Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դ25 Դեկտեմբեր էջ 31
  • Կը յիշե՞ս

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Կը յիշե՞ս
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումն ասիրական) 2025
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Կը յիշե՞ս
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2015
  • Մաս 1
    Կեանքը վայելէ յաւիտեա՛ն. Սուրբ Գիրքի դասընթացք
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումն ասիրական) 2025
դ25 Դեկտեմբեր էջ 31

Կը յիշե՞ս

Դիտարան–ի վերջին թիւերը ուշի–ուշով կարդացա՞ծ ես։ Փորձէ հետեւեալ հարցումներուն պատասխանել.

Ինչո՞ւ Եհովային փառք կը բերենք։

Եհովային փառք կը բերենք, քանի որ զինք շատ կը յարգենք ու կը սիրենք եւ կ’ուզենք որ ուրիշներ զինք ճանչնան (դ25.01, էջ 3)։

Երբ մէկը մեզ նեղացնէ, ինչպէ՞ս կրնանք իրեն ներել։

Պարզապէս մեր զգացումները չենք անտեսեր։ Բայց երբ բարկութիւնն ու ոխը մեր մէջէն հանենք, ասիկա կ’օգնէ որ մեր սիրտը չկարծրանայ դիմացինին հանդէպ (դ25.02, էջ 15-16)։

Մարկոս աշակերտը ինչո՞ւ երիտասարդ եղբայրներուն համար լաւ օրինակ մըն է։

Մարկոս սիրով ընդունեց ծառայել ուրիշ շրջանի մը մէջ։ Հակառակ որ թերեւս յուսախաբ եղաւ եւ վիրաւորուեցաւ, բայց ան ծառայելէ ետ չկեցաւ։ Ան մօտիկ մնաց Պօղոսին եւ ուրիշ հասուն քրիստոնեաներու (դ25.04, էջ 27)։

Յիսուս ի՞նչ ըսել ուզեց երբ իր աղօթքին մէջ ըսաւ. «Քու անունդ անոնց ճանչցուցի» (Յովհ. 17։26)։

Յիսուսին աշակերտները արդէն գիտէին Աստուծոյ անունը։ Բայց ան իրենց սորվեցուց Եհովային ինչպիսի՛ Աստուած մը ըլլալը՝ անոր նպատակները, գործերը եւ յատկութիւնները (դ25.05, էջ 20-21)։

Ի՞նչ բան կ’ընդունինք, եթէ խոնարհ ենք։

Մենք կ’ընդունինք թէ բաներ կան որ չենք գիտեր։ Օրինակ, մենք չենք գիտեր թէ վերջը ե՛րբ պիտի գայ կամ թէ Եհովան ի՛նչ պիտի ընէ այդ ատեն։ Նաեւ, չենք գիտեր որ վաղը ի՛նչ պիտի պատահի, ոչ ալ մեր խելքը կը հասնի թէ Եհովան մեզ որքա՛ն լաւ գիտէ (դ25.06, էջ 15-18)։

Ի՞նչ բան կրնայ մեզի օգնել որ օգտուինք յօդուածէ մը կամ հանրային դասախօսութենէ մը։

Կրնանք մենք մեզի հարցնել. ‘Ներկաները համոզելու համար ի՞նչ փաստեր կը գործածուին։ Լաւ օրինակ մը կա՞յ որ կրնամ գործածել այս ճշմարտութիւնը մէկու մը սորվեցնելու համար։ Ո՞վ կրնայ հետաքրքրուած ըլլալ այս նիւթով’ (դ25.07, էջ 19)։

Դաւիթին հետ պատահածը ինչպէ՞ս կը ցուցնէ, որ Եհովան լման կը ներէ։

Դաւիթը լուրջ մեղքեր գործեց, բայց երբ իսկապէս զղջաց՝ Եհովան իրեն ներեց (Գ. Թագ. 9։4, 5)։ Երբ Եհովան մեզի ներէ, մեր մեղքերը կը մոռնայ, այն իմաստով որ ապագային մեզ չի պատժեր ատոնց համար (դ25.08, էջ 17)։

Ի՞նչ կրնաս ընել երբ աշակերտդ դժուարութիւն ունենայ Սուրբ Գիրքէն կէտ մը ըմբռնելու։

Եթէ կէտ մը կայ որ ան դժուարութիւն կ’ունենայ ըմբռնելու, յաջորդ կէտին անցիր. ուրիշ առիթով նորէն կը դառնաս այդ կէտին (դ25.09, էջ 24)։

Սուրբ Գիրքը կ’ըսէ թէ մեղքը ‘կը խաբէ’ մեզ (Եբ. 3։13)։ Ինչպէ՞ս։

Մեր մեղաւոր վիճակը ոչ միայն կը ձգէ որ մենք սխալ բաներ ընենք, այլեւ կասկածներ ունենանք որ Եհովան մեզ կը սիրէ (դ25.10, էջ 16)։

Ինչպէ՞ս կրնանք այնպէս մը աղօթել, որ Եհովային աւելի մօտենանք։

1) Եհովային յատկութիւններուն վրայ խոկանք, 2) մտածենք թէ ի՛նչ խնդիրներէ կ’անցնինք եւ ատոնք յիշենք մեր աղօթքին մէջ. օրինակ՝ մէկը կա՞յ որու պէտք է ներեմ, 3) երկար աղօթքներ ընենք։ Շատ հաւանական է որ ասոնք ընելը մեզի պիտի օգնէ, որ մեր ներքին մտածումներն ու զգացումները Եհովային արտայայտենք (դ25.10, էջ 19-20)։

Ինչպէ՞ս կրնանք տարեցներուն օգնել։

Կրնանք տարեցներուն կանոնաւորաբար այցելել եւ հեռաձայնել։ Նաեւ կրնանք հետերնին բժիշկի ժամադրութիւններու երթալ։ Կրնանք նոյնիսկ ծառայութեան տարբեր երեսակներուն մասնակցիլ անոնց հետ (դ25.11, էջ 6-7)։

Ի՞նչ կրնաս ընել որ հարսնիքդ Եհովային պատիւ բերէ։

Օրինական պահանջներուն հնազանդէ։ Վստահ եղիր որ հարսանիքին եւ խնճոյքին մթնոլորտը հոգիին պտուղը ցոյց տայ։ Հագուելիքդ պատշաճ թող ըլլայ եւ չափէ դուրս ուշադրութիւն թող չդարձնէ քու անձիդ։ Հեռու կեցիր Սուրբ Գիրքին սորվեցուցածներուն համաձայն չեղող սովորութիւններէ։ Մինչ ձեր հարսանիքին պատրաստութիւնները կը տեսնէք, յստակօրէն եւ ազնուօրէն խօսեցէք իրարու եւ ձեր ծնողքին հետ (դ25.12, էջ 21-24)։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2026)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2026 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել