ՍՈՒՐԲ ԳԻՐՔԻ ԱՆՁՆԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆ
Աբդիային պէս աստուածավախ եղիր
Աքաաբ չար թագաւորը թոյլ տուած էր որ Բահաղի չար պաշտամունքը Իսրայէլի մէջ տարածուի։ Բայց անոր տան պատասխանատուն՝ Աբդիան Եհովա Աստուծմէ կը վախնար մանկութենէն ի վեր (Գ. Թագ. 18։1-13)։ Ասոր համար, երբ Յեզաբէլ թագուհին հրամայեց որ Եհովային բոլոր մարգարէները սպաննուին, Աբդիան անդրադարձաւ որ քաջութեամբ պէտք էր վարուէր եւ այդ մարգարէները ազատելու համար բան մը պէտք էր ընէր։ Թէեւ մէկ մարգարէ պահելն իսկ վտանգաւոր էր, բայց Աբդիան 100 մարգարէ պահեց եւ անոնց ուտելիք ապահովեց մեծ սովի մը ընթացքին։ Երեւակայէ թէ որքա՜ն դժուար ըլլալու էր ասիկա ընել՝ առանց տեսնուելու հարիւրաւոր սուտ մարգարէներուն կողմէ, որոնք թագաւորին ու թագուհիին կը ծառայէին (Գ. Թագ. 18։19)։
Ի՞նչ կը սորվինք այս աստուածավախ մարդէն։ Թէեւ Աբդիան Աքաաբէն կը վախնար, բայց ա՛լ աւելի Աստուծմէ կը վախնար, եւ ասիկա իրեն քաջութիւն տուաւ որ իր կեանքը վտանգի տակ դնէ, որպէսզի իր եղբայրները պաշտպանէ։ Լաւ, եթէ մեր ապրած երկրին մէջ մեր պաշտամունքը արգիլուած է, մենք ալ պէտք ունինք աստուածավախութիւն զարգացնելու։ Ատիկա մեզի զօրութիւն պիտի տայ որ օգնենք այն եղբայրներուն ու քոյրերուն, որոնք նեղութիւններէ կ’անցնին։