Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դ04 9/1 էջ 21
  • «Մոռցուած զոհեր»ը կը յիշուին

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • «Մոռցուած զոհեր»ը կը յիշուին
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2004
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Ո՛վ պատանիներ՝ Եհովա ձեր գործը պիտի չմոռնայ
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2003
  • Քաջարի ուղղամիտներ նացիական հալածանքին վրայ յաղթանակ կը տանին
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2001
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2004
դ04 9/1 էջ 21

Թագաւորութիւնը ծանուցանողները կը տեղեկագրեն

«Մոռցուած զոհեր»ը կը յիշուին

ՀԱՅԿԱԶ անունով 15 տարեկան Եհովայի Վկայ մը, 2001–ի սկիզբը այցելեց «Մոռցուած Զոհեր» ցուցադրութիւնը Պեռնի մէջ, Զուիցերիա, որ նկատի կ’առնէր Նացիներու կողմէ Եհովայի Վկաներու հալածանքը։ Իր այցելութեան վերջաւորութեան Հայկազ ըսաւ. «Նացի վարչաձեւին ներքեւ Եհովայի Վկաներու քաշած խիստ տառապանքին մասին լսած էի, բայց ասիկա առաջին անգամն է որ այդ օրերուն վերաբերեալ վաւերական փաստաթուղթեր ու պատկերներ կը տեսնեմ։ Ցուցասրահին մէջ ցուցադրուած իրերը, ականատեսներու տեղեկագրութիւնները եւ պատմաբաններու մեկնաբանութիւնները, միտքիս ու սիրտիս վրայ խոր տպաւորութիւն ձգեցին»։

Ժամանակ մը ետք, երբ Հայկազ նշանակում ստացաւ որ երկրորդական վարժարանի իր դասընկերներուն համար տեղեկագրութիւն մը պատրաստէ, ան ընտրեց՝ «Եհովայի Վկաներ՝ Նացիականութեան Մոռցուած Զոհերը» խորագրով նիւթը։ Ուսուցիչը իր հաւանութիւնը տուաւ, բայց պահանջեց աշխարհիկ աղբիւրներ պարփակել։ Հայկազ ուրախութեամբ համաձայն գտնուեցաւ։ «Նացի շրջանին Եհովայի Վկաներու մասին գրուած կարգ մը գիրքեր վերաքաղ ըրի ու ամփոփում մը պատրաստեցի։ Նաեւ նկարագրեցի այն տպաւորութիւնը որ ‘Մոռցուած Զոհեր’ ցուցադրութիւնը ձգեց իմ վրաս։ 43 էջնոց տեղեկագրութիւնը լուսաբանութիւններ ու լուսանկարներ պարփակեց»։

Նոյեմբեր 2002–ին, Հայկազ իր տեղեկագրութիւնը ներկայացուց դպրոցակիցներուն, ուսուցիչներուն, ընտանիքին ու բարեկամներուն։ Անոր յաջորդեց հարց–պատասխանի նիստ մը, որուն ընթացքին բացատրեց Աստուածաշունչի վրայ հիմնուած իր հաւատալիքները։ Երբ ներկաներուն մէջ գտնուող աղջիկ մը հարցուց թէ ինչո՛ւ այս նիւթը ընտրեց, Հայկազ պատասխանեց թէ բազմաթիւ պատմական գիրքեր Եհովայի Վկաներու մասին չեն խօսիր, եւ ինք ուզեց որ մարդիկ գիտնան թէ Վկաները որքա՜ն խիզախօրէն պաշտպանեցին իրենց քրիստոնէական հաւատքը։ Ի՞նչ եղաւ իր ներկայացումին արդիւնքը։

«Դպրոցակիցներս հիացան», ըսաւ Հայկազ։ «Անոնք չէին գիտեր թէ Եհովայի Վկաները որպէս խումբ բրտօրէն հալածուած էին։ Ասկէ զատ, շատեր չէին գիտեր թէ Նացիներու կեդրոնացման ճամբարներուն մէջ արգելափակուած Վկաները իրենց հագուստին վրայ մասնայատուկ նշան մը կը կրէին,– մանիշակագոյն եռանկիւն մը»։

Ներկայացումէն ետք, Հայկազ յաւելեալ պատեհութիւններ ունեցաւ իր դասընկերներուն խօսելու եւ բացատրելու Վկաներուն Աստուածաշունչի վրայ հիմնուած տեսակէտը կարգ մը հարցերու շուրջ, ինչպէս՝ արեան ներարկում, խմիչք եւ բարոյականութիւն։ «Դպրոցակիցներէս ո՛չ մէկը ծաղրեց կամ հեգնեց», նշեց Հայկազ։ Ասկէ զատ, այժմ իր տեղեկագրութիւնը պահուած է դպրոցին գրադարանը, իսկ ասիկա պիտի օգնէ որ Եհովայի Վկաներու խիզախ կեցուածքը չմոռցուի։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2026)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2026 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել