Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դ98 2/1 էջ 32
  • Աստուած աշխարհը պիտի կործանէ՞

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Աստուած աշխարհը պիտի կործանէ՞
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1998
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1998
դ98 2/1 էջ 32

Աստուած աշխարհը պիտի կործանէ՞

ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ Պօղոս Բ. Պապին համաձայն, մարդիկ կրնան ապագային վստահութեամբ նայիլ։ Ան ըսաւ որ պատմութեան ընթացքին, «մարդիկ շարունակած են մեղքեր գործել, թերեւս նոյնիսկ աւելի մեծ քան՝ ջրհեղեղէն առաջ նկարագրուած մեղքերը»։ Հակառակ ասոր, Պապը բացատրեց, «Նոյի հետ Աստուծոյ ըրած ուխտին խօսքերէն կը հասկնանք, թէ ներկայիս մեղք մը չկայ որ մղէ Աստուած իր ստեղծած աշխարհը կործանելու»։

Շիտա՞կ է որ Աստուած աշխարհը երբեք պիտի չկործանէ։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ որ Ջրհեղեղէն ետք, Աստուած Նոյի ըսաւ. «Անգամ մըն ալ ամէն մարմին ջրհեղեղի ջուրերէն չկորսուի, ո՛չ ալ նորէն ջրհեղեղ պիտի ըլլայ երկիրը աւերելու համար»։ (Ծննդոց 9։11) Պապը կ’ըսէ թէ Աստուած այս խօսքերով «ինքզինք [երկիրը] չկործանելու պարտաւորութեան տակ դրաւ»։

Աստուածաշունչը կը բացայայտէ թէ Ստեղծիչը թոյլ պիտի չտայ որ մեր երկրագունդը կործանի։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Երկիրը միշտ կը կենայ»։ (Ժողովողի 1։4) Սակայն, Ջրհեղեղէն յաւելեալ բան մը կը սորվինք, զոր Պապը չյիշեց։

Յիսուս ըսաւ որ իր ապագայ ներկայութեան ժամանակ երկրի վրայ վիճակը պիտի ըլլար այնպէս «ինչպէս Նոյի օրերը եղաւ», երբ մարդիկ «չգիտցան՝ մինչեւ ջրհեղեղը եկաւ ու ամէնքը վերցուց»։ (Մատթէոս 24։37-39) Նմանապէս, Պետրոս առաքեալ գրեց, թէ ճիշդ ինչպէս որ «հին ապականուած աշխարհը ջրհեղեղով կորսուեցաւ», նոյնպէս ալ «դատաստանին ու ամբարիշտ մարդոց կորստեան օրը» կը սպառնայ ներկայ աշխարհին։—Բ. Պետրոս 3։5-7

Յիսուս եւ Պետրոս, Նոյի հետ Աստուծոյ ըրած ուխտը մոռցա՞ն։ Բնա՛ւ երբեք։ Ինչպէս որ Նոյի հետ ըրած իր ուխտին մէջ խոստացաւ, Աստուած իրերու այս ամբարիշտ դրութեան վերջ մը դնելու համար ջրհեղեղ պիտի չգործածէ։ Փոխարէն, ան «Թագաւոր Թագաւորաց ու Տէր Տերանց»՝ Յիսուս Քրիստոսի՝ զօրութիւնը պիտի գործածէ։ (Յայտնութիւն 19։11-21) Ուրեմն, Աստուածաշունչին համաձայն, երկիրը պիտի չկործանի, այլ չար մարդոցմէ բաղկացած «աշխարհը» անպայման վերջ պիտի գտնէ։ (Առակաց 2։21, 22. Յայտնութիւն 11։18) Անկէ ետք, «արդարները պիտի ժառանգեն երկիրը ու յաւիտեան անոր մէջ պիտի բնակին»։—Սաղմոս 37։29

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2026)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2026 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել