Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դ03 6/1 էջ 32
  • Յաւիտենական կեանքը ընտրեցէք

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Յաւիտենական կեանքը ընտրեցէք
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2003
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2003
դ03 6/1 էջ 32

Յաւիտենական կեանքը ընտրեցէք

ՄԱՐԴԻԿ նախապէս երբեք այսքան շատ ընտրութիւններ չեն ունեցած։ Օրինակ, մեր հագած հագուստը, կերած ուտելիքը, եւ աշխատած ու ապրած վայրը, յաճախ ընտրութեան հարց են։ Աշխարհի շատ մը մասերուն մէջ, անձամբ կողակից մը ընտրելն ալ սովորական բան մըն է։ Սակայն Աստուածաշունչը ընտրութիւն մը կը ներկայացնէ, որ միւս բոլոր ընտրութիւնները կը գերազանցէ. ընտրութիւն մը՝ որ բոլոր մարդկութեան մատչելի է։

Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Ինչպէս որ արդարութիւնը կեանքի կ’առաջնորդէ, նոյնպէս չարութեան հետեւողը իր մահուանը կ’երթայ»։ (Առակաց 11։19) Իսկ Յիսուս Քրիստոս ըսաւ. «Այս է յաւիտենական կեանքը, որ ճանչնան քեզ միմիայն ճշմարիտ Աստուածդ ու Յիսուս Քրիստոսը, որ դուն ղրկեցիր»։—Յովհաննու 17։3

Այո, մեր Ստեղծիչը մեզի պատեհութիւն ներկայացուցած է ընթացք մը ընտրելու, որ կրնայ յաւիտենական կեանքի առաջնորդել։ Ի՞նչ պէտք է ընենք յաւիտենական կեանք ձեռք ձգելու համար։

Աստուածաշունչին համաձայն, «արդարութեան ճամբուն մէջ կեանք կայ»։ (Առակաց 12։28) Կրնանք յաւիտենական կեանքի ճամբուն մէջ եղող արդարներէն մէկը ըլլալ։ Ի՞նչպէս։ Վստահ ըլլալով որ մեր կեանքը կը համակերպի Աստուծոյ կամքին եւ պատուէրներուն։ (Մատթէոս 7։13, 14) Հետեւաբար, թող որ շիտակ ընտրութիւնը ընենք եւ Աստուծոյ պարգեւը՝ յաւիտենական կեանքը ստանանք։—Հռովմայեցիս 6։23

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2026)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2026 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել