Բանտի մէջ եղողներուն հոգեւոր ազատութիւն բերել
«ՁԵԶԻ կը սպասէինք»։ «Այս վերջին գիշերները, ձեր գալը կ’երազէի»։ «Շնորհակալ ենք որ կարգադրութիւն ըրիք որ մէկը կանոնաւորաբար մեզի այցելէ»։ «Կ’ուզենք մեր երախտագիտութիւնը յայտնել Եհովայի ու իր կազմակերպութեան կողմէ մեր ստացած բոլոր օրհնութիւններուն, եւ ժամանակին տրուած հոգեւոր սնունդին համար»։
Երախտագիտութեան այս զգացումներուն պատճառը ի՞նչ էր։ Ասոնք Մեքսիկայի տարբեր բանտերու մէջ արգելափակուած կարգ մը անհատներու արտայայտութիւններն են։ Անոնք կը գնահատեն Եհովայի Վկաներու կողմէ իրենց հանդէպ ցոյց տրուած հետաքրքրութիւնը, որու պատճառաւ, բանտին մէջ ըլլալով հանդերձ, հոգեւոր ազատութիւն ունեցած են։ Մեքսիկայի մէջ 42 բանտեր կան, ուր Եհովայի Վկաները կանոնաւորաբար կ’այցելեն, բանտարկեալներուն հոգեւոր կարիքներուն հոգ տանելու համար։ Այդ վայրերը կը կոչուին՝ Ընկերային Վերականգնումի Կեդրոններ։ Այդ բանտերէն ոմանց մէջ, կանոնաւորաբար քրիստոնէական ժողովներ տեղի կ’ունենան, շատ դրական արդիւնքներով։ Օրինակի համար, վերջին տեղեկագրութեան մը համաձայն, այդ վայրերուն մէջ շուրջ 380 անհատներ ժողովներու ներկայ կ’ըլլան եւ միջին հաշուով 350 Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններ կը վարուին։ Անոնց մէջէն 37 հոգին քարոզելու համար որակելի եղած են, որոնցմէ 32–ը իրենց կեանքը Եհովայի նուիրած եւ ջուրի մէջ մկրտուած են։
Գործը Ի՛նչպէս կ’Ընթանայ
Եհովայի Վկաները իրենց քարոզչութիւնը ի՞նչպէս կը կատարեն այս վայրերուն մէջ։ Անոնք նախ պատասխանատուներուն քով կ’երթան եւ բանտ մտնելու համար արտօնագիր կ’առնեն, այցելութիւններուն նպատակը բացատրելով, որ է բանտարկեալներուն սորվեցնել թէ ի՛նչպէս կրնան իրենց կենցաղը բարելաւել եւ Աստուծոյ հաճելի կերպով զինք պաշտել։
Հեղինակութիւնները միշտ արտօնութիւն տուած են։ Այդ պաշտօնեաները կը գնահատեն բանտարկեալներուն տրուած Աստուածաշունչի դաստիարակութիւնը։ Բանտի հեղինակութիւնները նկատած են որ Եհովայի Վկաները այդ վայրերուն մէջ դրուած ապահովութեան կանոններուն կը հնազանդին։ Անոնք արտօնութիւն տուած են որ այս այցելու քարոզիչները իրենց գրասենեակները, ճաշասրահները եւ աշխատավայրերը գործածեն, իրենց ժողովները ունենալու համար։ Բանտի մը մէջ նոյնիսկ արտօնութիւն տրուեցաւ որ Վկաները պզտիկ Թագաւորութեան Սրահ մը շինեն, ինչպէս ցոյց կու տայ հարաւ–արեւելեան Մեքսիկայէն ճամբորդող տեսուչի մը կողմէ պատմուած հետեւեալ փորձառութիւնը։
«1991–ի սկիզբը, սկսանք Ուէհաքէյի Թէուանթէբէք շրջանի բանտը այցելել, ուր հոգեւոր մեծ անօթութիւն նշմարեցինք։ Շուտով 27 ուսումնասիրութիւններ սկսանք։ Բանտարկեալներուն հետաքրքրութիւնը տեսնելով, ժողովքի հինգ հանդիպումները սկսանք ունենալ։ Եհովայի հանդէպ մեծ սէր ցուցաբերող բանտարկեալ մը որոշեց Թագաւորութեան պզտիկ Սրահ մը կառուցանել բանտի միջավայրէն ներս, որպէսզի ժողովները ընելու համար տեղ ունենանք։ Ան բանտի տնօրէնին քով գնաց եւ արտօնութիւն խնդրեց. հեղինակութիւնները իրապէս համագործակցութիւն ցոյց տուին։ 1992 Դեկտեմբերի սկիզբը, վեց բանտարկեալներ բարի լուրի հրատարակիչներ ըլլալու որակելի եղան։ Յառաջդիմութեան ի տես, բանտին մէջ Յիշատակատօնը կատարելու կարգադրութիւններ եղան։ Բանտի տնօրէնէն խնդրեցինք որ խորհրդանիշերը՝ հացը եւ գինին՝ կարենանք ներս մտցնել եւ չորս ժամ խօսակցելէ ետք, արտօնութիւն տրուեցաւ։
«Այդպէս պատահեցաւ որ 3 Ապրիլ 1993–ին (Յիշատակատօնէն երեք օր առաջ) կարգ մը բանտարկեալներ ազատ արձակուեցան։ Մէկը՝ որ հրատարակիչ էր՝ երբ արձակման թուղթը ստացաւ, խնդրեց բանտի տնօրէնին հետ խօսիլ, որպէսզի մինչեւ Յիշատակատօնը կատարուի, իրեն արտօնութիւն տրուի բանտին մէջ մնալու։ Ասիկա իրապէս զարմացուց տնօրէնը, քանի որ այսպիսի խնդրանք մը անսովոր էր, բայց քանի որ բանտարկեալը շատ կը փափաքէր բանտին մէջ Յիշատակատօնը կատարել, անոր խնդրանքը ընդունուեցաւ։ Յիշատակատօնին 53 անհատներ ներկայ գտնուեցան եւ յայտագրի վերջաւորութեան անոնք ուրախութեան արցունքներ թափեցին։ Որոշեցինք այս խումբը կոչել ‘Սէրէսոյի Ազատութիւնը’, քանի որ անոնք հոգեւոր առումով ազատ էին»։
Եհովայի Վկաներուն գործը շատ գնահատուած է այս վայրերուն մէջ։ Այս արգելակայաններէն մէկուն մէջ, պատասխանատու անհատը բացէ ի բաց կը յանձնարարէ Եհովայի Վկաներու ժողովներուն յաճախել, որպէս բանտարկեալներուն արագ վերականգնումին նպաստող «դարման» մը։
Վերականգնումի Յաջող Յայտագիր մը
Եհովայի Վկաներու գործունէութիւնը, բազմաթիւ բանտարկեալներու վերականգնումին պատճառ եղած է։ Թէեւ բանտէն արձակուածները յաճախ իրենց ոճրային կեանքին կը վերադառնան, բայց Աստուծոյ Խօսքին պատգամը իրապէս ընդունողները ամբողջովին փոխուած են։ Անոնց փոփոխութիւնը մեզի կը յիշեցնէ Պօղոս առաքեալի խօսքերը. «Ո՛չ պոռնիկները, . . . ո՛չ գողերը, ո՛չ ագահները, ո՛չ գինովները, ո՛չ նախատողները ո՛ւ ոչ յափշտակողները Աստուծոյ թագաւորութիւնը պիտի ժառանգեն։ Եւ դուք մէկ քանիներդ այնպիսիներ էիք. բայց լուացուեցաք, բայց սրբուեցաք, բայց արդարացաք Տէր Յիսուսին անունովը ու մեր Աստուծոյն Հոգիովը»։—Ա. Կորնթացիս 6։9-11
Անոնց անձնաւորութեան ուշագրաւ փոփոխութիւնը բացայայտօրէն կը տեսնուի, երբ իրենց զգացումները կ’արտայայտեն։ Գամփիչի Քաղաքին, Գամփիչի բանտին մէջ գտնուող բանտարկեալ մը, որու անունն է Միկէլ, հետեւեալ ձեւով արտայայտուեցաւ. «Այսօր ուրախութեամբ կրնամ ըսել որ ինքզինքս կրնամ նկատել ուրիշ ոչխարներէն մէկը, որոնք Բ. Պետրոս 3։13–ի եւ Մատթէոս 5։5–ի մէջ արձանագրուած յոյսը ունին»։ Խոսէն, որ Գամփիչիի Քոպէն բանտին մէջ է, ըսաւ. «Թէեւ բանտարկեալ մըն եմ եւ իմ ոճիրս կրնայ շատ լուրջ ըլլալ, կը հասկնամ որ Եհովա շատ ողորմած է եւ իմ աղօթքներս ու աղաչանքներս կը լսէ։ Ան կրնայ ներել իմ յանցանքներս եւ առիթ տալ որ կեանքիս մնացեալ տեւողութեան Աստուծոյ Թագաւորութեան բարի լուրը ուրիշներու հետ բաժնեմ։ Շնորհակալութիւն կ’ուզեմ յայտնել մեր երէցներուն, որոնք բանտին մէջ մեզի այցելութիւն տալու ժամանակ կը տրամադրեն, որպէսզի մենք ալ Աստուծոյ Թագաւորութեան խոստումներէն օգտուինք։ Ի՜նչ հաճելի օրհնութիւններ են։ Կրնա՞մ ըսել որ ես բանտարկեալ մըն եմ։ Ո՛չ, Եհովա ինծի հոգեւոր ազատութիւն տուած է, որու պէտք ունիմ»։
Ի՞նչ բան կը մղէ որ մարդասպաններ, բռնաբարողներ, ահաբեկիչներ, գողեր եւ ուրիշներ փոխուին եւ պարկեշտ կեանք վարող Քրիստոնեաներ ըլլան։ Վերոյիշեալ այս անհատներուն համաձայն, անիկա Աստուծոյ Խօսքին փոխող զօրութիւնը եւ իրապէս նուիրուած անհատներու լաւ ընկերակցութիւնն է։ Սինալոայի Մազաթլան քաղաքին բանտին մէջ արգելափակուած Թիպուրսիոյի պարագան, վերականգնումի այս յայտագրին յաջողութիւն մը ըլլալը ցոյց կու տայ։ Ան Սինալոայի Գոնգորտիա քաղաքին մէջ բանտարկուած էր, ուր իր վայրագ բնաւորութեան համար խնդիրներ ունեցած էր։ Իր կինը Եհովայի Վկայ մըն էր, որու հետ շատ գէշ կը վարուէր, նոյնիսկ երբ ան բանտը իրեն այցելելու երթար։ Կինը համբերեց եւ շարունակեց իրեն այցելել, ուստի ան խնդրեց որ Դուք Կրնաք Յաւիտեան Ապրիլ Երկրային Դրախտի մը մէջ գիրքը բերէ իրեն, զոր սկսաւ առանձին ուսումնասիրել։a Ապա խնդրեց որ մէկը բանտ գայ ու իր հետ ուսումնասիրէ։ Ան սկսաւ հոգեւորապէս յառաջդիմել, եւ ուրիշներու հետ իր յարաբերութիւնը սկսաւ բարելաւուիլ։ Ան Մազաթլանի բանտը փոխադրուեցաւ, ուր Աստուածաշունչը ուսումնասիրող խումբ մը կայ եւ հիմա հրատարակիչ մըն է։ Ան կ’ըսէ. «Հիմա շատ երախտապարտ եմ որ կնոջս եւ զաւակներուս եւ բանտակիցներուս հետ այս վայրին մէջ կրնամ Աստուածաշունչի ճշմարտութիւնները լսել, յուսալով որ մօտ ապագային պիտի ազատագրուիմ եւ կարող պիտի ըլլամ բոլոր համաժողովներուն ու ժողովներուն յաճախել»։
Կայ նաեւ Գոնրատօն, որ շատ երախտապարտ է որ կրցաւ իր կեանքին մէջ փոփոխութիւններ մտցնել։ Ան ամուսնական կեանքին մէջ ա՛յդքան խնդիրներ ունեցած էր որ կինը զինք ձգած էր։ Ուստի ան թմրեցուցիչի մէջ թաղուեցաւ։ Ժամանակի ընթացքին թմրեցուցիչ ծախելով զբաղեցաւ։ Ան ձերբակալուեցաւ եւ բանտարկուեցաւ մարիխուանա եւ գոգային փոխադրելուն պատճառաւ։ Բանտին մէջ Եհովայի Վկաներուն հետ Աստուածաշունչ ուսումնասիրող խումբ մը կար, ուստի հրաւիրեցին որ ինք ալ մասնակցի։ Ան իր զգացումները հետեւեալ ձեւով կ’արտայայտէ. «Ժողովին կարգապահութեամբ վարուիլը, գրականութիւններու միջոցաւ կատարուած հետազօտութիւնները եւ ամէն բան Աստուածաշունչի վրայ հիմնուած ըլլալը՝ տպաւորեցին զիս։ Անմիջապէս Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը խնդրեցի եւ սկսայ ժողովներու յաճախել»։ Ասիկա 1993 Յունուարին էր։ Գոնրատօն հիմա բանտէն արձակուած է եւ քրիստոնէական ժողովքին մէջ կը շարունակէ յառաջդիմել։
Իսլաս Մարիասը
Մեքսիկայի մէջ չորս կղզիներէ բաղկացած բանտ մը կայ, որ սարսափ կը պատճառէ։ Բանտարկեալները կրնան այս արգելափակուած կղզիներուն մէջ շրջագայիլ։ Ոմանք իրենց կնոջ եւ զաւակներուն հետ հոն կ’ապրին։
Պզտիկ ժողովք մը հաստատուած է հոն։ Մազաթլանէն երեք եղբայրներ ամիսը անգամ մը հոն կ’երթան եւ ժողովները վարելու կ’օգնեն, գրականութիւն կը տանին եւ կը քաջալերեն։ Երբեմն շրջանային տեսուչը կ’այցելէ իրենց։ Միջին հաշուով 20–էն 25 հոգի ներկայ կ’ըլլան ժողովներու։ Չորս մկրտուած եւ երկու չմկրտուած հրատարակիչներ կան։ Ճամբորդող տեսուչը կը տեղեկագրէ որ «ոմանք 17 քմ. կը քալեն, որպէսզի Կիրակի օրերը ժողովներու յաճախեն եւ հապճեպով կը մեկնին ժողովէն, որպէսզի ներկայ–բացակաները կարդացուելու ատեն հոն ըլլան։ Արագ քալելով երկու ժամէն աւելի կ’առնէ վերադարձը»։ Այդ բանտին մէջ ճշմարտութիւնը ճանչցած եղբայրներէն մէկը, վերջերս ըսաւ. «Նախապէս միակ հետաքրքրութիւնս էր ասկէ շուտ դուրս ելլել, բայց հիմա Եհովան ե՛րբ որ կամի այն ատեն թող ըլլայ, քանի որ հոս շատ գործ ունիմ ընելիք»։
Ուրախ ենք տեսնելով որ ճշմարտութիւնը իր զօրութիւնը կը բանեցնէ, որպէսզի Եհովան հաճեցնել փափաքող անկեղծ անհատները ազատագրէ։ Բանտին մէջ ճշմարտութիւնը ճանչցողներէն աւելի քան տասնեակ անհատներ արձակուած եւ մկրտուած են եւ հիմա որպէս Աստուծոյ ծառաները, պատուաբեր կեանք մը կը վարեն եւ անոնցմէ ոմանք ժողովքին մէջ երէցներ եղած են։ Ջախջախիչ կերպով ցոյց տրուած է որ Աստուածաշունչը սրտերը բուժելու եւ մարդիկը բարեկարգելու զօրութիւնը ունի։ Սխալ արարքներ գործած ու բանտարկուած այս անհատները անգամ մը որ Աստուծոյ Խօսքին լուսաւոր ճամբուն մէջ մտնեն, անոնք Յիսուսի խոստացած իրական ազատութիւնը կը վայելեն, երբ ըսաւ. «Ճշմարտութիւնը պիտի գիտնաք ու այն ճշմարտութիւնը ձեզ պիտի ազատէ»։—Յովհաննու 8։32. Սաղմոս 119։105
[Ստորանիշ]
a Հրատարակուած՝ Նիւ Եորքի Դիտարանի, Սուրբ Գրոց եւ Թերթիկի Ընկերութեան կողմէ։