Սերտելու Ծրագիր
Լման համոզուած եղիր որ Եհովան կրնայ քեզ ազատել
Կարդա՛ Թուոց 13։26–14։4 որպէսզի նկատի առնես, թէ իսրայէլացիները ինչպէ՛ս Եհովային չվստահեցան։
Շուրջի համարները նկատի առ։ Իսրայէլացիները ինչո՞ւ պէտք էր վստահութիւն ունենային, որ Եհովան կրնա՛յ զիրենք ազատել Եգիպտոսէն (Սաղ. 78։12-16, 43-53)։ Անոնք ինչո՞ւ կորսնցուցին Եհովային հանդէպ իրենց վստահութիւնը (Բ. Օր. 1։26-28)։ Յեսուն եւ Քաղէբը ինչպէ՞ս ցուցուցին որ Եհովային կը վստահին (Թւ. 14։6-9)։
Աւելի՛ պրպտէ։ Իսրայէլացիները ի՞նչ կրնային ընել որ Եհովային հանդէպ իրենց վստահութիւնը աւելնայ (Սաղ. 9։10. 22։4. 78։11)։ Եհովային վստահելուն եւ զինք յարգելուն միջեւ ի՞նչ կապ կայ (Թւ. 14։11)։
Մտածէ թէ ի՛նչ դասեր կրնաս սորվիլ։ Դուն քեզի հարցուր.
‘Ո՞ր պարագաներուն մէջ դժուար կ’ըլլայ որ Եհովային լման վստահիմ’։
‘Ի՞նչ կրնամ ընել որ Եհովային աւելի վստահիմ թէ՛ հիմա եւ թէ՛ ապագային’։
‘Երբ մեծ նեղութիւնը սկսի, ի՞նչ բանի կրնամ լման համոզուած ըլլալ’ (Ղուկ. 21։25-28)։