Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դ92 11/1 էջ 32
  • Աստուածաշունչը քննենք ամէն օր

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Աստուածաշունչը քննենք ամէն օր
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1992
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1992
դ92 11/1 էջ 32

Աստուածաշունչը քննենք ամէն օր

Դեկտեմբեր 1—Երբ մեր Փրկիչ Աստուծոյ քաղցրութիւնն ու մարդասիրութիւնը յայտնուեցաւ, ... իր ողորմութեան համաձայն մեզ փրկեց նորէն ծնանելու աւազանին միջոցաւ ու սուրբ Հոգիին նորոգելովը։—Տիտոս 3։4, 5, Դիտ. 10/1/91 4, 6բ

Դեկտեմբեր 2—Տուէ՛ք ու ձեզի պիտի տրուի։ Աղէկ չափով՝ կոխուած, ցնցուած, լեփլեցուն պիտի տրուի ձեր գոգը։—Ղուկաս 6։38

Դեկտեմբեր 3—Տէրը [Եհովա] բոլոր զինք սիրողները կը պահէ, սակայն բոլոր ամբարիշտները կը կորսնցնէ։—Սաղմոս 145։20

Դեկտեմբեր 4—Միթէ կինը իր կաթնկեր մանուկը կրնա՞յ մոռնալ, այնպէս որ իր որովայնին ծննդեանը վրայ չի գթայ։ Թէեւ անոնք մոռնան, բայց ես քեզ պիտի չմոռնամ։—Եսայեայ 49։15, Դիտ. 1/1/91 4

Դեկտեմբեր 5—Աշակերտները ուրախութեամբ եւ սուրբ հոգիով կը լեցուէին։—Գործք 13։52, Դիտ. 2/1/91 16, 17ա

Դեկտեմբեր 6—Անոնք անոր յաղթեցին Գառնուկին արիւնովը ու իրենց վկայութեանը խօսքովը եւ իրենց կեանքը չսիրեցին մինչեւ մահ։—Յայտնութիւն 12։11, Դիտ. 12/1/90 20, 21ա

Դեկտեմբեր 7—Դաւիթ ըսաւ Աբիգիային. «Օրհնեալ ըլլայ Իսրայէլի Տէր [Եհովա] Աստուածը, որ այսօր քեզ ղրկեց զիս դիմաւորելու ու քու խոհեմութիւնդ օրհնեալ ըլլայ եւ դուն ալ օրհնեալ ըլլաս, որ այսօր ինծի արգիլեցիր որ արիւն թափեմ ու իմ վրէժս ձեռքովս առնեմ»։—Ա. Թագաւորաց 25։32, 33, Դիտ. 10/1/91 15, 16

Դեկտեմբեր 8—Պատուելու մէջ իրարմէ անցէ՛ք։—Հռովմայեցիս 12։10, Դիտ. 3/1/91 12, 18, 19բ

Դեկտեմբեր 9—Ի՛նչ աստիճանի որ հասեր ենք նոյն կանոնին համեմատ քալենք, նոյն խորհուրդը ունենանք։—Փիլիպպեցիս 3։16

Դեկտեմբեր 10—Մազը ճերմկածին առջեւ ոտքի ելի՛ր եւ ծերը պատուէ՛ ու քու Աստուծմէդ վախցի՛ր։ Ես եմ Տէրը [Եհովան]։—Ղեւտացւոց 19։32

Դեկտեմբեր 11—Առաջ խնդրեցէք Աստուծոյ թագաւորութիւնը եւ անոր արդարութիւնը ու այդ բոլոր բաներն ալ ձեզի պիտի տրուին։—Մատթէոս 6։33, Դիտ. 4/1/91 21, 22ա

Դեկտեմբեր 12—Ամէն օր տաճարը ու տուներուն [տունէ տուն (ՆԱ)] մէջ չէին դադարիր սորվեցնելէ ու Յիսուս Քրիստոսը քարոզելէ։—Գործք 5։42

Դեկտեմբեր 13—[Աստուած [Յիսուսը] մեռելներէն յարուցանեց ու նստեցուց իր աջ կողմը երկնքի մէջ ամէն իշխանութեան ու պետութեան եւ զօրութեան ու տէրութեան վրայ եւ ամէն անունի վրայ որ կը տրուի, ո՛չ միայն այս աշխարհին [իրերու դրութեան (ՆԱ)] մէջ, հապա գալիքին մէջ ալ։—Եփեսացիս 1։20, 21, Դիտ. 11/1/91 10, 11

Դեկտեմբեր 14—Կ’ուզե՞ս չվախնալ իշխանութենէն, բարիք գործէ ու անկէ գովութիւն պիտի ընդունիս։—Հռովմայեցիս 13։3

Դեկտեմբեր 15—Տէրը [Եհովա] իրեն համար իր սրտին համեմատ մարդ մը կը փնտռէ։—Ա. Թագաւորաց 13։14

Դեկտեմբեր 16—Արդարութեան ու ողորմածութեան հետեւողը կեանք, արդարութիւն եւ փառք պիտի գտնէ։—Առակաց 21։21, Դիտ. 10/1/91 17, 18գ

Դեկտեմբեր 17—Ով որ ձեռքը մաճին վրայ կը դնէ ու ետին կը նայի, Աստուծոյ թագաւորութեանը յարմար չէ։—Ղուկաս 9։62

