Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • կյհ յօդուած 62
  • Եհովայի վկաներուն հարսանիքը ինչպէ՞ս կ’ըլլայ

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Եհովայի վկաներուն հարսանիքը ինչպէ՞ս կ’ըլլայ
  • Յաճախ ուղղուած հարցումներ Եհովայի վկաներուն մասին
  • Ենթավերնագիրներ
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Հարսանեկան արարողութիւնը ինչպէ՞ս կ’ընթանայ
  • Եհովայի վկաներուն հարսանիքները ո՞ւր տեղի կ’ունենան
  • Որո՞նք կրնան ներկայ ըլլալ
  • Հարսանիքին ներկայ գտնուողները ինչպէ՞ս պէտք է հագուին
  • Նուէրներ կը տրուի՞ն
  • Կենաց խմել պիտի ըլլա՞յ
  • Դիտողները բրինձ կամ նոյնանման բան մը կը նետե՞ն զոյգին վրայ
  • Ուտել–խմել պիտի ըլլա՞յ
  • Երաժշտութիւն, երգ կամ պարել պիտի ըլլա՞յ
  • Եհովայի վկաները ամուսնութեան տարեդարձ կը տօնե՞ն
  • Ձեր ամուսնութեան օրուան ուրախութիւնն ու լրջութիւնը աւելցուցէք
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2006
  • Ինչպէ՞ս կրնաս Եհովային պատիւ բերող հարսանիք մը կազմակերպել
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումն ասիրական) 2025
  • Եհովան պատուող ուրախ հարսանիքներ
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2000
  • Աստուծոյ ու մարդոց աչքին պատուարժան հարսանիքներ
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2006
Տես աւելին
Յաճախ ուղղուած հարցումներ Եհովայի վկաներուն մասին
կյհ յօդուած 62
Հարս ու փեսայ մը բացօթեայ տեղ մը կ’ամուսնանան։ Փեսան մատանի կ’անցընէ հարսին մատին։

Եհովայի վկաներուն հարսանիքը ինչպէ՞ս կ’ըլլայ

Ընդհանրապէս, Եհովայի վկաներու հարսանիքը պարզ եւ պատուաւոր կ’ըլլայ, որուն ընթացքին Սուրբ Գիրքին վրայ հիմնուած դասախօսութիւն մը կը տրուի։ Թերեւս հարսանիքէն ետք հաւաքոյթ մը կամ խնճոյք մըն ալ ըլլայ, որուն ընթացքին կրնայ ըլլալ ճաշ հրամցուիa։ Յիսուս իր ծառայութեան սկիզբը այսպիսի խնճոյքի մը ներկայ եղաւ Կանա քաղաքին մէջ (Յովհ. 2։1-11)։

  • Հարսանեկան արարողութիւնը ինչպէ՞ս կ’ընթանայ

  • Եհովայի վկաներուն հարսանիքները ո՞ւր տեղի կ’ունենան

  • Որո՞նք կրնան ներկայ ըլլալ

  • Հարսանիքին ներկայ գտնուողները ինչպէ՞ս պէտք է հագուին

  • Նուէրներ կը տրուի՞ն

  • Կենաց խմել պիտի ըլլա՞յ

  • Դիտողները բրինձ կամ նոյնանման բան մը կը նետե՞ն զոյգին վրայ

  • Ուտել–խմել պիտի ըլլա՞յ

  • Երաժշտութիւն, երգ կամ պարել պիտի ըլլա՞յ

  • Եհովայի վկաները ամուսնութեան տարեդարձ կը տօնե՞ն

Հարսանեկան արարողութիւնը ինչպէ՞ս կ’ընթանայ

Հարսանեկան արարողութեան ամէնէն կարեւոր մասը դասախօսութիւնն է։ Ատիկա 30 վայրկեանուան դասախօսութիւն մըն է եւ կը տրուի Եհովայի վկաներէն մէկուն կողմէն։ Այս սիրալիր եւ քաջալերական դասախօսութիւնը կը կեդրոնանայ թէ ինչպէ՛ս Սուրբ Գիրքը կրնայ զոյգին օգնել որ երկար, սիրալիր եւ ուրախ ամուսնութիւն մը ունենան (Եփեսացիս 5։33)։

Կարգ մը երկիրներու մէջ, կառավարութիւնը կ’արտօնէ, որ հարսանեկան արարողութիւնը Եհովայի վկայի մը կողմէ ըլլայ։ Այս պարագային, արարողութեան վերջաւորութեան՝ զոյգը իրենց ուխտը կ’ընեն իրարու հանդէպ։ Անոնք թերեւս մատանի ալ անցընեն։ Ետքը, արարողութիւնը ընող Եհովայի վկան կը յայտարարէ, որ անոնք այլեւս ամուսին ու կին են։

Ուրիշ երկիրներու մէջ, օրէնքը կը պահանջէ որ կառավարական պաշտօնեայ մը ընէ հարսանեկան արարողութիւնը։ Այս պարագային, ատիկա կը կատարուի հարսանեկան դասախօսութենէն կարճ ժամանակ մը առաջ։ Եթէ հարսն ու փեսան իրենց ուխտը չէին ըրած քաղաքացիական ամուսնութեան ատեն, ատիկա կրնան ընել դասախօսութեան վերջաւորութեան։ Եւ եթէ իրենց ուխտը ըրած էին, թերեւս անոնք ուզեն նորէն ըսել իրենց ուխտը, բայց այս պարագային՝ անոնք «անցեալ կատարեալ»ով կ’ըսեն զայն, որպէսզի բոլորին յայտնի ըլլայ որ անոնք արդէն իսկ ըրած են իրենց ուխտը։ Իսկ դասախօսութեան վերջաւորութեան աղօթք մը կը ներկայացուի եւ Աստուծմէ կը խնդրուի որ օրհնէ նոր ամուսնացած զոյգը։

Եհովայի վկաներուն հարսանիքները ո՞ւր տեղի կ’ունենան

Վկաներէն շատեր կ’որոշեն իրենց հարսանեկան արարողութիւնը Թագաւորութեան սրահին մէջ ընելb։ Եթէ զոյգը խնճոյք պիտի ունենան ատկէ ետք, անոնք ուրիշ տեղ կը զատեն ատիկա ընելու։

Հարս ու փեսայ մը Թագաւորութեան սրահի մը մէջ կ’ամուսնանան։ Եհովայի վկայ մը Սուրբ Գիրքին վրայ հիմնուած դասախօսութիւն մը կու տայ։

Որո՞նք կրնան ներկայ ըլլալ

Եթէ հարսանիքը պիտի ըլլայ Թագաւորութեան սրահի մը մէջ, ընդհանրապէս ո՛վ որ ուզէ կրնայ ներկայ ըլլալ, նոյնիսկ եթէ Եհովայի վկայ չէ։ Իսկ եթէ զոյգը խնճոյք ալ պիտի ունենայ, իրենք են որ կ’որոշեն ո՛վ ներկայ պիտի ըլլայ։

Հարսանիքին ներկայ գտնուողները ինչպէ՞ս պէտք է հագուին

Երբ հարսանիքը տեղի պիտի ունենայ Թագաւորութեան սրահի մը մէջ, յատուկ հագուածքի կերպ մը չկայ, բայց Եհովայի վկաները կը ջանան հետեւիլ Սուրբ Գիրքի սկզբունքներուն եւ պատշաճ ու յարգալից կերպով կը հագուին։ Անոնք կը գնահատեն երբ ուրիշներ ալ նոյնպէս կ’ընեն (Ա. Տիմոթէոս 2։9)։ Վստահաբար, Եհովայի վկաները նոյն սկզբունքներուն կը հետեւին, եթէ զոյգը խնճոյք պիտի ունենայ։

Նուէրներ կը տրուի՞ն

Սուրբ Գիրքը կը քաջալերէ որ «առատաձեռն» ըլլանք (Սաղմոս 37։21, ՆԱ)։ Եհովայի վկաները ուրախութեամբ նուէր կու տան ու կ’առնեն (Ղուկաս 6։38)։ Բայց անոնք իրենց բերնով նուէր չեն ուզեր եւ ամէնուն առջեւ չեն յայտարարեր նուէր բերողներուն անունները (Մատթէոս 6։3, 4. Բ. Կորնթացիս 9։7. Ա. Պետրոս 3։8)։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ ասոնք Սուրբ Գիրքին սկզբունքներուն համաձայն չեն, ինչպէս նաեւ կրնան նեղ կացութեան մատնել ներկաները։

Կենաց խմել պիտի ըլլա՞յ

Սուրբ Գիրքը չ’արգիլեր կենաց խմելը կամ գաւաթ–գաւաթի զարնելը, բայց թերեւս կարգ մը զոյգեր հիւրերէն խնդրեն որ կենաց չխմեն, որպէսզի մէկը նեղութիւն չառնէ (Հռովմայեցիս 14։21)։

Դիտողները բրինձ կամ նոյնանման բան մը կը նետե՞ն զոյգին վրայ

Ո՛չ։ Կարգ մը տեղեր, մարդիկ բրինձ կան նոյնանման բաներ կը նետեն նոր ամուսնացած զոյգին վրայ։ Անոնք կը հաւատան որ ասիկա ընելը լաւ բախտ, ուրախութիւն ու երկար կեանք կը բերէ զոյգին։ Բայց, Եհովայի վկաները հեռու կը կենան նախապաշարումներու հետ կապ ունեցող բաներէ։ Վկաները ուրիշներուն «բախտաւոր ըլլաս» չեն ըսեր, որովհետեւ ատիկա Սուրբ Գիրքի սկզբունքներուն դէմ է (Եսայի 65։11, ստորանիշ)։

Ուտել–խմել պիտի ըլլա՞յ

Թագաւորութեան սրահին մէջ տեղի ունեցող հարսանեկան արարողութեան ատեն ուտել–խմել չ’ըլլար։ Կարգ մը զոյգեր կ’որոշեն խնճոյք ալ ունենալ, ուր ուտել–խմել կ’ըլլայ կամ ալ մանր–մունր բաներ կը հրամցուին (Ժողովող 9։7)։ Եւ եթէ անոնք որոշեն խմիչք ալ հրամցնել, պէտք է վստահ ըլլան որ ատիկա հրամցուի չափաւոր կերպով եւ միայն անոնց որոնք խմելու տարիքին հասած են (Ղուկաս 21։34. Հռովմայեցիս 13։1, 13)։

Երաժշտութիւն, երգ կամ պարել պիտի ըլլա՞յ

Եթէ զոյգը որոշեն խնճոյք ալ ընել, իրենց կ’իյնայ եթէ երաժշտութիւն, երգ կամ պարել պիտի ըլլայ կամ ոչ (Ժողովող 3։4)։ Անոնք կրնան իրենց ճաշակին կամ մշակոյթին համաձայն զատել երաժշտութիւնն ու երգերը։ Բայց իրենց զատածը պէտք է ճաշակաւոր ըլլայ եւ լաւ ազդեցութիւն ունենայ հիւրերուն վրայ։ Իսկ Թագաւորութեան սրահին մէջ տեղի ունեցող հարսանեկան արարողութեան ատեն ընդհանրապէս կը դրուին երաժշտութիւններ, որոնք Սուրբ Գիրքին վրայ հիմնուած նիւթեր կ’ունենան։

Հարս ու փեսայ մը հիւրերուն հետ կը պարեն իրենց հարսանեկան խնճոյքին ընթացքին։

Եհովայի վկաները ամուսնութեան տարեդարձ կը տօնե՞ն

Սուրբ Գիրքի սկզբունքները ո՛չ կ’արտօնեն, ո՛չ ալ կ’արգիլեն ամուսնութեան տարեդարձ տօնելը։ Ասոր համար, ամէն մէկ զոյգ ինքը կ’որոշէ եթէ կ’ուզէ տօնել կամ ոչ։ Եթէ որոշեցին տօնել, անոնք թերեւս տօնեն առանձին կամ ալ բարեկամներու ու ընտանիքի անդամներու հետ։

a Շրջանէ–շրջան կը տարբերին հարսանեկան սովորութիւնները եւ օրինական պահանջները։

b Դասախօսութիւն տուողը դրամ չ’առներ հարսանեկան արարողութեան համար, եւ Թագաւորութեան սրահը գործածելու համար դրամ չի վճարուիր։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2026)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2026 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել