Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դ97 10/1 էջ 32
  • Աստուածաշունչը քննենք ամէն օր

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Աստուածաշունչը քննենք ամէն օր
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1997
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1997
դ97 10/1 էջ 32

Աստուածաշունչը քննենք ամէն օր

1997–ի տարուան համարը. «Սորվեցո՛ւր ինծի որ քու կամքդ ընեմ»։—Սաղմոս 143։10

Նոյեմբեր 1—Ահա կու գամ ես . . . քու կամքդ ընելու, ո՛վ Աստուած։—Եբր. 10։7, Դիտ. 10/1/96 2, 3ա

Նոյեմբեր 2—Ահա ո՜րչափ բարի ու ո՜րչափ վայելուչ է որ եղբայրներ իրարու հետ միաբանութեամբ բնակին։ Այն ազնիւ իւղին պէս է, որ գլխուն վրայէն մօրուքին վրայ, Ահարոնի մօրուքին վրայ վազեց։—Սաղմ. 133։1, 2, Դիտ. 10/1/96 4, 5գ

Նոյեմբեր 3—Այս բոլոր բաները իբրեւ օրինակ կը պատահէին անոնց. իսկ մեզի՝ քանի որ դարերուն վերջը հասաւ՝ խրատ ըլլալու համար գրուեցան։ Ուստի ան որ կը սեպէ թէ հաստատուն կեցած է, թող զգուշանայ որ չըլլայ թէ իյնայ։—Ա. Կորն. 10։11, 12, Դիտ. 9/1/96 16, 17գ

Նոյեմբեր 4—Ան որ ազատութեան կատարեալ օրէնքին աչք տնկելով կը նայի եւ անոր մէջ կը կենայ, կը լսէ, չի մոռնար, այլ կը կատարէ, երանելի պիտի ըլլայ իր գործերուն մէջ։—Յակ. 1։25, Դիտ. 2/1/96 15ա

Նոյեմբեր 5—Ինչպէս ձեզի չարիք ընելու դիտաւորութիւն ունեցայ, երբ ձեր հայրերը զիս սրդողցուցին . . . այնպէս դարձայ ու այս օրերը Երուսաղէմի ու Յուդայի տանը բարիք ընելու դիտաւորութիւն ունեցայ։ Մի վախնաք։—Զաք. 8։14, 15, Դիտ. 2/1/96 9, 10գ

Նոյեմբեր 6—Ծունկի վրայ գալով մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսին Հօրը առջեւ, ուրկէ ամէն ազգատոհմ երկնքի մէջ ու երկրի վրայ անուն կ’առնէ։—Եփ. 3։14, 15, Դիտ. 10/1/96 2, 3գ

Նոյեմբեր 7—Երիտասարդական ցանկութիւններէն ալ փախի՛ր ու գնա՛ արդարութեան, հաւատքի, սիրոյ, խաղաղութեան ետեւէ անոնց հետ որ Տէրոջը անունը կը կանչեն մաքուր սրտով։—Բ. Տիմ. 2։22, Դիտ. 5/1/96 14, 15բ

Նոյեմբեր 8—Սէրը հագէք, որ կատարելութեան կապն է։—Կող. 3։14, Դիտ. 10/1/96 18-20դ

Նոյեմբեր 9—Արքայութեան այս աւետարանը բովանդակ աշխարհի մէջ պիտի քարոզուի՝ բոլոր ազգերուն վկայութիւն ըլլալու։ Անկէ յետոյ Վերջը պիտի գայ։—Մատթ. 24։14, Դիտ. 10/1/96 2, 3բ

Նոյեմբեր 10—Քաղաքին մէջ օրհնեալ ու դաշտին մէջ օրհնեալ պիտի ըլլաս։ Քու որովայնիդ պտուղը, քու երկրիդ պտուղը, քու անասուններուդ պտուղը, կովերուդ ծնունդը ու ոչխարներուդ հօտերը օրհնեալ պիտի ըլլան։—Բ. Օր. 28։3, 4, Դիտ. 9/1/96 15, 16բ

Նոյեմբեր 11—Ձեզի ընտրեցէք այսօր թէ ո՞վ պիտի պաշտէք . . . բայց ես ու իմ տունս Եհովան պիտի պաշտենք։—Յես. 24։15, Դիտ. 10/1/96 13, 14գ

Նոյեմբեր 12—Տէրոջը փրկածները պիտի դառնան, երգով Սիօն պիտի գան եւ անոնց գլխուն վրայ յաւիտենական ուրախութիւն պիտի ըլլայ։—Եսայ. 35։10, Դիտ. 5/1/96 14-17դ

Նոյեմբեր 13—Տէրը փնտռեցէ՛ք, ո՛վ երկրի բոլոր խոնարհներ։ Դուք որ անոր օրէնքը կը գործադրէք, արդարութի՛ւն փնտռեցէք, խոնարհութի՛ւն փնտռեցէք, թերեւս Տէրոջը բարկութեան օրը ծածկուիք։—Սոփ. 2։3, Դիտ. 6/1/96 4, 5ա

Նոյեմբեր 14—Ձեր մտքով ու հոգիով նորոգուիք եւ նոր մարդը ձեր վրայ հագնիք, որ Աստուծոյ պատկերին պէս արդարութիւնով ու ճշմարիտ սրբութիւնով ստեղծուած է։—Եփ. 4։23, 24, Դիտ. 6/1/96 18, 19գ

Նոյեմբեր 15—Այն օտարականին որդիները, որոնք Տէրոջը յարեր են՝ անոր ծառայութիւն ընելու, տէրոջը անունը սիրելու . . . զանոնք ալ իմ սուրբ լեռս պիտի բերեմ եւ իմ աղօթքի տանս մէջ զանոնք պիտի ուրախացնեմ։—Եսայ. 56։6, 7, Դիտ. 10/1/96 4, 5բ

Նոյեմբեր 16—Արքայութեան այս աւետարանը բովանդակ աշխարհի մէջ պիտի քարոզուի՝ բոլոր ազգերուն վկայութիւն ըլլալու։ Անկէ յետոյ Վերջը պիտի գայ։—Մատթ. 24։14, Դիտ. 10/1/96 11, 12գ

Նոյեմբեր 17—Եթէ դուք որ չար էք՝ ձեր զաւակներուն աղէկ ընծաներ տալ գիտէք, որչա՜փ աւելի ձեր Հայրը երկնքէն Սուրբ Հոգին պիտի տայ անոնց որ իրմէ կը խնդրեն։—Ղուկ. 11։13, Դիտ. 4/1/96 4, 5ա

Նոյեմբեր 18—Այն բաները մեզի օրինակ եղան, որպէս զի չար բաներու չցանկանք, ինչպէս անոնք ցանկացին։—Ա. Կորն. 10։6, Դիտ. 9/1/96 2, 4գ

Նոյեմբեր 19—Ո՛րդեակ իմ, իմաստուն եղի՛ր ու սիրտս ուրախացո՛ւր, որպէս զի անարգողին պատասխան տամ։—Առ. 27։11, Դիտ. 10/1/96 17ա

Նոյեմբեր 20—Վատասիրտներն ալ մխիթարեցէ՛ք։—Ա. Թես. 5։14, Դիտ. 10/1/96 11, 12դ

Նոյեմբեր 21—Լսեցի ձայն մը մեծ բազմութեան ձայնի պէս . . . որոնք կ’ըսէին. «Ալէլուիա՜, վասն զի [մեր] Ամենակալ Տէր Աստուածը թագաւորեց»։—Յայտ. 19։6, Դիտ. 7/1/96 12ա

Նոյեմբեր 22—Արքայութեան այս աւետարանը բովանդակ աշխարհի մէջ պիտի քարոզուի՝ բոլոր ազգերուն վկայութիւն ըլլալու։ Անկէ յետոյ Վերջը պիտի գայ։—Մատթ. 24։14, Դիտ. 12/1/95 17ա

Նոյեմբեր 23—Անոր ձեռքով ամէն ատեն Աստուծոյ օրհնութեան պատարագ մատուցանենք, այսինքն մեր շրթունքներուն պտուղը, որոնք իր անունը կը դաւանին։—Եբր. 13։15, Դիտ. 10/1/96 6, 7բ

Նոյեմբեր 24—Մեզի ներէ մեր մեղքերը, քանզի մենք ալ կը ներենք այն ամենուն՝ որ մեզի պարտական են։—Ղուկ. 11։4, Դիտ. 10/1/96 14դ

Նոյեմբեր 25—Ձեր երկրաւոր անդամները սպաննեցէք. պոռնկութիւնը, պղծութիւնը, անսանձ կիրքը, չար ցանկութիւնը եւ ագահութիւնը, որ կռապաշտութիւն է. որոնց համար Աստուծոյ բարկութիւնը անհնազանդութեան որդիներուն վրայ կու գայ։—Կող. 3։5, 6, Դիտ. 9/1/96 10գ

Նոյեմբեր 26—Բոլոր գիրքը Աստուծոյ շունչն է եւ օգտակար է սորվեցնելու, յանդիմանելու, շտկելու եւ արդարութեան մէջ խրատելու համար, որպէս զի Աստուծոյ մարդը կատարեալ ըլլայ՝ ամէն բարի գործերու պատրաստուած։—Բ. Տիմ. 3։16, 17, Դիտ. 7/1/96 7գ

Նոյեմբեր 27—Իշխանութիւններուն եւ պետութիւններուն [հպատակեցէք] . . . ու ամէն բարի գործերու պատրաստ [գտնուեցէք]. . . . հեզահոգի, ամէն մարդու քաղցրութիւն [ցուցուցէք]։—Տիտ. 3։1, 2, Դիտ. 8/1/96 20, 22ա

Նոյեմբեր 28—Երբ ինքը՝ ճշմարտութեան Հոգին՝ գայ, ամէն ճշմարտութեան պիտի առաջնորդէ ձեզ։—Յովհ. 16։13, Դիտ. 10/1/96 9, 10գ

Նոյեմբեր 29—Խօսքը քարոզէ՛, մտադրութեամբ գործիդ պարապէ՛։—Բ. Տիմ. 4։2, Դիտ. 12/1/95 18, 19ա

Նոյեմբեր 30—Եթէ քու բերնովդ Յիսուսը Տէր խոստովանիս ու սրտիդ մէջ հաւատաս թէ Աստուած զանիկա մեռելներէն յարուցանեց՝ պիտի փրկուիս. (վասն զի սրտով կը հաւատայ մէկը արդարանալու համար ու բերնով կը խոստովանի փրկուելու համար։)—Հռովմ. 10։9, 10, Դիտ. 10/1/96 9բ

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2026)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2026 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել