Նոյեմբեր 25–ով սկսող շաբթուան յայտագիրը
ՆՈՅԵՄԲԵՐ 25–ՈՎ ՍԿՍՈՂ ՇԱԲԱԹԸ
Երգ 122 եւ աղօթք
□ Աստուածաշունչի ժողովքային ուսումնասիրութիւն
Եհովայի կամքը դաս 11-13 (30 վրկ.)
□ Աստուածպետական ծառայութեան դպրոց
Աստուածաշունչի ընթերցանութիւն. Յակոբոս 1-5 (10 վրկ.)
Թիւ 1. Յակոբոս 1։22–2։13 (4 վրկ. կամ նուազ)
Թիւ 2. Սէրը ինչպէ՛ս կը յաղթահարէ վախը (Ա. Յովհ. 4։16-18) (5 վրկ.)
Թիւ 3. Աստուածաշունչ կարդալը ինչո՛ւ ինքնին բաւարար չէ (rs էջ 328 պարբ. 2-3 [էջ 204 պարբ. 3-4, արաբ.]) (5 վրկ.)
□ Ծառայութեան ժողով
10 վրկ. Դեկտեմբեր ամսուան մէջ պարբերաթերթերը առաջարկելու գաղափարներ։ Քննարկութիւն։ Կէս կամ մէկ վայրկեան տրամադրէ, նշելու համար թէ պարբերաթերթերը ինչո՛ւ հետաքրքրական պիտի ըլլան թաղամասի մարդոց համար։ Ապա ներկաներուն հարցուր, թէ Դիտարան–ի եւ Զարթի՛ր–ի կողքերուն նիւթերուն վերաբերեալ հետաքրքրութիւն արթնցնող ի՛նչ հարցում եւ ի՛նչ համար կարելի է գործածել։ Եթէ ժամանակը ներէ, նոյն կերպով յաւելեալ յօդուած մը նկատի առ Դիտարան–էն կամ Զարթի՛ր–էն։ Ցուցադրել տուր, թէ ինչպէ՛ս կարելի է իւրաքանչիւր թիւ ներկայացնել։
10 վրկ. Ինչպէ՞ս պիտի պատասխանես։ Դասախօսութիւն, հիմնուած՝ Ծառայութեան դպրոց գիրքին վրայ, էջ 69 պարբերութիւն 1-5։ Պարփակէ ցուցադրութիւն մը, ուր հրատարակիչ մը կը պատասխանէ Աստուածաշունչի աշակերտի մը հարցումին, որ անձնական որոշում մը պէտք է կայացնէ։ Աշակերտը կը հարցնէ. «Եթէ իմ պարագաս ունենայիր, ի՞նչ կ’ընէիր»։
10 վրկ. «Մեր ծառայութեան համար օգտակար յօդուածաշարք մը»։ Հարց–պատասխան։ Ընտրէ վերջերս լոյս տեսած յօդուած մը՝ «Զրոյց աստուածաշնչական նիւթի մը շուրջ» յօդուածաշարքէն, եւ անկէ մաս մը գործածելով, հակիրճ կերպով ցուցադրէ 3–րդ պարբերութեան թելադրութիւնը։
Երգ 45 եւ աղօթք