Ծանուցումներ
◼ Ներկայացուելիք հրատարակութիւններ օգոստոսին. 32 էջնոց որեւէ գրքոյկ, բացի Եհովայի վկաներ—Որո՞նք են. ի՞նչ են իրենց հաւատալիքները գրքոյկէն։ Սեպտեմբերին. Աստուածաշունչը իրապէս ի՞նչ կը սորվեցնէ։ Ջանացէք առաջին հանդիպումին Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը սկսիլ։ Համառօտաբար Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը ցուցադրելով, տանտիրոջ ցոյց տուէք թէ ի՛նչպէս կրնայ գիրքէն օգտուիլ։ Հոկտեմբերին. Դիտարան ու Զարթի՛ր պարբերաթերթերը։ Եթէ տանտէրը հետաքրքրուի, Կը փափաքի՞ս ճշմարտութիւնը գիտնալ թերթիկը ներկայացուցէք ու քննարկեցէք։ Եթէ ան արդէն թերթիկը ունի, ջանացէք Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը սկսիլ։ Նոյեմբերին. Աստուածաշունչը իրապէս ի՞նչ կը սորվեցնէ։ Եթէ տանտէրը արդէն գիրքը ունի, կրնաք 1992–էն առաջ հրատարակուած որեւէ 192 էջնոց գիրք ներկայացնել։