան զօրութիւնը ունի մեր չարչարանքին վերջ դնելու եւ ան ասիկա պիտի ընէ կամ հիմա՛ կամ ալ՝ նոր աշխարհին մէջ։ Ան որոշած է ե՛րբ այս չար աշխարհին վերջ պիտի դնէ, եւ պիտի չարտօնէ որ ատիկա մէ՛կ օր իսկ աւելի մնայ։
Եհովան վերջ պիտի դնէ իր հաւատարիմ ծառաներուն չարչարանքին (տե՛ս պարբերութիւն 13)
ԵՀՈՎԱՆ ԿԸ ՍԻՐԷ ԻՐ ՀԱՒԱՏԱՐԻՄ ԾԱՌԱՆԵՐԸ
14-15. Եհովան ի՞նչ կ’ուզէ ընել իր հաւատարիմ ծառաներուն համար, եւ ինչո՞ւ (Յոբ 14։15) (տե՛ս նաեւ նկարը)։
14 Կարդա՛ Յոբ 14։15։ Մեր երկնաւոր Հայրը հաւատարիմ է իրեն հաւատարիմ եղողներուն։ Ան զանոնք այնքա՛ն կը սիրէ, որ եթէ անոնք մահանան՝ ան ետ կեանքի պիտի բերէ զանոնք։ Ասանկով, ան պիտի ջնջէ մահուան պատճառած ցաւը (Եսա. 65։17)։
15 Ճիշդ է որ Յոբ շարունակեց ապրիլ Սատանային իշխած աշխարհին մէջ, բայց Սուրբ Գիրքը կ’ըսէ թէ Եհովան Յոբին առողջութիւնը վերադարձուց եւ առաջուընէ աւելի օրհնեց զինք։ Ան ապագային ա՛լ աւելի պիտի օրհնէ Յոբը։ Յստակ է, թէ Եհովան կ’ուզէ օրհնել իրեն հաւատարիմ մնացողները, որպէսզի անոնք շատ ուրախ ու կատարեալ կեանք մը ապրին դրախտի վերածուած երկրի մը վրայ (Յայտ. 21։3, 4)։ Տիեզերքին Գերիշխանը ըլլալով, Եհովան փափաքը ունի որ ասիկա իրականացնէ։ Այս գաղափարը որքա՜ն մեզ կը մխիթարէ, երբ դժուարութիւններու կը տոկանք։
Յոբին գլխուն եկած փորձանքներէն ետք, Եհովան շատ օրհնեց Յոբը եւ անոր կինը (տե՛ս պարբերութիւն 14-15)
16. Ուրիշ ի՞նչ պատճառով կրնանք Եհովային վստահիլ իբրեւ Գերիշխան։
16 Երկար կեանք մը ապրելէ ետք, ի վերջոյ Յոբ մահացաւ։ Բայց քանի որ Գերիշխան ու Ամենակարող Եհովա Աստուած զօրութիւն ունի, ան Յոբը ետ կեանքի պիտի բերէ (Բ. Օր. 32։39)։ Ո՛չ ոք կրնայ Եհովային արգելք ըլլալ, որ իրեն սիրելի եղողներուն յարութիւն տայ։ Եւ Եհովան ի՛ր ուզած ժամանակին յարութիւն պիտի տայ մարդոց (Հռով. 8։38, 39)։
ԱՄԲՈՂՋՈՎԻՆ ՎՍՏԱՀԷ ԵՀՈՎԱՅԻՆ
17. Ինչպէ՞ս գիտենք որ Սատանան չի կրնար Եհովային ժողովուրդը մէջտեղէն վերցնել։
17 Յոբ գիրքէն սորվեցանք որ շատ պատճառներ ունինք ամբողջովին վստահելու Եհովային։ Մենք շա՜տ շնորհակալ ենք Եհովային, քանի որ առիթ չէ տուած Սատանային որ Իր ժողովուրդը մէջտեղէն վերցնէ։ Ներկայիս գրեթէ ինը միլիոն անձեր հաւատարմօրէն կը ծառայեն Եհովային, եւ ասիկա կը փաստէ Գերիշխան Եհովային զօրութիւնը։ Պատմութեան ընթացքին, զօրաւոր կառավարութիւններ ու կրօնական առաջնորդներ փորձած են արգելք ըլլալ, որ Եհովային ժողովուրդը իրեն ծառայէ ու պաշտէ։ Բայց միշտ տեսած ենք, որ Եհովային ժողովուրդին ‘վնասող ոեւէ գործիք ամենեւին չէ յաջողած’ (Եսա. 54։17)։ Բան մը չկայ որ կրնայ մեզի արգելք ըլլալ, որ ուրիշներուն վկայենք թէ Եհովան ճշմարիտ Աստուածն է եւ թէ Սատանան մեծ ստախօս մը ու ոճրագործ մըն է։ Նոյնիսկ մահը չի կրնար մեզ կեցնել, քանի որ Եհովան յարութիւն պիտի տայ բոլոր անոնց որոնք իրեն հաւատարիմ կը մնան մինչեւ մահ (Ով. 13։14)։
18. Ինչո՞ւ պէտք չունինք ապագայէն վախնալու։
18 Մինչ կը խոկանք Յոբ գիրքին վրայ, աւելի զօրաւոր հաւատք պիտի ունենանք որ Եհովան անպայման մեզի պիտի օգնէ՝ ի՛նչ որ ալ ըլլայ ապագային։ Մեծ նեղութեան ընթացքին, անանկ մէկ պիտի երեւայ թէ Եհովային ժողովուրդը տկար է եւ Սատանան ու իր հետեւորդներն են զօրաւորները։ Բայց իրականութեան մէջ, ճիշդ ինչպէս Եհովան Յոբին պարագային ըրաւ, նոյնպէս իր ամենակալ ուժը պիտի գործածէ, որպէսզի Սատանային չարտօնէ որ իր ծառաները մնայուն կերպով մէջտեղէն վերցնէ։ Երթալէն աւելի կը մօտենանք այն ժամանակին, երբ Եհովան վերջ պիտի դնէ ամէն տեսակ չարչարանքի՝ որուն ետեւը Սատանան կայ։ Սատանան եւ իր դեւերը 1000 տարի անդունդը պիտի ձգուին (Ղուկ. 8։31. Յայտ. 20։1-3)։ Ատկէ ետք, Սատանան եւ բոլոր անոնք որոնք իր կողքին դիրք բռնած են՝ բոլորովին մէջտեղէն պիտի վերցուին, ճիշդ ինչպէս որ Եհովան ըսած էր որ պիտի ըլլայ (Ծն. 3։15. Հռով. 16։20. Յայտ. 20։10)։
19. Եհովան ինչպէ՞ս պիտի օրհնէ իրեն լման վստահողները (տե՛ս նաեւ նկարը)։
19 Մենք անհամբեր կը սպասենք նոր աշխարհին, ուր կատարեալ եւ իրապէս ուրախ պիտի ըլլանք։ Հոն կեանքը մեր երեւակայածէն շա՜տ աւելի աղուոր պիտի ըլլայ։ Եհովան կը խոստանայ. «Ահա ամէն բաները նոր կ’ընեմ» (Յայտ. 21։5)։ Ինչպէ՞ս։ Եդեմի պարտէզին մէջ պատահածէն ի վեր առաջին անգամ ըլլալով Սատանան եւ իր դեւերը պիտի չկրնան վնաս հասցնել մարդոց, կամ պատճառ ըլլալ որ մարդիկը գէշ բաներ ընեն։ Խորո՜ւնկ շունչ մը պիտի քաշենք։ Այլեւս կեանքի հոգերուն պատճառով գիշերները անքուն պիտի չմնանք։ Արմագեդոնէն անցնողները շատ հրաշքներ պիտի տեսնեն, օրինակ՝ հիւանդներուն բուժուիլը։ Եւ վերջապէս պիտի սկսի մեր մահացած սիրելիներուն յարութիւնը։ Մէկ խօսքով, պիտի սկսինք ապրիլ ինչպէս որ մեր երկնաւոր Հայրը կ’ուզէր որ սկիզբէն ապրէինք։
Եհովան հիանալի կերպով պիտի օրհնէ իր հաւատարիմ ծառաները, որոնք անցեալին նեղութիւններէ անցան (տե՛ս պարբերութիւն 19)
20. Ի՞նչ բան պէտք է վճռենք ընել։
20 Մինչ այս վերջին օրերուն մէջ քաջաբար կը տոկանք դժուարութիւններու, վճռենք որ ամբողջովին վստահինք Եհովային եւ հնազանդինք անոր գերիշխանութեան։ Նաեւ, շարունակենք ցոյց տալ որ մենք կը սիրենք մեր երկնաւոր Հայրը եւ փաստենք թէ Սատանան ստախօս է։ Այո, կրնանք վստահ ըլլալ որ եթէ հաւատարիմ մնանք Եհովային՝ մեր Գերիշխանին, հիանալի ապագայ մը պիտի ունենանք, քանի որ ան իսկապէս կ’ուզէ օրհնել իր հաւատարիմ ծառաները եւ ան վստահօրէ՛ն ատիկա պիտի ընէ։
ԵՐԳ 153 Քաջ սիրտ տուր ինծի