Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դ00 6/1 էջ 32
  • Եհովայի հաւատարիմ մնանք

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Եհովայի հաւատարիմ մնանք
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2000
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2000
դ00 6/1 էջ 32

Եհովայի հաւատարիմ մնանք

ԹԷԵՒ հաւատարմութիւնը ներկայիս հազուագիւտ յատկութիւն մըն է, սակայն անիկա ճշմարիտ Աստուծոյ՝ Եհովայի՝ ծառաները յատկորոշող յատկութիւնն է։ Հաւատարիմ անհատը փորձութիւններու մէջ հաստատ եւ անխախտ կը մնայ, հակառակ անցնող ժամանակին։ Նկատի առէք Եզեկիա բարի թագաւորը։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Անկէ ետքը Յուդայի բոլոր թագաւորներուն մէջ անոր նմանը չեղաւ, ոչ ալ անկէ առաջ եղողներուն մէջ»։ Ի՞նչ բան Եզեկիան անզուգական դարձուց։ Ան «Տէրոջը յարեցաւ», հակառակ անոր որ շրջապատուած էր Մողոք չաստուծոյն երկրպագուներով։ Այո, Եզեկիա Եհովայի հետեւելէն «չխոտորեցաւ», այլ՝ շարունակեց ‘Տէրոջը պատուիրանքները պահել’։—Դ. Թագաւորաց 18։1-6

Պօղոս առաքեալ Եհովայի հաւատարիմ եղող ուրիշ անհատ մըն էր։ Քրիստոնէական Յունարէն Գրութիւններուն մէջ իր ծառայութեան արձանագրութիւնը պերճախօս կերպով կը վկայէ Աստուծոյ սրտանց ծառայութիւն մատուցանելու մէջ Պօղոսի յարատեւութեան։ Իր երկրային կեանքի վերջաւորութեան, Պօղոս ինքն իր մասին կրնար ըսել. «Բարի պատերազմը պատերազմեցայ, ընթացքը կատարեցի, հաւատքը պահեցի»։—Բ. Տիմոթէոս 4։7

Եզեկիա եւ Պօղոս հաւատարմութեան ի՜նչ հոյակապ օրինակներ են մեզի համար։ Թող որ անոնց հաւատքը ընդօրինակենք, մեր Մեծ Աստուծոյն՝ Եհովայի՝ հաւատարիմ մնալով։—Եբրայեցիս 13։7

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2026)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2026 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել