Դեկտեմբեր 9–ով սկսող շաբթուան յայտագիրը
ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 9–ՈՎ ՍԿՍՈՂ ՇԱԲԱԹԸ
Երգ 84 եւ աղօթք
□ Աստուածաշունչի ժողովքային ուսումնասիրութիւն
Եհովայի կամքը դաս 17-19 (30 վրկ.)
□ Աստուածպետական ծառայութեան դպրոց
Աստուածաշունչի ընթերցանութիւն. Ա. Յովհաննէս 1-5. Բ. Յովհաննէս 1-13. Գ. Յովհաննէս 1-14–Յուդա 1-25 (10 վրկ.)
Թիւ 1. Ա. Յովհաննէս 5։1-21 (4 վրկ. կամ նուազ)
Թիւ 2. Ինչպէ՞ս պէտք է յիշենք Յիսուս Քրիստոսը (Ղուկ. 1։32, 33. Յովհ. 17։3) (5 վրկ.)
Թիւ 3. Ճշմարիտ կրօնքը իսկական հաւատք կը ցուցաբերէ Յիսուս Քրիստոսի հանդէպ (rs էջ 329 պարբ. 1 [էջ 205 պարբ. 2, արաբ.]) (5 վրկ.)
□ Ծառայութեան ժողով
15 վրկ. 2014–ի Աստուածպետական ծառայութեան դպրոցը։ Դպրոցի տեսուչին կողմէ դասախօսութիւն։ 2014–ի յայտագիրը գործածելով, քննարկէ կէտեր, որոնք տեղականօրէն պէտք է շեշտուին։ Բացատրէ թէ այն պարագային, երբ Աստուածաշունչի ընթերցանութիւնը գրքի մը առաջին քանի մը գլուխները կ’ընդգրկէ, աչքառու կէտերը ներկայացնող եղբայրը այլեւս «Բոլոր գիրքը» գրքէն տեղեկութիւններ պիտի չքննարկէ։ Ասկէ զատ եթէ թիւ 2 եւ թիւ 3 նշանակումները կ’ակնարկեն Պատճառաբանել կամ Խորաթափանց գիրքերուն պարբերութիւններուն, միայն ներս քաշուած պարբերութիւնները պէտք է համրուին։ Բոլորը քաջալերէ որ ժրաջանօրէն իրենց նշանակումները կատարեն, Աստուածաշունչէն աչքառու կէտերուն մասնակցին եւ Ծառայութեան դպրոց–ի գրքէն ամէն շաբաթ տրուած թելադրութիւնները կիրարկեն։
15 վրկ. «Ինչպէ՛ս ազդու բացումներ պատրաստել»։ Հարց-պատասխան։ Ցուցադրէ Աստուածաշունչը կը սորվեցնէ գիրքը առաջարկելու երկու բացումներ, առաջինը՝ ոչ ազդու, իսկ երկրորդը՝ ազդու։
Երգ 60 եւ աղօթք