Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դ26 Յունիս էջ 20-25
  • «Նայեցէք թէ ի՛նչպէս կը լսէք»

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • «Նայեցէք թէ ի՛նչպէս կը լսէք»
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումն ասիրական) 2026
  • Ենթավերնագիրներ
  • Նոյնանման նիւթեր
  • ՅԻՇԷ ԹԷ ԵՀՈՎԱՆ Է ՄԵԶԻ ԽՕՍՈՂԸ
  • ԻՆՉՈ՛Ւ ՊԷՏՔ Է ԺՈՂՈՎԻ ԱՏԵՆ ՈՒՇԻ–ՈՒՇՈՎ ՄՏԻԿ ԸՆԵՆՔ
  • ՈՒՐԻՇՆԵՐՈՒՆ ԻՆՉՊԷ՞Ս ՕԳՆԵՆՔ ՈՐ ՄՏԻԿ ԸՆԵՆ
  • ԻՆՉՊԷ՞Ս ԿՐՆԱՆՔ ԱՒԵԼԻ ԼԱՒ ՄՏԻԿ ԸՆԵԼ
  • ՇԱՐՈՒՆԱԿԷ ՄՏԻԿ ԸՆԵԼ ԵՀՈՎԱՅԻՆ
  • ‘Ճշմարտութիւնը ընդունելու պատրաստ’ եղողներուն շուտով օգնէ
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումն ասիրական) 2025
  • ‘Սորվեցնելու արուեստդ’ բարելաւէ
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումն ասիրական) 2026
  • Որոշումներ՝ որոնք ցոյց կու տան թէ Եհովային կը վստահինք
    Քրիստոնեային կեանքն ու ծառայութիւնը. ժողովի տետր (2023)
  • Ինչպէ՞ս կրնաս աւելի ուրախութեամբ ծառայել
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումն ասիրական) 2024
Տես աւելին
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումն ասիրական) 2026
դ26 Յունիս էջ 20-25

ՕԳՈՍՏՈՍ 31–ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ 6, 2026

ԵՐԳ 120 Մտիկ ըրէ, հնազանդէ եւ օրհնուէ

«Նայեցէք թէ ի՛նչպէս կը լսէք»

«Նայեցէք թէ ի՛նչպէս կը լսէք» (ՂՈՒԿ. 8։18)։

ՆԻՒԹ

Ինչո՞ւ պէտք է ուշի–ուշով մտիկ ընենք ժողովներու եւ ուրիշ հոգեւոր յայտագիրներու ատեն, եւ ինչպէ՞ս կրնանք մտիկ ընել։

1-2. ա) Եհովան մեր օրերուն ինչպէ՞ս կ’ապահովէ իր ժողովուրդին հոգեւոր պէտքերը (Սաղմոս 23։1, 2, 5)։ բ) Այս յօդուածին մէջ ի՞նչ նկատի պիտի առնենք։

ԵՀՈՎԱՆ մեր օրերուն առատ հոգեւոր սնունդ կու տայ մեզի։ Ասոր համար, մենք Դաւիթին պէս կ’ըսենք. «Տէրը իմ հովիւս է. ես բանի մը կարօտութիւն պիտի չունենամ» (կարդա՛ Սաղմոս 23։1, 2, 5)։

2 Մեր ժողովները կերպ մըն են, որուն միջոցաւ Եհովան հոգեւոր սնունդ կու տայ մեզի։ Շատ անգամ, մեզի ծանօթ եղող նիւթեր կը լսենք ժողովներուն։ Մենք այդ յիշեցումներուն պէտք ունինք, նոյնիսկ եթէ ճշմարտութեան մէջ «հաստատուած ենք» (Բ. Պետ. 1։12)։ Բայց թերեւս քեզի համար դժուար է ուշի–ուշով մտիկ ընել նիւթի մը, որ քեզի շատ ծանօթ է։ Այս յօդուածը կրնայ քեզի օգնել ասոր մէջ։ Նկատի պիտի առնենք որ ինչո՛ւ պէտք է ժողովի ատեն ուշի–ուշով մտիկ ընենք։ Պիտի տեսնենք, որ ժողովի ատեն բաժին ունեցողները ինչպէ՛ս կրնան միւսներուն օգնել որ մտիկ ընեն։ Նաեւ նկատի պիտի առնենք թէ ինչպէ՛ս կրնանք աւելի լաւ մտիկ–ընել։ Բայց նախ պիտի տեսնենք որ ժողովներուն ատեն մեզի խօսողը ո՛վ է։

