Ընկերային ժամանցներ—Օգուտները վայելեցէք, որոգայթներէն խուսափեցէք
«Մարդս ուտելէն ու խմելէն եւ իր աշխատանքովը իր հոգին զուարճացնելէ աւելի լաւ բան չունի»։—ԺՈՂՈՎՈՂԻ 2։24
1. Ի՞նչ կերպով Աստուծոյ առաջնորդութիւնը իր ժողովուրդին կ’օգնէ ժամանցներու առնչութեամբ։
ԵՀՈՎԱՅԻ առաջնորդութիւնը իր ծառաներուն շատ մը բարիքներ կը բերէ։ Ասիկա կրնանք տեսնել ժամանցի ծիրէն ներս։ Իր ուղղութիւնը կ’օգնէ Քրիստոնեաներուն որ խուսափին երկու ծայրայեղութիւններէ։ Կարգ մը կրօնամոլներ, որոնք հագուածքի եւ վարքի մէջ շատ խստութիւն կը պահանջեն, որեւէ հաճոյք մեղք կը համարեն։ Իսկ միւս կողմէ, շատեր հաճոյքի ետեւէն կը վազեն, նոյնիսկ երբ անոնք հակառակ են Եհովայի օրէնքներուն եւ սկզբունքներուն։—Հռովմայեցիս 1։24–27. 13։13, 14. Եփեսացիս 4։17–19
2. Ի՞նչ բան սկիզբէն իսկ ժամանցի մասին Աստուծոյ տեսակէտը յայտնեց։
2 Արդ, ի՞նչ կրնանք ըսել Աստուծոյ ժողովուրդին մասին։ Շատ մը անհատներ երբ կը սկսին Աստուածաշունչը սերտել, կը զարմանան որ Աստուած մարդիկը ստեղծած է կեանքը վայելելու կարողութեամբ։ Ան մեր առաջին ծնողքին գործ մը տուաւ. բայց ո՛չ տաժանելի աշխատանք մը, ինչպէս է պարագան անկատար մարդոց մեծամասնութեան։ (Ծննդոց 1։28–30) Խորհեցէք պահ մը այն բոլոր կազդուրիչ բաներուն մասին, որոնք հաճոյք կը պատճառեն երկրային դրախտի մէջ բոլոր ապրողներուն։ Երեւակայեցէք անոնց ուրախութիւնը երբ կը դիտեն վայրի անասուն մը, որ զիրենք չի վախցներ, ինչպէս նաեւ ընտանի անասուններու տեսակներ, որոնք անոնց առօրեայ կեանքին մաս կը կազմեն։ Իսկ, ի՜նչ ճաշեր կրնային պատրաստել «տեսնելու հաճելի ու ուտելու աղէկ ամէն ծառ»էն։—Ծննդոց 2։9. Ժողովողի 2։24
3–5. (ա) Ժամանցը ի՞նչ նպատակի պէտք է ծառայէ։ (բ) Ինչո՞ւ կրնանք վստահ ըլլալ թէ Աստուած Իսրայելացիներուն արգելք չէր ըլլար զբօսանքներ ունենալու։
3 Իրականութեան մէջ, այս գործունէութիւնները կրնան ժամանցներ նկատուիլ, որոնց նպատակը նոյնն է հիմա, ինչ որ էր Դրախտին մէջ. յաւելեալ գործունէութեան համար թարմանալ եւ երիտասարդական կորով ունենալ։ Երբ ժամանց մը ասիկա կը կատարէ, այդ պարագային անիկա օգտակար է։ Ասիկա կը նշանակէ՞ որ ճշմարիտ երկրպագուները իրենց կեանքին մէջ ժամանցի տեղ պէտք է տան, նոյնիսկ երբ տակաւին Դրախտին մէջ չեն։ Այո՛։ Խորաթափանց Ակնարկ մը Սուրբ Գրութիւններուն Վրայ գիրքը (Անգլ.), Եհովայի վաղեմի ժողովուրդին ունեցած ժամանցներուն մասին կ’ըսէ.
4 «Իսրայելացիներուն զուարճութիւններն ու զբօսանքները աչքառու կերպով չեն պատկերացուած Աստուածաշունչին մէջ։ Սակայն անիկա ցոյց կու տայ որ անոնք նկատուած էին որպէս պատշաճ եւ փափաքելի, այնքան ատեն որ ազգին կրօնական սկզբունքներուն հետ ներդաշնակ էին։ Զբօսանքի գլխաւոր տեսակներն էին նուագարան մը նուագել, երգել, պարել, խօսակցիլ, ինչպէս նաեւ կարգ մը խաղեր ընել։ Հանելուկներ եւ խրթին հարցումներ առաջարկելը շատ գնահատուած էր։—Դատ. 14։12»։—Հատոր Ա., էջ 102։
5 Երբ Դաւիթ յաղթական վերադարձաւ, Եբրայեցի կիները ծնծղաներով եւ թմբուկներով տօնեցին (Եբրայերէն սաչաք)։ (Ա. Թագաւորաց 18։6, 7) Եբրայերէն բառը հիմնականօրէն կը նշանակէ «խնդալ» եւ կարգ մը թարգմանութիւններ կը խօսին «ուրախութիւն ընող կիներ»ու մասին։ (Byington, Rotherham, The New English Bible)։ Երբ Տապանակը կը փոխադրէին, «Դաւիթ ու Իսրայէլի բոլոր տունը ... ամէն տեսակ նուագարաններով, ... Տէրոջը առջեւ կը խաղային»։ Դաւիթի կինը՝ Մեղքող, այս մասին անհաւասարակշիռ տեսակէտ մը ունեցաւ եւ Դաւիթը այպանեց որ այս զուարճութեան մէջ իր մասնակցութիւնը բերած էր։ (Բ. Թագաւորաց 6։5, 14–20) Աստուած նախատեսեց որ Բաբելոնի գերութենէն վերադարձողները նոյնպէս ուրախ պահեր պիտի ունենային։—Երեմեայ 30։18, 19. 31։4. բաղդատել Սաղմոս 126։2։
6. Քրիստոնէական Յունարէն Գրութիւնները ինչպէ՞ս կ’օգնեն մեզի ժամանցի հանդէպ մեր տեսակէտին մէջ։
6 Մենք ալ պէտք է ջանանք ժամանցի մէջ մեր հաւասարակշռութիւնը պահել։ Կը գնահատե՞նք որ Յիսուս ճգնաւոր մը չէր։ Ան ժամանակ յատկացուց համադամ ճաշերու համար, օրինակի համար, երբ Ղեւին «մեծ կոչունք մը տուաւ»։ Իսկ երբ իրենք զիրենք արդարացնող անհատներ զինք քննադատեցին ուտելու եւ խմելու համար, Յիսուս մերժեց անոնց տեսակէտերն ու վարուելակերպերը։ (Ղուկաս 5։29–31. 7։33–36) Յիշեցէք նաեւ որ ան հարսնիքի մը ներկայ եղաւ եւ տօնախմբութիւններու մասնակցեցաւ։ (Յովհաննու 2։1–10) Յիսուսի կէս եղբայրը՝ Յուդան, կը յիշէ որ Քրիստոնեաները «սիրոյ խնճոյքներ» ունէին, որոնք հաւանաբար ճաշկերոյթներ էին, ուր չքաւորները ուտելիք եւ հաճելի ու հանգստացուցիչ ընկերակցութիւն կը վայելէին։—Յուդա 12
Ժամանակին եւ Տեղին Եղող Ընկերային Ժամանցներ
7. Աստուծոյ Խօսքը ինչպէ՞ս ժամանցներու առնչութեամբ հաւասարակշռութիւն կը քաջալերէ։
7 Ժողովողի 10։19–ն կը խօսի ‘ծիծաղելու համար եղած կոչունքի եւ կեանքը ուրախացնող գինիի’ մասին։ Այս համարէն չենք հասկնար որ ժամանցը սխալ կամ գէշ բան մըն է, այդպէս չէ՞։ Սակայն նոյն գիրքը կ’ըսէ նաեւ. «Ամէն բանի ատենը կայ. ... Լալու ժամանակ եւ ծիծաղելու ժամանակ, սուգ ընելու ժամանակ ու կաքաւելու ժամանակ»։ (Ժողովողի 3։1, 4) Այո, թէեւ Աստուածաշունչը պատշաճ ժամանցի դէմ չէ, բայց անիկա մեզ կը զգուշացնէ։ Անիկա, ի միջի այլոց, կը խրատէ որ ընկերային ժամանցները իրենց տեղը ունենան, թէ՛ ժամանակով եւ թէ յաճախականութեամբ։ Անիկա նաեւ մեզ կը զգուշացնէ մեծ ընկերային հաւաքոյթներուն մէջ յաճախ սովորական եղող ծուղակներուն դէմ։—Բ. Տիմոթէոս 3։4
8, 9. Ինչո՞ւ մեր ապրած ժամանակը եւ Աստուծոյ մեզի տուած նշանակումը ազդեցութիւն ունին մեր ժամանցին վրայ։
8 Նշեցինք որ Բաբելոնէն վերադարձած Հրեաները, որոնք շատ ծանր պէտք էր աշխատէին, ուրախութիւններու պիտի մասնակցէին։ Սակայն անկէ առաջ Երեմիան ըսաւ որ ինք ‘ծաղր ընողներուն ժողովին մէջ պիտի չնստէր ու չզուարճանար’։ (Երեմեայ 15։17) Ան աստուածային նշանակում ստացած էր մօտալուտ պատիժի մը պատգամը հաղորդելու, ուստի իրեն համար զուարճանալու ժամանակը չէր։
9 Ներկայիս Քրիստոնեաները նշանակուած են Աստուծոյ յոյսի պատգամը ծանուցանելու, ինչպէս նաեւ Սատանայի ամբարիշտ աշխարհին դէմ Իր դատաստանները յայտարարելու։ (Եսայեայ 61։1–3. Գործք 17։30, 31) Հետեւաբար բացայայտ է որ թոյլ պէտք չէ տանք որ ժամանցը կարեւոր տեղ մը գրաւէ մեր կեանքէն ներս։ Ասիկա կրնանք պատկերացնել ճաշին համ տալու համար պտղունց մը աղ կամ ուրիշ համեմ դնելուն։ Այնքան շատ պիտի համեմէի՞ք ճաշը որ միայն անոր համը առնէիք։ Արդարեւ ոչ։ Յովհաննու 4։34–ի եւ Մատթէոս 6։33–ի խօսքերուն հետ համաձայն գտնուելով, մեր գլխաւոր մտահոգութիւնը՝ մեր բուն կերակուրը պէտք է ըլլայ Աստուծոյ կամքը կատարել։ Ուստի, զբօսանքը համեմելու նման պէտք է ըլլայ։ Անիկա պէտք է թարմացնէ եւ տոգորէ եւ ոչ թէ ուժասպառ ընէ, կամ ջախջախէ մեզ։
10. Ինչո՞ւ բոլորս ալ ժամանցի համար մեր տուած ժամանակը դարձեալ աչքէ պէտք է անցնենք։
10 Բայց վայրկեան մը. շատեր չե՞ն ըսեր որ իրենք ժամանցի համար շատ չափաւոր ժամանակ կամ ուշադրութիւն կու տան։ Եթէ այլ կերպ խորհէին, արդէն վերաճշդումներ պիտի ընէին։ Ասիկա չի թելադրե՞ր որ իւրաքանչիւրս պահ մը պէտք է կենայ եւ անկեղծօրէն վերլուծէ թէ ժամանցը ի՛րապէս ինչ տեղ կը գրաւէ մեր կեանքին մէջ։ Կրնա՞յ ըլլալ որ անիկա առանց զգալու կարեւոր տեղ մը գրաւած է։ Օրինակի համար, երբ տուն մտնենք, ինքնաբերաբար հեռատեսիլը կը բանա՞նք։ Արդեօք ամէն շաբաթ, զոր օրինակ, ամէն Ուրբաթ կամ Շաբաթ գիշերները բաւական ժամանակ ժամանցի կը յատկացնե՞նք։ Եթէ այդ ժամը հասնի եւ մենք տունն ենք ու ծրագրուած զբօսանք մը չունինք, մեր տրամադրութիւնը կ’իյնա՞յ։ Երկու յաւելեալ հարցումներ ալ. Հաւաքոյթէ մը ետք, կը զգա՞ք որ ուժասպառ եղած էք, քանի որ շատ ուշ մնացիք կամ երկար ճամբորդութիւն մը ըրիք, թերեւս յաջորդ օրը Քրիստոնէական ծառայութեան մասնակցելու համար, կամ գործատիրոջ լաւ օրուայ աշխատանք մը տալու համար ոյժ չունենալով։ Եթէ մեր ժամանցը երբեմն, կամ յաճախ, այդ ազդեցութիւնը ունի, արդեօք իրապէս պատշաճ կամ հաւասարակշռուած զուարճութի՞ւն մըն է։—Բաղդատել Առակաց 26։17–19։
11. Ինչո՞ւ տեղին է մեր ժամանցներուն բնոյթը վերատեսութեան ենթարկել։
11 Լաւ է նաեւ որ աչքէ անցնենք մեր ժամանցի տեսակը։ Աստուծոյ ծառայ մը ըլլալը ինքնին երաշխիք մը չէ որ մեր ժամանցը պատշաճ ըլլայ։ Նկատի առէք թէ Պետրոս առաքեալ ի՛նչ գրեց օծեալ Քրիստոնեաներուն. «Հերի՛ք է մեզի կեանքի անցեալ ժամանակը, որուն մէջ հեթանոսներուն կամքը կատարեցինք ու գիջութիւններով, ցանկութիւններով, գինեմոլութիւններով, անառակութիւններով եւ արբեցութիւններով ու անօրէն կռապաշտութիւններով վարուեցանք»։ (Ա. Պետրոս 4։3) Ան իր մատը շարժելով իր եղբայրները չէր դատապարտեր թէ անոնք աշխարհայիններուն ըրածը կ’ընէին։ Սակայն, Քրիստոնեաներուն համար կենսական է արթուն ըլլալ (թէ՛ այն ատեն եւ թէ հիմա), քանի որ անհատ մը շատ դիւրութեամբ կրնայ վնասակար ժամանցի որոգայթին մէջ իյնալ։—Ա. Պետրոս 1։2. 2։1. 4։7. Բ. Պետրոս 2։13
Որոգայթներուն Դէմ Արթուն Կեցէք
12. Առաջին Պետրոս 4։3–ը ինչպի՞սի որոգայթներ ուշադրութեան կը յանձնէ։
12 Ի՞նչպիսի որագայթներէն պէտք է զգուշանանք։ Պետրոս յիշեց ‘գինեմոլութիւնները, անառակութիւնները եւ արբեցութիւնները’։ Գերմանացի մեկնաբան մը կը բացատրէ թէ հոս գործածուած Յունարէն բառը «գլխաւորաբար կը կիրարկուի ընկերային կոչունքի մէջ խմելու»։ Զուիցերիացի Ուսուցչապետ մը գրեց, որ այդ սովորութիւնները շատ հասարակ էին այն ատեն. «Նկարագրութիւնը կը վերաբերի կազմակերպուած հաւաքոյթներու, կամ նոյնիսկ հասարակաց խմբաւորումներուն որոնց ընթացքին նկարագրուած ամօթալի արարքներ կը կատարուէին»։
13. Հաւաքոյթներու մէջ ոգելից ըմպելիի գործածութիւնը ինչպէս որոգայթ մը եղած է։ (Եսայեայ 5։11, 12)
13 Ընկերային հեծ հաւաքոյթներուն ոգելից ըմպելիի գործածութիւնը շատերը որոգայթի մէջ ձգած է։ Անշուշտ Աստուածաշունչը չարգիլէր ըմպելիի չափաւոր գործածութիւնը։ Որպէս փաստ, Յիսուս Կանայի մէջ հարսանիքի մը ընթացքին ջուրը գինիի վերածեց։ Հաւանաբար չափազանց խմողներ չկային, քանի որ Յիսուս գինեմոլներէն խուսափելու Աստուածային պատուէրը պահող մըն էր։ (Առակաց 23։20, 21) Բայց նկատի առէք այս մանրամասնութիւնը. Հարսնիքին սեղանապետը ըսաւ որ ուրիշ խնճոյքներուն նախ լաւ գինին կը հրամցնեն եւ «երբ խմած ըլլան՝ այն ատեն ստորնագոյնը»։ (Յովհաննու 2։10) Ուստի, Հրեաներուն համար սովորութիւն էր հարսանիքներուն հարբիլ, ուր ամենուն համար գինին առատօրէն կը մատուցուէր։
14. Քրիստոնեայ հիւրընկալ մը, ոգելից ըմպելիներուն ներկայացուցած որոգայթը նկատի ունենալով, ինչպէ՞ս կրնայ համագործակցիլ։
14 Հետեւաբար, կարգ մը Քրիստոնեայ հիւրընկալներ որոշած են գինի, գարեջուր եւ ուրիշ ոգելից ըմպելիներ հրամցնել, եթէ անձամբ կրնան հսկել իրենց հիւրերուն վրայ։ Եթէ հիւրընկալը չկարենայ հսկել խումբը մեծ ըլլալուն պատճառաւ, ինչպէս վերոյիշեալ Հրէական հարսանիքը, շատ ըմպելին կրնայ վտանգաւոր որոգայթ մը ըլլալ։ Թերեւս հոն ներկայ ըլլայ մէկը որ խմելու դէմ կը պայքարի, կամ զայն յաղթահարած է։ Հասկնալի է որ բոլորին համար դիւրամատչելի եղող ըմպելին կրնայ փորձի ենթարկել զինք եւ գինովնալով կրնայ բոլորին ուրախութիւնը քանդել։ Գերմանացի տեսուչ մը եւ հայր մը բացատրեց թէ իր ընտանիքը կ’օգտուէր հաւատակիցներու հաճելի ընկերակցութենէն։ Սակայն, ան աւելցուց որ երբ գարեջուրը դիւրամատչելի ըլլայ, խնդիրներ ըլլալու հաւանականութիւնը աւելի մեծ է։
15. Ինչպէ՞ս կարելի է ընկերային հաւաքոյթներուն վրայ լաւ կերպով հսկել։
15 Կանայի հարսնիքը «սեղանապետ» մը ունէր։ (Յովհաննու 2։8) Ասիկա չի նշանակեր որ ընտանիք մը՝ որ խումբ մը անհատներ ճաշի կը հրաւիրէ իր տունը, կամ հաւաքոյթ մը կ’ընէ, պէտք է սեղանապետ մը նշանակէ։ Ամուսինին պատասխանատուութիւնն է հսկել։ Բայց խումբը ըլլայ երկու ընտանիք կամ աւելի մեծ, որոշ է որ մէկը պատասխանատու պէտք է ըլլայ անցուդարձին։ Շատ մը ծնողներ ասիկա կը քննեն երբ իրենց տղան կամ աղջիկը հաւաքոյթի մը հրաւիրուած է։ Անոնք հիւրընկալին հետ շփման մէջ կու գան հարցնելու համար թէ ո՛վ վերակացութիւն պիտի ընէ եւ որո՛նք ներկայ պիտի գտնուին հաւաքոյթին։ Քրիստոնեայ ծնողներ նոյնիսկ կարգադրած են որ իրենք ալ ներկայ գտնուին, որպէսզի թէ տարեցները եւ թէ երիտասարդները կարենան իրարու ընկերակցութիւնը վայելել։
16. Հաւաքոյթներու չափին նկատմամբ ի՞նչ բաներ տեղին է նկատի ունենալ։
16 Դիտարանի Ընկերութեան Գանատայի Մասնաճիւղը կը գրէ. «Կարգ մը երէցներ հասկցած են որ հարսանիքներու ընթացքին մեծ թիւով հաւաքուիլը ընկերային հաւաքոյթները սահմանափակելու մասին տրուած խրատը կը բռնաբարէ։ Անոնք եզրակացուցած են որ եթէ մեզի խրատ տրուած է որ ընկերային հաւաքոյթները պզտիկ, կառավարելիք չափով ըլլան, ուրեմն սխալ պիտի ըլլայ հարսանեկան ընդունելութեան մը համար 200 կամ 300 հոգի ըլլալ»։a Փոխանակ չափէ դուրս ուշադրութիւնը կեդրոնացնելու խումբին մեծութեան վրայ, գլխաւոր ուշադրութիւնը պէտք է տրուի պատշաճ վերատեսչութեան, անշուշտ շատ մը անհատներու կողմէ։ Յիսուսի հայթայթած գինին կ’ապացուցանէր որ Կանայի հարսնիքին խումբը բաւական մեծ էր, բայց ան հաւանաբար պատշաճօրէն հսկուած էր։ Այն ատեն ուրիշ խնճոյքներ այդպէս չէին. թերեւս անոնց չափը թոյլ չէր տար որ լաւ հսկողութիւն մը ունենային։ Որքան խումբը մեծ ըլլայ, այդքան դժուար կ’ըլլայ հսկել, քանի որ ինքնազսպումի տկարութիւն ունեցողներուն աւելի դիւրին կ’ըլլայ իրենց ուզածը ընել։ Հսկողութեան ներքեւ չեղող հաւաքոյթներուն, անոնք կրնան կասկածելի արարքներու միջամուխ ըլլալ։—Ա. Կորնթացիս 10։6–8
17. Երբ հաւաքոյթ մը կը ծրագրուի, ինչպէ՞ս կարելի է Քրիստոնէական հաւասարակշռութիւն ցոյց տալ։
17 Ընկերային հաւաքոյթ մը լաւ վերահսկելու համար, պէտք է ծրագրուած եւ պատրաստուած ըլլայ։ Ասիկա չի պահանջեր որ զայն յատուկ կամ անմոռանալի դարձնելու համար գրաւիչ բան մը պէտք է հնարել, զոր օրինակ, ինչպէս հագուստներով պարահանդէս կամ դիմակահանդէս կազմակերպել, աշխարհային հաւաքոյթները ընդօրինակելով։ Կրնա՞ք երեւակայել որ Խոստացեալ երկրին մէջ, հաւատարիմ Իսրայելացիներ հաւաքոյթ մը կազմակերպէին, ուր բոլորն ալ հեթանոս Եգիպտացիներու կամ ուրիշ երկրի մարդոց պէս հագուէին։ Անոնք հեթանոսներուն մէջ աւեր գործող տռփական պարեր եւ վայրագ երաժշտութիւն պիտի ծրագրէ՞ին ունենալ։ Երբ Սինա Լերան վրայ կը գտնուէին, անոնք Եգիպտոսի մէջ սովորական եղող պարի եւ երաժշտութեան որոգայթին մէջ ինկան։ Գիտենք թէ Աստուած եւ իր հասուն ծառան՝ Մովսէս, ինչպէս նկատեցին այդ ժամանցը։ (Ելից 32։5, 6, 17–19) Հետեւաբար, հիւրընկալը կամ ընկերային հաւաքոյթին վերատեսչութիւն ընողը պէտք է նկատի ունենայ որ երգ, կամ պար պիտի ըլլայ թէ ոչ. եթէ այո, ուրեմն վստահ պէտք է ըլլայ որ անոնք Քրիստոնէական սկզբունքներուն հետ ներդաշնակ են։—Բ. Կորնթացիս 6։3
18, 19. Յիսուս հարսանիքի մը հրաւիրուած ըլլալէն ի՞նչ կը հասկնանք, եւ ասիկա ինչպէ՞ս կրնանք կիրարկել։
18 Վերջապէս, կը յիշենք որ «Յիսուս ալ կանչուեցաւ այն հարսանիքին ու իր աշակերտներն ալ»։ (Յովհաննու 2։2) Անշուշտ, Քրիստոնեայ մը կամ ընտանիք մը կրնայ պարզապէս ուրիշներուն այցելութեան երթալ, հաճելի ժամանակ մը անցնելու համար։ Բայց ծրագրուած ընկերային հաւաքոյթներու համար, փորձառաբար կ’ըսենք որ երբ նախապէս որոշուի թէ որոնք ներկայ պիտի ըլլան, ասիկա խնդիրներուն առաջքը առնելու կը նպաստէ։ Ասոր կարեւորութիւնը շեշտեց Ա.Մ.Ն. Թէնէսիէն եղող երէց մը, որ տղաքներ ու աղջիկներ մեծցուցած է, որոնք լման ժամանակով ծառայութեան մէջ են։ Ինք կամ իր կինը հրաւէր մը ընդունելէ կամ իր զաւակներուն երթալու արտօնութիւն տալէ առաջ, ան հիւրընկալին հետ շփման մէջ կու գար վստահ ըլլալու համար որ հրաւիրեալները նախապէս որոշուած են։ Իր ընտանիքը այս կերպով պաշտպանուած էր այն որոգայթներէն որոնց մէջ ինկած էին ոմանք, բոլորին առջեւ բաց եղող հաւաքոյթներու մէջ, ըլլայ անիկա ճաշի, պտոյտի թէ մարզանքի, ինչպէս գնդակ խաղալու համար։
19 Յիսուս չքաջալերեց միայն ազգականներ, հին բարեկամներ, կամ նոյն տարիքի պատկանող, կամ վիճակով լաւ եղողներ հրաւիրել։ (Ղուկաս 14։12–14. բաղդատել Յոբայ 31։16–19. Գործք 20։7–9)։ Եթէ հոգածութեամբ ընտրէք թէ որո՛նց պիտի հրաւիրէք, աւելի դիւրին պիտի ըլլայ տարբեր տարիքի եւ տարբեր պարագաներու մէջ գտնուող Քրիստոնեաներ ներմուծել։ (Հռովմայեցիս 12։13. Եբրայեցիս 12։2) Անոնցմէ ոմանք կրնան հոգեւորապէս տկար կամ նորեկներ ըլլալ, որոնք կրնան օգտուիլ հասուն Քրիստոնեաներու ընկերակցութենէն։—Առակաց 27։17
Ժամանցը Իր Տեղին
20, 21. Ինչո՞ւ կարելի է որ ժամանցը մեր կեանքին մէջ յարմար տեղ մը գրաւէ։
20 Որպէս աստուածավախ ժողովուրդ մը, պատշաճ է որ մենք հետաքրքրուած ըլլանք մեր ժամանցով եւ հոգ տանինք որ անիկա պատշաճ եւ անոր տրամադրուած ժամանակը հաւասարակշռուած ըլլայ։ (Եփեսացիս 2։1–4. 5։15–20) Ժողովողի գիրքը ներշնչմամբ գրողը նոյնպէս խորհեցաւ. «Ես ուրախութիւնը գովեցի, վասնզի մարդ արեւուն տակ ուտելէ, խմելէ եւ ուրախութիւն ընելէ զատ աղէկ բան մը չունի։ Վասնզի արեւուն տակ Աստուծոյ տուած կեանքին օրերուն մէջ իր աշխատանքէն ասիկա կը մնայ իրեն»։ (Ժողովողի 8։15) Այսպիսի հաւասարակշռուած հաճոյքներ կրնան մարմինը թարմացնել եւ կ’օգնեն որ այս ներկայ դրութեան խնդիրները եւ յուսախաբութիւնները փարատենք։
21 Օրինակ մը տանք. Աւստրալիացի ռահվիրայ մը հին բարեկամի մը գրեց. «Անցեալ օր շատ հաճելի պտոյտ մը ըրինք։ Մօտաւորապէս 50 հոգի Ֆէրլագի մօտ պզտիկ լիճի մը քով գացինք։ Եղբայր Պ— իր ինքնաշարժով մեզ առաջնորդեց, տանելով երեք կասկարայ, ծալուելիք աթոռներ, սեղաններ եւ նոյնիսկ թէնիսի սեղան մը։ Չափազանց ուրախ ժամանակ մը անցուցինք։ Քոյր մը ագորտիոն մը բերած էր հետը, այնպէս որ Թագաւորութեան երգեր երգեցինք։ Թէ՛ երիտասարդները եւ թէ տարեցները իրարու ընկերակցութիւնը վայելեցին»։ Այս քոյրը լաւ յիշատակներ պահած էր լաւ կազմակերպուած այս զբօսանքէն որ զերծ մնացած էր գինովնալու եւ անկարգ վարմունք ունենալու որոգայթներէն։—Յակոբու 3։17, 18
22. Մինչ ընկերային հաւաքոյթ մը կը վայելենք, բոլորս ալ ո՞ր ազդարարութիւնը միշտ ի մտի պէտք է ունենանք։
22 Պօղոս մեզ յորդորեց որ զգուշանանք անկատար մարմնին ցանկութիւններուն անձնատուր ըլլալէ, նոյնիսկ այնպիսի ծրագիրներ չընելով, որոնք կրնան մեզ փորձութեանց մատնել։ (Հռովմայեցիս 13։11–14) Անիկա իր մէջ կը պարփակէ նաեւ ընկերային ժամանցի ծրագիրներ։ Երբ այս պարագաներուն կիրարկենք իր խրատը, պիտի կարենանք խուսափիլ այն վիճակներէն որոնք ոմանց հոգեւոր կործանումին առաջնորդած են։ (Ղուկաս 21։34–36. Ա. Տիմոթէոս 1։19) Ընդհակառակը, իմաստութեամբ պիտի ընտրենք այնպիսի ժամանցներ որոնք Աստուծոյ հետ մեր յարաբերութիւնը պահելու պիտի նպաստեն։ Այս կերպով պիտի օգտուինք ընկերային ժամանցներէն որոնք Աստուծոյ բարի պարգեւներուն մաս կը կազմեն։—Ժողովողի 5։18
[Ստորանիշ էջ 25]
a Դիտարան Ապրիլ 15, 1984–ի թիւը հաւասարակշռուած խրատներ կը պարունակէր հարսանիքներու եւ հարսանեկան խնճոյքներու մասին։ Ապագացու փեսան եւ իր հարսը, ինչպէս նաեւ անոնց օգնողները, իրենց հարսանեկան ծրագիրները ընելէ առաջ, լաւ կ’ընեն եթէ զանոնք աչքէ անցնեն։
Ի՞նչ Սորվեցանք
◻ Ընկերային ժամանցներու մասին Աստուածաշունչին մէջ ի՞նչ հաւասարակշռուած տեսակէտ կը գտնենք։
◻ Ինչո՞ւ ուշադիր պէտք է ըլլանք ժամանցներու բնոյթին եւ յատկացուած ժամանակին համար։
◻ Որոգայթներու մէջ չիյնալու համար, Քրիստոնեայ հիւրընկալ մը ի՞նչ բաներ կրնայ ընել։
◻ Եթէ ժամանց մը պատշաճ եւ հաւասարակշռուած ըլլայ, ի՞նչ օգուտ կու տայ Քրիստոնեաներուն։
[Նկար՝ էջ 24]
Հիւրընկալ մը կամ հաւաքոյթի մը վրայ հսկողը պատասխանատու է տեսնելու թէ հիւրերը որոգայթի մը մէջ չիյնան