ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ՅՕԴՈՒԱԾ 50
ԵՐԳ 48 Ամէն օր Եհովայի հետ քալենք
Եհովային պէս խոնարհ եղիր
«Աստուծոյ նմանող եղէք սիրելի զաւակներու պէս» (ԵՓ. 5։1)։
ՆԻՒԹ
Պիտի տեսնենք թէ ի՛նչ չորս կերպերով կրնանք Եհովային պէս խոնարհ ըլլալ։
1. Եհովային խոնարհութիւնը ինչո՞ւ շատ յատուկ է։
ԱՅՍ աշխարհի կառավարիչներուն մէջ խոնարհութիւն կը տեսնե՞ս։ Շատ հաւանաբար ո՛չ։ Բայց Եհովան խոնարհ է, հակառակ անոր որ ամենակարող է (Սաղ. 113։5-8)։ Մէ՛կը չկայ որ Եհովային չափ խոնարհ է։ Անոր մէջ բնա՛ւ հպարտութիւն չկայ։ Այս յօդուածին մէջ նկատի պիտի առնենք Եհովային գեղեցիկ յատկութիւններէն չորսը, եւ պիտի տեսնենք որ չորսն ալ ինչպէ՛ս կը ցուցնեն որ ան խոնարհ է։ Նաեւ պիտի տեսնենք որ Յիսուս ինչպէ՛ս իր Հօր պէս խոնարհութեամբ վարուեցաւ։ Ասոնք մեզի պիտի օգնեն, որ Եհովային աւելի մօտենանք եւ իրեն պէս աւելի խոնարհ ըլլանք։
ԵՀՈՎԱՅԻՆ ՄՕՏԵՆԱԼԸ ԴԻՒՐԻՆ Է
2. Սաղմոս 62։8–ը Եհովային մասին ի՞նչ ցոյց կու տայ (տե՛ս նաեւ նկարը)։
2 Սովորաբար դիւրին չէ խօսիլ մէկու մը հետ, որ հպարտ է։ Հպարտ մէկը սովորաբար ուրիշներուն հետ կոշտութեամբ կը վարուի, քանի որ կը կարծէ թէ ինք ուրիշներէն լաւ է, եւ ասոր համար ուրիշները իրմէ հեռու կը կենան։ Բայց Եհովան բոլորովին տարբեր է։ Քանի որ ինք խոնարհ է, ան կը դիւրացնէ մեզի որ աղօթքով իրեն մօտենանք։ Ան կ’ուզէ որ իրեն պատմենք մեզ մտահոգող բոլոր բաները (կարդա՛ Սաղմոս 62։8) Ճիշդ ինչպէս որ հոգատար հայր մը իրապէ՛ս կ’ուզէ գիտնալ թէ իր զաւակները ինչով մտահոգուած են, Եհովան ալ իրապէ՛ս կ’ուզէ մտիկ ընել իր ծառաներուն աղօթքներուն։ Իրականութեան մէջ, ան շատ մը այսպիսի աղօթքներ գրել տուած է Աստուածաշունչին մէջ։ Ասիկա ցոյց կու տայ թէ իրեն մօտենալը որքա՜ն դիւրին է (Յես. 10։12-14. Ա. Թագ. 1։10-18) Լաւ, կրնա՞նք Եհովային մօտենալ եթէ ատեններ որոշ պատճառով մը արժանի չզգանք իրեն մօտենալու։
Եհովայէն օրինակ առնելով, հայր մը խոնարհութեամբ մտիկ կ’ընէ իր տղուն, որ ծաղկաման մը կոտրած է խաղալու ատեն (տե՛ս պարբերութիւն 2)
3. Ինչո՞ւ կրնանք վստահ ըլլալ որ Եհովան կ’ուզէ որ միշտ աղօթքով իրեն մօտենանք։
3 Այո, կրնա՛նք Եհովային մօտենալ նոյնիսկ եթէ իր սիրոյն արժանի չզգանք։ Ինչո՞ւ կրնանք այսպէս ըսել։ Անառակ որդիին առակին մէջ, Յիսուս Եհովան նմանցուց փափուկ սրտով հօր մը, որուն զղջացող տղան զգաց թէ արժանի չէ տուն վերադառնալու։ Հայրը ի՞նչ ըրաւ երբ տեսաւ թէ տղան տուն կը վերադառնայ։ Յիսուս կ’ըսէ թէ հազիւ հայրը հեռուէն տեսաւ զաւակը, «վազելով՝ անոր պարանոցին վրայ ինկաւ ու համբուրեց զանիկա» (Ղուկ. 15։17-20)։ Եհովան այս հօրը պէս է. ան ուշի–ուշով մտիկ կ’ընէ մեզի, երբ լսէ մեր այն աղօթքները, որոնց միջոցաւ իրեն կ’արտայայտենք թէ նեղացած ենք մեր գործած սխալին պատճառաւ կամ մտահոգ ենք որոշ բանի մը մասին (Ող. 3։19, 20)։ Եհովան մեզի հետ կը զգայ եւ մեր քով «կը վազէ», որպէսզի մեզ մխիթարէ եւ վստահեցնէ թէ ինք ներող է եւ մեզ կը սիրէ (Եսա. 57։15)։ Լաւ, այսօր Եհովան ինչպէ՞ս մեր քով «կը վազէ»։ Ան շատ անգամ կը գործածէ երէցները, մեր ընտանիքը եւ եղբայրներն ու քոյրերը (Յակ. 5։14, 15)։ Եհովան մեզի այս կերպով կ’օգնէ քանի որ կ’ուզէ իրեն մօտիկ ըլլանք։
4. Յիսուս ինչպէ՞ս ցոյց տուաւ որ իրեն մօտենալը դիւրին է։
4 Յիսուս ինչպէ՞ս իր Հօրը պէս վարուեցաւ։ Յիսուս իր Հօր նման խոնարհ էր։ Եւ ասոր համար, երբ ան երկրի վրայ էր, մարդիկ հանգիստ զգացին իրեն մօտենալու եւ չվախցան իրեն հարցումներ հարցնելու (Մար. 4։10, 11)։ Եւ երբ Յիսուս իրենց կարծիքը հարցուց, անոնք հանգիստ զգացին իրենց զգացումները արտայայտելու (Մատ. 16։13-16)։ Իսկ երբ անոնք սխալներ ըրին, իրենց վախէն չդողացին, քանի որ գիտէին թէ Յիսուս ազնիւ, ներող ու համբերատար էր (Մատ. 17։23-26)։ Անոնք Յիսուսին նայելով կրնային գիտնալ թէ Եհովան խոնարհ է եւ կ’ուզէ իրենց մօտենալ, եւ թէ ան չի նմանիր իրենց կրօնական առաջնորդներուն, որոնք կոշտ ու կոպիտ էին եւ մարդոցմով հետաքրքրուած չէին (Յովհ. 14։9)։
5. Երբ խոնարհ ըլլանք, ասիկա ինչպէ՞ս կ’օգնէ որ ուրիշներ հանգիստ զգան մեզի մօտենալու։
5 Ինչպէ՞ս կրնանք Եհովային պէս վարուիլ։ Երբ խոնարհ ըլլանք, ուրիշներ աւելի հանգիստ պիտի զգան մեզի մօտենալու։ Ինչո՞ւ։ Խոնարհութիւնը չի ձգեր որ նախանձ, հպարտ ու ոխակալ ըլլանք, եւ այս յատկութիւններն են որ մարդիկը կը հեռացնեն մեզմէ։ Անդին, խոնարհութիւնը մեզի կ’օգնէ որ ազնիւ, համբերող ու ներող ըլլանք, եւ այս յատկութիւններն են որ մարդիկը կը մօտեցնեն մեզի (Կող. 3։12-14)։ Մանաւանդ երէցները պէտք է ջանք թափեն, որ դիմացինը հանգիստ զգացնեն իրենց մօտենալու։ Բայց եղբայրներն ու քոյրերը ինչպէ՞ս պիտի մօտենան երէցին, եթէ զինք չեն տեսներ։ Ասոր համար, երէցները ջանք կը թափեն որ Թագաւորութեան սրահի՛ն մէջ ներկայ ըլլան ժողովներուն, քան՝ համացանցով. բայց անշուշտ որքա՛ն որ իրենց պարագաները կը ներեն։ Եւ անոնք կարելի եղածին չափ տունէ–տուն ծառայութեան կ’ելլեն եղբայրներուն ու քոյրերուն հետ։ Այսպիսով, հրատարակիչները աւելի մօտէն կը ճանչնան երէցները եւ աւելի հանգիստ կը զգան անոնցմէ օգնութիւն խնդրելու՝ երբ պէտք ունենան։
ԵՀՈՎԱՆ ԶԻՋՈՂ Է
6-7. Օրինակներ տուր, որոնք ցոյց կու տան թէ Եհովան պատրաստ էր զիջելու իր ծառաներուն խնդրանքներուն։
6 Հպարտ անձերը կը կարծեն, որ իրենք գիտեն ինչն է լաւագոյնը եւ պատրաստ չեն միտքերնին փոխելու։ Բայց, Եհովան որ միշտ գիտէ թէ ինչն է լաւագոյնը, բնաւ այդպէս չէ. ընդհակառակը, ան ճկուն է եւ պատրաստ է ուրիշին մտիկ ընելու, եւ նոյնիսկ իր առած որոշումը փոխելու՝ քանի որ խոնարհ է։ Նկատի առ, թէ Եհովան ինչպէ՛ս վարուեցաւ Մովսէսին քրոջ՝ Մարիամին հետ։ Ան եւ Ահարոնը գանգատեցան Մովսէսին դէմ, որ Եհովային ներկայացուցիչն էր։ Ասանկով, Մարիամը Եհովան անարգած եղաւեց։ Եհովան ասոր համար շատ բարկացաւ եւ Մարիամը բորոտութեամբ զարկաւ։ Բայց, երբ Ահարոնը Եհովային աղաչեց որ Մարիամին օգնէ, եւ Մովսէսն ալ աղաչեց որ Եհովան Մարիամը բուժէ, Եհովան ի՞նչ ըրաւ։ Ան հպարտօրէն չմերժեց անոնց աղաչանքը. ընդհակառակը, քանի որ խոնարհ է՝ իր որոշումէն զիջեցաւ եւ Մարիամը բուժեց (Թւ. 12։1-15)։
7 Եհովան նաեւ խոնարհութեամբ վարուեցաւ Եզեկիա թագաւորին հետ։ Ան իր մարգարէին միջոցաւ Եզեկիային լուր հասցուց որ ան պիտի մեռնէր։ Եզեկիան լալով Եհովային աղաչեց որ զինք բուժէ։ Եհովան ազնուօրէն լսեց Եզեկիային աղաչանքը եւ անոր ըսաւ, որ 15 տարի աւելի պիտի ապրի (Դ. Թագ. 20։1, 5, 6)։ Իսկապէ՛ս, Եհովային խոնարհ ըլլալը զինք կը մղէ որ դիմացինին հետ զգայ, ճկունութեամբ վարուի եւ զիջելու պատրաստ ըլլայ։
8. Ո՞ր օրինակները ցոյց կու տան, որ Յիսուս զիջող է (Մարկոս 3։1-6)։
8 Յիսուս ինչպէ՞ս իր Հօրը պէս վարուեցաւ։ Երբ Յիսուս երկրի վրայ էր, ան ուրիշներուն օգտակար բաներ ըրաւ, երբ այդ մէկը կարելի էր։ Օրինակ, ան Շաբաթ օրով մարդիկը բուժեց, չնայած որ իր կարծրասիրտ հակառակորդները ասոր դէմ էին (կարդա՛ Մարկոս 3։1-6)։ Որպէս քրիստոնէական ժողովքին գլուխը, Յիսուս այսօր ալ զիջող եւ կարեկից է։ Օրինակ, երբ ժողովքին մէջ մէկը լուրջ մեղք գործէ, ան համբերութեամբ կը վարուի անոր հետ, եւ անոր բաւական առիթ կու տայ որ իր ընթացքը փոխէ (Յայտ. 2։2-5)։
9. Ինչպէ՞ս կրնանք ցոյց տալ թէ մենք զիջող ենք (տե՛ս նաեւ նկարները)։
9 Ինչպէ՞ս կրնանք Եհովային պէս վարուիլ։ Պէտք է խոնարհութեամբ ջանանք Եհովային պէս զիջող ըլլալ՝ իրեն պէս մտածելով ու վարուելով (Յակ. 3։17)։ Օրինակ, զիջող ու ճկուն ծնողները իրենց զաւակներէն չեն ակնկալեր բաներ, որ անոնք չեն կրնար ընել։ Ծննդոց 33։12-14–ի մէջ կը տեսնենք Յակոբը, որ ասոր մէջ լաւ օրինակ է ծնողներուն։ Խոնարհ ու զիջող ծնողները նաեւ պէտք չէ մէկ զաւակը բաղդատեն միւսին հետ։ Երէցներն ալ պէտք է զիջող ըլլան։ Օրինակ, երէց մը պէտք չէ իր կարծիքը պնդէ, հապա ան պէտք է թիկունք կանգնի երէցներու մեծամասնութեան որոշումին, եթէ սկզբունք կտրած չեն ըլլար (Ա. Տիմ. 3։2, 3)։ Բոլորս ալ պէտք է ջանանք ուրիշներուն «կարծիքները» հասկնալ, նոյնիսկ եթէ մեր կարծիքը տարբեր է (Հռով. 14։1, ԱԾ)։ Ժողովքին մէջ ամէն մէկս պէտք է ջանայ իր ‘զիջող ըլլալը ամէն մարդու յայտնի ընել’ (Փլպ. 4։5, ՆԱ, ստորանիշ)։
Զիջող հայր մը իր զաւակներէն չ’ակնկալեր որ ծառայութեան մէջ ընեն բաներ, որ անոնք չենք կրնար ընել (տե՛ս պարբերութիւն 9)
ԵՀՈՎԱՆ ՀԱՄԲԵՐԱՏԱՐ Է
10. Եհովան ի՞նչ կերպերով համբերութիւն ցոյց տուած է։
10 Կրնայ ըլլալ նկատած ես թէ հպարտ մարդիկը չեն սիրեր սպասել։ Իրենց հպարտութիւնը զիրենք անհամբեր կը դարձնէ։ Եհովան անոնցմէ որքա՜ն տարբեր կը վարուի. ան ոեւէ մէկէ աւելի կը համբերէ։ Օրինակ, Նոյի օրերուն Եհովան ըսաւ որ ինք 120 տարի պիտի սպասէ չարերը կործանելէ առաջ (Ծն. 6։3)։ Մինչ այդ, Նոյ ժամանակ ունեցաւ իր զաւակները մեծցնելու եւ իր ընտանիքին օգնութեամբ տապանը շինելու։ Ուրիշ օրինակ մը առնենք։ Եհովան ներկայացնող հրեշտակը համբերութեամբ մտիկ ըրաւ Աբրահամին, մինչ ան Սոդոմի ու Գոմորի կործանումին մասին հարցումներ կը հարցնէր։ Հպարտ մէկը Աբրահամին պիտի ըսէր. «Ի՞նչ իրաւունքով կը կասկածիս որոշումներուս վրայ»։ Բայց, այդ հրեշտակը Եհովային պէս համբերութեամբ վարուեցաւ Աբրահամին հետ (Ծն. 18։20-33)։
11. Բ. Պետրոս 3։9–ին համաձայն, Եհովան ներկայիս ինչո՞ւ կը համբերէ։
11 Եհովան ներկայիս ալ խոնարհաբար կը համբերէ։ Ան կը սպասէ որ իր որոշած ժամանակը գայ, որպէսզի այս աշխարհին վերջ դնէ։ Ան ինչո՞ւ կը համբերէ։ «[Աստուած] չ’ուզեր որ մէ՛կը կորսուի, հապա որ ամէնքը ապաշխարեն» (կարդա՛ Բ. Պետրոս 3։9)։ Եհովային համբերութիւնը պարապի՞ է։ Ո՛չ։ Եհովային համբերութեան պատճառաւ, միլիոնաւորներ իր բարեկամները եղած են, եւ կը յուսանք որ տակաւին միլիոնաւորներ իրեն մօտենան։ Բայց եւ այնպէս, Եհովային համբերութիւնը սահման ունի։ Թէեւ ան մարդիկը կը սիրէ, բայց անոնց պիտի չարտօնէ որ շարունակեն իրենց ամէն ուզածը ընել։ Ան չարերուն վերջ պիտի դնէ (Ամբ. 2։3)։
12. Յիսուս ինչպէ՞ս իր հօրը պէս համբերատար է։
12 Յիսուս ինչպէ՞ս իր Հօրը պէս վարուեցաւ։ Հազարաւոր տարիներու ընթացքին, Յիսուս Եհովային պէս ինքն ալ համբերատար եղած է։ Ան տեսած է թէ Սատանան ինչպէ՛ս շատ գէշ սուտեր կը տարածէ Եհովային ու հաւատարիմ մարդոց մասին (Ծն. 3։4, 5. Յոբ 1։11. Յայտ. 12։10)։ Ան նաեւ տեսած է շատ մը մարդոց աներեւակայելի չարչարանքը։ Երեւակայէ թէ Յիսուս որքա՜ն կ’ուզէ «որ Սատանային գործերը քանդէ» (Ա. Յովհ. 3։8)։ Յիսուս ինչպէ՞ս մինչեւ այսօր կրնայ համբերութեամբ սպասել որ Եհովայի՛ն որոշած ժամանակը գայ, որպէսզի վերջնական կերպով քանդէ Սատանային բոլոր գէշ գործերը։ Պատճառներէն մէկը այն է, որ ան խոնարհ է եւ գիտէ թէ Եհովա՛ն է որ կ’որոշէ թէ վերջը ե՛րբ պիտի բերէ (Գործք 1։7)։
