Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դ26 Փետրուար էջ 30-էջ 31 պարբ. 7
  • Հարցումներ ընթերցողներէն

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Հարցումներ ընթերցողներէն
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումն ասիրական) 2026
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Հարցումներ ընթերցողներէն
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումն ասիրական) 2025
  • Կրօնքներուն ի՞նչ պիտի պատահի. Աստուածաշունչը ի՞նչ կ’ըսէ
    Ուրիշ նիւթեր
  • Զբաղած մնացի՛ր, մինչ «վերջին օրերը» վերջանալու վրայ են
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2019
  • Այս աշխարհը ինչպէ՛ս վերջ պիտի գտնէ
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2012
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումն ասիրական) 2026
դ26 Փետրուար էջ 30-էջ 31 պարբ. 7
Աշխարհի առաջնորդները կայնած են Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան կեդրոնատեղիին մօտ եւ «խաղաղութիւն ու ապահովութիւն» կը յայտարարեն խանդավառ մարդոց մեծ խումբի մը։

Հարցումներ ընթերցողներէն

Կառավարութիւնները ե՞րբ «խաղաղութիւն ու ապահովութիւն» պիտի յայտարարեն։

Վերջերս հրատարակուած Դիտարան–ի թիւի մը՝ «Հարցումներ ընթերցողներէն» բաժինին մէջ տեսանքa, որ Եհովան մօտ ատենէն «տասը եղջիւրներ»ուն (բոլոր քաղաքական ուժերուն) սրտին մէջ պիտի դնէ որ «իր կամքը» կատարեն, որ է՝ իրենց ուժն ու հեղինակութիւնը տան «կարմիր գազան»ին (Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան)։ Այս գազանը նաեւ կը կոչուի՝ «գազանին պատկերը» (Յայտ. 13։14, 15. 17։3, 16, 17)։ Ետքը, «տասը եղջիւրները» եւ նոր հեղինակութիւն ստացած գազանը, սուտ կրօնքները մէջտեղէն պիտի վերցնեն ամբողջ աշխարհին մէջ։ Լաւ, կառավարութիւնները ե՞րբ «խաղաղութիւն ու ապահովութիւն»b պիտի յայտարարեն։ Սուտ կրօնքներուն կործանումէն առա՞ջ կամ ետք (Ա. Թես. 5։3)։

Մենք չենք գիտեր թէ կառավարութիւնները ճիշդ ե՛րբ «խաղաղութիւն ու ապահովութիւն» պիտի յայտարարեն։ Եթէ բոլոր մանրամասնութիւնները գիտնայինք, պէտք պիտի չըլլար որ արթուն մնայինք։ Բայց, Յիսուս իր հետեւորդներուն մէկէ աւելի անգամներ ըսաւ որ ‘արթուն կենան’ (Մատ. 24։42. 25։13. 26։41)։ Հիմա, ուշի–ուշով նկատի առնենք այն ներշնչուած մարգարէութիւնը, որ Պօղոս առաքեալ նշեց թեսաղոնիկեցիներուն ուղղած իր նամակին մէջ։

Պօղոս գրեց. «Երբ ըսելու ըլլան թէ խաղաղութիւն ու ապահովութիւն է, այն ատեն կորուստը յանկարծակի անոնց վրայ պիտի հասնի» (Ա. Թես. 5։2, 3)։ Շատ անգամ, մեր հրատարակութիւնները Պօղոսին այս խօսքը բացատրած են հետեւեալ կերպով. «Խաղաղութիւն ու ապահովութիւն» պիտի յայտարարուի՝ մեծ նեղութիւնը սկսելէն ճիշդ առաջ, իսկ մեծ նեղութիւնը կը սկսի՝ Մեծ Բաբելոնին կործանումով, այսինքն՝ բոլոր սուտ կրօնքներուն կործանումով։ Նաեւ ըսած ենք որ այս յայտարարութիւնը պիտի ըլլայ վերջին նշանը՝ թէ մեծ նեղութիւնը սկսելու վրայ է։

Բայց այս նիւթը ուշի–ուշով սերտելէ ետք, այնպէս կ’երեւի թէ այս կէտը ուրիշ կերպով մըն ալ կրնանք բացատրել։ Թերեւս «խաղաղութիւն ու ապահովութիւն» յայտարարութիւնը տեղի ունենայ սուտ կրօնքներուն կործանումէն ետք։ Ինչո՞ւ։ Նկատի առնենք հետեւեալ հարցումները։

Սուտ կրօնքները ի՞նչ դեր խաղցած են աշխարհին չորս կողմը տեղի ունեցած պատերազմներուն մէջ։ Սուրբ Գիրքը կը բացատրէ. «Երկրի վրայ բոլոր սպաննուածներուն արիւնը անոր [«պոռնիկին», Մեծ Բաբելոնին] մէջ գտնուեցաւ» (Յայտ. 17։1, 5. 18։24)։ Մարդկութեան պատմութեան մէջ, սուտ կրօնքները թիկունք կանգնած են պատերազմներու եւ շատ անգամ պատճառ եղած են ահաբեկչական արարքներու։ Ուրեմն, սուտ կրօնքները պատերազմ եւ վայրագութիւն պատճառած են, եւ ոչ թէ՝ խաղաղութիւն ու ապահովութիւն։ Հոս հարցում մը կը ծագի. արդեօք կառավարութիւնները Մեծ Բաբելոնը կործանելէն ե՞տքն է որ «խաղաղութիւն ու ապահովութիւն» պիտի յայտարարեն։ Ասիկա կարելի է, բայց չենք կրնար հարիւր առ հարիւր վստահ ըլլալ ասկէ։

Ի՞նչ պիտի պատահի «խաղաղութիւն ու ապահովութիւն» յայտարարուելէ ետք։ Պօղոս կ’ըսէ. «Այն ատեն կորուստը յանկարծակի անոնց վրայ պիտի հասնի» (Ա. Թես. 5։3)։ Եթէ անոնք, այսինքն՝ կառավարութիւնները, սուտ կրօնքներուն կործանումէն առա՛ջ յայտարարեն «խաղաղութիւն ու ապահովութիւն», ժամանակ պիտի առնէ որ նախ սուտ կրօնքները կործանին եւ ետքը կառավարութիւնները կործանին, եւ այսպիսով կառավարութիւններուն «կորուստը» կամ կործանումը «յանկարծակի» պիտի չ’ըլլայ։ Բայց քանի որ Պօղոս կ’ըսէ թէ անոնց կործանումը յանկարծակի պիտի ըլլայ, հաւանականութիւնը կայ որ նախ սուտ կրօնքները կործանին եւ ետքը յայտարարուի «խաղաղութիւն ու ապահովութիւն»։

Եհովային ժողովուրդը ի՞նչ պիտի ընէ երբոր մարգարէացուած բաները պատահին։ Պօղոս կ’ըսէ. «Դո՛ւք, եղբայրներ, խաւարի մէջ չէք, որ այն օրը գողի մը պէս ձեր վրայ հասնի» (Ա. Թես. 5։4)։ Մէկ հատ մտածէ ասոր մասին. եթէ սուտ կրօնքներուն կործանումէն ետք յայտարարուի «խաղաղութիւն ու ապահովութիւն», Եհովային ժողովուրդին համար յստակ պիտի ըլլայ որ կառավարութիւններուն կործանումը շատ մօտ է։ Բայց անդին, քանի որ կառավարութիւնները պիտի կարծեն որ խաղաղութիւն ըրին, իրենց աչքին՝ իրենց կործանումը գողի պէս եկած պիտի ըլլայ, այսինքն՝ անակնկալ կերպով։

Ուրեմն, ի՞նչ կրնանք ակնկալել։ Գիտենք թէ մօտ ատենէն «տասը եղջիւրները» եւ հեղինակութիւն ստացած «կարմիր գազանը» պիտի կործանեն սուտ կրօնքները։ Ասանկով պիտի սկսի մեծ նեղութիւնը։ Նաեւ գիտենք թէ կառավարութիւնները «խաղաղութիւն ու ապահովութիւն» պիտի յայտարարեն։ Ճիշդ երբ՝ չենք գիտեր, բայց երկու հաւանականութիւններ կան։ Առաջին հաւանականութիւնը. այս յայտարարութիւնը պիտի ըլլայ սուտ կրօնքներուն կործանումէն առա՛ջ։ Երկրորդ հաւանականութիւնը. այդ յայտարարութիւնը պիտի ըլլայ սուտ կրօնքներուն կործանումէն ե՛տք։ Ժամանակը պիտի ցուցնէ թէ ո՛ր հաւանականութիւնը պիտի իրականանայ։ Շատ անգամ, Սուրբ Գիրքին մարգարէութիւնները լման կը հասկնանք միայն երբ ատոնք կը կատարուին կամ ալ ատոնց կատարուելէն ետք (բաղդատէ՛ Յովհաննէս 12։16–ին հետ)։

Մինչ այդ, կարեւոր չէ թէ կառավարութիւնները ե՛րբ «խաղաղութիւն ու ապահովութիւն» պիտի յայտարարեն։ Ամէնէն կարեւորը այն է, որ մենք հաւատարիմ մնանք Աստուծոյ։ Մենք պէտք է «արթուն ու զգաստ ըլլանք», որպէսզի լման պատրաստ ըլլանք երբ այս դէպքերը պատահին, նոյնիսկ եթէ չենք գիտեր թէ ի՛նչ շարքաւորումով պիտի կատարուին (Ա. Թես. 5։6)։

a Տե՛ս «Հարցումներ ընթերցողներէն» յօդուածը, Դիտարան–ի նոյեմբեր 2025 թիւին մէջ։

b Պօղոս առաքեալին գործածած բառերէն կը գիտնանք, թէ հաւանականութիւնը կայ որ ասիկա շարք մը յայտարարութիւններ ըլլայ, եւ ոչ թէ միայն մէկ յայտարարութիւն։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2026)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2026 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել