Մխիթարութիւն՝ պատերազմի չորս տարիներու ընթացքին
ՊԱՏԵՐԱԶՄԻ չորս տարիներու ընթացքին, նախկին Եուկոսլաւիոյ մէջ, բազմաթիւ մարդիկ դժուարութիւններու ու խիստ զրկանքներու ենթարկուեցան։ Անոնց մէջ կային հարիւրաւոր Եհովայի Վկաներ, որոնք շարունակեցին հաւատարմաբար պաշտել «ամէն մխիթարութեան Աստուածը»։—Բ. Կորնթացիս 1։3
Պատերազմի ամբողջ տեւողութեան, պաշարման ներքեւ եղող Սարաեւօ մեծ քաղաքին մէջ ապրող մարդիկ յաւելեալ դժուարութիւններ քաշեցին։ Ելեկտրականութեան, ջուրի, վառելափայտի եւ ուտելիքի պակաս կար։ Այս ծայրայեղ պայմաններուն ներքեւ Սարաեւոյի Եհովայի Վկաներու Ժողովքը ի՞նչպէս գործեց։ Դրացի երկիրներէն Քրիստոնեաներ իրենց կեանքերը վտանգեցին մեծ քանակութեամբ նպաստներ բերելու համար։ (Տես՝ Դիտարան 1 Նոյեմբեր 1994, էջ 23–27, Անգլերէնով։) Նաեւ, Սարաեւոյի մէջ ապրող եղբայրները իրենց ունեցածը իրարու միջեւ բաժնեցին, գլխաւոր շեշտը հոգեւոր բաները բաժնեկցելու վրայ դնելով։ Պաշարման ընթացքին, այդ քաղաքէն Քրիստոնեայ տեսուչ մը հետեւեալ տեղեկագրութիւնը ըրաւ.
«Մենք մեր ժողովները շատ կ’արժեւորենք։ Կինս եւ ես, ուրիշ 30 անհատներու հետ մէկտեղ, 30 քիլոմեթր կը քալենք ժողովներուն երթալ–գալու համար։ Երբեմն իշխանութիւնները կը ծանուցանէին որ ջուր պիտի հայթայթուէր այն ժամերուն, երբ ժողովները տեղի կ’ունենային։ Մեր եղբայրները ի՞նչ կ’ընէին։ Անոնք տո՞ւնը կը մնային, թէ՝ ժողովներու կ’երթային։ Մեր եղբայրները կը նախընտրէին ժողովներուն ներկայ գտնուիլ։ Եղբայրները միշտ իրարու կ’օգնեն, ինչ որ ունին՝ կը բաժնեկցին։ Մեր ժողովքէն քոյր մը, քաղաքի արուարձաններէն մէկուն մէջ, անտառին մօտը կ’ապրի. ուստի անոր համար քիչ մը աւելի դիւրին է վառելափայտ ձեռք ձգել։ Ան նաեւ փուռի մը մէջ կ’աշխատի ու թոշակի տեղ ալիւր կը ստանայ։ Երբ կարելիութիւն ունենայ, ան հացի մեծ նկանակ մը կ’եփէ ու իր հետ ժողովի կը բերէ։ Ժողովէն ետք, դուրս ելած ատեն, ամէն մէկուն կտոր մը կու տայ։
«Կարեւոր է որ եղբայրներէն կամ քոյրերէն ոեւէ մէկը բնաւ երեսի վրայ ձգուած չզգայ։ Մեզմէ ո՛չ մէկը գիտէ թէ ո՛վ պիտի ըլլայ յաջորդ անհատը որ օգնութեան կարիքը պիտի ունենայ անհաճելի կացութեան մը մէջ։ Ձմրան, երբ ճամբաները սառեցան, երիտասարդ, հուժկու եղբայրներ հիւանդ քոյր մը սահնակի վրայ քաշելով ժողովի տարին։
«Բոլորս ալ կը մասնակցինք քարոզչութեան, ու Եհովա կ’օրհնէ մեր ջանքերը։ Ան Պոսնիոյ մէջ մեր թշուառ վիճակը տեսած է, բայց մեզ օրհնած է յաւելումով. յաւելում մը, որ պատերազմէն առաջ չէինք տեսած»։
Նոյնպէս, պատերազմէն պառակտուած նախկին Եուկոսլաւիոյ տարբեր մասերուն մէջ, Եհովայի Վկաները հակառակ խիստ պայմաններու, յաւելում վայելած են։ Եհովայի Վկաներու Խրուաթիոյ գրասենեակէն հետեւեալ տեղեկագրութիւնը կու գայ, խումբ մը Վկաներու մասին. «Վելիքա Քլատուշայի եղբայրները չափազանց դժուար ժամանակներէ անցան։ Քաղաքը քանի մը անգամ յարձակման ենթարկուեցաւ։ Եղբայրները ստիպուեցան իրենց չէզոքութիւնը բացատրել Խրուաթներուն, Սերպերուն ու Մահմետական զանազան բանակներու։ Ի՛րապէս, անոնք շատ բանտարկութիւններու, ծեծերու, անօթութեան, մահուան վտանգներու եւ ուրիշ բազմաթիւ խնդիրներու տոկացին։ Այսուհանդերձ, բոլորն ալ հաւատարիմ մնացին ու հոյակապ առանձնաշնորհումը ունեցան իրենց գործունէութեան վրայ Եհովայի օրհնութիւնը տեսնելու»։
Հակառակ այս դժուարութեանց, Վելիքա Քլատուշայի ու դրացի Պիհաք քաղաքին մէջ ապրող Եհովայի Վկաները կը շարունակեն յաւելումներ վայելել, մինչ նախանձախնդրօրէն Աստուծոյ մխիթարական պատգամը կը բաժնեկցին իրենց դրացիներուն հետ։ Այս երկու վայրերուն մէջ ապրող Թագաւորութեան 26 հրատարակիչները 39 տան սուրբ գրային ուսումնասիրութիւններ կը վարեն։