Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դ94 8/1 էջ 3
  • Աստուածաշունչը կ’արժէւորէ՞ք

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Աստուածաշունչը կ’արժէւորէ՞ք
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1994
  • Նոյնանման նիւթեր
  • «Ահա ես Տէրոջը աղախինն եմ»
    Անոնց հաւատքը ընդօրինակենք
  • Մարիամի օրինակը ի՛նչ կրնայ սորվեցնել մեզի
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2009
  • Վիշտը դաշունահարեց իր սիրտը, բայց ան վերապրեցաւ
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2014
  • Ան «իր սրտին մէջ կը մտածէր»
    Անոնց հաւատքը ընդօրինակենք
Տես աւելին
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1994
դ94 8/1 էջ 3

Աստուածաշունչը կ’արժէւորէ՞ք

ՄԷՐԻ ՃՈՆԶԸ, աւելի քան 200 տարիներ առաջ, ծնած էր Լէնֆայինշէլի մէջ, որ Ատլանտեանի ծովեզերքէն ոչ շատ հեռու Կալլէսեան գիւղ մըն էր։ Իր ծնողքը աղքատ ջուլհակներ էին. շա՜տ աղքատ՝ Աստուածաշունչ մը ունենալու համար։ Բայց անոնք իրենց աղջկան մէջ Աստուծոյ հանդէպ սէր դրոշմած էին, անոր Աստուածաշունչի պատմութիւններ պատմելով եւ իրենց յիշած համարները կրկնելով։ Մէրին յաճախ կը կարդար դրացիի մը Կալլէսերէն Աստուածաշունչը եւ սկսաւ իր ձեռք անցուցած քիչ մը դրամէն խնայել անձնական Աստուածաշունչ մը գնելու համար։

1800–ին, 16 տարեկանին, Մէրին լսեց որ 40 քմ. հեռու, Պալէ պզտիկ գիւղին մէջ Կալլէսերէն քանի մը Աստուածաշունչեր ծախու են։ Առանց վարանելու, ան վճռեց քալելով մինչեւ հոն երթալ։ Ան ասիկա ըրաւ բոկոտն բլուրներ կտրելով։ Սակայն, երբ տեղ հասաւ, բոլոր Աստուածաշունչերը ծախուած էին։ Ան նաեւ գիտցաւ որ իր խնայած դրամը շա՜տ քիչ էր։

Տեղւոյն պատուելին խորապէս ազդուեցաւ Մէրիին ունեցած գիտութենէն եւ Աստուածաշունչին հանդէպ անոր սէրէն։ Այդքան ջանք թափելէն ետք անոր յուսախաբութեան արցունքները տեսնելով, ան ազնուօրէն իր անձնական Աստուածաշունչը տուաւ անոր, ըսելով. «Ուշադրութեամբ կարդայ զայն, ժրաջանութեամբ ուսումնասիրէ զայն, սրբազան խօսքերուն վրայ գուրգուրայ յիշողութեանդ մէջ եւ անոր ուսուցումներուն համաձայն գործէ»։

Հետագային ասիկա պատմուեցաւ Լոնտոնի Կրօնական Թերթիկի Ընկերութեան Յանձնախումբին ժողովի մը ընթացքին։ Հոն որոշում առնուեցաւ Աստուածաշունչի թարգմանութիւններ հայթայթել ոչ միայն Ուէյլզի բնակիչներուն, այլ նաեւ՝ համայն աշխարհին համար։ Այսպէս ծագում առաւ ԺԹ. դարու Աստուածաշունչի բազմաթիւ ընկերութիւններուն առաջինը։ Անկէ ետք, օտար լեզուով Աստուածաշունչի հրատարակութիւններ սկսան աւելի յաճախական ըլլալ։

Ներկայիս, Դիտարանի, Սուրբ Գրոց եւ Թերթիկի Ընկերութիւնը, որ 1884–ին կազմուեցաւ, 200–է աւելի լեզուներով Աստուածաշունչեր եւ անոր ուսումնասիրութեան օժանդակող գրքեր կը տպէ։ Համայն աշխարհի մէջ, անիկա 72 միլիոն օրինակներ տարածած է Սուրբ Աստուածաշունչի Նոր Աշխարհի Թարգմանութենէն որ արդի լեզուով գրուած է։ Բնագիր Եբրայերէնէն եւ Յունարէնէն թարգմանուած, Նոր Աշխարհի Թարգմանութիւնը, ամբողջութեամբ կամ մասամբ, հիմա մատչելի է 18 լեզուներով եւ ներկայիս 12 յաւելեալ լեզուներու կը թարգմանուի։

Հիմա որ Աստուածաշունչը գրեթէ ամենուն մատչելի է, ինչպէ՞ս կը նտակէք զայն։ Զայն կ’արժէւորէ՞ք։ Աստուածաշունչ մը ունի՞ք, որու վրայ կը գուրգուրաք եւ զայն կը կարդաք։

[Նկար՝ էջ Վերապահուած Իրաւասութիւն էջ]

Մէրի Ճոնզի եւ Իր Աստուածաշունչին Պատմութիւնը գիրքէն (Անգլ.)

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2026)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2026 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել