Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • թծ 6/06 էջ 2
  • Ծառայութեան Ժողովի Յայտագիր

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Ծառայութեան Ժողովի Յայտագիր
  • Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2006)
  • Ենթավերնագիրներ
  • Յունիս 12–ով սկսող շաբաթ
  • Յունիս 19–ով սկսող շաբաթ
  • Յունիս 26–ով սկսող շաբաթ
  • Յուլիս 3–ով սկսող շաբաթ
Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2006)
թծ 6/06 էջ 2

Ծառայութեան Ժողովի Յայտագիր

Յունիս 12–ով սկսող շաբաթ

Երգեցողութիւն թիւ 14

10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Գործածելով էջ 4–ի թելադրութիւնները կամ ժողովքի թաղամասին յարմար եղող այլ ներկայացումներ, Դիտարան 1 Յուլիս եւ Զարթի՛ր Յունիս թիւերը ներկայացնելու կերպը ցուցադրէ։ Ներկայացումներէն մէկը թող ցոյց տայ ի՛նչպէս պարբերաթերթերը ներկայացնել անպաշտօն վկայութեան ընթացքին։

20 վյրկ. «Մեր ծառայութիւնը՝ կարեկցութիւն արտացոլացնող գործ մը»։ Ժամանակին ներած չափով, ունկնդիրներէն խնդրէ որ նշուած համարներուն մասին մեկնաբանեն։

15 վյրկ. «ՀԱՒԱՏԱՐԻՄ ՈՒ ԻՄԱՍՏՈՒՆ ԾԱՌԱՅ»ԻՆ ՎՍՏԱՀԻԼ։ Դասախօսութիւն եւ ունկնդիրներուն մասնակցութեամբ քննարկութիւն, հիմնուած՝ Կազմակերպուած՝ Եհովայի կամքը ընելու գիրքին 3–րդ գլուխին վրայ։

Երգեցողութիւն թիւ 47 եւ փակման աղօթք։

Յունիս 19–ով սկսող շաբաթ

Երգեցողութիւն թիւ 21

10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը թերթիկէն ընտրուած ծանուցումներ։

20 վյրկ. ՅԱՐՄԱՐ ԱՏԵՆԻՆ ԸՍՈՒԱԾ ԽՕՍՔԸ ՈՐՉԱ՜Փ ԼԱՒ Է։ Դասախօսութիւն եւ ունկնդիրներուն մասնակցութեամբ քննարկութիւն, հիմնուած՝ Դիտարան 1 Յունուար 2006 թիւին վրայ (Անգլ.), էջ 16-19։ Բացման խօսքին մէջ, նշէ ուրիշները գովելու չորս օգուտները, որոնք նկատի առնուած են «Դրական ազդեցութիւններ» ենթագլուխին ներքեւ։ Ապա ունկնդիրներէն խնդրէ որ հետեւեալ հարցումներուն պատասխանեն. գլխաւորաբար ո՞վ գովաբանութեան արժանի է։ Հաւատակիցները ինչո՞ւ պատշաճ գովասանքի արժանի են։ Ժողովքին մէջ գովելու ի՞նչ առիթներ ունինք։ Ինչո՞ւ օգտակար է ընտանիքի անդամները գովաբանել, եւ ասիկա ի՞նչպէս կրնանք ընել։ Գովասանքը քեզ ի՞նչպէս քաջալերած կամ զօրացուցած է։

15 վյրկ. «Անձնական հետաքրքրութիւն ցուցաբերէ՝ գովաբանելով»։ Համառօտ ցուցադրութիւն մը պարփակէ, որուն մէջ հրատարակիչը ուշադրութեամբ տանտիրոջ մտիկ կ’ընէ, անկեղծօրէն կը գովաբանէ, ապա իր խօսքը տանտիրոջ ըսածին կը յարմարցնէ ու համար մը կը կարդայ։

Երգեցողութիւն թիւ 33 եւ փակման աղօթք։

Յունիս 26–ով սկսող շաբաթ

Երգեցողութիւն թիւ 63

15 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Կարդա՛ հաշիւի տեղեկագիրը եւ նուիրատուութիւններու ընկալագիրները։ Գործածելով էջ 4–ի թելադրութիւնները կամ ժողովքի թաղամասին յարմար եղող այլ ներկայացումներ, Դիտարան 1 Յուլիս եւ Զարթի՛ր Յուլիս թիւերը ներկայացնելու կերպը ցուցադրէ։ Իւրաքանչիւր ներկայացման աւարտին, հրատարակիչը միտք գրգռող հարցում մը կ’ուղղէ, որուն կրնայ պատասխանել յաջորդ այցելութեան, գործածելով Աստուածաշունչը կը սորվեցնէ գիրքը։

15 վյրկ. ՕՏԱՐԱԽՕՍ ԺՈՂՈՎՔԻՆ ՀԵՏ ԾԱՌԱՅԵԼ։ Դասախօսութիւն, հիմնուած՝ Դիտարան 15 Մարտ 2006 թիւին վրայ (Անգլ.), էջ 17-20։ Պարփակէ կարգ մը կէտեր Կազմակերպուած գիրքէն, էջ 112, պարբերութիւն 2։ Նիւթը ժողովքին յարմարցուր։ Կրնաս մէկ կամ երկու տեսակցութիւն ունենալ անոնց հետ, որոնք կը ջանան իրենց ծառայութիւնը ընդարձակել՝ նոր լեզու մը սորվելով։

15 վյրկ. ՅՈՒԼԻՍԻՆ՝ ԲԱՐԻ ԼՈՒՐԸ ՆԵՐԿԱՅԱՑՆԵԼ։ Ընդհանրապէս ո՞ր նիւթերը ժողովքի թաղամասի մարդիկը կը հետաքրքրեն։ Համառօտաբար տեսակցէ մէկ կամ երկու հրատարակիչներու հետ, որոնք Աստուածաշունչը կը սորվեցնէ գիրքը ազդուօրէն գործածած են եւ թերեւս Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը սկսած են։ Ապա՝ տունէ տուն ծառայութեան ընթացքին գիրքը ներկայացնելու կերպը ցուցադրէ, գործածելով ներկայացում մը, որ ժողովքի թաղամասին մէջ գործնական է։—Տես՝ Յունուար 2005–ի Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը թերթիկը, էջ 8, պարբերութիւն 5։

Երգեցողութիւն թիւ 195 եւ փակման աղօթք։

Յուլիս 3–ով սկսող շաբաթ

Երգեցողութիւն թիւ 59

10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Հրատարակիչներուն յիշեցուր որ Յունիս ամսուան դաշտի ծառայութեան տեղեկագիրները ներկայացնեն։

15 վյրկ. Տեղական կարիքներ։

20 վյրկ. «Ի՛նչպէս կրնաս հոգեւոր նպատակակէտերուդ հասնիլ»։ Ժողովքի պատանիներէն խնդրէ որ իրենց հոգեւոր նպատակակէտերուն մասին խօսին եւ նշեն թէ ի՛նչ կ’ընեն զանոնք իրագործելու համար։ Կրնաս մէկ կամ երկու մեկնաբանութիւն կանխաւ կարգադրել։

Երգեցողութիւն թիւ 123 եւ փակման աղօթք։

[Ստորանիշ]

Բացման խօսքը մէկ վայրկեանէն նուազ թող ըլլայ, ապա հարց–պատասխանով շարունակէ։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2026)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2026 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել