Ծանուցումներ
◼ Ներկայացուելիք հրատարակութիւններ Մայիսին. Դիտարան եւ Զարթի՛ր։ Երբ հետաքրքրուած անհատներու կը վերայցելէք, մէջը ըլլալով անոնք որ Յիշատակատօնին կամ աստուածպետական այլ առիթներու ներկայ գտնուած են, բայց ժողովքին հետ գործօն կերպով չեն ընկերակցիր, ջանացէք Աստուածաշունչը կը սորվեցնէ գիրքով Աստուածաշունչի տնային ուսումնասիրութիւն մը սկսիլ։ Յունիսին. Մեծ Ուսուցիչէն սորվէ՛։ Եթէ անհատը ըսէ թէ զաւակ չունի, ներկայացուցէք Ընտանեկան ուրախութեան գաղտնիքը գիրքը։ Յուլիսին եւ Օգոստոսին. Աստուածաշունչը իրապէս ի՞նչ կը սորվեցնէ։ Եթէ տանտէրը այս գիրքը ունի, ներկայացուցէք նպատակայարմար գրքոյկ մը որ ժողովքը ունի։
◼ Յուլիս ամիսը հինգ շաբաթավերջեր ունենալով, օժանդակ ռահվիրայութեան համար լաւ ամիս մըն է։
◼ Յունիս 1–ին կամ անկէ անմիջապէս ետք, վերակացու տեսուչը, կամ իր կողմէ նշանակուած անհատ մը, ժողովքի հաշիւները պէտք է ստուգէ։ Նաեւ ստուգեցէք անջատ որեւէ հաշիւ, ինչպէս՝ նորոգութեան կամ շինարարութեան վերաբերեալ։ Ստուգումը աւարտելէ ետք, ժողովքին ծանուցում մը ըրէք, հաշիւի յաջորդ տեղեկագիրը ներկայացնելէ ետք։
◼ ՄԱՍՆԱՅԱՏՈՒԿ ՆՇՈՒՄ. Համաշխարհային գործին ի նպաստ՝ վճարագրով եղած նուիրատուութիւնները նահանգային համաժողովին մէջ եւ զորս մասնաճիւղը կը ստանայ, «Դիտարան»ի անունով պէտք է ըլլան։ Մասնաճիւղի ելեւմտական հասցէն է՝ Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania, c/o Treasurer’s Office, 25 Columbia Heights, Brooklyn, NY 11201-2483։
◼ Յանձնարարելի է որ կանոնաւոր ռահվիրայութեան դիմումնագիրները մասնաճիւղ ուղարկուին, ռահվիրայութիւնը սկսելու թուականէն առնուազն 30 օր առաջ։ Ժողովքի քարտուղարը վստահ պէտք է ըլլայ որ պատճենները ամբողջովին լեցուած են։ Եթէ դիմումնագիր ներկայացնողը իր մկրտութեան ճշգրիտ թուականը չի յիշեր, թող մօտաւոր թուական մը որոշէ եւ զայն միշտ գործածէ։ Քարտուղարը այս մօտաւոր թուականը պէտք է արձանագրէ Ժողովքին հրատարակիչի արձանագրութիւնը (S-21) քարտին վրայ։