ՅԻՇԷ ԹԷ ԵՀՈՎԱՆ Է ՄԵԶԻ ԽՕՍՈՂԸ

3. Եհովան ինչպէ՞ս կը խօսի մեզի, եւ իր ծառաները ինչպէ՞ս Սուրբ Գիրքին հիման վրայ կը սորվեցնեն։

3 Եհովան մեզի կը խօսի իր Խօսքին՝ Սուրբ Գիրքին միջոցաւ (Բ. Տիմ. 3։16, 17)։ Յիսուս ասիկա շատ լաւ գիտէր։ Ան Աստուծոյ Խօսքը այնքա՛ն վարպետութեամբ գործածեց, որ իրեն մտիկ ընողները զարմանալով հարցուցին. «Ի՞նչպէս ասիկա գրքերը գիտէ, որ սորված չէ» (Յովհ. 7։15)։ Բարի սիրտ ունեցողները ուրախութեամբ մտիկ կ’ընէին Յիսուսին, մինչ Աստուծոյ Խօսքը կը բացատրէր։ Առաջին դարու քրիստոնեաներն ալ, ինչպէս՝ Պօղոսն ու Ապօղոսը, միշտ Աստուծոյ Խօսքէն կը խօսէին, որպէսզի ուրիշներուն օգնեն հասկնալու, թէ Եհովան ի՛նչ կ’ուզէ իրենցմէ (Գործք 17։2, 3. 18։24-25ա, 28)։ Մենք՝ Եհովայի վկաներս մեր յօդուածները, դասախօսութիւնները եւ վիտէօները կը հիմնենք Սուրբ Գիրքին վրայ։ Շատեր երբ առաջին անգամ ժողովի գան, շատ կը տպաւորուին երբ կը տեսնեն թէ որքա՛ն շատ Սուրբ Գիրքը կը գործածենք ժողովներուն։ Անոնք որոնք ժողովի ատեն բաժին կու տան, Սուրբ Գիրքին վրայ կը հիմնեն իրենց խօսածները։ Անոնք ոչ միայն Սուրբ Գիրքէն համարներ կը կարդան, այլեւ դիմացիններուն կը յստակացնեն, որ ինչպէ՛ս կրնան ատոնք գործադրել (Ղուկ. 24։32)։

4. «Լսել» եւ «մտիկ ընել» բառերը ի՞նչ գաղափար կ’արտայայտեն։

4 «Լսել» եւ «մտիկ ընել» բառերը Սուրբ Գիրքին մէջ շատ անգամ կը գործածուին արտայայտելու համար հնազանդելու գաղափարը։ Այս պատճառաւ, երբ ժողովներուն Աստուածաշունչը կը կարդանք, կարծես թէ Եհովան մեզի կը խօսի եւ մենք իր կամքը կը հասկնանք, ինչ որ կ’օգնէ որ իրեն հնազանդիլը աւելի դիւրին ըլլայ։ Մենք վստահ ենք որ Եհովան կ’ուրախանայ, երբ ժողովներուն իրեն մտիկ ընենք եւ մեր լսածը գործադրենք (Առ. 27։11)։

ԻՆՉՈ՛Ւ ՊԷՏՔ Է ԺՈՂՈՎԻ ԱՏԵՆ ՈՒՇԻ–ՈՒՇՈՎ ՄՏԻԿ ԸՆԵՆՔ

5. Աստուծոյ հանդէպ մեր սէրը մեզ կը մղէ ի՞նչ ընելու (Յովհաննէս 4։23, 24. Ա. Յովհաննէս 5։3)։

5 Ժողովներուն ատեն մտիկ կ’ընենք քանի որ Եհովան կը սիրենք (Մատ. 22։37)։ Որքա՛ն աւելի սորվինք Եհովային մասին, այնքա՛ն աւելի մեր սէրը կ’աւելնայ իրեն հանդէպ։ Եւ այդ սէրը մեր մէջ փափաք կ’արթնցնէ որ իրեն մտիկ ընենք, հնազանդինք, եւ զինք պաշտենք այնպէս ինչպէս Սուրբ Գիրքը կ’ըսէ (կարդա՛ Յովհաննէս 4։23, 24. Ա. Յովհաննէս 5։3)։

6. Ուրիշներուն օգնելու մասին ի՞նչ կը սորվինք մեր ժողովներուն։

6 Ժողովներուն ատեն մտիկ կ’ընենք քանի որ մարդիկը կը սիրենք (Մատ. 22։39)։ Մեր ժողովներուն, Եհովան մեզի կը սորվեցնէ ինչպէ՛ս օգնել մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն եւ զինք չճանչցողներուն։ Օրինակ, Մարդիկը սիրէ եւ աշակերտէ գրքոյկը մեզի օգնած է որ ծառայութեան մէջ սէր ցոյց տանք։ Մարդոց հետ բնական կերպով խօսակցութիւններ սկսելու դժուարութիւն ունի՞ս։ Եթէ այո՛, ուրեմն ուշի–ուշով մտիկ ըրէ թէ եղբայրներն ու քոյրերը ինչպէ՛ս ասիկա կ’ընեն միջշաբաթային ժողովներու բաժիններուն մէջ։

7. Ինչո՞ւ կարեւոր է որ շարունակենք Եհովային մտիկ ընել։

7 Ժողովներուն ատեն մտիկ կ’ընենք քանի որ կեանքը կը սիրենք։ Եհովան անցեալին իր ծառաներուն ըսած էր, որ եթէ կ’ուզեն ապրիլ՝ պէտք է իր Խօսքին հնազանդին (Բ. Օր. 32։44-47)։ Մենք ալ, եթէ կ’ուզենք ապրիլ՝ պէտք է Եհովային հնազանդինք։ Եթէ ժողովներու ատեն մտիկ ընենք, պէտք եղած քաջալերութիւնը պիտի ստանանք, որ համբերութեամբ սպասենք նոր աշխարհին (Հռով. 8։25)։ Շատ կարեւոր է որ հիմա մտիկ ընենք Եհովային, քանի որ վերջին օրերուն մէջն ենք եւ պէտք է հոգեւորապէս արթուն մնանք (Մատ. 24։42-44. Յայտ. 1։3)։

ՈՒՐԻՇՆԵՐՈՒՆ ԻՆՉՊԷ՞Ս ՕԳՆԵՆՔ ՈՐ ՄՏԻԿ ԸՆԵՆ

8. Բեմէն սորվեցնող եղբայրները ինչո՞ւ պէտք է երթալէն աւելի կարող խօսողներ դառնան։

8 Բեմէն սորվեցնող եղբայրները պէտք է երթալէն աւելի կարող խօսողներ դառնան, մանաւանդ հանրային դասախօսութիւն տուողները։ Լաւ պատրաստուած եւ Սուրբ Գիրքին վրայ հիմնուած բաժին մը կ’օգնէ, որ թէ՛ մարդիկ ճշմարտութեան գան եւ թէ՛ եղբայրները ճշմարտութեան մէջ մնան։ Ասոր համար, բաժին ունեցողները պէտք չէ թեթեւի առնեն, թէ իրենց բաժինը որքա՜ն կրնայ ազդել դիմացիններուն։ Եթէ բաժին ունիս, նկատի առ թէ հետեւեալ կէտերը ինչպէ՛ս կ’օգնեն որ աւելի լաւ սորվեցնես։ Ճիշդ է որ այս կէտերը գլխաւորաբար կ’օգնեն հանրային դասախօսութիւն տուողներուն, բայց ատոնք կ’օգնեն մեզմէ ոեւէ մէկուն որ բաժին ունի ժողովին (Բ. Տիմ. 4։2. Տիտ. 1։9)։

9. Ինչո՞ւ կարեւոր է որ ներկաները դիւրութեամբ ըմբռնեն, թէ մէկ կէտը ինչպէ՛ս կապուած է միւսին։

9 Կէտերդ իրար լաւ կապուած թող ըլլան։ Որպէս դասախօս նպատակդ է, որ ներկաները դիւրութեամբ ըմբռնեն թէ մէկ կէտը ինչպէ՛ս կապուած է միւսին։ Եթէ նիւթդ շատ խրթին է, ներկաները կրնան տարուիլ։ Լաւ, կէտերդ ինչպէ՞ս կրնան իրար լաւ կապուած ըլլալ։ Նկատի առնենք մի քանի քայլեր. 1) Բաժինիդ սկիզբէն յստակօրէն ըսէ թէ գլխաւոր կէտերդ ի՛նչ են։ 2) Կէտերդ մէկ առ մէկ նկատի առ, եւ յաջորդ կէտիդ չսկսած դադար մը առ եւ ետքը յստակօրէն ըսէ թէ ի՛նչ է յաջորդ կէտը։ 3) Բաժինիդ վերջաւորութեան ամփոփէ գլխաւոր կէտերդ։

10. Ինչո՞ւ կարեւոր է որ մեր նիւթին հանդէպ խանդավառ ըլլանք։

10 Նիւթիդ հանդէպ խանդավառ եղիր։ Եթէ բան մը սիրես, ատոր մասին խանդավառութեամբ կը խօսիս (Առ. 2։4, 5. Գործք 4։20)։ Համարներուն եւ նիւթիդ վրայ խոկալը քեզի պիտի օգնէ, որ ըսելիք կէտերդ սիրես։ Միացեալ Նահանգներէն 70–ական տարիքի մէջ եղող եղբայր մը շատ լաւ կը յիշէ դասախօսութիւն մը, որ լսած էր երբ պատանի էր։ Ան կ’ըսէ. «Մինչեւ այսօր կը յիշեմ որ դասախօսը ինչպէ՛ս մեզ քաջալերեց, որ շատ լաւ խոկանք երբ Աստուծոյ Խօսքը կը կարդանք։ Ան համոզումով խօսեցաւ եւ յստակօրէն բացատրեց, որ ինչպէ՛ս կրնանք ասիկա ընել։ Այդ դասախօսութիւնը կեանքս փոխեց։ Ատիկա ազդեց Աստուածաշունչի ընթերցանութեանս եւ Եհովային հետ յարաբերութեանս»։

11. Դասախօսը ի՞նչ պէտք է ընէ իրեն մտիկ ընողներուն օգնելու համար որ իր դասախօսութենէն օգտուին (Ա. Տիմոթէոս 4։13-16)։

11 Մտածէ թէ քեզի մտիկ ընողները ի՛նչի պէտք ունին եւ անոնց գործնական թելադրութիւններ տուր։ Փոխանակ ընդհանուր տեղեկութիւններ տալու, Սուրբ Գիրքէն համարներ գործածէ որ մասնայատուկ քաջալերութիւն ու թելադրութիւններ տաս։ Օրինակ, Պօղոս Տիմոթէոսին մասնայատուկ թելադրութիւններ տուաւ, իրեն օգնելու համար որ Եփեսոսի մէջ ծառայած ատեն հոգեւորապէս զօրաւոր մնայ (կարդա՛ Ա. Տիմոթէոս 4։13-16)։ Մտածէ թէ քեզի մտիկ ընողները ի՛նչի պէտք ունին, եւ անոնց օգնէ որ տեսնեն թէ դասախօսութեանդ մէջի գործնական կէտերը ինչպէ՛ս կրնան գործադրել։

12. Ինչո՞ւ կարեւոր է որ բնական կերպով խօսիս բաժին տալու ատեն։

12 Բաժինդ բարձրաձայն փորձ ըրէ, որպէսզի բնական կերպով խօսիս։ Փոխանակ ըսելիքներդ բառ առ բառ կարդալու՝ բնական կերպով խօսէ, որպէսզի ներկաներուն համար աւելի դիւրին ըլլայ քեզի մտիկ ընելը եւ տեղեկութիւնները հասկնալը։ Աւելի լաւ կարդանք եւ սորվեցնենք գրքոյկը կ’ըսէ. ‘Խօսէ սրտանց եւ բնական ու անկեղծ ոճով’ նաեւ «մտածէ թէ քեզի մտիկ ընողները ինչո՛ւ պէտք ունին նիւթդ լսելու»։ Երբ բնական կերպով եւ սրտանց խօսիս, ներկաներուն ուշադրութիւնը պիտի գրաւես, անոնց հետաքրքրութիւնը պիտի արթնցնես եւ զանոնք պիտի մղես որ իրենց լսածները գործադրեն։

13. Ինչո՞ւ պէտք է խրատ ուզես փորձառու դասախօսէ մը (տե՛ս նաեւ նկարը)։

13 Խրատ ուզէ փորձառու դասախօսէ մը։ Օրինակ, բաժին տալէդ առաջ կրնաս նոթերդ ցուցնել փորձառու եղբօր մը եւ իր ըսած գաղափարներուն հիման վրայ փոփոխութիւններ մտցնել բաժինիդ մէջ։ Ասկէ զատ, իրմէ խնդրէ որ փորձ ըրած ատենդ քեզի մտիկ ընէ եւ ըսէ թէ ի՛նչ բաներու վրայ պէտք է աշխատիս (Առ. 1։5)։ Կան բաներ որ միայն դիմացինը կը տեսնէ. մենք չենք տեսներ։ Մենք կ’ուզենք աւելի լաւ խօսողներ ու սորվեցնողներ ըլլալ, որպէսզի կարենանք մեզի լսողներուն օգնել որ Սուրբ Գիրքին արժէքաւոր խօսքերէն օգտուինa։

Թագաւորութեան սրահին մէջ, եղբայր մը իր բաժինը փորձ կ’ընէ փորձառու եղբօր մը առջեւ, որ նոթ կ’առնէ։

Փորձառու դասախօսէ մը խնդրէ որ քեզի օգնէ որ կարենաս աւելի լաւ սորվեցնել (տե՛ս պարբերութիւն 13)


ԻՆՉՊԷ՞Ս ԿՐՆԱՆՔ ԱՒԵԼԻ ԼԱՒ ՄՏԻԿ ԸՆԵԼ

14. Ի՞նչ պէտք է զգանք Աստուծոյ յիշեցումներուն հանդէպ (Սաղմոս 119։24, 111, 167)։

14 Ժողովի ատեն աւելի լաւ մտիկ կ’ընենք, եթէ մեր միտքը պահենք որ Եհովային յիշեցումները շատ կարեւոր են։ Մենք Եհովային յիշեցումներուն պէտք ունինք, որ մեր խնդիրներուն հետ գլուխ ելլենք այս «չար ժամանակներ»ուն մէջ (Բ. Տիմ. 3։1)։ Եթէ ատեններ մտածենք թէ միշտ նոյն բաները կը լսենք բեմէն, լաւ կ’ըլլայ որ Աստուծոյ յիշեցումներուն հանդէպ զգանք այնպէս ինչպէս որ Սաղմոս 119–ն գրողը զգաց (կարդա՛ Սաղմոս 119։24, 111, 167)։

15. Ժողովներուն մեր ստացած հոգեւոր սնունդին հանդէպ ինչպէ՞ս կրնանք դրական տեսակէտ պահել։

15 Պէտք է մեր ստացած հոգեւոր սնունդին հանդէպ դրական տեսակէտ պահենք, ճիշդ ինչպէս որ իսրայէլացիները անապատին մէջ դրական տեսակէտ պէտք էր որ պահէին Եհովային տուած մանանային հանդէպ (Ել. 16։15, 31)։ Սկիզբը անոնք սիրեցին մանանան, քանի որ անիկա Եհովայէն էր, համով էր եւ օգնեց որ ողջ մնան։ Բայց ժամանակ մը ետք, ոմանք ամէն օր մանանայ ուտելէն ձանձրացան (Թւ. 21։5)։ Դասը ի՞նչ է։ Ժողովներուն մեր լսած բաներէն ոմանք շատ անգամներ լսած ենք, բայց այս կրկնուած յիշեցումները բնաւ անկարեւոր պէտք չէ նկատենք։ Փոխարէնը, պէտք է յիշենք թէ ատոնք Եհովայէն նուէր են եւ հաւատարիմ ծառան ատոնք ուշադրութեամբ պատրաստած է։ Այդ յիշեցումները նաեւ մեզի կրնան օգնել, որ իմաստուն որոշումներ առնենք եւ յաւիտեան ապրինք (Առ. 3։13, 16-18. Յովհ. 17։3)։

16. Ի՞նչը օգնած է երկար տարիներէ ի վեր Եհովային ծառայողներուն, որ ուշի–ուշով մտիկ ընեն ժողովներու ատեն (տե՛ս նաեւ «Թելադրութիւններ ուշի–ուշով մտիկ ընելու համար» տուփը)։

16 Աւելի լաւ մտիկ կ’ընենք, եթէ հետեւեալ թելադրութիւնները գործադրենք։ Նկատէ թէ ի՞նչը օգնած է երկար տարիներէ ի վեր Եհովային ծառայողներուն, որ ուշի–ուշով մտիկ ընեն ժողովի ատեն։ Էշլին, որ աւելի քան 30 տարիէ ի վեր Եհովային կը ծառայէ, կ’ըսէ. «Գաղտնիքը պատրաստութիւնն է։ Եթէ ժողովը պատրաստած չըլլամ, դժուարութիւն կ’ունենամ պատասխանելու եւ միտքս կը ցրուի»։ Եոզեֆը, որ 52 տարիէ ի վեր Եհովային կը ծառայէ, կ’ըսէ. «Ես կը սիրեմ նոյն նիւթերը նորէն լսել, քանի որ կը ջանամ ամէն անգամ տարբեր անկիւնէ նայիլ նիւթին, եւ ասիկա կը ձգէ որ աւելի հասկնամ նիւթը։ Եթէ եղբայր մը վարպետ դասախօս մը չէ, կը կեդրոնանամ իր ըսած կէտերուն վրայ եւ ոչ թէ իր ոճին վրայ»։

Թելադրութիւններ ուշի–ուշով մտիկ ընելու համար

Երբ երկար տարիներէ ի վեր Եհովային ծառայողներու հարցուցինք՝ «Ի՞նչը քեզի կ’օգնէ որ ուշի–ուշով մտիկ ընես ժողովներու ատեն», անոնք հետեւեալ գաղափարները տուին.

  • Սուֆանը, որ 1986–ին մկրտուած է, կ’ըսէ. «Թագաւորութեան սրահին առաջին շարքերը նստէ, որ կեդրոնացած մնաս դասախօսին եւ վիտէօներուն վրայ»։

  • Տէյվիտը, որ 1983–ին մկրտուած է, կ’ըսէ. «Եհովային շատ կ’աղօթեմ որ ինծի օգնէ կեդրոնանալու, եւ ես ինծի կը յիշեցնեմ որ ժողովի երթալը, նիւթերուն վրայ կեդրոնանալը եւ պատասխան տալը բոլորը մեր պաշտամունքին մէկ մասն են»։

  • Նիքոլան, որ 1982–ին մկրտուած է, կ’ըսէ. «Միշտ նպատակ դիր որ ժողովի ատեն բաժին ունեցողներէն ամէն մէկուն շնորհակալութիւն յայտնես իր տուած օրինակին կամ կէտին համար»։

  • Օկուսթանը, որ 1988–ին մկրտուած է կ’ըսէ. «Ես ինծի միշտ կ’ըսեմ, որ եթէ հաւատարիմ ծառան յարմար տեսած է որ նոյն նիւթին մասին նորէն խօսի, ուրեմն ատիկա յարմար ատենին տրուած հոգեւոր սնունդ է»։

17. Ի՞նչ կրնաս ընել, որ ուշի–ուշով մտիկ ընես ժողովներու ատեն (տե՛ս նաեւ նկարը)։

17 Հետեւեալ բաներն ալ քեզի կրնան օգնել որ ուշի–ուշով մտիկ ընես։ 1) Ժողովէն առաջ ծանր բան մը մի՛ ուտեր, որպէսզի քունդ չգայ։ 2) Կանուխ եկուր եւ նստելու տեղ գտիր յայտագիրը սկսելէն առաջ։ 3) Հեռաձայնիդ եւ թապլեթիդ ձայնը մարէ, որպէսզի ժողովի ատեն չխանգարուիս։ 4) Մտածէ թէ դասախօսը ի՛նչ կէտերու մասին կրնայ ըլլալ խօսի։ 5) Դասախօսին վրայ կեդրոնացիր։ 6) Պարզ գծագրութիւններով կամ կարճ նոթերով գրի առ բուն կէտերը։ 7) Գլխաւոր համարներուն մասին մտածէ եւ տես թէ անոնք ինչպէ՛ս կապուած են իրարու։ 8) Դուն քեզի հարցուր. ‘Այս կէտերը ինչպէ՞ս կրնամ գործածել, որ օգնեմ ժողովքէն մէկու մը կամ թաղամասին մէջ մէկու մը’։ 9) Համաժողովները սկսելէ առաջ աչք մը նետէ յայտագիրին, օրուան գլխաւոր համարին, դասախօսութիւններուն բնաբաններուն եւ ամէն մէկ դասախօսութեան գլխաւոր համարներուն վրայ։ 10) Նստէ եւ մտիկ ըրէ այն երաժշտութիւնը կամ դիտէ այն վիտէոն, որ յայտագիրէն առաջ կը դրուի, որպէսզի պատրաստ ըլլաս երբ յայտագիրը սկսի։

եղբայր մը մէսըճ կը ղրկէ իր ընկերին «Դիտարան»ի Ուսումնասիրութեան ժամանակ։

Շարունակէ Աստուծոյ յիշեցումները մտիկ ընել, եւ մի՛ ձգեր որ հեռաձայնդ կամ թապլեթդ քեզ խանգարէ (տե՛ս պարբերութիւն 17)


ՇԱՐՈՒՆԱԿԷ ՄՏԻԿ ԸՆԵԼ ԵՀՈՎԱՅԻՆ

18. Ինչո՞ւ պէտք է շարունակենք մտիկ ընել ժողովներու ատեն։

18 Պէտք է շարունակենք մտիկ ընել ժողովներու ատեն, որպէսզի Եհովան «արդարութեան ճամբաներու մէջ» առաջնորդէ մեզ (Սաղ. 23։3. 31։3)։ Մենք Եհովային խրատներուն պէտք ունինք, որ մեր ճամբայէն չշեղինք, ինչպէս որ նաւակ մը կը շեղի հովին պատճառով։ Ուրեմն, ‘նայէ թէ ի՛նչպէս կը լսես’ ժողովներու ատեն եւ հոն լսածներդ գործադրէ (Ղուկ. 8։18)։ Անոնք որոնք Եհովային մտիկ կ’ընեն թէ՛ հիմա ուրախ պիտի ըլլան եւ թէ՛ ապագային յաւիտենական կեանք պիտի ունենան (Սաղ. 119։2, 14)։

Ի՞ՆՉ ԿԸ ՊԱՏԱՍԽԱՆԵՍ

  • Ինչո՞ւ պէտք է մտիկ ընենք ժողովներու ատեն։

  • Բեմէն սորվեցնող եղբայրները ինչպէ՞ս կրնան ուրիշներուն օգնել որ մտիկ ընեն։

  • Ինչպէ՞ս կրնաս աւելի լաւ մտիկ ընել։

ԵՐԳ 119 Եկէք եւ թարմացէք

a Աւելի գիտնալու համար, թէ ինչպէ՛ս կրնաս աւելի լաւ սորվեցնել, տե՛ս Աւելի լաւ կարդանք եւ սորվեցնենք գրքոյկը եւ Աստուածպետական ծառայութեան դպրոցի կրթութենէն օգտուեցէք գիրքը։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2026)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2026 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել