Աստուածաշունչը քննենք ամէն օր
1996–ի տարուան համարը. «Խօսքը կատարողներ եղէք»։—Յակոբու 1։22, ՆԱ
Դեկտեմբեր 1—Քիչուորը՝ հազարաւոր ու պզտիկը մեծ ազգ պիտի ըլլայ. Ես Տէրս իր ժամանակին պիտի կատարեմ ասիկա։—Եսայ. 60։22, Դիտ. 12/1/94 11, 12ա
Դեկտեմբեր 2—Քու յղութեանդ ցաւերը խիստ պիտի շատցնեմ։ Ցաւով զաւակ ծնանիս ու էրկանդ հնազանդ ըլլաս ու անիկա քու վրադ իշխէ։—Ծննդ. 3։16, Դիտ. 10/1/95 6 7գ
Դեկտեմբեր 3—Բանի մը համար հոգ մի՛ ընէք, հապա ամէն բանի մէջ աղօթքով ու աղաչանքով, գոհութիւնով մէկտեղ, ձեր խնդրանքը Աստուծոյ յայտնի ըլլայ։—Փիլ. 4։6, Դիտ. 3/1/95 3, 4, 6դ
Դեկտեմբեր 4—Քեզ կ’աղաչեմ ... որ զանոնք աշխարհէն պահես։ Անոնք աշխարհէն չեն, ինչպէս ես աշխարհէն չեմ։—Յովհ. 17։15, 16, Դիտ. 2/1/95 3, 4ա
Դեկտեմբեր 5—Եւ քու Տէր Աստուածդ սիրես քու բոլոր սրտովդ եւ քու բոլոր անձովդ ու քու բոլոր մտքովդ եւ քու բոլոր զօրութիւնովդ։—Մարկ. 12։30, Դիտ. 9/1/95 5, 6բ
Դեկտեմբեր 6—Ինչպէս հայր մը կը գթայ իր որդիներուն վրայ, այնպէս ալ Տէրը կը գթայ իրմէ վախցողներուն վրայ։—Սաղմ. 103։13 14, Դիտ. 1/1/95 1, 3գ
Դեկտեմբեր 7—Դուք ... Թագաւորական քահանայութիւն մըն էք, ... որպէս զի հռչակէք անոր առաքինութիւնները, որ ձեզ խաւարէն իր սքանչելի լոյսին կանչեց։—Ա. Պետ. 2։9, Դիտ. 10/1/95 16, 18ա
Դեկտեմբեր 8—Բայց ով որ մինչեւ վերջը համբերէ, անիկա պիտի ապրի։—Մատթ. 24։13, Դիտ. 12/1/94 17, 18գ
Դեկտեմբեր 9—Ամէն մարդ իր մայրը ու իր հայրը պէտք է յարգէ եւ իմ շաբաթներս պէտք է պահէք։ Ես եմ Տէրը՝ ձեր Աստուածը։ Կուռքերուն մի՛ դառնաք եւ ձեզի ձուլածոյ աստուածներ մի՛ շինէք։ Ես եմ Տէրը՝ ձեր Աստուածը։—Ղեւտ. 19։3, 4, Դիտ. 10/1/95 13, 14գ
Դեկտեմբեր 10—Ու իշխանները իրաւունքով պիտի իշխեն։ Ամէն մէկը հովին դէմ դնող պատսպարանի պէս ու փոթորիկին դէմ դնող ծածկոցի պէս, չոր տեղը՝ ջուրի վտակներու պէս եւ ծարաւուտ երկրի մէջ մեծ ապառաժի մը հովանիին պէս պիտի ըլլայ։—Եսայ. 32։1, 2 Դիտ. 3/1/95 19ա
Դեկտեմբեր 11—Եւ իրարու հոգ տանինք՝ սիրոյ եւ բարեգործութեան մղելով, եւ մէկտեղ հաւաքուիլը չթողունք, ինչպէս ոմանք սովորութիւն ունին. հապա մէկզմէկ յորդորենք ու այնչափ աւելի՝ որչափ այն օրուան մօտենալը կը տեսնէք։—.Եբր. 10։24, 25, Դիտ. 2/1/95 11, 13գ
Դեկտեմբեր 12—Այս է յաւիտենական կեանքը, որ ճանչնան քեզ միմիայն ճշմարիտ Աստուածդ ու Յիսուս Քրիստոսը, որ դուն ղրկեցիր։—Յովհ. 17։3, Դիտ. 6/1/95 16, 17
Դեկտեմբեր 13—Եղբայրսիրութեան մէջ իրարու գորովալից եղէ՛ք. պատուելու մէջ իրարմէ անցէ՛ք։—Հռով. 12։10, Դիտ. 10/1/95 19դ
Դեկտեմբեր 14—Ո՞վ լսեց այսպիսի բան մը, ո՞վ տեսաւ նման բան։ Միթէ երկիր մէկ օրուան մէ՞ջ կը ծնի, Կամ ազգ մը մէկ անգամէ՞ն ծնաւ։—Եսայ. 66։8, Դիտ. 10/1/95 4, 5բ
Դեկտեմբեր 15—«Այո՛, բնաւ չէ՞ք կարդացեր, թէ ‘Մանկանց ու կաթընկեր տղայոց բերնէն գովութիւն կատարեցիր’»։—Մատթ. 21։16, Դիտ, 1/1/95 14, 15բ
Դեկտեմբեր 16—Ահա համբերողներուն երանի՜ կու տանք։ Յոբին համբերութիւնը լսեցիք դուք եւ վերջը՝ Տէրոջը անոր ըրածը տեսաք, որ Տէրը բազմագութ ու ողորմած է։—Յակ. 5։11 Դիտ. 3/1/95 13, 15դ
Դեկտեմբեր 17—«Բայց ձեզի՝ իմ բարեկամներուս, կ’ըսեմ. ‘Մի՛վախնաք անոնցմէ՝ որ մարմինը կը սպաննեն ու անկէ աւելի բան մը ընելու կարողութիւն չունին։ Հապա ձեզի ցուցնեմ թէ որմէ՛ պէտք է վախնաք. անկէ վախցէք՝ որ սպաննելէ յետոյ իշխանութիւն ունի գեհեանը ձգելու։ Այո՛, կ’ըսեմ ձեզի, անկէ վախցէք’»։—Ղուկ. 12։4, 5 Դիտ. 6/1/95 14, 15գ
Դեկտեմբեր 18—Նմանապէս այրերը խոհեմութիւնով անոնց հետ ապրին, տկար անօթի պէս յարգելով կիները, իբրեւ կեանքի շնորհքին ժառանգակիցներ՝ որպէս զի ձեր աղօթքներուն արգելք չըլլայ։—Ա. Պետր. 3։7, Դիտ. 10/1/95 15, 18դ
Դեկտեմբեր 19—Յոյսով ուրախ եղէ՛ք։—Հռովմ. 12։12, Դիտ. 4/1/95 15, 16գ
Դեկտեմբեր 20—Իսկ Ազովտոսի մէջ օտարազգի պիտի բնակի։ Փղշտացիներու հպարտութիւնը պիտի ջնջեմ. Անոնց արիւնը՝ իրենց բերնէն պիտի վերցնեմ ... Ու մնացորդը՝ անիկա ալ մեր Աստուծոյն պիտի ըլլայ։—Զաք. 9։6, 7, Դիտ. 10/1/95 10, 14բ
Դեկտեմբեր 21—Աստուծոյ աթոռին առջեւ կը ծառայեն ցորեկ ու գիշեր իր տաճարին մէջ։—Յայտ. 7։15, Դիտ. 5/1/95 12, 13ա
Դեկտեմբեր 22—Քու Տէր Աստուածդ սիրես քու բոլոր սրտովդ ու քու բոլոր անձովդ եւ քու բոլոր զօրութիւնովդ ու քու բոլոր մտքովդ։—Ղուկ. 10։27, Դիտ. 1/1/95 6, 7ա
Դեկտեմբեր 23—Սակայն ձեզի կ’ըսեմ.‘Ով որ առանց պոռնկութեան պատճառի իր կինը արձակէ եւ ուրիշ մը առնէ, շնութիւն կ’ընէ’։—Մատթ. 19։9, Դիտ. 10/1/95 10, 11, 14դ
Դեկտեմբեր 24—Ուրեմն զայն որ Կայսրինն է՝ Կայսրին տուէք եւ զայն որ Աստուծոյն է՝ Աստուծոյ տուէք։—Մատթ. 22։21, Դիտ. 4/1/95 8, 9ա
Դեկտեմբեր 25—Օտարականները պիտի գան ու ձեր հօտերը պիտի հովուեն։ Օտարներուն որդիները ձեր երկրագործները եւ այգեգործները պիտի ըլլան։—Եսայ. 61։5, Դիտ. 10/1/95 15, 17բ
Դեկտեմբեր 26—Ատոնց վրայ խորհէ ու ատոնցմով պարապէ, որպէս զի քու յառաջդիմութիւնդ ամենուն յայտնի ըլլայ։—Ա. Տիմ. 4։15, Դիտ. 8/1/95 16, 17ա
Դեկտեմբեր 27—Եւ Դաւիթ ըսաւ Աբիգիային. «Օրհնեալ ըլլայ Իսրայէլի Տէր Աստուածը, ... եւ դուն ալ օրհնեալ ըլլաս, որ այսօր ինծի արգիլեցիր որ արիւն թափեմ ու իմ վրէժս ձերքովս առնեմ»։—Ա. Թագ. 25։32, 33, Դիտ. 10/1/95 16գ
Դեկտեմբեր 28—Երանի՜ հոգիով աղքատներուն։—Մատթ. 5։3, Դիտ. 7/1/95 16գ
Դեկտեմբեր 29—Եւ իրարու հոգ տանինք՝ սիրոյ եւ բարեգործութեան մղելով։—Եբր. 10։24, Դիտ. 7/1/95 2, 19ա
Դեկտեմբեր 30—Իսկ Ազովտոսի մէջ օտարազգի պիտի բնակի։ ... Ու մնացորդը՝ անիկա ալ մեր Աստուծոյն պիտի ըլլայ։ Յուդայի մէջ՝ հազարապետի պէս, Ակկարոն Յեբուսացիի պէս պիտի ըլլայ։—Զաք. 9։6 7, Դիտ. 10/1/95 10, 12բ
Դեկտեմբեր 31—Նմանապէս այրեր խոհեմութիւնով անոնց հետ ապրին, տկար անօթի պէս յարգելով կիները, իբրեւ կեանքի շնորհքին ժառանգակիցներ։— Ա. Պետր. 3։7, Դիտ. 10/1/95 15, 17դ