Ծանուցումներ
◼ Ներկայացուելիք գրականութիւններ Յուլիսին եւ Օգոստոսին. Միակ ճշմարիտ Աստուածը պաշտեցէք։ Եթէ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը հաստատուի, սերտեցէք Գիտութիւն գիրքը եւ Ի՛նչ կը պահանջէ գրքոյկը, Աստուած պաշտեցէք գիրքէն առաջ։ Սեպտեմբերին. Գիտութիւնը որ յաւիտենական կեանքի կ’առաջնորդէ։ Մասնաճիւղէն յաւելեալ քանակ պահանջելէ առաջ, ժողովքը պէտք է գործածէ ինչ որ շրջանին մէջ մատչելի է, հարցնելով մօտակայ ժողովքներուն թէ յաւելեալ քանակ ունի՞ն կամ ոչ։ Հոկտեմբերին. Դիտարան եւ Զարթի՛ր։ Երբ հետաքրքրութիւն ցուցաբերուի, Ի՛նչ կը պահանջէ գրքոյկը ներկայացուցէք, ջանալով Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններ սկսիլ։
◼ Սեպտեմբերէն սկսեալ, շրջանային տեսուչները պիտի ներկայացնեն հետեւեալ հանրային դասախօսութիւնը՝ «Ինչո՞ւ Աստուածաշունչով առաջնորդուիլ»։
◼ Յանձնարարելի է որ կանոնաւոր ռահվիրայութեան դիմումնագիրները մասնաճիւղ ուղարկուին, ռահվիրայութիւնը սկսելու թուականէն առնուազն 30 օր առաջ։ Ժողովքի քարտուղարը վստահ պէտք է ըլլայ որ պատճենները ամբողջացուած են։ Եթէ դիմումնագիր ներկայացնողը իր մկրտութեան ճշգրիտ թուականը չի յիշեր, թող մօտաւոր թուական մը որոշէ եւ զայն միշտ գործածէ։ Քարտուղարը այս մօտաւոր թուականը պէտք է արձանագրէ Ժողովքին հրատարակիչի արձանագրութիւնը (S-21) քարտին վրայ։
◼ Ժողովքի քարտուղարը պէտք է վստահ ըլլայ թէ ժողովքի իւրաքանչիւր կանոնաւոր ռահվիրայի համար ունի՝ Ռահվիրայ նշանակելու նամակ (S-202)։ Եթէ նամակը չգտնուի, հաճեցէք գրել մասնաճիւղին։