13. Յիսուս ինչպէ՞ս խոնարհութեամբ վարուեցաւ իր առաքեալներուն հետ, եւ ինչո՞ւ։
13 Երբ Յիսուս երկրի վրայ էր, իր առաքեալներուն հետ ալ համբերութեամբ վարուեցաւ։ Օրինակ, հակառակ որ անոնք շատ անգամներ վիճաբանեցան թէ իրենց մէջ ո՛վ է մեծը, Յիսուս իր յոյսը չկտրեց անոնցմէ, հապա՝ համբերեց անոնց (Ղուկ. 9։46. 22։24-27)։ Ան վստահ էր որ ժամանակի ընթացքին անոնք պէտք եղած փոփոխութիւնները պիտի ընէին։ Քեզի հետ ալ պատահա՞ծ է որ նոյն սխալը կրկնած ես։ Եթէ այո՛, վստահաբար շատ շնորհակալ ես որ Յիսուս քու Թագաւորդ է, քանի որ ան քեզի հետ ալ խոնարհութեամբ ու համբերութեամբ կը վարուի։
14. Ի՞նչը մեզի պիտի օգնէ որ աւելի համբերող ըլլանք։
14 Ինչպէ՞ս կրնանք Եհովային պէս վարուիլ։ Որպէսզի կարենանք ա՛լ աւելի Եհովային պէս մտածել ու վարուիլ, պէտք է «Քրիստոսին միտքը» զարգացնենք (Ա. Կոր. 2։16)։ Ինչպէ՞ս կրնանք Քրիստոսին միտքը աւելի հասկնալ։ Արագ կերպ մը չկայ։ Պէտք է Աւետարանները կարդանք։ Ետքը, պէտք է ժամանակ տրամադրենք լաւ մը խոկալու համար թէ Յիսուս ինչպէ՛ս կը վարուէր եւ ինչո՛ւ այդպէս կը վարուէր։ Նաեւ պէտք է Եհովայէն խնդրենք, որ մեզի օգնէ Յիսուսին պէս խոնարհ ու համբերող ըլլալու։ Որքա՛ն աւելի սորվինք Յիսուսին պէս մտածել, այնքա՛ն աւելի պիտի կարենանք Եհովային պէս համբերող ըլլալ, թէ՛ մեր անձին եւ թէ՛ ուրիշներուն հետ (Մատ. 18։26-30, 35)։
ԵՀՈՎԱՆ ՊԱՐԶ ՄԱՐԴՈՑ ԱՐԺԷՔ ԿՈՒ ՏԱՅ
15. Օրինակներ տուր թէ Եհովան ինչպէ՛ս արժէք կու տայ պարզ մարդոց (Սաղմոս 138։6)։
15 Կարդա՛ Սաղմոս 138։6։ Պահ մը մտածէ. Եհովան որ տիեզերքին ամէնէն բարձր անձնաւորութիւնն է, կը նկատէ եւ արժէք կու տայ պարզ մարդոց, որոնք ուրիշներուն աչքին արժէք մը չունին։ Նկատի առ կարգ մը օրինակներ, թէ Եհովան ինչպէ՛ս պարզ մարդոց արժէք տուած է դարերու ընթացքին։ Թերեւս անոնցմէ ոմանք շուտով մեր միտքը չեն գար, բայց Եհովան անոնց մասին գրել տուած է Սուրբ Գիրքին մէջ։ Օրինակ, Դեբօրան որպէս դայեակ հաւատարմօրէն ծառայեց Իսահակին եւ Յակոբին ընտանիքներուն՝ շուրջ 125 տարի։ Ճիշդ է որ շատ բան չենք գիտեր այս հաւատարիմ կնոջ մասին, բայց Եհովան Մովսէսին գրել տուաւ մանրամասնութիւն մը, որ ցոյց տուաւ այս կնոջ որքա՜ն արժէքաւոր ըլլալը (Ծն. 24։59. 35։8, ստորանիշ)։ Դարեր ետք, Եհովան Դաւիթ անունով պզտիկ հովիւ մը ընտրեց, որ Իսրայէլի թագաւորը ըլլայ (Բ. Թագ. 22։1, 36)։ Իսկ Յիսուսին ծնունդէն քիչ ետք, Եհովան հրեշտակներ ղրկեց հովիւներու եւ անոնց պատիւը տուաւ որ առաջին անձերը ըլլան գիտնալու թէ Մեսիան ծնած է Բեթլեհէմի մէջ (Ղուկ. 2։8-11)։ Եւ երբ Յովսէփն ու Մարիամը տաճար բերին Յիսուսը, Եհովան երկու տարեցներու՝ Սիմէոնին ու Աննային առանձնաշնորհումը տուաւ որ իր Որդին տեսնեն (Ղուկ. 2։25-30, 36-38)։ Իրապէս ալ, «թէպէտ Տէրը բարձր է, բայց խոնարհը կը տեսնէ»։
16. Յիսուս ինչպէ՞ս իր Հօրը պէս վարուեցաւ մարդոց հետ։
16 Յիսուս ինչպէ՞ս իր Հօրը պէս վարուեցաւ։ Յիսուս իր Հօրը պէս արժէք տուաւ պարզ մարդոց։ Ան «առանց ուսման» մարդոց սորվեցուց Աստուծոյ Թագաւորութեան մասին (Գործք 4։13. Մատ. 11։25)։ Ան նաեւ հիւանդները բուժեց կերպով մը, որ անոնք սիրուած ու յարգուած զգան (Ղուկ. 5։13)։ Իր մահէն մէկ գիշեր առաջ, Յիսուս ծառայի մը դերը առնելով առաքեալներուն ոտքերը լուաց (Յովհ. 13։5)։ Նաեւ, երկինք չելած, Յիսուս արժէք տուաւ իր բոլո՛ր հետեւորդներուն, մէջը ըլլալով մեզի։ Ինչպէ՞ս։ Ան իր հետեւորդներուն ամէնէն կարեւոր գործը տուաւ, որ է՝ ուրիշներուն օգնել որ յաւիտենական կեանքը ունենան (Մատ. 28։19, 20)։
17. Ինչպէ՞ս կրնանք ուրիշներուն արժէք տալ (տե՛ս նաեւ նկարը)։
17 Ինչպէ՞ս կրնանք Եհովային պէս վարուիլ։ Մենք ալ մարդոց արժէք կու տանք, երբ անոնց կը խօսինք բարի լուրին մասին, չնայած թէ անոնք ուրկէ՛ են, անոնց մորթին գոյնը ի՛նչ է կամ թէ որչա՛փ ուսում ունին։ Մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն ալ արժէք կու տանք, երբ զանոնք մեզմէ աւելի լաւ կը սեպենք, չնայած թէ մենք ի՛նչ ձիրք կամ ի՛նչ առանձնաշնորհում ունինք ժողովքին մէջ (Փլպ. 2։3)։ Եհովան կ’ուրախանայ երբ մենք առաջին քայլը առնենք իրարու արժէք տալու մէջ, վերը նշուած եւ ուրիշ կերպերով (Հռով. 12։10. Սոփ. 3։12)։
Եհովային պէս խոնարհութեամբ վարուած կ’ըլլանք, երբ բարի լուրը հասցնենք ամէն տեսակի մարդոց (տե՛ս պարբերութիւն 17)a
18. Ինչո՞ւ կ’ուզենք Եհովային պէս խոնարհ ըլլալ։
18 Երբ մեր լաւագոյնը ընենք որ մեր երկնաւոր Հօրը պէս խոնարհ ըլլանք, մարդիկ աւելի հանգիստ պիտի զգան մեզի մօտենալու։ Ասկէ զատ, պիտի ըլլանք աւելի զիջող, աւելի համբերող եւ ուրիշներուն աւելի արժէք տուող։ Այսպիսով, ա՛լ աւելի արժէք պիտի ունենանք Եհովային աչքին (Եսա. 43։4)։
ԵՐԳ 159 Եհովային փառք տուէք
a ՆԿԱՐ. Կարգ մը քոյրեր, Եհովան ընդօրինակելով, խոնարհութեամբ Սուրբ Գիրքը կը սորվեցնեն բանտարկեալներու։