Աստուած իր միտքը կը փոխէ՞
Աստուածաշունչին պատասխանը
Այո՛, կը փոխէ, այն իմաստով որ Աստուած իր կեցուածքը կը փոխէ, երբ մարդիկ իրենց վարքը փոխեն։ Օրինակ, երբ Աստուած Երեմիային բերնով դատաստանական որոշում մը փոխանցեց անցեալի իսրայէլ ժողովուրդին, երբ ըսաւ. «Թերեւս մտիկ ընեն ու ամէն մարդ իր չար ճամբայէն դառնայ, ես ալ զղջամ [«միտքս փոխեմ», ՆԱ] այն չարիքին համար որ անոնց չար գործերուն պատճառով իրենց վրայ բերել կը խորհիմ» (Երեմիա 26։3)։
Աստուածաշունչի շատ մը թարգմանութիւններ, ինչպէս Արեւմտահայերէն թարգմանութիւնը այս համարին մէջ կը գործածեն «զղջալ» բառը, ըսելով որ Աստուած զղջաց իր բերելիք աղէտին նկատմամբ, ինչ որ կրնայ այն գաղափարը տալ որ Աստուած սխալեցաւ։ Բայց, «զղջալ» թարգմանուած եբրայերէն բառը կրնայ նշանակել «միտքը կամ մտադրութիւնը փոխել»։ Ուսումնական մը գրեց. «Երբ մարդ մը իր վարքը փոխէ, Աստուած ալ իր դատաստանը կը փոխէ»։
Անշուշտ, այն իրողութիւնը որ Աստուած կրնայ իր միտքը փոխել չի նշանակեր որ ան պէտք է փոխէ։ Նկատի առ կարգ մը պարագաներ, երբ Աստուածաշունչը կ’ըսէ թէ Աստուած իր միտքը չփոխեց.
Աստուած թոյլ չտուաւ որ Բաղակ պատճառ ըլլայ որ ան իր միտքը փոխէ եւ իսրայէլ ազգը անիծէ (Թուոց 23։18-20)։
Երբ Սաւուղ թագաւորը չափազանց չար մէկը դարձաւ, Աստուած Սաւուղը իբրեւ թագաւոր մերժելու նկատմամբ իր միտքը չփոխեց (Ա. Թագաւորաց 15։28, 29)։
Աստուած պիտի կատարէ՛ իր տուած խոստումը, թէ իր Որդին յաւիտեա՛ն քահանայ պիտի ըլլայ։ Ան իր միտքը պիտի չփոխէ (Սաղմոս 110։4)։
Աստուածաշունչը չ’ըսե՞ր որ Աստուած բնա՛ւ չի փոխուիր
Այո՛, Աստուածաշունչին մէջ Աստուած կ’ըսէ. «Ես Եհովա եմ, չեմ փոխուիր» (Մաղաքիա 3։6)։ Նոյնպէս, Աստուածաշունչը կ’ըսէ որ Աստուծոյ մէջ «բնաւ փոփոխութիւն կամ դառնալու շուք մը չկայ» (Յակոբոս 1։17)։ Բայց ասիկա չի հակասեր Աստուածաշունչին խօսքը, թէ Աստուած կրնայ իր միտքը փոխել։ Աստուած չի փոխուիր, այն իմաստով որ անոր անձնաւորութիւնը, նաեւ իր սէրն ու արդարութիւնը բնա՛ւ չեն փոխուիր (Բ. Օրինաց 32։4. Ա. Յովհաննէս 4։8)։ Բայց եւ այնպէս, ան կրնայ տարբեր ժամանակներու տարբեր ուղղութիւններ տալ մարդոց։ Օրինակ, Աստուած Դաւիթ թագաւորին իրարմէ բոլորովին տարբեր ուղղութիւններ տուաւ իրար յաջորդող երկու պատերազմներու նկատմամբ, եւ երկու մեթոտներն ալ յաջողեցան (Բ. Թագաւորաց 5։18-25)։
Աստուած կը զղջա՞յ որ մարդիկը ստեղծեց
Ո՛չ։ Բայց անշուշտ ան կը տխրի որ մարդոց մեծամասնութիւնը զինք կ’անտեսէ կամ կը մերժէ։ Աստուածաշունչը Նոյի օրուան համաշխարհային Ջրհեղեղին նախորդող պայմանները նկարագրելով՝ կ’ըսէ. «Տէրը երկրի վրայ մարդը ստեղծելուն զղջաց ու իր սրտին մէջ տրտմեցաւ» (Ծննդոց 6։6)։ Այս համարին մէջ, «զղջաց» թարգմանուած եբրայերէն բառը կրնայ նշանակել «միտքը փոխել»։ Աստուած իր միտքը փոխեց Ջրհեղեղէն առաջ ապրող մարդոց մեծամասնութեան նկատմամբ, քանի որ անոնք չար դարձած էին (Ծննդոց 6։5, 11)։ Թէեւ Աստուած նեղուեցաւ որ անոնք գէշ ընթացք բռնեցին, բայց ան ամբողջ մարդկութեան նկատմամբ իր կեցուածքը չփոխեց։ Ան Նոյին ու անոր ընտանիքին միջոցաւ մարդկութիւնը պահպանեց Ջրհեղեղին ընթացքին (Ծննդոց 8։21. Բ. Պետրոս 2։5, 9)։