Դեկտեմբեր 18—Բնաւ ետ չկեցայ օգտակար բաներ ձեզի ըսելէ ու ձեզի՝ հրապարակաւ եւ տան մէջ՝ [տունէ տուն (ՆԱ)] սորվեցնելէ։ Վկայութիւն տալով Հրեաներուն եւ Յոյներուն առջեւ՝ դէպի Աստուած ապաշխարութեան համար, մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսին վրայ եղած հաւատքին համար։—Գործք 20։20, 21

Դեկտեմբեր 19—Ձեր առաջնորդներուն մտիկ ըրէ՛ք ու անոնց հնազանդեցէ՛ք, վասնզի անոնք ձեր հոգիներուն համար կը հսկեն, որպէս թէ հաշիւ պիտի տան. որպէսզի խնդութիւնով ընեն այն գործը եւ ոչ թէ հառաչելով, վասնզի այն ձեզի օգտակար չէ։—Եբրայեցիս 13։17, Դիտ. 12/1/90 22, 23ա

Դեկտեմբեր 20—Որով փրկութիւն ունինք մենք իր արեանը միջոցով, մեղքի թողութիւն՝ իր շնորհքին ճոխութեան չափովը։—Եփեսացիս 1։7, Դիտ. 4/1/91 11, 13ա

Դեկտեմբեր 21—Ան որ ինծի կը հաւատայ, ինծի չի հաւատար, հապա զիս ղրկողին. եւ ան որ զիս կը տեսնէ, զիս ղրկողը կը տեսնէ։ Ես իբր լոյս եկայ աշխարհ, որպէսզի ամէն ո՛վ որ ինծի հաւատայ, խաւարի մէջ չմնայ։—Յովհաննու 12։44–46, Դիտ. 11/1/91 7, 8

Դեկտեմբեր 22—Կիներ ալ կային, ... որոնք երբ Յիսուս Գալիլիա էր, անոր ետեւէն կ’երթային եւ սպասաւորութիւն կ’ընէին։ Ուրիշ շատ կիներ ալ՝ որոնք իրեն հետ Երուսաղէմ ելեր էին։—Մարկոս 15։40, 41, Դիտ. 10/1/91 15, 16ա

Դեկտեմբեր 23—[Եհովան] իր պատգամաւորներուն միջոցով մեծ փութով՝ ազդարարութիւններ կը ղրկէր [անոնց]։ ... Բայց անոնք ... անոր խօսքերը կ’արհամարհէին ու անոր մարգարէները ծաղր կ’ընէին. մինչեւ որ Տէրոջը [Եհովայի] բարկութիւնը իր ժողովուրդին վրայ բորբոքեցաւ, այնպէս որ ա՛լ բժշկութիւն չմնաց։—Բ. Մնացորդաց 36։15, 16

Դեկտեմբեր 24—Աղէկ վերակացութիւն ընող երէցները կրկին պատիւի արժանի թող սեպուին, մանաւանդ անոնք, որ կ’աշխատին խօսքը քարոզելով ու սորվեցնելով։—Ա. Տիմոթէոս 5։17, Դիտ. 3/1/91 15, 16բ

Դեկտեմբեր 25—[Աստուած] ամէն մէկուն իր գործերուն փոխարէնը պիտի հատուցանէ. ... փառք ու պատիւ եւ խաղաղութիւն այն ամենուն, որ բարի են։—Հռովմայեցիս 2։6

Դեկտեմբեր 26—Կեանքի աղբիւրը քու [Եհովա] քովդ է. քու լուսովդ լոյս պիտի տեսնենք։ Քու ողորմութիւնդ քեզ ճանչցողներուն շարունակէ ու քու արդարութիւնդ՝ սրտով ուղիղներուն։—Սաղմոս 36։9, 10, Դիտ. 11/1/91 21, 22ա

Դեկտեմբեր 27—Տէրը [Եհովա] պատգամ տուաւ. Աւետիս տուող [կի]ները մեծ բազմութիւն [բանակ (ՆԱ)] են։—Սաղմոս 68։11, Դիտ. 2/1/91 13, 14ա

Դեկտեմբեր 28—Ժողովուրդներուն շրթունքները մաքուր շրթունքներու [լեզուի (ՆԱ)] պիտի դարձնեմ, որպէսզի ամէնքը Տէրոջը [Եհովայի] անունը կանչեն ու մէկ սրտով [ուս ուսի (ՆԱ)] անոր ծառայութիւն ընեն։—Սոփոնեայ 3։9

Դեկտեմբեր 29—Երեսիդ քրտինքովը ուտես քու հացդ, մինչեւ գետինը դառնալդ, ուրկէ առնուեցար. քանզի հող էիր դուն ու հողի պիտի դառնաս։—Ծննդոց 3։19, Դիտ. 8/1/91 6

Դեկտեմբեր 30—Ասոնք են մեծ նեղութենէն եկողները, որոնք իրենց հանդերձները լուացին ու զանոնք Գառնուկին արիւնովը ճերմկցուցին։—Յայտնութիւն 7։14, Դիտ. 9/1/91 8, 9ա

Դեկտեմբեր 31—Ահա ո՜րչափ բարի ու ո՜րչափ վայելուչ է որ եղբայրները իրարու հետ միաբանութեամբ բնակին։ Սիօնի լեռներուն վրայ իջած Հերմոնի շաղին պէս է, վասնզի Տէը հոն հաստատեց օրհնութիւնը ու կեանքը մինչեւ յաւիտեան։—Սաղմոս 133։1, 3, Դիտ. 5/1/91 20, 21ա

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2026)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2026 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել