Աստուածպետական Ծառայութեան Դպրոցի Վերաքաղ
Հետեւեալ հարցումները բերանացի նկատի պիտի առնուին Աստուածպետական Ծառայութեան Դպրոցին մէջ, 30 Յունիս 2003–ով սկսող շաբթուան ընթացքին։ Դպրոցի տեսուչը 30 վայրկեան տեւող վերաքաղ մը պիտի վարէ, ծածկելով 5 Մայիսէն մինչեւ 30 Յունիս 2003 շաբաթներուն նշանակումները։ [Նշմար. Երբ հարցումէն ետք աղբիւրներ չկան, պատասխանները գտնելու համար անձամբ պրպտում պէտք է ընէք։—Տես՝ Ծառայութեան Դպրոց, էջ 36-37։]
ԽՕՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՅԱՏԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
1. Ձայներանգը ինչո՞ւ կարեւոր է երբ դասախօսութիւն կու տաք, եւ ասիկա ի՞նչպէս կրնայ իրագործուիլ։ [կօ էջ 111 շրջագիծ. էջ 112 շրջագիծ]
2. Թէեւ դասախօս մը իր ըսածներուն կը հաւատայ եւ Եհովան կը սիրէ, ինչո՞ւ խանդավառութեան պակաս կրնայ ունենալ։ [կօ էջ 115 պարբ. 3-4. էջ 116 պարբ. 1]
3. Ի՞նչ բան դասախօսի մը պիտի օգնէ որ դասախօսութեան մէջ ջերմութիւն եւ զգացում արտայայտէ, եւ ասիկա ինչո՞ւ կարեւոր է։ [կօ էջ 119 պարբ. 1-4]
4. Ի՞նչ բան կ’որոշէ դասախօսութեան մը մէջ հաղորդուած պատշաճ խանդավառութիւնը, ջերմութիւնը եւ այլ յուզումները։ [կօ էջ 120 պարբ. 2-5]
5. Շիտակ Կամ Սխալ. Շարժուձեւերն ու դէմքի արտայայտութիւնները արժէքաւոր են միայն եթէ ձեր ունկնդիրները ձեզի կը նային։ Բացատրեցէք։ [կօ էջ 121 պարբ. 3]
ԹԻՒ 1 ՆՇԱՆԱԿՈՒՄ
6. Ի՞նչ բան Յովսիայի օգնեց որ շիտակ ընթացքը ընտրէ, հակառակ անհաճելի մանկութիւն մը ունենալուն։ (Բ. Մնաց. 34։1, 2) [դ01 4/15 էջ 27 պարբ. 1-6. էջ 28 պարբ. 4]
7. Առակաց 9։7, 8ա–ի իմաստը ի՞նչ է, եւ ասիկա ի՞նչպէս կրնայ կիրարկուիլ դաշտի ծառայութեան։ [դ01 5/15 էջ 29 պարբ. 4-5]
8. Եհովա ի՞նչ ըսել ուզեց, երբ Իսրայելացիներուն ըսաւ՝ ‘Չմոռնաք’, եւ ի՞նչպէս կրնանք չմոռնալ։ (Բ. Օր. 4։9. 8։11) [կօ էջ 20 պարբ. 1-3]
9. Սաղմոս 32։1, 5–ի եւ Սաղմոս 51։10, 15–ի մէջ Դաւիթի սրտանց արտայայտութիւնները ի՞նչպէս ցոյց կու տան թէ անհատ մը լուրջ մեղք մը գործելէ ու անկեղծօրէն զղջալէ ետք, պէտք չէ անարժէք զգայ։ [դ01 6/1 էջ 30 պարբ. 1-3]
10. Կարիքաւորներուն հոգ տանելու մասին, Ա. Տիմոթէոս 5։3-16–ի մէջ Պօղոսի տուած ցուցմունքներէն ի՞նչ կրնանք սորվիլ։ [դ01 6/15 էջ 11 պարբ. 1]
ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԻ ՇԱԲԱԹԱԿԱՆ ԸՆԹԵՐՑԱՆՈՒԹԻՒՆ
11. Յիսուս ի՞նչ բանի կ’ակնարկէր, երբ Յովհաննու 3։3–ի մէջ ‘նորէն ծնանիլ’ արտայայտութիւնը գործածեց։ [դ95 10/1 էջ 7-8 պարբ. 4-5]
12. Յիսուս իր կրթութիւնը ի՞նչ կերպով գործածեց, եւ ասկէ ի՞նչ արժէքաւոր դաս մը կը սորվինք։ (Յովհ. 7։15-18) [դ96 5/1 էջ 6-7 պարբ. 4-7]
13. Նոր Աշխարհի Թարգմանութիւն–ը ինչո՞ւ բուն բնագրէն դուրս կը դնէ Յովհաննու 7։53–8։11–ը։
14. Յիսուս ի՞նչպէս այն ‘նոյն ձեւով եկաւ’՝ ինչպէս երկինք համբարձաւ։ (Գործք 1։11, Երուսաղէմ) [դ90 6/1 էջ 11 պարբ. 5]
15. Ինչո՞ւ «ոեւէ մէկը չէր համարձակեր [աշակերտներուն] յարիլ», ինչպէս Գործք Առաքելոց 5։13–ը կ’ըսէ։