Ծառայութեան Ժողովներ Յունիս Ամսուան Համար
Յունիս 2–ով Սկսող Շաբաթ
Երգեցողութիւն թիւ 204
8 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ եւ Մեր Թագաւորութեան Ծառայութիւնը թերթիկէն ընտրուած Ծանուցումներ։ Խօսիր տեղական ժողովքի դաշտի ծառայութեան տեղեկագրութեան մասին։
15 վյրկ. «‘Ձեր Լաւագոյնը Ըրէ՛ք’»։ Հարց պատասխանով։—Տես նաեւ՝ Դիտարան 15 Ապրիլ 1993, էջ 28-30, Անգլերէն։
22 վյրկ. «Աստուծոյ Տուած Գիտութիւնը կը Պատասխանէ Շատ Հարցումներու»։ Ատենապետը յօդուածը նկատի կ’առնէ երկու կամ երեք հրատարակիչներու հետ, մէջը ըլլալով պատանի մը։ Մեկնաբանէ առաջին պարբերութեան մասին, շեշտելով թէ Գիտութիւն գիրքը ինչո՛ւ մեծապէս կ’օգնէ մեզի որ հարցումներու պատասխանենք։ Ցուցադրէ փորձի նիստ մը եւ իւրաքանչիւր ներկայացումէն ետք բարեփոխութիւններ թելադրէ։
Երգեցողութիւն թիւ 112 եւ փակման աղօթք։
Յունիս 9–ով Սկսող Շաբաթ
Երգեցողութիւն թիւ 63
10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Հաշիւի տեղեկագիրը։
15 վյրկ. Ամառուան Վերյիշեցումներ։ Դասախօսութիւն եւ ներկաներուն հետ խօսակցութիւն։ Մեզմէ շատեր ամրան ամիսներուն յաւելեալ գործունէութիւններու ծրագիրներ կ’ընեն, ինչպէս՝ արձակուրդի երթալ, ազգականներու այցելել կամ զբօսնուլ։ Ի՞նչպէս կրնանք կազմակերպել, որպէսզի աստուածպետական գործունէութիւնները չանտեսուին։ Նկատի առէք հետեւեալ կէտերը. (1) Նահանգային համաժողովի երեք օրերուն ալ ներկայ գտնուիլ։ (2) Կանոնաւորաբար ժողովներուն ներկայ ըլլալ, մեր շրջանէն դուրս ըլլանք կամ՝ ոչ։ (3) Կարգադրել որ ծառայութեան մէջ կանոնաւոր մասնակցութիւն մը բերենք, եւ եթէ ուրիշ շրջան մը ըլլանք՝ դաշտի ծառայութեան մեր տեղեկագիրները ժողովքին ղրկենք։ (4) Մեր հետ գրականութեան պաշար մը առնել, ճամբորդութեան ընթացքին անպաշտօն կերպով վկայելու համար։ (5) Ցերեկները երկարելուն պատճառաւ, երեկոյեան վկայութեան աւելի մասնակցիլ։ (6) Ամառուան մէկ կամ աւելի ամիսներու ընթացքին որպէս օժանդակ ռահվիրայ ծառայել։ (7) Երէցները ժողովքային գործունէութիւնները լաւ պէտք է կազմակերպեն եւ վստահ ըլլան որ իւրաքանչիւր բացակայող անհատի մը պատասխանատուութիւնները ուրիշի մը կողմէ կը հոգացուին։
20 վյրկ. Ուրիշներուն Սորվեցնելը՝ Ստիպողական Կարիք մըն Է։ Երէցի մը կողմէ դասախօսութիւն։ Վերաքաղ ըրէ 1997–ի Տարեգիրք–ին էջ 33–ի վրայ գտնուող, 1996–ի ծառայութեան համաշխարհային տեղեկագրութիւնը։ Ամէնուրեք մարդոց վկայելու համար թափուած բուռն ջանքերը պտուղ կ’արտադրեն։ Ներկայիս, ստիպողական կարիքը կայ գրականութիւններ ընդունող անհատները հետապնդելու ու անոնց ճշմարտութիւնը սորվեցնելու։ Երբ անոնց հանդիպինք հանրային վայրերու մէջ, փափկանկատօրէն խնդրենք իրենց անունը եւ հասցէն, որպէսզի կարենանք վերայցելութիւն մը ընել։ Թագաւորութեան սերմը ցանելէն շատ աւելին պէտք է ընենք. պէտք է նաեւ զայն ջրենք։ (Ա. Կորն. 3։6-8) Երբ աղէկ հողի մէջ սերմ մը ցանուի, ազդու ուսուցում մը կրնայ անհատին օգնել որ անոր իմաստը ըմբռնէ։ (Մատթ. 13։23) Պէտք է կարելի եղածին չափ լիովին եւ հմտօրէն մասնակցինք սորվեցնելու գործին։ (Եբր. 5։12ա) Պարփակէ կէտեր առնուած՝ Յունիս 1996 Մեր Թագաւորութեան Ծառայութիւնը թերթիկին յաւելուածականէն, պարբերութիւն 25-26։ Ի՛նչ կը Պահանջէ գրքոյկէն կամ Գիտութիւն գրքէն ուսումնասիրութիւններ սկսելու համար ջանք թափելու կարիքը շեշտէ։
Երգեցողութիւն թիւ 204 եւ փակման աղօթք։
Յունիս 16–ով Սկսող Շաբաթ
Երգեցողութիւն թիւ 114
10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Ընթացիկ պարբերաթերթերէն խօսակցութեան կէտեր թելադրէ։
15 վյրկ. Տեղւոյն կարիքներ։
20 վյրկ. Ձեր Կրօնքը Բնորոշել Որպէս Ճշմարիտ կամ՝ Սուտ։ Երէց մը երկու կամ երեք ատակ հրատարակիչներու հետ խօսակցութիւն մը կ’ունենայ, հիմնուելով՝ Զարթի՛ր 22 Դեկտեմբեր 1989–ի թիւին, էջ 18–ին վրայ։ Երեւութապէս անկեղծ շատ մը անհատներու կրկնակիօրէն այցելութիւններ կը տրուի։ Սակայն, անոնք բնաւ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը չեն ընդունած։ Նկատի առ թէ Զարթի՛ր–ի այս յօդուածին մէջ յիշուած կէտերը կրնան գործածուիլ, անոնց գիտցնելու թէ ճշգրիտ գիտութեան հետ ներդաշնակ գործելու կարիքը ունին։ Ակնարկէ Գիտութիւն գրքին 5–րդ գլուխին՝ «Աստուած Որո՛ւ Պաշտամունքը կ’Ընդունի»՝ գլխաւոր կէտերուն։ Կարդա պարբերութիւն 20։ Այսպիսի անհատներու վերայցելութիւններ պէտք է ընենք, զանոնք ազնուօրէն եւ փափկանկատօրէն քաջալերելու համար որ ուսումնասիրութիւն մը ընդունին եւ ժողովներուն յաճախեն։
Երգեցողութիւն թիւ 57 եւ փակման աղօթք։
Յունիս 23–ով Սկսող Շաբաթ
Երգեցողութիւն թիւ 34
10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Ուրուագծէ Յուլիս 4–ին համար դաշտի ծառայութեան մասնայատուկ կարգադրութիւնները։
15 վյրկ. Մեր Մասին Ի՞նչ կ’Ըսեն։ Դասախօսութիւն մը, հիմնուած՝ 1986-1995–ի Դիտարանի Գրականութիւններուն Նիւթերու Ցանկ–ին, էջ 341-343–ի մէջ գտնուող տեղեկութիւններուն վրայ։ Եհովայի Վկաներու վարքին եւ գործունէութեան մասին «Ուրիշներու Կողմէ Եղած Արտայայտութիւններ»էն աչքառու եղածները ընտրէ։ Ցոյց տուր թէ ուրիշներ, մեր մասին իրենց տեսած բաներով ի՛նչպէս դրականօրէն տպաւորուած են։ Բացատրէ թէ ասիկա ինչո՛ւ պէտք է միշտ մեզ մղէ որ պատշաճօրէն վարուինք եւ մեր գործին մէջ յարատեւենք։ Ցոյց տուր թէ այսպիսի դրական խօսքեր ինչպէ՛ս կրնանք գործածել, երբ կը խօսինք ծանօթներու եւ հետաքրքրուած անհատներու հետ, որոնք կ’ուզեն մեր մասին աւելի գիտնալ։
20 վյրկ. «Ո՛վ Ծնողներ, Ձեր Զաւակները Մարզեցէք որ Քարոզեն»։ Հարց պատասխանով։ Պարփակէ այն ուղղութիւնը որ կը գտնուի Մեր Ծառայութիւնը գրքին էջ 99-100, «Պատանիներուն Օգնել» ենթագլուխին տակ, Անգլերէն։
Երգեցողութիւն թիւ 113 եւ փակման աղօթք։
Յունիս 30–ով Սկսող Շաբաթ
Երգեցողութիւն թիւ 172
10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Բոլորին յիշեցուցէք որ Յունիս ամսուան դաշտի ծառայութեան տեղեկագիրները տան։
20 վյրկ. «Ո՛վ Պատանիներ, Ձեր Հոգեւոր Նպատակակէտերը Ի՞նչ Են»։ Երկու հայրեր յօդուածը միասնաբար կը քննարկեն։ Անոնք նկատի կ’առնեն ինչպէ՛ս իրենց զաւակներուն կրնան օգնել գնահատելու համար թէ ինչո՛ւ կենսական է, փոխանակ նիւթական շահեր հետապնդելու, աստուածպետական նպատակակէտեր դնել, որոնք հոգեւոր օրհնութիւններ պիտի բերեն։—Տես նաեւ՝ Մեր Ծառայութիւնը գրքին էջ 116-118–ը, Անգլերէն։
15 վյրկ. Յուլիս Ամսուան Ընթացքին Ներկայացուելիք Գրականութիւններուն Համար Պատրաստուիլ։ Ընտրէ տեղական թաղամասին մէջ հետաքրքրութիւն արթնցուցած մէկ կամ երկու գրքոյկներ եւ իւրաքանչիւրին մասին կարգ մը աչքառու կէտեր վերաքաղ ըրէ։ Թելադրէ կերպեր, որով կարելի է այս կէտերը պարփակել ներկայացումի մը մէջ։ Բոլորին յիշեցուր որ նուիրատուութեան կարգադրութիւնը չմոռնան, տեղաւորումներուն մասին արձանագրութիւն մը պահեն, նաեւ վերադառնան ու հետաքրքրութիւնը մշակեն։
Երգեցողութիւն թիւ 222 եւ փակման աղօթք։