Աստուածաշունչը քննենք ամէն օր
1996–ի տարուան համարը. «Խօսքը կատարողներ եղէք»։—Յակոբու 1։22, ՆԱ
Մայիս 1—Ասով կը ճանչնանք թէ ճշմարտութենէն ենք։ Մեր սրտերուն համարձակութիւնովը անոր առջեւ պիտի երեւնանք։ Եթէ մեր սրտերը մեզ մեղադրեն, մենք գիտենք թէ Աստուած մեր սրտերէն մեծ է եւ ամէն բան գիտէ։—Ա. Յովհ. 3։19, 20, Դիտ. 7/1/95 5, 6
Մայիս 2—Անիկա արծաթ հալեցնողի ու մաքրողի պէս պիտի նստի։ Ղեւիին որդիները [քահանայական օծեալ խումբը] պիտի մաքրէ, զանոնք ոսկիի պէս ու արծաթի պէս պիտի զտէ։ Անոնք արդարութեամբ Տէրոջը ընծայ պիտի մատուցանեն։—Մաղ. 3։3, Դիտ. 7/1/95 12–14բ
Մայիս 3—Եւ ասիկա աւետարանին համար կ’ընեմ, որպէսզի անոր կցորդ ըլլամ։—Ա. Կորնթ. 9։23, Դիտ. 11/1/94 8, 9ա
Մայիս 4—Ինչ որ սորվեցաք ու առիք եւ լսեցիք ու տեսաք իմ վրաս, զա՛յն ըրէք եւ խաղաղութեան Աստուածը ձեզի հետ պիտի ըլլայ։—Փիլ. 4։9, Դիտ. 12/1/94 16, 17ա
Մայիս 5—Տէրը ուրիշ եօթանասունըերկուք ալ որոշեց եւ զանոնք իր առջեւէն երկու երկու ղրկեց բոլոր քաղաքները ու տեղերը ուր ինք պիտի երթար։—Ղուկ. 10։1, Դիտ. 12/1/94 17բ
Մայիս 6—Երանի՜ այն ժողովուրդին՝ որուն Աստուածը Եհովան է։—Սաղմ. 144։15, Դիտ. 1/1/95 1, 2
Մայիս 7—Եթէ դուք ներէք մարդոց իրենց յանցանքները, ձեր երկնաւոր Հայրն ալ ձեզի պիտի ներէ. իսկ եթէ դուք չներէք մարդոց իրենց յանցանքները, ձեր Հայրն ալ ձեզի պիտի չներէ ձեր յանցանքները։—Մատթ. 6։14, 15, Դիտ. 1/1/95 21, 22գ
Մայիս 8—Ահա համբերողներուն երանի՜ կու տանք։ Յոբին համբերութիւնը լսեցիք դուք եւ վերջը՝ Տէրոջը անոր ըրածը տեսաք, որ Տէրը բազմագութ ու ողորմած է։—Յակ. 5։11, Դիտ. 3/1/95 2–4բ
Մայիս 9—Իսրայէլի Տէր Աստուծոյն առջեւ Յերոբովամի տանը մէջ բարի բան մը միայն անոր վրայ գտնուեցաւ։—Գ. Թագ. 14։13, Դիտ. 7/1/95 11
Մայիս 10—Ասոնք ամէնքն ալ հաւատքով մեռան՝ խոստումները չառած, հապա հեռուէն տեսան զանոնք ու ողջունեցին եւ խոստովանեցան թէ իրենք օտարներ ու պանդուխտներ են երկրի վրայ։—Եբր. 11։13, Դիտ. 4/1/95 9, 10գ
Մայիս 11—Զգուշութիւն ըրէ քու անձիդ ու վարդապետութեանդ ու միշտ ատո՛նց մէջ կեցիր. քանզի այդպէս ընելով՝ քեզ ալ պիտի ապրեցնես ու զանոնք ալ, որոնք քեզի մտիկ կ’ընեն։—Ա. Տիմ. 4։16, Դիտ. 5/1/95 10դ
Մայիս 12—Եկէք իմ Հօրս օրհնածները, աշխարհի սկիզբէն ձեզի համար պատրաստուած թագաւորութիւնը ժառանգեցէք։—Մատթ. 25։34, Դիտ. 5/1/95 15
Մայիս 13—Տնտեսէն կը պահանջուի որ հաւատարիմ ըլլայ։—Ա. Կորնթ. 4։2, Դիտ. 4/1/95 13, 14ա
Մայիս 14—Դռները բացէ՛ք, որպէսզի ճշմարտութիւն [հաւատարիմ վարք (ՆԱ)] պահող արդար ազգը ներս մտնէ։—Եսայ. 26։2, Դիտ. 2/1/95 1, 3գ
Մայիս 15—Տէրը սրտերը կը քննէ ու ամէն մտքերու խորհուրդները կը ճանչնայ։—Ա. Մնաց. 28։9, Դիտ. 7/1/95 9, 10
Մայիս 16—[Եհովա, Եհովա (ՆԱ)] Աստուածը, ողորմած ու բարերար, երկայնամիտ եւ առատ՝ ողորմութիւնով ու ճշմարտութիւնով, հազարներուն ողորմութիւն ընող, անօրէնութիւնը, յանցանքը ու մեղքը ներող։—Ել. 34։6, 7, Դիտ. 6/1/95 8, 9
Մայիս 17—Ձեր վրայ հագէ՛ք գութը, ողորմութիւնը եւ քաղցրութիւնը, խոնարհութիւնը, հեզութիւնը, երկայնմտութիւնը։ ... Եւ այս բոլոր բաներուն վրայ սէրը հագէք, որ կատարելութեան կապն է։—Կող. 3։12–14, Դիտ. 1/1/95 17, 18ա
Մայիս 18—Աղաղակեցէ՛ք Տէրոջը, ո՛վ բոլոր երկիր։ Ծառայեցէ՛ք Տէրոջը ուրախութեամբ. անոր առջեւ կեցէք ցնծութեամբ։—Սաղմ. 100։1, 2, Դիտ. 4/1/95 13, 14գ
Մայիս 19—Երանի՜ այն մարդուն, որ Տէրոջմէն կը վախնայ ու անոր պատուիրանքներուն շատ կը հաւնի։—Սաղմ. 112։1, Դիտ. 6/1/95 16, 17գ
Մայիս 20—Եկէ՛ք ինծի, բոլոր յոգնած ու բեռնաւորուածներ եւ ես ձեզ պիտի հանգչեցնեմ։ Իմ լուծս ձեր վրայ առէք եւ ինծմէ սորվեցէք՝ որ հեզ եմ ու սրտով խոնարհ եւ ձեր անձերուն հանգստութիւն պիտի գտնէք. վասնզի իմ լուծս քաղցր է եւ իմ բեռս թեթեւ։—Մատթ. 11։28–30, Դիտ. 1/1/95 19, 20բ
Մայիս 21—Ան որ կենդանի է ու ինծի կը հաւատայ, յաւիտեան պիտի չմեռնի։ Դուն կը հաւատա՞ս ասոր։—Յովհ. 11։26, Դիտ. 5/1/95 17, 18գ
Մայիս 22—Քանի որ ժամանակը ձեռքերնիս է, բարիք ընենք ամենուն, մանաւանդ հաւատքի ընտանիներուն։—Գաղ. 6։10, Դիտ. 3/1/95 5, 6ա
Մայիս 23—Ո՛վ Տէր, զիս քննեցիր ու ճանչցար։ Դուն գիտես իմ նստիլս ու ելնելս, իմ խորհուրդս հեռուէն կ’իմանաս։ ... Իմ բոլոր ճամբաներս գիտես։—Սաղմ. 139։1–3, Դիտ. 7/1/95 12, 13
Մայիս 24—Մովսէս Տէրոջը իրեն բոլոր պատուիրածին պէս ըրաւ՝ այնպէս ըրաւ։—Ել. 40։16, Դիտ. 12/1/94 8, 9գ
Մայիս 25—Ան որ կը պարծի՝ թող անով պարծի, որ կը հասկնայ ու զիս կը ճանչնայ եւ գիտէ թէ ե՛ս եմ Տէրը, որ երկրի վրայ ողորմութիւն իրաւունք ու ադարութիւն կ’ընեմ. քանզի ես ասոնց կը հաճիմ։—Երեմ. 9։24, Դիտ. 11/1/94 15, 17բ
Մայիս 26—Աստուած անիրաւ չէ, որ ձեր գործը մոռնայ ու այն սէրը զոր իր անուանը համար ցուցուցիք։—Եբր. 6։10, Դիտ. 12/1/94 14, 15
Մայիս 27—Սուրբերուն համար նպաստ ժողվելու վրայով, ինչպէս պատուէր տուի Գաղատացիներուն եկեղեցիներուն, դուք ալ այնպէս ըրէք։ Ամէն մէկշաբթի օրերը ձեզմէ ամէն մէկը իր քով թող դիզէ ինչ որ կրնայ։—Ա. Կորնթ. 16։1, 2, Դիտ. 4/1/95 17, 18ա
Մայիս 28—Դռները բացէ՛ք, որպէսզի ճշմարտութիւն [հաւատարիմ վարք (ՆԱ)] պահող արդար ազգը ներս մտնէ։—Եսայ. 26։2, Դիտ. 2/1/95 1, 4գ
Մայիս 29—Իրարու հոգ տանինք՝ սիրոյ եւ բարեգործութեան մղելով եւ մէկտեղ հաւաքուիլը չթողունք, ինչպէս ոմանք սովորութիւն ունին. հապա մէկզմէկ յորդորենք ու այնչափ աւելի՝ որչափ այն օրուան մօտենալը կը տեսնէք։—Եբր. 10։24, 25, Դիտ. 7/1/95 2, 3ա
Մայիս 30—Այս օրը մեր Տէրոջը սուրբ օրն է ու մի՛ տրտմիք. վասնզի Տէրոջը ուրախութիւնը ձեր զօրութիւնն [ամրոցն (ՆԱ)] է։—Նէեմ. 8։10, Դիտ. 4/1/95 3բ
Մայիս 31—Անոր առջեւ պիտի ժողվուին բոլոր ազգերը ու զանոնք իրարմէ պիտի զատէ, ինչպէս հովիւ մը ոչխարները այծերէն կը զատէ։։—Մատթ. 25։32, Դիտ. 5/1/95 11, 12