Գիտակից համաձայնութեան իրաւունքը վերահաստատուած
ԻՏԱԼԻՈՅ Մեսինա Ատեանին Նախնական հետազօտութիւններու բաժնին համար, Դատախազին վերջերս արձակած վճիռը վերահաստատեց թէ բժիշկները պարտաւորուած են չափահաս հիւանդներու բժշկական փափաքները յարգել։ Այս դատավճիռը տրուեցաւ պարագայով մը, որու մէջ Եհովայի Վկայ մը պարփակուած էր։
Յունուար 1994–ին, 64 տարեկան Անդօնինօ Սդելարիօ Լենդինին, դիւրարիւնութենէ տառապող Վկայ մը, հապճեպով Մեսինայի Թաօրմինա գիւղաքաղաքի մէկ հիւանդանոցը տարուեցաւ։ Անդօնինոյի կինը՝ Գաբենան՝ հիւանդանոցի անձնակազմին ուշադրութեան յանձնեց թէ, որպէս Եհովայի Վկայ, ո՛չ ինք եւ ոչ իր ամուսինը պիտի համաձայնէին արեան ներարկում մը ընդունիլ։ (Գործք 15։20, 28, 29) Անոնց փափաքը յարգուեցաւ։
Սակայն, մինչ ան բժշկական կեդրոն մը կը փոխադրուէր, շնչահեղձ ըլլալով վտանգաւոր վիճակի մը մէջ հոն հասաւ։ Իսկ քիչ ետք, ան մահացաւ։ Գաբենան շատ ցնցուեցաւ, բայց մեծապէս մխիթարուեցաւ Սուրբ Գրքի յարութեան յոյսով։ (Գործք 24։15) Ետքը, ան շատ զարմացաւ երբ ատենակալը, հաւանաբար մամուլի սխալ պրոպականտայէն ազդուած, զինք ամբաստանեց որպէս պատասխանատու իր ամուսնոյն մահուան, քանի որ բժիշկներու կողմէ իր ամուսնոյն համար անհրաժեշտ նկատուած դարմանում մը մերժած էր։
Աւելի քան մէկ տարի ետք, 11 Յուլիս 1995–ին, ան ոճիր մը գործած ըլլալու ամբաստանութենէն անպարտ արձակուեցաւ։ Իրականութեան մէջ, բժշկական մասնագէտներու վկայութիւնը հաստատեց որ, հիւանդին վիճակը նկատի ունենալով, նոյնիսկ բժշկական միջամտութիւնը անօգուտ պիտի ըլլար։
Բայց դատաւորին խօսքերը ցոյց տուին գլխաւոր հարցը։ Ան ըսաւ որ ատեանին համար դժուար է ընդունիլ այն գաղափարը, թէ բժշկական անձնակազմը իրաւունք ունի դարմանումի կերպ մը պարտադրելու, երբ հիւանդ մը կամ զինք ներկայացնող անհատ մը կը մերժէ զայն։ Ան աւելցուց որ Իտալիոյ մէջ, բժշկա–բարոյագիտական օրինագիրքը «կը նախատեսէ, որեւէ գործողութենէ առաջ, խնդրոյ առարկայ անհատներէն գիտակից համաձայնութիւն մը ձեռք ձգելու անհրաժեշտութիւնը»։ Ուստի, ան ըսաւ որ Գաբենան «օրինականօրէն իր ամուսինը ետ պահեց այսպիսի վիրաբուժական գործողութեան մը ենթարկուելէ»։
Այս դատավճիռը կը վերահաստատէ որ չափահաս անհատ մը իրաւունք ունի իր փափաքին համաձայն չեղող բժշկական դարմանում մը մերժելու։