ՄԱՅԻՍ 18-24, 2026
ԵՐԳ 70 Աւելի կարեւոր բաները ընտրեցէք
Ինչպէ՞ս կրնանք մեր կեդրոնացումը չկորսնցնել
«Իմացէք թէ ի՞նչ է Տէրոջը կամքը» (ԵՓ. 5։17)։
ՆԻՒԹ
Ինչպէ՞ս կրնանք կեդրոնացած մնալ հոգեւոր բաներու վրայ, չնայած որ կ’անցնինք պարագաներէ որոնք կրնան մեր կեդրոնացումը խանգարել։
1-2. Ինչպէ՞ս կրնայ կարեւոր բան մը մեր կեդրոնացումը խանգարել։
ՎԵՐՋԻՆ անգամին ե՞րբ էր որ բան մը կեդրոնացումդ խանգարեց։ Օրինակ մը տանք։ Երեւակայէ որ ինքնաշարժ քշած ատենդ հեռաձայնդ կը զարնէ։ Թերեւս միտքէդ կ’անցնի որ մէկը օգնութեանդ պէտք ունի, բայց նաեւ գիտես որ այդ վայրկեանին կեդրոնացումդ պէտք է ճամբուն վրայ ըլլայ։ Մեր կեանքին մէջ շատ պարագաներ կան, երբ պէտք է որոշենք թէ որոշ մէկ ատեն ո՛ր բանը ընելը՝ միւսէն աւելի կարեւոր է։
2 Բոլորիս կեանքը լեցուն է կարեւոր բաներով։ Գիտենք որ ամենակարեւոր բաները որոնց վրայ պէտք է կեդրոնանաք՝ մեր հոգեւոր գործունէութիւններնa ու ռութինն է (Մատ. 6։33)։ Եհովային ծառաները կը նմանին ուշադրութեամբ քշող վարիչներու։ Անոնք կը ջանան զանազանել թէ ի՛նչ բաներ կրնան արգելք ըլլալ, որ իրենք կեդրոնանան ամենակարեւոր բաներուն վրայ (Առ. 4։25. Մատ. 6։22)։
3. Այս յօդուածը ինչպէ՞ս պիտի օգնէ մեզի։
3 Մենք չենք ծրագրեր տարուիլ բանով մը, որ մեզ կը շեղեցնէ հոգեւոր բաներէ։ Բայց նոյն ատեն բոլորս ալ կ’ըլլանք պարագաներու առջեւ, որոնք կրնան մեր կեդրոնացումը խանգարել (Ղուկ. 21։34-36)։ Այս յօդուածը մեզի պիտի օգնէ որ կեդրոնանանք Եհովային ծառայութեան վրայ։ Նկատի առնենք թէ 1) ի՛նչ բաներ կրնան մեր կեդրոնացումը խանգարել, 2) Յիսուս ինչպէ՛ս չձգեց որ որեւէ բան զինք շեղեցնէ Եհովային ծառայութենէն, եւ թէ 3) ինչպէ՛ս կրնանք Յիսուսին պէս մեր կեդրոնացումը չկորսնցնել։
Ի՞ՆՉ ԲԱՆԵՐ ԿՐՆԱՆ ՄԵՐ ԿԵԴՐՈՆԱՑՈՒՄԸ ԽԱՆԳԱՐԵԼ
4-6. Ի՞նչ բաներ դիւրաւ կրնան մեզ հոգեւոր բաներէ շեղեցնել։
4 Բոլորս ալ ունինք բաներ, որոնք մեր ուշադրութիւնը կը պահանջեն։ Օրինակ, թերեւս ունինք առողջապահական խնդիրներ կամ ընտանեկան կամ անձնական կարեւոր հարցեր, որոնց պէտք է հոգ տանինք։ Անշուշտ, ասոնք կարեւոր բաներ են եւ մեր ուշադրութեան արժանի են։ Բայց կարելի՞ է որ ատոնք մեր ուշադրութիւնը շեղեն հոգեւոր բաներէ։ Կարելի՛ է, եթէ ատոնք սկսին մեր բոլոր ժամանակը կամ կեդրոնացումը խանգարել։
5 Ասկէ զատ, մեզմէ շատեր անձնապէս ազդուած են քաղաքական տակնուվրայութիւններէ, դրամական նեղութիւններէ եւ շուտ տարածուող հիւանդութիւններէ (Բ. Տիմ. 3։1)։ Երբ այս վիճակներուն մէջ գտնուինք, թերեւս այնքա՛ն մտահոգուինք, որ լման ժամանակը ատոնց մասին մտածենք։
6 Թերեւս գիտենք մարդիկ, որոնց կեանքը տակնուվրայ եղաւ այսպիսի պարագաներու պատճառաւ։ Բնական է որ անոնք շատ սթրես ունենան։ Եհովան մարդը չստեղծեց որ չարչարուի կամ միշտ սթրեսի տակ ըլլայ։ Ասոր համար, ոմանք կը զգան որ այլեւս սովորական կեանք մը ապրիլը կարելի չէ, եւ կը փորձեն չափէ դուրս ժամանակ տրամադրել ժամանցի ու հանգիստի, որպէսզի իրենց սթրեսը թեթեւցնեն։ Լաւ, ի՞նչ կրնանք ընել եթէ մենք ալ այս տեսակի պարագայի մը մէջ ենք։ Նկատի առնենք թէ Յիսուսէն ի՛նչ կրնանք սորվիլ, եւ մեր սորվածը ինչպէ՛ս կ’օգնէ որ Եհովային ծառայութենէն չշեղինք։
ՅԻՍՈՒՍ Ի՞ՆՉ ԸՐԱՒ ՈՐ ԻՐ ԿԵԴՐՈՆԱՑՈՒՄԸ ՉԽԱՆԳԱՐՈՒԻ
7. Ի՞նչ բաներ կրնային Յիսուսին կեդրոնացումը խանգարել։
7 Շատ բաներ կրնային Յիսուսին կեդրոնացումը խանգարել, օրինակ՝ ընկերային ու քաղաքական հարցերը։ Իր օրերուն, շատեր աղքատ ու հիւանդ էին (Մատ. 14։14. Մար. 14։7)։ Հռոմայեցիները եւ ուրիշ հրեաներ ասանկ մարդոց հետ շատ անարդարօրէն կը վարուէին։ Ասոր համար, երբ մարդիկ տեսան որ Յիսուս հրաշքներ ընելու զօրութիւնն ու կարողութիւնը ունի, ուզեցին զինք թագաւոր ընել (Յովհ. 6։14, 15)։ Ասկէ զատ, Սատանան Յիսուսը փորձեց՝ իրեն առաջարկելով աշխարհի կառավարիչը ըլլալու արագ կերպ մը (Մատ. 4։8, 9)։ Իսկ Յիսուսի ամենամօտիկ ընկերներէն մէկը՝ Պետրոսը անգամ մը Յիսուսը քաջալերեց որ դիւրին կեանք մը ընտրէ, ըսելով. «Քաւ լիցի [«Բարի՛ եղիր անձիդ հանդէպ», ՆԱ], Տէ՛ր» (Մատ. 16։21, 22)։
8. Ի՞նչ բաներ Յիսուսին օգնեցին, որ իր կեդրոնացումը չկորսնցնէ։
8 Երեք բաներ Յիսուսին օգնեցին, որ իր կեդրոնացումը չկորսնցնէ։ Առաջին, ան Եհովային մտածելակերպը ընդօրինակեց (Յովհ. 8։28. 14։9)։ Երկրորդ, ան հոգեւոր գործունէութիւններով զբաղած մնաց (Մատ. 9։35)։ Երրորդ, Յիսուսին մտքին մէջ յստակ էր, թէ ո՛ր բաները ամէնէն կարեւորն էին (Յովհ. 4։34)։ Այսպիսով, ան կրցաւ Սատանային փորձութիւններուն դէմ դնել եւ Պետրոսին ըսածէն չազդուիլ, թէեւ Պետրոսին նպատակը լաւ էր (Մատ. 4։10. 16։23)։ Յիսուս չձգեց որ մարդոց կարծիքը, ըսածը կամ ըրածը արգելք ըլլան, որ Եհովային նպատակը իրագործէ։ Ինչ որ կրնար անցեալի՛ն Յիսուսին կեդրոնացումը խանգարել՝ թերեւս այսօ՛ր մեր կեդրոնացումը չխանգարէ։ Բայց եթէ սորվինք թէ ի՛նչ բաներ Յիսուսին օգնեցին, կրնանք դէմ դնել այն բաներուն որոնք կրնան մեզի ազդել այսօր։
ԻՆՉՊԷ՞Ս ԿՐՆԱՆՔ ՄԵՐ ԿԵԴՐՈՆԱՑՈՒՄԸ ՉԿՈՐՍՆՑՆԵԼ
9. Ի՞նչ կը նշանակէ՝ ‘իմանալ թէ ի՛նչ է Տէրոջը կամքը’ (Եփեսացիս 5։17)։
9 Եհովային մտածելակերպը ունեցի՛ր։ Ասիկա կրնայ քեզի օգնել որ ‘իմանաս թէ ի՛նչ է Տէրոջը կամքը’ (կարդա՛ Եփեսացիս 5։17)։ Մենք Սուրբ Գիրքը կարդալով ու անոր վրայ խոկալով կրնանք սորվիլ, թէ ճիշդ ի՛նչ բաներ Եհովան կ’ուրախացնեն։ Ասանկով Եհովային մտածելակերպին աւելի պիտի ծանօթանանք եւ պիտի ուզենք ատոր հետեւիլ, նոյնիսկ երբ Սուրբ Գիրքը յատկօրէն չի խօսիր մեր պարագաներուն մասին։
10. Ինչպէ՞ս կրնանք Եհովային մտածելակերպը ճանչնալ։
10 Երբ Սուրբ Գիրքին մէջ կը տեսնենք, որ Եհովան անցեալին ի՛նչ ըսած է եւ ի՛նչ ըրած է, կը սկսինք ճանչնալ Եհովային մտածելակերպը (Եր. 45։5)։ Մինչ Սուրբ Գիրքը կը կարդանք, կրնանք մենք մեզի հարցնել. ‘Ասիկա ինծի ի՞նչ կը սորվեցնէ Եհովային մասին։ Ի՞նչ փոփոխութիւն պէտք է մտցնեմ մտածելակերպիս մէջ, որ Եհովային աչքով դիտեմ հարցերը’։ Եհովան մեզմէ շատ աւելի իմաստուն է (Եսա. 55։9)։ Ասոր համար, իրմէ կը խնդրենք որ մեզի սորվեցնէ, թէ ինչպէ՛ս կրնանք իր կամքը կատարել (Սաղ. 143։10)։ Նաեւ իրմէ կը խնդրենք, որ մեզի օգնէ իր մտածելակերպը հասկնալու եւ ատոր հետեւելու (Ա. Յովհ. 5։14)։
11. Եհովան մեզմէ ի՞նչ կ’ուզէ որ ընենք։
11 Մինչ կը սորվինք Եհովային մտածելակերպը ունենալ, պիտի հասկնանք որ ան կ’ուզէ որ պատրաստ ըլլանք երբ այս աշխարհին վերջը գայ։ Ասոր համար է որ ան կ’ուզէ որ մերժենք բոլոր այն բաները, որոնք կրնան մեր կեդրոնացումը խանգարել (Մատ. 24։44)։ Ան չ’ուզեր որ չափէ դուրս մտահոգուելով սթրեսի տակ ըլլանք (Մատ. 6։31, 32)։ Ասոր համար, երբ չափէ դուրս մտահոգուինք՝ մեր առողջութեան, գործին, տան, կամ ուրիշ անձնական եւ ընտանեկան հարցերու մասին, Եհովան կ’ուզէ գործնական կերպերով օգնել մեզի։ Ան կ’ուզէ որ իրեն դիմենք որ մեզի պէտք եղած իմաստութիւնը եւ ուժը տայ որ տոկանք (Սաղ. 55։22. Առ. 3։5-7)։
12. Ի՞նչը մեզ իրապէս կ’ուրախացնէ, նոյնիսկ երբ կը մտահոգուինք աշխարհին շուրջ պատահած բաներով (Մատթէոս 5։3)։
12 Հոգեւոր գործունէութիւններով զբաղած մնա՛։ Բոլորս ալ որոշ չափով կը մտահոգուինք աշխարհի մէջ պատահած բաներով, բայց մեր ձեռքէն բան մը չի գար։ Եւ որպէսզի ատոնք մեր կեդրոնացումը չխանգարեն, մենք հոգեւոր բաներու վրայ կը կեդրոնանանք։ Մենք կ’ուրախանանք երբ մեր հոգեւոր պէտքերը կը գոհացնենք, քանի որ Եհովա՛ն է որ մեզ այդ պէտքերով ստեղծած է (կարդա՛ Մատթէոս 5։3)։ Մեր հոգեւոր պէտքերը գոհացնելու համար կը սերտենք իր Խօսքը եւ մեր լաւագոյնը կ’ընենք ծառայութեան մէջ։ Ասանկով Եհովային սիրտն ալ ուրախացուցած կ’ըլլանք, քանի որ մեր ժամանակը իմաստուն կերպով գործածած կ’ըլլանք (Առ. 23։15)։
13. Ինչպէ՞ս կրնանք ‘մեր ժամանակը լաւագոյն կերպով օգտագործել’։
13 Իբր քրիստոնեաներ, վճռած ենք ‘մեր ժամանակը լաւագոյն կերպով գործածել’ (Եփ. 5։15, 16, ՆԱ. տե՛ս «ժամանակը լաւագոյն կերպով գործածեցէք» արտայայտութեան սերտելու նոթը, անգլ.)։ Այս համարները պարզապէս չեն ըսեր թէ մեր ժամանակը ինչպէ՛ս պէտք է գործածենք առօրեայ բաներ ընելու համար, հապա ատոնք մեզ կը քաջալերեն որ ուշադիր ըլլանք թէ մեր ժամանակը ինչպէ՛ս կը գործածենք՝ այս չար աշխարհին վերջը գալէն առաջ։ Լաւ, ինչպէ՞ս կրնանք մեր ժամանակը լաւագոյն կերպով գործածել։ Եթէ շատ ժամանակ անցընենք լուրերը դիտելով կամ կարդալով պատահած գէշ բաներուն մասին, ատիկա կրնայ մեր կեդրոնացումը խանգարել, մեզ յուսահատ դարձնել եւ մեր նախանձախնդրութիւնը պակսեցնել։ Որքա՜ն աւելի լաւ պիտի ըլլայ, եթէ վերջին լուրերը գիտնալու համար շատ ժամանակ չտանք։ Ասանկով, աւելի ժամանակ ու կորով պիտի ունենանք հոգեւոր բաներու։ Նաեւ կարեւոր է որ կերպեր գտնենք քարոզչութեան մէջ աւելին ընելու համար, օրինակ՝ աւելի վերայցելութիւններ ընել։ Ասկէ զատ, շատ կարեւոր է որ ամէն առիթ օգտագործենք, մարդոց օգնելու համար որ «փրկուին ու ճշմարտութիւնը ճանչնան» (Ա. Տիմ. 2։4)։
14. Հոգեւոր բաներով զբաղած ըլլալը ի՞նչ կերպով մեզի կ’օգնէ (տե՛ս նաեւ նկարը)։
14 Երբ հոգեւոր բաներով զբաղած մնանք, այս գէշ օրերուն նկատմամբ հաւասարակշռուած տեսակէտ պիտի ունենանք։ Նաեւ, չափէ դուրս պիտի չմտահոգուինք երբ տեսնենք՝ քաղաքական ու դրամական նեղութիւններ եւ շուտ տարածուող հիւանդութիւններ, քանի որ գիտենք թէ ասոնք մարգարէացուած էին։ Մենք վախի պատճառով մեր կեդրոնացումը չենք կորսնցներ, քանի որ վստահ ենք որ Եհովան ասոնց վերջ պիտի դնէ եւ երկիրը դրախտի պիտի վերածէ։ Ուրեմն, կրնա՛նք հանդարտ մնալ, մինչ կը շարունակենք Եհովային վստահիլ որ մեզի օգնէ տոկալու (Սաղ. 16։8. 112։1, 6-8)։
Հակառակ աշխարհի մէջ պատահած մտահոգիչ դէպքերուն, կեդրոնացի՛ր հոգեւոր բաներու վրայ (տե՛ս պարբերութիւն 14)b
15. «Զգաստ» ըլլալը ինչպէ՞ս կ’օգնէ մեզի (Ա. Պետրոս 4։7)։
15 Միտքդ պահէ թէ ի՛նչ են ամէնէն կարեւոր բաները։ Մեր օրերուն, մարդոց մեծ մասը կեդրոնացած է ժամանցի վրայ, եւ անոնց հոգը չէ թէ այս աշխարհին վերջը մօտ է։ Ճիշդ է որ ժամանցը իր տեղը ունի, բայց չազդուելու համար աշխարհի մարդոց մտածելակերպէն՝ պէտք է «զգաստ» ըլլանք (կարդա՛ Ա. Պետրոս 4։7)։ Զգաստ ըլլալուն իմաստին մէջ կայ լաւ դատողութիւն ունենալ, ինչ որ մեզի պիտի օգնէ որ չափէ դուրս ժամանակ չտանք ժամանցի եւ իմաստուն որոշումներ առնենք։ Ասանկով, կը ցուցնենք թէ Եհովային պէս կը մտածենք եւ թէ հասկցած ենք որ ի՛նչ են ամէնէն կարեւոր բաները (Բ. Տիմ. 1։7)։
16. Յիսուս իր մահէն քիչ առաջ ի՞նչ բանի վրայ կեդրոնացած էր։
16 Յիսուս միշտ իր միտքը կը պահէր, թէ ի՛նչ են ամէնէն կարեւոր բաները։ Նոյնիսկ իր մահէն քիչ առաջ, ան ամբողջովին կեդրոնացած էր որ Աստուծոյ հաւատարիմ մնայ եւ անոր կամքը կատարէ։ Այս պատճառաւ, ան շատ աղօթեց։ Բայց իր աշակերտները նոյնը չըրին. անոնք ‘տրտմութենէն քնացան’ (Ղուկ. 22։39-46. Յովհ. 19։30)։
17. Շատեր ինչո՞ւ ընկերային ցանցեր կը գործածեն, բայց ատիկա ինչպէ՞ս կրնայ անոնց կեդրոնացումը խանգարել (տե՛ս նաեւ նկարը)։
17 Ատեններ, Յիսուսին աշակերտներուն պէս, մենք ալ անտրամադիր կ’ըլլանք։ Աշխարհին մէջ պատահած դէպքերը կրնան մտահոգութիւն պատճառել մեզի։ Շատեր իրենց հոգերը մոռնալու համար շատ ժամանակ կ’անցընեն ընկերային ցանցերու (social media) վրայ։ Անոնք ատոնց միջոցաւ կապ կը պահեն ուրիշ երկիրներու մէջ գտնուող իրենց ընկերներուն ու ընտանիքի անդամներուն հետ, եւ անոնց կը փոխանցեն իրենց լուրերն ու նկարները։ Անոնք նաեւ ընկերային ցանցերը կը գործածեն որ վիտէօներ դիտեն եւ խաղեր խաղան։ Բայց ժամանակը կ’անցնի եւ անոնք չեն զգար թէ որքա՜ն ժամանակ կը կորսնցնեն, քանի որ շա՜տ բաներ կան որոնց հետ պէտք է քայլ պահեն։ Որպէսզի մենք ասոր մէջ հաւասարակշռուած ըլլանք, լաւ կ’ըլլայ որ մենք մեզի հարցնենք. ‘Երբ ընկերային ցանցերը կը գործածեմ, թարմացած կը զգա՞մ, թէ ոչ ատոնք պատճառ կ’ըլլան որ ամէնէն կարեւոր բաները անտեսեմ’։
Լաւ դատողութիւնը մեզի կ’օգնէ որ ընկերային ցանցերուն, ժամանցին եւ արձակուրդի պատճառաւ մեր կեդրոնացումը չկորսնցնենք (տե՛ս պարբերութիւն 17)
18. Մեր ազատ ժամանակը ինչպէս գործածելու նկատմամբ ինչո՞ւ լաւ դատողութեան պէտք ունինք։
18 Լաւ է որ երբեմն հաճելի ժամանակ անցընենք եւ հանգիստ ընենք, բայց պէտք է լաւ դատողութիւն գործածենք թէ ի՛նչ պիտի դիտենք կամ խաղանք եւ որքա՛ն, ըլլայ ատիկա՝ հեռատեսիլի կամ ինթըրնէթի վրայ։ Օրինակ, թերեւս վիտէօ մը դիտելէ անմիջապէս ետք, պաստառին (screen) վրայ ուրիշ վիտէօ մը երեւի, եւ այսպիսով սկսինք մէկը միւսին ետեւէն բոլոր վիտէօները դիտել։ Ատոնցմէ ոմանք թերեւս վայրագութիւն կամ սեռային անբարոյութիւն ցուցադրեն, ինչ որ պատահեցաւ Ասիոյ մէջ ապրող մեր եղբայրներէն մէկուն հետ։ Սկիզբը ան սկսաւ կարգ մը ֆիլմերու ամփոփումը ընող կարճ վիտէօներ դիտել, ետքը յաջորդ կարճ վիտէօները դիտեց։ Շատ չանցած, ան սկսաւ անբարոյ տեսարաններ դիտել եւ ետքը սկսաւ պոռնկագրութիւն դիտել։ Ուրախ ենք որ երէցներուն եւ իր մօտիկ բարեկամներուն օգնութեամբ, ան դադրեցաւ այս սովորութենէն՝ իր հեռաձայնին մէջէն ջնջելով կարգ մը էփեր եւ որոշելով թէ որքա՛ն պիտի գործածէր իր հեռաձայնը։ Այս փորձառութիւնը մեզի կը սորվեցնէ, թէ շատ կարեւոր է որ մեր ազատ ժամանակը ինչպէ՛ս գործածելու նկատմամբ լաւ դատողութիւն գործածենք։
19. Ի՞նչ կրնայ պատահիլ եթէ հանգիստ ընելը մեր կեանքին ամէնէն կարեւոր բանը դարձնենք։
19 Ամէն մէկս լաւ դատողութիւն պէտք է գործածենք նաեւ հանգիստ ընելու եւ արձակուրդի նկատմամբ։ Բոլորս ալ ատեններ պէտք ունինք մեր ռութինէն դադար առնելու՝ ասիկա լաւ բան մըն է եւ կ’օգնէ որ առողջ մնանք։ Բայց եթէ չափէ դուրս կեդրոնանանք այս բաներուն վրայ, անոնք աւելի կարեւոր բաներուն ժամանակէն ալ կրնան առնել (Փլպ. 1։10)։ Ամէն մէկս ինք կ’որոշէ՝ ի՛նչ բաներ ընել եւ որքա՛ն ժամանակ տրամադրել ատոնց։ Այս տեսակի որոշումներ առնելու ատեն, դուն քեզի հարցուր. «Այն ժամանակը որ որոշած եմ տրամադրել հանգիստի կամ արձակուրդի համար, ցոյց կու տա՞յ որ լաւ դատողութիւն կը գործածեմ։ Որոշում առած ատենս, իսկապէս կարեւոր բաները առաջին տեղը կը դնե՞մ, եւ պատրաստ ե՞մ ‘ամէն բանի վախճանին’»։
20. Ինչպէ՞ս կ’օգտուինք, երբ չենք ձգեր որ բան մը մեր կեդրոնացումը շեղեցնէ։
20 Մենք կ’օգտուինք, երբ չենք ձգեր որ բան մը մեր կեդրոնացումը շեղեցնէ հոգեւոր բաներէ եւ մեր հոգեւոր ռութինէն (Եսա. 48։17)։ Եհովային օգնութեամբ կրնա՛նք մեր դժուարութիւններուն հետ գլուխ ելլել, չափէ դուրս չմտահոգուիլ աշխարհի մէջ պատահած բաներուն պատճառով եւ չկեդրոնանալ ժամանցի ու հանգիստի վրայ։ Ուրեմն, շարունակենք ջանք թափել որ Եհովային պէս մտածենք, հոգեւոր բաներով զբաղած մնանք եւ մեր միտքը պահենք ամէնէն կարեւոր բաները։ Ասանկով, ոչ միայն պիտի չձգենք որ բան մը մեր կեդրոնացումը խանգարէ, այլեւ՝ ‘յաւիտենական կեանքը ձեռք պիտի ձգենք’ (Ա. Տիմ. 6։19)։
ԵՐԳ 154 Շարունակենք տոկալ
a ԲԱՑԱՏՐՈՒԹԻՒՆ. Մեր հոգեւոր գործունէութիւնները այն բաներն են, որ ուղղակի կապ ունին Եհովային պաշտամունքին հետ՝ օրինակ, Սուրբ Գիրքը սերտելը, ժողովներու երթալը, ընտանեկան պաշտամունքին մասնակցիլը եւ ծառայութեան ելլելը։ Մենք նաեւ Եհովան կը պաշտենք, երբ մեր սրահները կը շինենք եւ անոնց հոգ կը տանինք, աղէտներու ատեն կ’օգնենք, համաժողովներու ատեն կ’օգնենք կամ Բեթէլին մէջ կը ծառայենք։
b ՆԿԱՐ. Զոյգ մը քարոզչութեամբ զբաղած են, փոխանակ իրենց կեդրոնացումը կորսնցնելու աշխարհի մէջ պատահած մտահոգիչ դէպքերուն պատճառաւ։