Ապրիլ 14–ով սկսող շաբթուան յայտագիրը
ԱՊՐԻԼ 14–ՈՎ ՍԿՍՈՂ ՇԱԲԱԹԸ
Երգ 114 եւ աղօթք
□ Աստուածաշունչի ժողովքային ուսումնասիրութիւն
Աստուծոյ սէրը գլուխ 5, պարբ. 16-23 (30 վրկ.)
□ Աստուածպետական ծառայութեան դպրոց
Աստուածաշունչի ընթերցանութիւն. Ելից 11-14 (10 վրկ.)
Թիւ 1. Ելից 12։37-51 (4 վրկ. կամ նուազ)
Թիւ 2. Քրիստոսի ներկայութեան առնչուած կարգ մը դէպքերը ի՞նչ են (rs էջ 344 պարբ. 1-5 [էջ 216 պարբ. 5–էջ 217 պարբ. 3, արաբ.]) (5 վրկ.)
Թիւ 3. Աբեններ,– սուրով ապրողը սուրով կը մեռնի (it-1 էջ 27-28) (5 վրկ.)
□ Ծառայութեան ժողով
15 վրկ. 2014–ի Տարեգիրք–էն լաւագոյնս օգտուէ։ Քննարկութիւն։ Վերաքաղ ըրէ «Նամակ՝ Կառավարիչ մարմինէն» նիւթը։ Կանխաւ ընտրէ անհատներ, որպէսզի քաջալերական փորձառութիւններ պատմեն Տարեգիրք–էն։ Ներկաներէն խնդրէ, որ համաշխարհային տեղեկագրութեան աչքառու երեսակներուն մասին մեկնաբանեն։ Եզրափակէ բոլորը քաջալերելով, որ Տարեգիրք–ը ամբողջութեամբ կարդան։
15 վրկ. «Ծառայութեան մէջ հմտութիւնդ բարելաւէ. օգտակար ծառայակից մը ըլլալ»։ Քննարկութիւն։ Երկու հակիրճ ցուցադրութիւններով ցոյց տուր ծառայակից մը, որ իր ընկերոջ թիկունք չի կանգնիր։ Իւրաքանչիւր ցուցադրութենէ ետք, ներկաներէն խնդրէ որ մեկնաբանեն, թէ ծառայակիցը ինչպէ՛ս կրնար հարցը աւելի լաւ կերպով ձեռք առնել։
Երգ 45 եւ աղօթք